ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Կորիւն արք. Պապեան` տիպար հոգեւորական, բանասէր, մտաւորական, հայ մշակոյթի զինուոր: Մէկ խօսքով` ինչպէս անգլերէնով կ’ըսեն, a man of letters:
Անձնապէս պատիւ կը համարեմ իրեն հետ բարեկամութիւն ունենալս: Մեր ծանօթութիւնը կու գայ այն օրերէն, երբ ան նոր աւարտած էր Օքսֆորտ համալսարանին մէջ իր ակադեմական աշխատանքները, տիրացած էր դոկտորական տիտղոսին ու վերադարձած Անթիլիասի կաթողիկոսարան: Այդ օրերուն ան նախաձեռնած էր հայ մշակոյթի ու պատմութեան մասին դասախօսական շարքի մը, որ նոր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս` ուսանողութեանս այդ օրերուն: Ատկէ նաեւ` մեր ծանօթութիւնը:
Լսելով իր առաջին իսկ դասախօսութիւնը Վարդանանց ժամանակաշրջանի դէպքերուն մասին, սկզբնական (ու… անխախտ) տպաւորութիւնս եղաւ այն, որ գործ ունինք գիտնականի մը, հմուտ ու իսկական վարդապետի մը հետ, բառին ոչ կրօնական իմաստով անպայման:
Իր կորուստին ցաւը, զոր կը զգամ անձնապէս, դասական իմաստով չէ: Միայն արժէքաւոր բարեկամի մը կորուստին ցաւը չէ, որ զիս կը պատէ: Ուրի՛շ բան կայ հոս:
Իր վախճանումին առիթով Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ հրապարակուած կենսագրութեան մէջ կը կարդանք, որ աւարտելով Օքսֆորտը, Կորիւն սրբազան 1977-ին կը վերադառնայ կաթողիկոսարան ու տարի մը ետք` 1978-ին, կ’ուղարկուի Նոր Ջուղա, Սպահան, իբրեւ առաջնորդական տեղապահ: Ապա 2002-ին կը նշանակուի Քուէյթի ու Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ, մինչեւ 2011, երբ կը վերադառնայ կաթողիկոսարան «եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու»:
Մատներու վրայ հաշուելով երեւան կու գայ, որ Կորիւն սրբազան 33 տարի վարած է առաջնորդական պաշտօն: Այսինքն, աւելի քան 3 տասնամեակ ան զբաղած է մեծ մասամբ վարչական գործունէութեամբ: Ի հարկէ, այդ տարիներուն ան վստահաբար շարունակած է իր բանասիրական աշխատանքները: Սակայն «շարունակել»-ը ուրիշ բան է, նուիրուիլը` ուրի՛շ:
Տարիներով Օքսֆորտի նման բարձրակարգ համալսարանի մը մէջ ակադեմական կրթութիւն ստանալէ ետք, 33 տարի վարչական գործի նշանակուիլը (ինչքան ալ օգտակար) անպտուղ ու վատնուած պէտք է համարել հայ մշակոյթին ու բանասիրութեան համար: Օքսֆորտեան տարիները, մինչեւ դոկտորական տիտղոս, ակադեմական առումով կատակ չեն: Այդ օրերուն եւ մինչեւ հիմա, այս յօդուածագիրին համար անհասկնալի կը մնայ նման պատրաստուածութեամբ գիտնական վարդապետ մը (դարձեալ, բառին ոչ անպայման կրօնական իմաստով) վարչական պաշտօնի նշանակելը: Մժեղին վրայ թնդանօթ կրակելու պէս բան մը, չէ՞:
Դժուար չէ երեւակայելը, թէ նման պատրաստութեամբ գիտնական մը, փոխանակ 33 տարի ժողով-ժողով խաղալու պարտադրանքին տակ գտնուելու, փոխանակ վարչական անհամ ու անհաճոյ առօրեայի մէջ մխրճուելու (կը կրկնենք` թերեւս օգտակար, իր կարգին), եթէ նուիրուած ըլլար բանասիրական-հետազօտական աշխատանքի, մեր մշակոյթն ու բանասիրութիւնը ինչքա՜ն բան կրնային շահիլ:
Բայց ինչպէ՞ս նուիրուիլ, երբ կար ա՛յլ ՈՐՈՇՈՒՄ: Կորիւն սրբազան` իբրեւ հաւատարիմ զինուոր հայ եկեղեցւոյ, առիթ չունեցաւ նուիրուելու գիտութեան աշխարհին: Առիթ չունեցաւ, իբրեւ ակադեմական մասնագէտ, իր ամբողջ ժամանակը յատկացնելու մեր մշակոյթի ու պատմութեան խնդիրներու ու բարդ ծալքերու լուսաբանումին, նորանոր գիւտերու, որոնք անչափօրէն կրնային հարստացնել հայկական բանասիրութիւնը: Հապա՞ եթէ Մխիթարեանները իրենք եւս (սկսելով Աբբահօր օրերէն) մխրճուած ըլլային վարչական գործերու մէջ, մենք այսօր պիտի ունենայի՞նք այդ բանասիրական հարստութիւնը, որ Վենետիկէն (կամ Վիեննայէն) ճառագայթեց դարերով:
Հետեւաբար, այս յօդուածագիրին համար հիմնական խնդիրը վերոնշեալ անճիշդ «որոշումն» է: Մեր մարդկային պաշարները եւ կարողութիւնները ճիշդ չգնահատելու սխալ տնօրինում մը, որուն իբրեւ հետեւանք, գիտնական Կորիւն սրբազանին կեանքին ամէնէն արդիւնաւէտ տարիները, հայ մշակոյթին ու դպրութեան համար, մաշեցան ու վատնուեցան, մինչեւ որ ֆիզիքապէս եւս մաշեցաւ ան:
Գարեգին կաթողիկոս Սարգիսեանէն սորված բառս գործածելով` Աստուած հոգիդ թող լոյսերու մէջ հանգչեցնէ, օճանասփիւռ Կորիւն սրբազան:
Յունիս 3, 2015