Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Մեր Ճակատագիրը Թրքական Ընտրութիւններուն Ձեռքն Է

Յունիս 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր, ինչպէս գիտենք, թրքական խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրն է. մենք` հայերս, կարիքը ունինք ուշի-ուշով հետաքրքրուելու այս կարեւոր ընտրութիւններով, որովհետեւ այս ընտրութիւններն են, որոնք որոշադրիչ դերակատարութիւն պիտի ունենան նաեւ Թուրքիոյ մէջ հայկական գործօնին առումով:

Ձեզի ներկայացնեմ թրքական մեծագոյն  4 կուսակցութիւնները եւ բացատրեմ ամէն մէկուն կեցուածքը  մեր ազգի կեանքին ու դատին նկատմամբ:

Ներածութիւն` թրքական մեծ կուսակցութիւններուն մասին.

1.- Արդարութիւն եւ բարգաւաճում  կուսակցութիւն.- Կրօնական-պահպանողական կուսակցութեան մը, որ կը փորձէ վերադարձնել օսմանեան կարգերը արդի Թուրքիոյ մէջ եւ ներկայիս ինքն է Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարումը Թուրքիոյ ներքին կեանքին մէջ յատկանշուած է լրագրողներու հալածանքով, փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները խեղդելով եւ ընդդիմադիրներու հետապնդումով, իսկ արտաքին ճակատի վրայ իսլամական քաղաքական ուժերուն աջակցութեամբ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան  կը պատկանին երկրին ամէնէն հարուստ լրատուամիջոցները, ինչպէս` «Սապահ», «Հապեր Թիւրք», «Թիւրքիյէ», «Սթար», «Վաթան», «Ենի Շաֆաք», «Կիւնեշ» եւ «Աքշամ»: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ոչ պաշտօնապէս կրօնամէտ Ազգային փրկութիւն կուսակցութեան ժառանգորդն է եւ հիմնուած է 2001-ին` ըլլալով Թուրքիոյ արդի պատմութեան մեծագոյն կրօնամէտ կուսակցութիւնը. կուսակցութեան արագ աճը արդիւնք է Հանրապետական ժողովուրդի  կուսակցութեան  վարած հակակրօնական քաղաքականութեան եւ մանաւանդ լաչակի արգիլման:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրցաւ արագ ձեւով  աճիլ Թուրքիոյ պահպանողական շրջաններուն մէջ եւ մանաւանդ` կրօնամէտ խաւերուն մօտ, աւելի՛ն, բացի իր կրօնական քաղաքականութենէն, սկսաւ սերտ կապեր հաստատել երկրին մեծահարուստներուն հետ` վարելով նորազատական տնտեսական քաղաքականութիւններ` ազատ առեւտուրի համաձայնութիւններ կնքելով եւ ցած  հարկեր ապահովելով մեծ ընկերութիւններուն եւ մեծահարուստ անձնաւորութիւններուն համար: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան  իշխանութեան վերջին աւելի քան 10 տարիները եղած են տագնապի տարիներ` կառավարութեան եւ աշխարհիկներու, ալեւիներու եւ քիւրտերու միջեւ. իշխող կուսակցութիւնը իր իշխանութեան առաջին օրերէն սկսած է խախտել հանրապետութեան աշխարհիկ սահմանադրութիւնը` կիներուն արտօնելով լաչակ կրել հանրային վայրերուն մէջ եւ ամուսնական դաւաճանութիւնը քրէականացնելով, ինչ որ տեղի ունեցաւ 2004-ին եւ մեծ բանավէճ ստեղծեց  թրքական հասարակութեան մէջ: Իսկ ալեւիներուն հարցն ալ կը վերաբերի անոնց աղօթարաններուն. թրքական կառավարութիւնը ներկայիս պետականացուցած է ալեւիներու «ճեմեւի»-ները (Ալեւիներուն  մզկիթները)` ըսելով,  որ անոնք պէտք է իբրեւ թանգարան մնան պետութեան հսկողութեան տակ, իսկ դպրոցներուն մէջ ալ ալեւիները ստիպուած են սիւննիական դաւանանքը սերտել  եւ ոչ թէ` իրենց սեփականը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան  կառավարութիւնը նաեւ յանցաւոր է ժողովրդավարական կարգերու խախտումին համար. ան մնայուն կերպով կը ձերբակալէ ընդդիմադիր լրագրողները եւ կ՛արգիլէ գործադուլները: Այս է այսօրուան թրքական կառավարութիւնը` իր կրօնամէտ եւ իշխանամէտ դէմքով:

2.- Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն.- Թուրքիոյ նախկին իշխող կուսակցութիւնը. քեմալական կուսակցութիւն մըն է, որ կը հաւատայ Աթաթուրքի գաղափարներուն, որոնք են` ազգայնականութիւն, պետականութիւն, յեղափոխութիւն, հանրապետութիւն եւ աշխարհիկութիւն: Յիշեալ գաղափարներուն միջոցով Աթաթուրքի տապալեց  օսմանեան կրօնական կարգերը եւ ստեղծեց արդի Թուրքիան` հանրապետական կարգերով, աշխարհիկ սկզբունքներով, պետութեան կողմէ սեփականաշնորհուած արդիւնաբերութեամբ, ազգային պետութեամբ եւ օրէնսդրական համակարգի արդիականացումով: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան  կառավարման ժամանակ Թուրքիան ընդհանրապէս թրքացաւ, այսինքն` Թուրքիոյ մէջ ինչ որ թրքական չէր, թրքական դարձաւ, ազգային փոքրամասնութիւններուն հիմնարկները փակուեցան (դպրոցներ, կալուածներ, գերեզմանոցներ եւ այլն), ոչ թուրքերը ստիպուեցան թրքանալու (իրենց մականունները փոխելով ոչ թրքերէնէն` թրքերէնի) եւ ջարդեր կազմակերպուեցան հայերու, յոյներու, քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ` Կիլիկիոյ, Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Տէրսիմի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան  առաջնորդութեամբ Թուրքիան դարձաւ արդիւնաբերական, օրէնսդրութեամբ  աշխարհիկ, կիներու իրաւունքները ապահովող երկիր մը: Անիկա եղաւ նաեւ  աշխարհի մեծագոյն  արտադրող եւ շրջանին մէջ ամէնէն բաց երկիրներէն մէկը:

Քեմալականները իշխեցին Թուրքիոյ վրայ երկաթէ բազուկով, հալածեցին բոլոր ընդդիմադիրները եւ Թուրքիան յայտարարեցին մէկ կուսակցութեան պետութիւն` իրենց իշխանութեան առաջին իսկ  օրերէն. 1945-ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ Թուրքիան պէտք ունէր արտաքին օգնութեան, Իսմեթ Ինէօնիւն ընդունեց արտաքին առաջարկներ, որոնց շարքին էր Թուրքիան դարձնել բազմակուսակցական պետութիւն: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան  ժողովրդական դիրքերը մնացին բաց քաղաքներուն մէջ, ինչպէս` Պոլիս եւ Զմիւռնիա, իսկ իր համակիրները եղան աշխարհիկ-ազգայնական, հանրային հատուածի պաշտօնեաներ եւ աշխարհիկ երիտասարդները: 1970-ականներուն, երբ ձախակողմեան  շարժումը արդէն գրաւած էր մեծ դիրքեր` թրքական հասարակութեան մէջ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը,  Պիւլենթ Էճեւիտի գլխաւորութեամբ, փորձեց այդ «ձախ» ձայները շահիլ` մերժելով մահապատիժը, մօտենալով արհեստակցական  միութիւններուն եւ ալեւիներուն: 1970-ին նոյն Էճեւիտը, որ կը փորձէր ձախակողմեաններուն ձայները շահիլ, յարձակեցաւ Կիպրոսի վրայ եւ գրաւեց վերջինիս  հիւսիսային շրջանը` հիմնելով այսպէս կոչուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Հանրապետութիւն»-ը,  իսկ միւս կողմէ, դէմ դնելու  համար իր ընդդիմադիրներուն, հիմնեց «Ազգային միութեան» դաշինքը ցեղապաշտ Ազգայնական շարժում  եւ կրօնամէտ Ազգային փրկութիւն կուսակցութիւններուն հետ. Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը  փակուեցաւ 1980-ի զինուորական յեղաշրջումին ընթացքին եւ վերահիմնուեցաւ 1992-ին` քեմալական նոյն իտէալները կրելով, բայց այս անգամ իր ծրագիրին  մէջ աւելցնելով «կեդրոն ձախ» եւ «ընկերվար ժողովրդավար» գաղափարները` նպատակ ունենալով դառնալ արդի ընկերվար- ժողովրդավարական եւրոպական կուսակցութիւն մը,  բայց այդ մէկը երբեք տեղի չունեցաւ,  քանի որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր նախկին առաջնորդ Տենիզ Պայքալի  ղեկավարութեան ժամանակ (ղեկավարած է կուսակցութիւնը 1992-1995, 1995-1999 եւ 2000-2010) աւելի եղած է ազգայնական գաղափարներ կրող կուսակցութիւն, քան` ընկերվար-ժողովրդավար: Այսօր կուսակցութեան  առաջնորդը` Քեմալ Քըլըճտարօղլու, նորէն կը փորձէ արդիականացնել կուսակցութիւնը` աւելի սերտ կապեր հաստատելով արհեստակցական  միութիւններուն, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն եւ եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն հետ:

3.- Ազգայնական  շարժում կուսակցութիւն.- Այս կուսակցութիւնը մասնակցած է կառավարական դաշինքներուն: Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան  մասին շատ  պիտի չխօսիմ, միայն  պիտի բաւարարուիմ ըսելով, որ այս կուսակցութիւնը «ցեղապաշտ», «ազգայնամոլ» եւ «ծայրայեղ աջակողմեան» կուսակցութիւն մըն է,  որ եթէ հասնի իշխանութեան (յուսամ,  որ ատիկա տեղի չունենար), նոր ցեղասպանութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, եւ այդ ալ` ընդդէմ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններուն: Նշեալ  կուսակցութիւնը հիմնուած է 1958-ին` իբրեւ «Հանրապետական գիւղացիներու ազգային կուսակցութիւն», եւ իր ստեղծման առաջին իսկ օրերէն եղած է ցեղապաշտ կուսակցութիւն`  կրելով համաթրքական իտէալներ. անիկա իր ստեղծման առաջին օրերէն ծաւալուն պայքար մղած է թրքական ձախակողմեան, աշխատաւորական, քրտամէտ եւ ալեւի խմբակցութիւններուն դէմ: 1968-ին, երբ միջազգային ձախակողմեան իտէալները կը տարածուին Թուրքիոյ մէջ, եւ թուրք ձախակողմեան մտաւորականութիւնը կը սկսի թերթեր, գիրքեր եւ հրատարակութիւններ տպագրել, արհեստակցական եւ ընկերային կազմակերպութիւններ հիմնել, ցեղապաշտները կը հիմնեն իրենց Գորշ գայլեր զինեալ  կազմակերպութիւնը,  որ մեծ ահաբեկչութիւններ կազմակերպած է ձախակողմեան քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, արհեստակցական միութիւններու պատասխանատուներու  եւ լրագրողներու դէմ: 1969-ին կուսակցութիւնը իր անունը կը փոխէ ներկայ անունին եւ 1970-ականներուն կը միանայ Էճեւիտի կառավարութեան` տապալելու համար ձախը: 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք կուսակցութիւնը կը փակուի, սակայն կը վերահիմնուի 3 տարի ետք` Պահպանողական կուսակցութիւն անունով, ապա 2 տարի ետք` Ազգային առաջադրանք կուսակցութիւն անունով, իսկ  1992-ին կը վերադառնայ նոյն այսօրուան  անունին. այդ տարիներուն ընթացքին կուսակցութիւնը իր զինուորական թեւին  միջոցով կամաւորներ կը ղրկէ Արցախ` կռուելու ընդդէմ հայ  ազատամարտիկներուն, եւ բարեբախտաբար այդ խումբը կը ջախջախուի մեր քաջ ազատամարտիկներուն ձեռքերով:

Կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է թրքական մշակութային կապերուն վրայ, որոնք կ՛ընդգրկեն Թուրքիոյ եւ այլ թրքախօս պետութիւններու միջեւ  սերտ կապերու պահպանումը եւ թրքական աշխարհի թրքացումը: Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը  միշտ ցեղապաշտ կարգախօսներ կ՛արձակէ, օրինակ` «Թուրքիան թուրքերուն է» եւ բազմաթիւ  ուրիշ ցեղապաշտ կարգախօսներ:

4.- Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան.- Յառաջդիմական կուսակցութիւն մըն է, որ հիմնուած է 2012-ին` միացնելով ընկերվարական, արմատական ձախ, կանաչ, մարքսական եւ ուրիշ ձախ ուժեր մէկ կազմակերպութեան մէջ: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքականութիւնը հիմնուած է հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ. ան կը պաշտպանէ աշխատաւորներու, կիներու, ազգային, կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ այլ ճնշուած խումբերու իրաւունքները, իսկ տնտեսական հարցերու վերաբերեալ ան կը քաջալերէ պետութեան միջամտութիւնը շուկային մէջ` բարեկեցութիւն ապահովելու համար հանրութեան, եւ կ՛աջակցի աշխատանքային շուկային մէջ արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան: Կուսակցութեան գաղափարաբանական սկզբունքները եկած են 1960-ական եւ 1970-ական թուականներու ձախակողմեան  մտքերէն, որոնք տարածուած էին ամբողջ Թուրքիոյ մէջ եւ մանաւանդ` համալսարաններու  ուսանողներուն  մօտ: Այդ մտքերը դէմ են թէ՛ քեմալականութեան  եւ թէ՛ իսլամականութեան: Կուսակցութիւնը  կը պահանջէ տապալել ազգային պետականութիւնը եւ  Թուրքիան դարձնել բազմազգեան  պետութիւն, ազատագրել ալեւիները եւ միւս կրօնական փոքրամասնութիւնները  կրօնական բռնութենէն, հաւասարութիւն հաստատել երկու սեռերու միջեւ կեանքի բոլոր մարզերուն  մէջ, հզօրացնել պետութեան ժողովրդավարական համակարգը, վերականգնել թրքական հանրապետութեան աշխարհիկ համակարգը եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակել սահմանակից պետութիւններուն հետ:

Թրքական Ընտրութիւններն Ու Հայութիւնը

Արդէն անցած է 100 տարի եւ մեր դատը մինչեւ օրս չէ լուծուած, 100 տարիէ ի վեր մենք հեռու կ՛ապրինք մեր հայրենիքէն եւ 1923-էն մինչեւ օրս տառապած կ՛ապրինք Թուրքիոյ մէջ: Երեւակայենք, որ եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն  պիտի յաղթէ ընտրութիւններուն, ի՞նչ պիտի ըլլայ. ցեղասպանը դարձեալ պիտի մնայ անպատիժ, մեր կալուածները դարձեալ պիտի մնան թրքական պետութեան ձեռքը, մեր մշակութային ազատութիւնը դարձեալ պիտի կաշկանդուի, եւ հայը առանց հոգիի պիտի ապրի Թուրքիոյ մէջ: Միւս կողմէ, եթէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իր աթոռները աւելցնէ խորհրդարանին մէջ, աւելի լայն ծաւալ պիտի ստանայ  այլատեացութիւնը ընդդէմ հայութեան,  ինչ որ նոյնիսկ կրնայ պատճառ դառնալ այլ  տեղահանութեան մը: Այս ընտրութիւնները շատ կարեւոր են Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր ազգակիցներուն  համար, այս ընտրութիւնները պիտի որոշեն, թէ Թուրքիոյ մէջ հայուն տառապանքը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ ոչ, թէ հայը դարձեալ ստրուկ պիտի մնա՞յ, թէ՞ պիտի ազատագրուի, թէ ցեղասպանը անպատիժ պիտի մնա՞յ, թէ՞ վերջապէս պատժուի, թէ հայը նորէն տեղահան պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ պիտի մնայ իր արմատներուն մօտ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պարտութիւնը եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան  աթոռներու թիւի նուազումը անշուշտ պիտի ըլլան մեր օգտին, ոչ միայն թրքահայութեան համար, այլ նաեւ իրաքահայութեան եւ սուրիահայութեան, քանի որ վերջին երկուքը զոհ գացին Էրտողանի վարած «խաղաղութիւն ծայրայեղութեան հետ» քաղաքականութիւններուն: Իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը թերեւս  լրատուամիջոցներուն մէջ խօսի «եղբայրութիւն», «հաւասարութիւն» եւ «բարեկամութիւն» կարգախօսներուն մասին, բայց անիկա  նոյն ազգայնամոլ կուսակցութիւնն է. թերեւս անիկա այսօր քիչ մը աւելի չափաւոր եղած է, բայց չէ դադրեցուցած իր ազգայնական հռետորաբանութիւնը: Միայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնն է, որ ակնյայտօրէն կեցած է հայութեան կողքին, դէմ կեցաւ «Քամփ Արմէն»-ի քանդումին, դէմ կեցաւ, պահանջեց եւ կը պահանջէ արդար քննութիւն Հրանդ Տինքի հարցին շուրջ, դէմ  կեցաւ  ու կը կենայ Թուրքիոյ մէջ ծաւալող հակահայկական արշաւին  եւ միակ կուսակցութիւնն է, որ կը պահանջէ հայկական մշակութային իրաւունքներն ու ազատութիւնները:

Ճիշդ է, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ալ կը դատապարտէ հակահայկականութիւնը, բայց ատիկա միայն խօսք է` առանց գործի:

Ընտրութիւններն ու մեր 100-ամեայ դատը.-

Մեր դատը այսօր թեւակոխած է նոր հանգրուան,  100 տարիներ անցան ժխտումով եւ ստելով` թրքական բոլոր կառավարութիւններուն կողմէ: Մենք ազգովին եւ ամէնուր պայքարեցանք յանուն մեր դատի արդար լուծման, հիմա  այդ պայքարը իր բուն տեղը` Թուրքիոյ մէջ պիտի պայթի հրաբուխի պէս: Թրքական 3 մեծ կուսակցութիւնները կը ժխտեն ցեղասպանութիւնը, կը ժխտեն իրականութիւնը, կը պահանջեն օսմանեան արխիւներու փակում եւ իրենց ամբողջ ուժով կը պայքարին աշխարհին համոզելու, թէ ցեղասպանութիւն չէ եղած,  առաւել` կը փորձեն հեռացնել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը միջազգային քաղաքական դաշտէն` ըսելով, որ անիկա աւելի պատմական հարց է, քան քաղաքական: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը թրքական խորհրդարանի միակ կուսակցութիւնն է, որ կը պահանջէ թրքական պաշտօնական ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան եւ նոյնիսկ միակ կուսակցութիւնն է, որ ամէն տարի համայն հայութեան ուղերձ կը յղէ` ներում հայցելով եւ դատապարտելով ցեղասպանութիւնը, թրքական խորհրդարանին մէջ միակ կուսակցութիւնն է, որ ամէն տարի ապրիլ 24-ին կը յիշէ Հայոց  ցեղասպանութիւնը. Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան  աթոռներու թիւին բազմացումը  մեզի համար յաղթանակ կը նշանակէ, քանի որ յիշեալ կուսակցութեան պատգամաւորներուն թիւը պիտի աւելնայ եւ ճշմարտութեան ձայնը աւելի լաւ պիտի լսուի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ աշխարհին մէջ:

Կոչ թրքահայութեան.-

Ո՛չ անցեալին եւ ո՛չ ալ ներկայիս. թրքական հանրապետութեան իշխող բոլոր կուսակցութիւններն ալ 1923-էն մինչեւ օրս եղած են խտրականութիւն ծաւալող կուսակցութիւններ: Բոլորն ալ խլած են ժողովուրդին հասարակ իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Միայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնն է այլընտրանքը, միայն այդ կուսակցութիւնը պիտի կարենայ կերտել աւելի լաւ Թուրքիա մը բոլորին համար` բաց, աշխարհիկ, ժողովրդավարական, բազմամշակութային եւ աշխարհիկ կարգերով: Թրքահայերը պէտք է շարունակեն իրենց նախահայրերուն պայքարը. երէկ Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Բաբգէն Սիւնի  յեղափոխաշունչ մեծ փոթորիկ մը ստեղծեցին ամբողջ  Թուրքիոյ մէջ`  աւելի քան 100 տարի առաջ, այսօր ալ թրքահայերը պէտք է կերտեն խաղաղ  յեղափոխութիւն մը. անոնք իրենց քուէարկութեամբ թրքական արդի պատմութեան  եւ մեր ազգային շարժման մէջ պիտի կերտեն յեղափոխական նոր հանգրուան մը, եթէ քուէարկեն այլընտրանքին: Կոչ կ՛ուղղեմ թրքահայութեան` քուէարկելու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան`  յանուն աւելի լաւ ապագայի:

 

 

 

Նախորդը

100-Ամեակէն Ետք` Ի՞նչ

Յաջորդը

Փոխան Ափ Մը Հողի

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?