Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւ 2015-ի Ապրիլ Ամիսը Դարձուցինք` Հայկական

June 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պատմութեան անցած են անցեալ ապրիլի 24-ն ու իր` հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին ոգեկոչման աշխատարած հայութեամբ մեր վառած 100-րդ մոմը: Նոյնպէս պատմական դարձած են աշխարհի հրապարակներուն վրայ արդարութեան եւ պահանջատիրութեան մեր կատարած բոլոր ցոյցերը: Վերջ գտած են նաեւ հայ եւ օտար դէմքերու 20-րդ դարու մեծ ոճիրի մասին արտասանած ճառերը, խունկով ու աղօթքով մեր մատուցած հոգեհանգստեան արարողութիւններն ու ջահերով հաստատակամ մեր քայլարշաւները:

Աւելի՛ն. հայրենի եւ սփիւռքի տարածքին գտնուող յուշահամալիրներու եւ յուշակոթողներու նուիրուած ծաղկեպսակներու միլիոնաւոր ծաղիկներն ու մեխակները արդէն շատոնց թառամած են: Բայց այս բոլորով հանդերձ, հպարտօրէն կրնանք ըսել, թէ մեզի ժառանգ ինկած աւանդն ու պատգամը գիտակցօրէն յարգելով` կրկին անգամ պողպատած ենք մեր հոգիներուն մէջ, համայն աշխարհին պարզելով, թէ մեր պայքարի զէնքը մեր ոգին է եւ ապրելու կամքը:

Բայց… ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ արդարութիւնը այս տարի եւս մեզի չհասաւ: Թէեւ մեր բողոքները, քայլարշաւներն ու ցոյցերը աշխարհի կոյր ու քնաթաթախ էութիւնը ցնցեցին, բայց տակաւին Ցեղասպանութիւնը մնաց իբրեւ վէրք մը մարդկային խղճմտանքին մէջ: Բայց եւ այնպէս այս վէրքը կրնայ  սպիանալ միայն արդար հատուցումովը մեր ժողովուրդի բոլոր պահանջներուն:

Եւ վերջապէս, հաւատալով հանդերձ, որ օր մը ուշ կամ կանուխ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, 2015-ի ապրիլին մեր անցեալը մեր ներկային մէջ ապրեցուցինք ճակատաբաց: Մնացեալը դուք գիտէք արդէն, անոնց շարունակութիւնը միայն կրկնութիւններ պիտի ըլլան: Պրաւօ՛:

Ահա այս բոլորէն շաբաթներ ետք անձնապէս կը փորձեմ նոր գալիք ապրիլներու մասին մտածել, որովհետեւ ապրիլ ամիսը մեզի համար ուղենիշ ըլլալու կողքին, դարձակէտ ալ է:

Ու հակառակ այս երեւոյթներուն, այս տարի գարունը կամ անոր ապրիլ ամիսը տարբեր փչելով մեր աշխարհի յիշողութեան ծալքերուն վրայ` դարձաւ «հայկական ամիս» ու այս մակդիրով ալ, ուզեն կամ չուզեն, մտաւ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ:

Ապրիլ ամիս` հայկական ամիս: Միտքս պարզեմ իբրեւ առաջին մեծ նախաձեռնող, պատիւ իրեն, Հռոմի սրբազան պապը ապրիլի 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ոչ միայն պատմական պատարագ մատուցեց, այլեւ իբրեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ` իր քարոզ-ուղերձին մէջ յստակօրէն յիշեց եւ շեշտեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, զայն որակելով իբրեւ 20-րդ դարու առաջին աննախադէպ ողբերգութիւնը: Եւ ապա, նոյն ապրիլին, Ցեղասպանութեան նուիրուած զանազան ազգային եւ միջազգային գիտաժողովներ տեղի ունեցան:

Իսկ աւելի՛ն. պատմական այս յիշատակարանի 100-րդ օրուան նախօրեակին, հայրենի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ իրենց յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով Հայաստան ժամանած աշխարհի չորս նախագահները`Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ օտար երկիրներու պաշտօնական պատուիրակները իրենց ելոյթներով հանդէս գալով` այս միջոցառումը դարձուցին կրկին անգամ պատմական:

Իրականութիւն է, որ Հայաստան այսօր ունի հին ու նոր դաշնակիցներ: Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Ռուսիոյ շարքին կանգնած է նաեւ իբրեւ հոգեւոր միասնութեան վկայ, Կաթոլիկ եկեղեցին: Այս վերջինը դարձեալ պատիւ իրեն, շնորհիւ իր սրբազան քահանայապետին` մեր սուրբերէն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այս ինքնին արդէն մեծ եւ կարեւոր նշանակութիւն եւ միաժամանակ գործօն է մեր ժողովուրդի մղած պայքարի դաշտին վրայ:

Անշուշտ այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ Հայկական հարցը արդէն իսկ վերադարձած է Եւրոպայի օրակարգի վրայ: Միւս կողմէ, կը կարծեմ, որ քաղաքական կեանքի մէջ, միշտ պէտք է նկատի ունենալ եւ հաշուի առնել աշխարհակարգին պարտադրուած խաղի օրէնքները:

Այսպէս, 1915-ին, երբ մեր ժողովուրդին դէմ կը գործադրուէր մեծ ոճիրը, անդին` 1921-ին կը կնքուէր Լենին-Աթաթուրք համագործակցութեան դաշինքը: Մէկ խօսքով` ռուս-թրքական պայմանագիրը, որ մինչեւ օրս  «ուժի» մէջ է:

Նաեւ` ի մտի ունենալու, որ ներկայիս աշխարհի մեծերը Թուրքիոյ վստահած են կարեւոր դեր` Միջին Արեւելքի մէջ: Այս մէկը գաղտնիք մը չէ երբեք: Բացայայտ է եւ տեսանելի է: Թուրքիա հաստատապէս կ՛ուզէ ղեկավարել իսլամ աշխարհը: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ նոյն տարաշրջանի անվտանգութեան փոփոխութեան հարցը, քիւրտերու իրավիճակն ու նոր երկիր մը ունենալու մարմաջը,  Իրանի ու Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական «ախորժակները» կամ, այսպէս կոչուած, նորօսմանեան պետութիւն մը` ընդդէմ պարսկականին եւ արաբականին:

Յիշենք նաեւ, որ նախագահներ Փութինն ու Հոլանտը Ծիծեռնակաբերդի փէշերուն իրենց պատմական ճառերուն մէջ իբրեւ մեր մեծ ողբերգութեան, յանցագործի` երբեք թուրք անունը  չյիշեցին: Միւս կողմէ ալ Գերմանիոյ խորհրդարանը, Անգլիոյ կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան առաժմ կը ձգձգեն մեր հարցը պաշտօնապէս ճանչնալու օրակարգը, որովհետեւ իրենց արտաքին շահերը այդպէս կը պահանջեն:

Կը կարծեմ, որ թէեւ բոլորն ալ կը գիտակցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ուշ կամ կանուխ պիտի հասնի, բայց հիմա, այս օրերուն այնպէս կ՛երեւի, թէ տակաւին այս մէկը իրենց օրակարգի նիւթը չէ:

Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս մեր ազգային ողբերգութիւնը ճանչնալու հարցը վերածուած է քաղաքական առուծախի: Այս եւ նման որդեգրումներով է, որ պէտք եղած ժամանակ Ուաշինկթըն, Փարիզ, Մոսկուա, Լոնտոն կամ Պերլին իրենց շահերէն մեկնած, ճնշում կրնան բանեցնել Թուրքիոյ վրայ:

Բայց ինչ որ ալ ըլլան քաղաքական մեծ ու փոքր խաղերը, գիտնալով հանդերձ, որ մենք ո՛չ ծով ունինք եւ ո՛չ ալ նաւթահորեր, բայց 2015-ի ապրիլ 24-ին ազգովին համայն աշխարհին ոչ միայն փաստեցինք, այլ նաեւ հաստատեցինք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անցեալ մը չէ, արդէն աշխարհի կէսը գրեթէ զայն ճանչցած է իբրեւ մեր ժողովուրդի իրաւունքն ու վիշտը:

Անշուշտ այս ճանաչման ճանապարհի շարունակումը կախեալ է մեզմէ, մեր հաւատքէն եւ մեր գործելու եղանակէն, եւ որպէսզի ապագայ նոր սերունդը չմսի մեր վառած մոմերու բոցերը պահելու անհրաժեշտութենէն:

Բայց ինծի համար էականը կը մնայ ամէն տարի ապրիլ ամիսը «հայկական ամիս» դարձնել ու պահելն է: Մնացեալը դարձեալ կրկնութիւն պիտի ըլլայ, դուք արդէն գիտէք, ձեր ճիտին պարտքն է:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Երկու Պատմական Փաստաթուղթ` Համշէնի Վերաբերեալ

Յաջորդը

Հաւասարութիւն. Խոստումներ Եւ Իրականութիւն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.