Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգի Մը Վերածնունդ»-ը «Պէյրութ Էքզիպիշըն Սենթըր»-ին Մէջ, Ուր Հայկական Ողբերգութիւնը Կը Բարձրանայ Գեղարուեստական Պատշաճ Մակարդակի

June 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՐ ՂՈՒՐԱՅԵՊ

CCF05182015Իմաստունները ըսած են` «Յիշողութիւն չունեցող երկիր մը դատապարտուած է սառնամանիք մահուան»:

«Պէյրութ էքսհիպիշըն սենթըր», Պիէլի մէջ «Ազգի մը վերածնունդը» վերնագիրով ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ մայիսի վերջաւորութեան` կազմակերպութեամբ «Նոազ Արք»-ին եւ հայ սերունդներուն, որոնք իրենց յիշողութիւնը կը պահեն` հաւատալով, որ նահատակներուն իրաւունքը կը վերադառնայ իրենց եւ աշխարհասփիւռ հետեւորդներուն: Անոնք կ՛ապրին հաւաքական յիշողութեամբ, ասոր կը վկայեն տուեալները, արձանագրուած վկայութիւնները եւ փաստաթուղթերը: Հարիւր գեղանկար եւ քսան քանդակ հայ արուեստագէտներուն, որոնք նկարչութեամբ եւ քանդակագործութեամբ կը պատմեն իրենց ծնողներէն լսածները, ապրածները եւ ջարդերու մասին պատմութեան մէջ իրենց կարդացածները, վկայութիւնները եւ փաստաթուղթերը:

Կեդրոնի մուտքին կ՛անցնինք լիբանանցի արուեստագէտ Շարպել Աունի այրած փայտէ շինուած մաքեթին քովէն, վրանի տակէն եւ կը մտաբերենք ապահով ափ չհասած հայերուն ապրած գողգոթան:

Մէկ այլ տեղ կը լսուի յիշատակներ պատմող ձայն մը, եւ կը զգանք, որ այդ ձայնը անընդհատ կը հնչէ բառեր, որոնք տակաւին կ՛ապրին ջարդի ժամանակէն, ու հաւանաբար մնան շատ երկար, կ՛ողբայ, կը կանչէ երեխաներ, որոնք չմեծցան եւ լոյս չտեսան:

Արուեստով է, որ ճշմարտութեան վկայութիւնը կը շարունակուի, բան մը, զոր չկրցաւ ջնջել օսմանցի բռնակալը, որ չդիմացաւ այդ ժամանակաշրջանին բռնակալ իշխանութեան բացարձակ հաւատարմութիւն ցուցաբերող այլ ժողովուրդներու առկայութիւնը:

«Վերածնունդ»-ը խորհրդանշող թեմայի արուեստի գործեր
«Վերածնունդ»-ը խորհրդանշող թեմայի արուեստի գործեր

Այս ցուցահանդէսին հայ արուեստագէտները փաստեցին, որ կը գիտակցին պատմութեան եւ զայն կը յիշատակեն արուեստի գրականութեան եւ պատմական արտադրութեան միջոցով: Անոնք Դատի զաւակներ են եւ կը շարունակեն պատմել իրենց հայրերուն տառապանքը:

Անոնք մոռացութիւնը մերժող հաւատքի սերունդն են: Այդ արուեստագէտներէն շատերը կը ճանչնանք. Փոլ Կիրակոսեան, Կիւվտէր, Զաւէն, Շարթ, Անիթա Թութիկեան, Արա Ազատ, Րաֆֆի Ետալեան, Ասատուր Պզտիկեան (տաղանդաւոր եւ Լիբանանէն հեռու գտնուող), Թորոսեան եւ անշուշտ Հրայրն ու իր հրեշտակները, որոնց գլուխները ծածկուած են փայլուն մազերով:

«Ցեղասպանութիւ»-ը խորհրդանշող թեմայի արուեստի գործեր
«Ցեղասպանութիւն»-ը խորհրդանշող թեմայի արուեստի գործեր

Անուանի  քանդակագործներու, գծագրիչներու,  ասեղնագործներու ստեղծագործութիւնները դուրսէն բերուեցան, չմոռնանք այն սերունդները, որոնք հետեւեցան համաշխարհային համբաւ ունեցող մայրաքաղաքներու մէջ գեղարուեստական դպրոցներու զարգացման:

Տաղանդաւոր քանդակագործ Զաւէնը Պիքֆայայի մօտ մեթնեան բարձունքին վրայ զետեղած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանով կ՛ողջունէ մեծաթիւ նահատակները, որոնք ինկան իրենց ինքնութեան եւ ժառանգութեան հաւատքի պատճառով:

Կարելի չէ յիշել այս մեծ ձեռնարկին բոլոր մասնակիցները, որոնք իրենց ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին: Յիշենք` Նորիկեանը, Ժանսեմը, Ակոբեանը, Շարթը, Կոֆը եւ ուրիշներ, որոնք ստեղծագործեցին տարիներու ընթացքին, եւ մենք հետեւեցանք անոնց ու քաջալերեցինք զիրենք:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ մեր յիշած բոլոր արուեստագէտները եւ ուրիշներ, որոնք եկան աշխարհի չորս կողմէն վկայելու համար անցեալի հանդէպ իրենց հաւատքը, յարգելու համար տխուր յիշատակները եւ հաստատելու համար որ իրենք ժամանակի ընթացքին տէր կը կանգնին ողբերգական ժառանգութեան, որ հարիւր տարիէ ի վեր հայկական երազը սեւ ճակատագրով ներկած է, ու հայութիւնը վերածած անմեղ զոհի մը:

Երուանդ Քոչարի «Առաջին մեղքը» խորագրեալ եռատարածք քանդակը
Երուանդ Քոչարի «Առաջին մեղքը» խորագրեալ եռատարածք քանդակը

Ճակատագիր մը, որ ճնշումներու ենթարկած է ամբողջ ժողովուրդ մը, որ սակայն նախընտրած է կառչած մնալ իր հողին, որովհետեւ անոր համար նահատակութիւնը աւելի վեհ է, քան` արտագաղթը եւ նախահայրերուն հողը լքելը:

Իւրայատուկ արուեստագէտներ, որոնք հաւատք ունին իրենց դատին նկատմամբ, ներդրում կ՛ունենան ողբերգական դէպքը բարձրացնելու անսահման նուիրումի, որպէսզի ան վառ մնայ, նոյնիսկ եթէ ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ ան նոյնանման ճակատագիր ունեցող ժողովուրդներուն համար օրինակ կը դառնայ, հաստատելով, որ ան պարտաւոր է նահատակուիլ, եւ մեծ զոհողութիւններ կատարել իր պատմութիւնը, հողը եւ ինքնութիւնը պահպանելու համար:

Ցուցահանդէսին այցելութիւնը կարեւոր է եւ օգտաշատ, անոր գեղարուեստական բարձր արժէքին եւ ազատութեան ու ճշմարտութեան համար:

«Նահար» օրաթերթ

Նախորդը

Հայկական Սփիւռքը Պիտի Կարենա՞յ Ինքզինք Վերամտածել

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.