ԱՆԻ ՀԱՐՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 7 յունիսին, Թուրքիոյ 85 ընտրաշրջանները պիտի ընտրեն իրենց 25-րդ խորհրդարանը: Ստորեւ այս առիթով թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք Անի Հարոյեանի հետաքրքրական յօդուածը:
Նոր Սահմանադրութիւն
550 հոգինոց խորհրդարանի ընտրութեան կողքին նաեւ փոփոխութեան ենթակայ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը:
Նախնական արդիւնքները կը վկայեն, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի շահի մեծամասնութեան քուէն, այսպիսով առիթ տալով կուսակցութեան ներկայացնելու սահմանադրական «բարեփոխումները», որոնց մասին հրապարակաւ արտայայտուած է կուսակցապետ եւ Թուրքիոյ նախագահ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Այս «բարեփոխուած սահմանադրութիւնը» Թուրքիոյ իշխանութիւնը պիտի օժտէ նախագահական համակարգով վերջ դնելով իր «խորհրդարանական հանրապետութեան», այսինքն` ուժերը պիտի կեդրոնացնէ երկրի նախագահին շուրջ:
Այսպիսով, նախագահը կարելիութիւն պիտի ունենայ բարձրագոյն դատարանին մէջ նշանակելու դատախազներ, ինչպէս նաեւ ղեկավարելու Ազգային ապահովութեան խորհուրդը: Կառավարութիւն կազմելու համար կուսակցութիւնը պէտք է խորհրդարանին մէջ ապահովէ 276 աթոռ, իսկ առանց հանրաքուէի սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկ կատարելու իրաւունք ունենալու համար պէտք է ապահովել 367 աթոռ: Օգոստոս 2014-ին Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ եւ այդ օրերու վարչապետ Էրտողան հանդիսացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած առաջին նախագահը` ապահովելով ժողովուրդի քուէներուն 51.8 առ հարիւրը:
Ընտրութեան ժամանակ եւ անկէ ետք ալ, Էրտողան բաւական լուրջ աշխատանք տարաւ, որպէսզի կառավարութիւնը գործէ նախագահական հսկողութեան տակ: Կառավարութեան ծրագիրի յաջողութեան պարագային քննադատները կը վախնան, որ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդավարութեան մակարդակի յաւելեալ նուազում:
Նախագահի ուժի հզօրացումը պիտի առաջնորդէ մենատիրութեան վարչակարգի նման կացութեան մը, եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ կը վկայեն, թէ այդպիսի կացութիւն արդէն իսկ կը տիրէ ներկայիս:
Նախագահական համակարգը կրնայ աւելի մեծ ճնշում բանեցնել ազատ խօսքին վրայ, բանտարկել ընդդիմադիր ձայները եւ կիներուն ստիպել, որ լաչակ կրեն: Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայ օրէնքին, որ կը քրէականացնէ «նախագահի վիրաւորանքը», որ հիմքը դարձաւ 16 տարեկան երիտասարդի մը բանտարկութեան, նախագահական համակարգին տակ շատ աւելի յաճախակիօրէն կրնայ օգտագործուիլ:
Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում
Կուսակցութեան Մարտավարութիւնը
Վերջին շրջանին նախագահ Էրտողան Թուրքիոյ տարբեր շրջաններ այցելեց եւ ելոյթներ ունեցաւ, ժողովուրդին կոչ ուղղեց, որ նեցուկ կանգնի նախագահական նոր համակարգին եւ փորձեց անոր քուէն ապահովել, որպէսզի իրականացնէ սահմանադրութեան փոփոխութեան իր երազը: Ան նոյնիսկ այցելեց Գերմանիա, ուր հազարաւոր թուրքեր կը բնակին: Էրտողան Գերմանիոյ մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ ալեւի համայնքին եւ մասնաւորապէս ալեւի թեկնածու Թուրկիւթ Էօքերին դէմ, որ ներկայացած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ:
Շատեր կը հաւատան, որ Էրտողանի ստեղծած սիւննի-ալեւի հակասութիւնը պիտի չնպաստէ իր ընտրապայքարի յաջողութեան:
Վերջերս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը նախագահ Էրտողանի դէմ բողոք ներկայացուցած էր` խնդրելով, որ Սահմանադրական դատարանը նախագահ Էրտողանին արգիլէ ընտրութեան մասնակցիլ: Անշուշտ դատարանը միաձայնութեամբ մերժեց այս բողոքը` փաստելով, որ անիկա արդար չէ եւ առարկայական հիմք չունի: Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ ընտրութեան ժամանակ նախագահ մը մնայ չէզոք եւ մասնակից չդառնայ ընտրապայքարին, որպէսզի իշխող կուսակցութեան ի նպաստ չըլլան այս բոլորը:
Ապտիւլլա Կիւլի Բացակայութիւնը
Թուրքիոյ նախկին նախագահ ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւոր հիմնադիրներէն Ապտիւլլա Կիւլ այս ընտրութիւններէն պիտի բացակայի: Ան իր արտայայտութիւններով ճանչցուած է իբրեւ չափաւորական, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի միասնականութիւնը ապահովող եւ ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքագէտ մը:
Ապտիւլլա Կիւլ եւս դարձաւ նախագահ Էրտողանի քննադատութեան առարկան: Էրտողան Կիւլը մեղադրեց ֆութպոլային դիւանագիտութեան միջոցով հայերը յաղթանակի հանգամանքին հասցնելու մեծ սխալով:
Կիւլ մեղադրուեցաւ նաեւ 2013-ին Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ տեսակցութիւն ունենալու յանցանքով` բան մը, զոր ան ցայսօր կը մերժէ: «Ֆեթհուլլա Խոճա» ծածկանունը կրող Կիւլէնը կրօնաւոր մըն է, որ համաշխարհային «Կիւլեն շարժումը» ստեղծած է: Ան անցեալին Էրտողանի քաղաքական մտերիմ գործընկերն էր եւ մեծ դեր ունեցած է ներկայ կառավարութեան ստեղծման մէջ:
Ան ներկայիս աքսորուած է եւ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ: Պէտք է նշել նաեւ, թէ 2013-ին ներկայ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն ալ մեղադրուած էր նոյն յանցանքով:
Կիւլեն 74 տարեկան է եւ կը գտնուի վատառողջ վիճակի մէջ: Ան ոչ մէկ ձեւով մասնակից պիտի դառնայ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Թուրքիոյ բարձրագոյն դատարանը ձերբակալման հրամանագիր հրապարակած է Կիւլենի դէմ եւ Միացեալ Նահանգներէն խնդրած, որ զայն յանձնեն, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ դատուի եւ բանտարկուի:
Ընտրութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն մօտ քսան քաղաքական կուսակցութիւններ: Իշխող կուսակցութիւնը ներկայացուցած է տասը առ հարիւրի օրէնքը, որ իւրաքանչիւր կուսակցութենէ կը պահանջէ ժողովուրդի քուէներուն տասը առ հարիւրը ստանալ, որպէսզի խորհրդարան կարենայ մուտք գործել: Շրջանի մը մէջ, ուր կուսակցութիւն մը տասը առ հարիւրէն նուազ քուէ կ՛ապահովէ, ըստ օրէնքին, քուէները ինքնաբերաբար կը փոխանցէ շրջանի յաղթող կուսակցութեան: Անցեալին ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը փորձեց դէմ կենալ այս օրէնքին, սակայն չյաջողեցաւ:
Քուէարկելու Իրաւունք Ունեցողներու Ցանկի Համակարգը
Եւ Ընտրութեան Թեկնածուները
Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն, ուր նահանգի մը բնակչութեան հիման վրայ կը նշանակուին ներկայացուցիչներ, Թուրքիան կ՛օգտագործէ «Քուէարկելու իրաւունք ունեցողներու ցանկ»-ի դրութիւնը: Այս համակարգը ենթակայական է եւ յաճախ կ՛օգտագործուի փոքրամասնութիւններուն քուէները ճնշելու նպատակով:
Վանի մէջ, որ կը նկատուի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնը, ընտրուելիք երեսփոխաններուն թիւը հիմնուած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող վեց հարիւր հազար մարդոց վրայ: Վանի բնակչութիւնը մէկ միլիոնէ աւելի է: Շատ մը երկիրներու մէջ, ուր ժողովրդավարական ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, թեկնածուները կուսակցութեան շարքերէն կը ներկայանան, անոնք ներքին կուսակցական ժողովէ մը ետք ընտրութեան մը ընդմէջէն կ՛ընտրուին: Թուրքիոյ պարագային կարգ մը բարձրաստիճան կուսակցական դէմքեր են, որ կը ճշդեն թեկնածուները: Այդ է պատճառը, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկը կը նմանի Էրտողանի ընտանեկան պսակի մը հրաւիրեալներու ցանկին: Պերաթ Ալպայրաք` նախագահ Էրտողանի փեսան, Մուճահիտ Արսլան` Էրտողանի մտերիմ գործակիցներէն, Այտին Ունալ` Էրտողանի նախկին ճառ գրողը, Ալի Էօզքայա` Էրտողանի իրաւաբանը, Եալչը Աքտողան` փոխվարչապետը եւ շատ ուրիշներ:
Բազմաթիւ երկիրներու ընտրութիւններուն նման, այս ընտրութիւններէն եւս անպակաս պիտի ըլլան տարբեր տեսակի զեղծարարութիւններն ու կեղծիքները: Սակայն Թուրքիոյ պարագային կան նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու գրասենեակներու, կուսակցապետերու գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ անոնց բնակարաններուն վրայ յարձակումներ: Ցայտուն օրինակ մըն էր Տիգրանակերտի մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ` Սալահէտտին Տեմիրթաշի բնակարանին վրայ յարձակումը` մայիս 12-ին: Իշխանութիւնները պատճառաբանեցին, թէ պատահածը սխալմամբ կատարուած խուզարկութեան մը արդիւնքն էր:
ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վրայ «Թուտէյզ Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ մայիս 18-ին երկու անջատ պայթումներ տեղի ունեցած են Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւն կեդրոնատեղիին եւ ղեկավարութեան դէմ: Առաջինը Ատանայի մէջ, ուր վեց հոգիներ վիրաւորուած են, երբ տուփի մը մէջ զետեղուած ռումբ մը ուղղուած է կուսակցութեան գրասենեակ եւ պայթած: Երկրորդ պայթումը` Մերսինի մէջ, թիրախ ունենալով Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշը, որ ելոյթ պիտի ունենար: Ռումբը զետեղուած էր փունջ մը ծաղիկի մէջ եւ… ղրկուած նոյնպէս կուսակցութեան գրասենեակ:
Հայ Թեկնածուներ
Յատկանշական է ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներու մասնակցութիւնը: Վերջին հայ երեսփոխանը ընտրուեցաւ 1961-ին եւ ծառայեց մինչեւ 1964: Հայերու կողքին կան նաեւ եզիտի, ռոմական, ասորի եւ յոյն թեկնածուներ: Անակնկալ չէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ունի չորս հայ թեկնածուներ` Մուրատ Միհճի, Ֆիլոր Ուլուք, Տիրեն Ճէահիր Շէն, Կարապետ Փայլան: Նոյնիսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը ներկայանայ մէկ հայ թեկնածուով մը` յանձին լրագրող Մարգար Եսայեանի: Սակայն անակնկալ է հայ Սելինա Էօզուզուն Տողանի ներկայանալը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ցանկէն: Վերջինս ծանօթ է իր ծայրայեղ պահպանողական գաղափարախօսութեամբ, կուսակցութիւնը հիմնուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի (Աթաթուրք) կողմէ եւ կը հաւատայ, թէ ան պաշտպանն է Քեմալի ստեղծած գաղափարախօսութեան` քեմալականութեան:
Այսօր կուսակցութիւնը աջակողմեան ազգայնամոլներու եւ ազատական բարեկարգողներու միջեւ ներքին պայքարներու մէջ է: Կ’ըսուի, թէ կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն անձամբ ընտրեց հայազգի կին թեկնածու` Էօզուզուն Տողանը, փոխան Կէօքսել Կիւլպէյի, որ կը ղեկավարէ հակահայ կազմակերպութիւն մը` նպատակ ունենալով ինչպէս ինք կը հաստատէ, «պայքարիլ հայկական սուտերուն դէմ»` ակնարկելով անշուշտ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այս մէկը դարձնելով իր կեանքի ասպարէզը: Այս կուսակցութեան բազմաթիւ անդամներ հրապարակաւ Էօզուզուն Տողանին դէմ արտայայտուեցան եւ նոյնիսկ «Այտընլըք» թերթը գրեց. «Էօզուզուն Տողանի թեկնածութիւնը հանդիսացաւ հայկական սփիւռքի հարիւրամեակի նուէրը»:
Քուէարկութիւնը Սկսած Է
Միացեալ Նահանգներու Մէջ
Կը նախատեսուի, որ մօտաւորապէս իննսուն հազար թուրք ընտրութեան մասնակցի Միացեալ Նահանգներու մէջ քուէարկելով: Քուէարկութիւնը սկսաւ մայիս 16-ին եւ վերջ գտաւ մայիս 31-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Քուէարկողներուն մէջ կան Ուոթըրթաունէն (Մասաչուսեց), Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն մեծ մասամբ պոլսահայեր, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններէ գաղթած հայեր: Առաջին անգամ ըլլալով հաւանականութիւն կայ, որ հայ թեկնածու մը ընտրուի Պոլսոյ առաջին եւ երկրորդ շրջաններուն մէջ: Եւ այսպիսով, գաղութները կրնան աւելի լսելի դարձնել ձայնը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն, որոնք կը պայքարին հայկական ինքնութիւնը հրապարակային դարձնելու համար: Անոնք կը պահանջեն նոյն քաղաքացիական իրաւունքները եւ թրքական օրէնքով միեւնոյն պաշտպանութիւնը, զոր կը վայելեն երկրի բոլոր քաղաքացիները: Լաւագոյն ձեւը այս իրաւունքները պաշտպանելու` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան թեկնածուներուն քուէարկելն է:
Փրովիտենս