ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Այս հարցումը վերջերս նիւթ դարձաւ կարգ մը յօդուածներու, որոնք սահմանափակուած մնալով մտածումի թափառումներու մէջ` բնականաբար չէին յաւակներ համապարփակ պատկերացումով մը իրենց իսկ հարցադրածին պատասխանը յստակացնելու, ընելիքներու յայտագիրի մը յանգելու:
Աթէնքի Արամ Մանուկեան կոմիտէութեան ընկերական կազմի ժողովին մէջն ալ կայացաւ միեւնոյն հարցումով ու թափառումներով զրոյց մը, որուն ընթացքին տրուած զեկոյցին, կատարուած հաստատումներուն ու յայտնուած մտածումներուն կարգ մը կէտերու հրապարակումը ոչ միայն անտեղի կամ անպատեհ չէ, այլ, ընդհակառակը, կրնայ հանդիսանալ գրգիռ ու խթան` աւելի խորացուած նոր որոնումներու:
Ահաւասիկ այդ կէտերու ներկայացումը` հնարաւոր խտացումով.
Ա. Պէտք է խոստովանիլ, որ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նոյնիսկ մեզի համար անսպասելի էին 100-ամեակի կոչին համազգային մակարդակով հայ զանգուածներու մեծածաւալ ընդառաջումը եւ անոր յառաջացուցած համաշխարհային արձագանգին անչափելի տարողութիւնը: Անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ Ցեղասպանութիւնը մշտարծարծ պահելու խնդիրը, բացի ազգային արժանաւորութիւն մը ըլլալու հրամայականէն, իբրեւ ազդակ` է՛ նաեւ քաղաքական շատ կարեւոր ու չմաշող դրամագլուխ մը` հայ զանգուածներ զօրաշարժելու, Թուրքիան շփոթի ու ջղաձգութեան մատնելու եւ միջազգային համակրանք շահելու համար:
Արձանագրելի է, որ 100-ամեակի այս մեծ յաջողութեան հասանք շնորհիւ`
1. Յիսնամեայ մեր ծաւալած պայքարին
2. Որոշ չափով` զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ առաւելաբար` մեծաթիւ անհատ ազգայիններու կողմէ զանգուածային լրատուամիջոցներու անդադրում օգտագործումին (հսկայ ուժ, բայց անտեսուած մարզ` հայ կեանքէ ներս)
3. Հայ եկեղեցւոյ կողմէ` կաթողիկոսական մակարդակով նախաձեռնուած ու մշակուած երկարամեայ ու ազդու յարաբերութիւններուն` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ
4. Եւ ի լրումն եւ իբրեւ պսակադրումը ամենայնի` ազգային պետականութեան գործօնին
Պարբերական առիթներով միջազգային ատեաններէն պետական այրերու հնչեցուցած ըստ պատշաճի արտայայտութիւններէն անդին` առաջին անգամն է, որ հայկական պետութեան բարձրագոյն դիրքէն, բացայայտօրէ՛ն, «բարձր» դիւանագիտութեան «պարտադրած» կաշկանդումներէն ձերբազատ, Հայաստանի նախագահին կողմէ գործնական նախաձեռնութիւններ կ՛առնուէին, առ որ անկ է միջամտութիւններ կը կատարուէին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջով. «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»: Պետականօրէն բանաձեւուած ու յայտարարուած այս լոզունգը կ՛արտայայտէր ազգին հետապնդած 100-ամեայ նպատակը եւ կը վերածուէր հայ զանգուածները համախմբող մագնիսի:
Բ. «100-ամեակէն ետք` Ի՞ՆՉ»: Ուշացած հարցում մը, որ շատոնց պէտք էր տրուած ըլլար ու պատասխանը` կանխորոշուած: Բայց այս ուշացումը պատճառ պիտի չըլլայ աճապարանքի` «հարսնիքը» չփախցնելու հոգեբանութեամբ: Պատասխանը անպայման հիմա գտնելու շուտիկութիւնը կրնայ պարզապէս վնասել մեր Դատին: Յօդուածներով կամ այս ու այն մօտեցումով յայտնուած մտածումներ կամ մակերեսային կողմնակի որոշումներ հիմք ընդունելով` քաղաքական հապճեպ նախաձեռնութիւնները դուռ կը բանան անբաղձալի արկածախնդրութիւններու: Սխալներու պատասխանատուութիւնը ներհայկական էր երէկ, իսկ այսօր նկատի պիտի ունենանք, որ Հայ դատի հետապնդումին մէջ ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն կշիռը իրեն` իբրեւ պետութեան, իրաւունքը չի տար սխալելու…
Ռազմավարութեան մը մարտավարական բովանդակութիւնը ճշդելու գլխաւոր նախապայմանը ինքնաճանաչումն է, սեփական տկարութիւններուդ դարմանումն է, ունեցած ուժիդ ու կարելիութիւններուդ ճշգրիտ գնահատումն է եւ թշնամիիդ ճանաչողութիւնը:
Այս տեսակէտով, ներկայի մեր մեծ տկարութիւնը թերի ու ձեւական ժողովրդավարութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որով եւ հոն` արդարութեան ու իրաւունքի գերակայութեան բացակայութիւնը: Իսկ սփիւռքի պարագային` գործող կառոյցներու յոգնածութիւնն է, չըսելու համար` սպառուածութիւնը:
Առանց անտեսելու ոչ արհամարելի այլ պատճառներու գոյութիւնը` պիտի ըսենք, որ գլխաւորաբար նշուած տկարութիւններուն պատճառով ստեղծած ենք ազգին սպառնացող մեր ներքին ահարկու թշնամին` արտագա՛ղթը:
Արտագաղթ` Հայաստանէն:
Արտագաղթ նա՛եւ սփիւռքի մէջ` հայկականութենէ, գաղութային կառոյցներէ, կազմակերպ կեանքէ:
Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը կախեալ է իշխող խաւի քաղաքական կամեցողութենէն ու վճռականութենէն: Իսկ սփիւռքի պարագայի՞ն…
Գ. «100-ամեակէն ետք` Ի՞ՆՉ» հարցումին պատասխանը գտած ու տուած է արդէն Աբօ Պողիկեան` «Ասպարէզ»-ի «Օրը օրին» սիւնակէն, ապրիլ 24-ին յաջորդող օրերուն: Դէպի հեռակայ թիրախներու սլացող մեծ-մեծ գաղափարներու չի վերաբերիր իր ըսածը, այլ իր սիւնակէն պարզ ու յստակ ցոյց կու տայ այսօրուան անմիջական մեր ընելիքը, ինչ որ, յայտնօրէն զեկուցողին յաւելած յարդարանքով ու ոճով, ժողովին ներկայացուեցաւ հետեւեալ բառերով.
«… Թողունք մտքի դարձդարձիկ մարզանքները, որոշ ժամանակի մը համար ձերբազատինք իրարու յաջորդող ցուցադրական խորհրդաժողովներու ծախսէն ու շռայլանքէն եւ անոնցմով տպաւորութիւն գործած ըլլալու խաբկանքէն (բարեկամ մը սրամտութեամբ կ՛ըսէր, որ անոնց գլխաւոր յաջողութիւնը ժողովի ընթացքին կամ աւարտին քաշուած ու մամուլի էջերուն տեղ գրաւած լուսանկարներն են)»:
«… Տքնինք-խոկանք, գաղութային կառոյցներու գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար կենդանի գործի ծրագիր մշակենք, հետամտինք այդ ծրագրի իրացման, որպէսզի մեր կառոյցներուն շուրջ համախմբել կարենանք Քալիֆորնիոյ 130.000-160.000, Լիբանանի 50.000, Աթէնքի 2.500-3.000 ու այլ քաղաքներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրիլեան ցոյցերուն, թէ երթերուն բազում հազար թիւերով մասնակից հայ զանգուածները: Ա՛յս է անմիջականը, անյետաձգելի՛ն»:
«Պիտի կարենա՞նք»:
Ահա ցցուող բուն հարցականը` 100-ամեակէն ետք:
Դ. Մեր ներքին ու սարսափազդու «թշնամիին»` արտագաղթ(ներ)ին, ինչպէս նաեւ հայ զանգուածները համախմբելու մարտահրաւէրին յաղթելու համար պէտքը չունինք ռազմական պատրաստուածութեան, ռմբաձիգ սարքերու: Բաւարար են` հաւատքը, տեսլականը, վճռակամութիւնը, աշխատանքի տրամադրուածութիւնը, առաքինութիւններ, որոնք իբրեւ առանցքը մարտավարական բովանդակութեան` նախապայման են հայ կեանքի վերակառուցման համար:
Ունի՞նք այդ առաքինութիւնները: Այս ալ երկրորդ հարցականը` 100-ամեակէն ետք:
Աթէնք , 24 – 5 – 15