Անդրադարձ

Ցեղասպանութեան Թրքական Որոշումին Իրաւաքաղաքական Շրջագիծը

Մեղրաձոր (Կիսաւարտ Հեքիաթ)

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Մեղրաձորի մէջ այդ տարին երաշտ եղաւ: Ի՜նչ լաւ էր կեանքը այդտեղ, սակայն երաշտէն ետք մարդիկ ուտելու հաց չգտան: Աղբիւրները չորցան, պարտէզները բերք չտուին, իսկ եղածները միջատները փճացուցին: Չէր բաւեր կարծես այս բոլորը, երբ Թթմաբերդի թալանճի Օսմանի աւազակները յարձակեցան Մեղրաձորի վրայ, հրոյ ճարակ ըրին ու կողոպտեցին շատ տուներ, փորձեցին այրել տաճարը: Այդ տարիներուն ձմեռները շատ խիստ անցան, մարդիկ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ Մէջ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 22 ապրիլ 2015-ին պատահաբար «Պի. Պի. Սի. մակազին»-ին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ յօդուածը` «The Armenian Rugs That Tell Two Stories»` գրուած Լոս Անճելըսէն Լիանա Աղաճանեանի կողմէ: Յօդուածը կը յայտնաբերէ 1925-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ մէջ: Ղազիրի գորգին պատմութիւնը ծանօթ է մեզմէ շատերուն. սակայն թարմացնելու համար մեր յիշողութիւնը` անդրադառնալու ենք Ղազիրի որբանոցի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Աղբահաւաքը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Աղբահաւաքը մեր թաղը կ՛աւլէ` Գետինը նետուած ամէն ինչ գրեթէ, Շիշը կոտրուած` Յակոբին նետած Տիկնոջը գլխուն, փառք քեզ Տէր Աստուած, Որ չհասաւ իր գէշ նպատակին Ու պատուհանէն վար ինկաւ` գետին: Խեղճ խանութպանին էջերը պարտքի Որ երկար ատեն գաղտնի մնացին: Տէրերը պարտքին ուրացան, գացին, Հայհոյելով այդ գէշ խանութպանին: Նկար մը գլխու` անբախտ երգիչին Զոր մեծ յոյսերով նկարուած էր իր Երգահանդէսէն...

Կամաւոր Աշխատանք Տարած Ուսանողներուն Տպաւորութիւնները

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ընկերային, առողջապահական եւ նախազգուշական սպասարկութիւն մատուցելու կողքին, լաւագոյն առիթը կու տայ կամաւոր աշակերտներուն եւ համալսարանական ուսանողներուն առողջապահական գիտելիքներ ամբարելու եւ ընկերային ծառայութեան ծիրին մէջ վարժութիւններ ձեռք բերելու: Կեդրոնի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին տասնեակ մը երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ եւ համալսարանական ուսանողներ իրենց ամբարած գիտելիքները գործնականի վերածելու  վարժութիւնները, փորձառական շրջանը կատարեցին «Ա. Պուլղուրճեան»...

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

- ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը տեղի ունեցաւ 22 մայիս 2015-ին, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» սրահին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Քնար Մակարեան բացման խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը եւ մինչեւ օրս կատարուած գործունէութեան մարզերը: Ապա հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ 65-ամեակի առթիւ: Թ. Գըլպաշեան նախ...

Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ

Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ

Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, ընկերային արդարութիւն բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական «Ֆինն չըրչ էյտ» կազմակերպութեան ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ընկերային պայմաններու բարելաւման եւ հայկական ձեռագործներու ու աւանդական ճաշերու պահպանման ի նպաստ կազմակերպուեցան  ձեռարուեստի ու ճաշի դասընթացքներու սեմինարներ` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Պէտք է յիշել, որ նախանցեալ տարի սոյն դասընթացքները կազմակերպուած էին յատկապէս սուրիահայ կիներու համար`...

ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւն

ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն իսկ սկսած է իր ամառնային գործունէութեան, որ կը կատարուի խանդավառ առօրեայով: Հոն կը յաճախեն 5-12 տարեկան փոքրիկներ, որոնց համար ծրագրուած է 2015 ամրան յատուկ յայտագիր, որ կ՛իրագործուի ամէնօրեայ դրութեամբ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ` հայ գիրքի ընթերցանութիւն, ամառնային յատուկ դասեր, ընդհանուր գիտելիքներու փոխանցում, մտային ու դաստիարակչական խաղեր, ճիշդ հայերէն խօսիլ, կենցաղավարութիւն,...

Մի Բուռ Հայաստան` Լիբանանեան Բարկ Արեւի Տակ

Մի Բուռ Հայաստան` Լիբանանեան Բարկ Արեւի Տակ

ԿԱՐԻՆԷ ԱՇՈՒՂԵԱՆ Յուլիսեան մի օր, երբ օրեր անց պատրաստւում էի մեկնել Ճենովա Պոէզիայի միջազգային փառատօնի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային  հայաստանեան միութեան նախագահ Լիլիթ Գալստեանն անակնկալ զանգեց-ասաց, որ Պէյրութում անցկացուելիք Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն»-ի շնորհահանդէսին որպէս թարգմանչի հրաւիրում են նաեւ ինձ, եւ այդ պահին մտովի գծեցի միջերկրածովեան իմ ամառնային պտոյտը` Տիրոջ կենդանակերպ պատկերի լոյսի ներքոյ. Ճենովայում, Ս. Բարդուղիմէոս հայկական եկեղեցում  պիտի...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք,  Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք, Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Լիզպոնի արարքը ներազգային առումով հսկայական ուղերձ եւ խորհուրդ կը պարփակէ. բայց անիկա արարք է, գործողութիւն` ուղղուած ուղղակիօրէն Թուրքիոյ: Լիզպոնի արդարահատոյցներուն ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի Թուրքիայէն տարածքային պահանջի խնդիրը, հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: «Հող» բառը Լիզպոնի տղոց նկարահանուած ուղերձներուն մէջ կը կրկնուի իբրեւ ազատագրելի տարածք, իբրեւ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման առաջադրանք: Ուրեմն, եթէ Լիզպոնը ընկալենք իբրեւ զինուորաքաղաքական գործողութիւն,...

Անդրադարձ.  «Թաց» ՏԱՀԵՇ-ը  «Չոր» ՔԱԿ-ի Հետ Անխտիր

Անդրադարձ. «Թաց» ՏԱՀԵՇ-ը «Չոր» ՔԱԿ-ի Հետ Անխտիր

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 23 յուլիսին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցին օտարերկրացի զինեալներու Սուրիա ներթափանցումը արգելակելու շուրջ եւ քննարկեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու կարելիութիւնները: Նոյն օրն իսկ Քիլիսի շրջանին մօտ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ծայր առին թրքական բանակ-ՏԱՀԵՇ բախումներ, իսկ երէկ թրքական ոստիկանութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ շղթայազերծեց մեծ արշաւ մը: Վարչապետարանէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէր,...

Անդրադարձ,  Երէկ Տիզպոն, Այսօր` Լիզպոն…

Անդրադարձ, Երէկ Տիզպոն, Այսօր` Լիզպոն…

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Պատմագիրը բաւական վառ պատմողական երանգներով կը ներկայացնէ այն դրուագը, թէ ինչպէ՛ս սասանեաններու Շապուհ թագաւորը պարսից արքունիք` Տիզպոն հրաւիրեց հայոց Արշակ Բ. թագաւորը, եւ իրեն նկատմամբ վերջինիս հաւատարմութիւնը քննելու համար հրամայեց արքունիքի սրահին մէկ մասին վրայ սփռել հայկական հող, իսկ միւս մասին վրայ` պարսկական հող: Զրոյցի ընթացքին երկու արքաները մերթ կը կանգնէին հայկական հողով ծածկուած բաժինին վրայ, մերթ` պարսկական...

Կառչիլ 32-Ամեայ Պատգամին` Մերօրեայ Յանձնառութեամբ

Կառչիլ 32-Ամեայ Պատգամին` Մերօրեայ Յանձնառութեամբ

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Լիզպոնի գործողութիւնը դաշնակցական իւրաքանչիւր երիտասարդի կազմաւորման անփոխարինելի մասնիկն է: Լիզպոնով  գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը զոհեց իր լաւագոյն տարրերը եւ անոնց նահատակութեամբ վերանորոգեց իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայ ժողովուրդի սրբազան Դատին: Եւ ուրեմն Լիզպոնը պէտք չէ դիտել միայն թուրքը պատժելու կամ օտարին մեր բողոքը լսելի դարձնելու տեսանկիւնէն: Լիզպոնը նաեւ պատգամ ունէր մեզի` հայ ժողովուրդին: Այդ պատգամը յեղափոխականութիւնն էր: Յեղափոխականութիւն` ոչ...

«… Ու Միշտ Կը Յիշենք»

Ս. Մ. ... Եւ մի՛շտ պիտի յիշենք Լիզպոնի մէջ հերոսացած մեր հինգ նահատակները, որովհետեւ անոնք մաս կը կազմեն մեր պայքարի պատմութեան, կը մարմնաւորեն ժամանակ չճանչցող մեր պահանջատիրութիւնը, որովհետեւ անոնք ներշնչում առած էին մեր պատմութենէն, ու պատմութիւն կերտելով` իրենց կարգին դարձան ներշնչարան: Յաճախ կ՛երգենք մեր հերոսներուն նուիրուած երգեր, որոնցմէ մէկուն հետեւեալ տողերը միայն մեր շուրթներէն չեն բխիր, այլ կը ծորին իւրաքանչիւր...

Պատգամներ` 32 Տարիներու Հեռաւորութենէն

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ 100-ամեակէն, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակէն ետք յուլիսը կու գայ նոյն ուժգնութեամբ. պարզ, հանդարտ, բայց միեւնոյն ատեն 32 երկար տարիներու խրոխտ եւ բազմատեսակ պատգամներով: 32 երկա՜ր տարիներ... Անշուշտ ոչ երկար այնքան, որքան կը կշռէ սոված, ուժաթափ, բոպիկ եւ հայրենազուրկ ժողովուրդի մը համար մէկ դարը, երբ ան իր քրտինքով ու աշխատանքով դարձաւ տանտէր, դարձաւ գործատէր, հարուստ, վերականգնեց պատիւ, ազգային կեանք: 32...

Ինչպէ՞ս Կ՛ըլլար Լիզպոնի Հինգին Գործողութիւնը, Եթէ Անոնք Ապրէին Ու Գործէին 2015-ին

Ինչպէ՞ս Կ՛ըլլար Լիզպոնի Հինգին Գործողութիւնը, Եթէ Անոնք Ապրէին Ու Գործէին 2015-ին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լիզպոնի տղաքն ալ Լիբանանէն սլացին դէպի երկինք եւ նախքան ճախրիլը` կազմաւորուեցան լիբանանահայ գաղափարապաշտ մթնոլորտի մէջ, ուր ձեւաւորուած են այսօրուան ծնողները ու նորահաս երիտասարդները: Այլ խօսքով, Լիզպոն խմորած թթխմորը թխած է նաեւ ներկայի չափահասները, եւ հետեւաբար երկու սերունդներուն դաստիարակութեան մէջ գոյութիւն ունին հասարակ յայտարարներ: Իսկ եթէ Լիզպոնի հինգը ապրած ըլլային այսօր, արագ հաղորդակցութեան ու ընկերային ցանցերու դարուն եւ հաղորդուած...

Լիզպոն 2015.  Յեղափոխական Դաւանանքի Հինգ Տրոփներ (27 Յուլիս 1983)

Լիզպոն 2015. Յեղափոխական Դաւանանքի Հինգ Տրոփներ (27 Յուլիս 1983)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պիտի ուզէինք հաւանաբար ըսել ազգակերտի, հայրենապաշտի եւ  նուիրաբերումի ապառաժեայ ու անկրկնելի տրոփներ: Զուլալ մտածումի եւ անկաշառ ապրումի հարազատ կայմեր: Մեր` հայոց ճակատագրուած կեանքի թարգման հսկաներ: Սեփական կամքի ու վճռակամ կեցուածքի անխորտակելի պատուանդաններ, բիւրեղացած շունչի եւ համոզումի լուսաւոր ճանապարհներ, այո՛, ներշնչումի եւ վերապրումի ցոլքեր, աւելի՛ն. հրաշք ու ճառագայթող հինգ տղաներ: Լիզպոնի հերոսներ: 32 տարիներու թաւալքին զուգընթաց, կարծես հայոց դարաւոր...

Չկարծես, Որ Պարտուեցար, Օրթախ… (Ի Լուր Սարգիս Կիրակոսեանի Մեկնումին)

Չկարծես, Որ Պարտուեցար, Օրթախ… (Ի Լուր Սարգիս Կիրակոսեանի Մեկնումին)

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սիրելի՛ Սագօ, օրթա՛խ, Քիչ առաջ Վաչէն հեռաձայնեց եւ ըստ իր սովորութեան` լակոնական` «Տխուր լուր մը ունիմ», ըսաւ: «Խէ՞ր...», հարցուցի նմանապէս լակոնական: «Սարգիս Կիրակոսեանը... Երկու ժամ առաջ... Սիմոնը հաղորդեց...»: Գրեթէ միաբերան «Ափսո՜ս» ըսինք: Պահ մը զրուցեցինք, կորուստիդ տարողութիւնը փորձեցինք կշռել` առանց լակոնականութեան, ճիգ ըրինք մենք զմեզ համոզելու, որ շուրջ 6-7 ամիս առաջ թեւակոխած ճամբադ քեզի բաւական տառապանք կը պատճառէր,...

Ընկերուհի Երանուհին

Ընկերուհի Երանուհին

Քառասուն օրեր առաջ անդամ մը եւս յաւերժ կը բաժնուէր ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքէն. անդամ մը, որ իր երիտասարդական օրերէն մինչեւ իր մահը` Յունաստանի մէջ, սրտին մէջ պահեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որուն անդամակցած էր  շատ կանուխէն: Իր կեանքին վերջին տարիները անցուց Յունաստան, իր զաւկին` Եւա Տէրվիշեան-Պէրպէրեանին մօտ, ուր շարունակեց ապրիլ ԼՕԽ-ով, նոյն ատեն պահելով ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին հանդէպ իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը:...

Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Սարգիսեանի Յիշատակին

Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Սարգիսեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց վաստակաւոր անդամ Սարգիս  Սարգիսեանը: Ծնած էր Մուսա Լեռ: Փոքր տարիքէն եկած էր Այնճար, ապա ընտանիքով փոխադրուած Հալէպ: Հալէպի մէջ մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն: ՀՄԸՄ-ը եղաւ եղբայր Սարգիսին տունը, ուր անցուց իր կեանքը: Իր նախասիրած մարզաձեւն էր հեծիկը: Ան կը մասնակցէր հեծելարշաւներու եւ Սուրիոյ մէջ հեծելարշաւի ախոյեանութեան տիրացած էր: 1955-ին Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ականներու հետ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը» (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Ուրեմն այսպէս: 120 տարի առաջ Վանի հայութիւնը կեանքի եւ մահուան  ֆիզիքական պայքարի մէջ էր: Այս պայքարը կը մղէին նորակազմ երեք կուսակցութիւնները իրենց մարտական ուժերով` հնչակեան Մարտիկի, դաշնակցական Պետոյի եւ արմենական Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ: Օտար հիւպատոսներ կը միջնորդեն եւ համաձայնութիւն կը գոյանայ. դէպի Պարսկաստան ազատ ելք տալ հայկական զինեալ խումբերուն: Նահանջի ճամբու կիսուն աղէտը կը հարուածէ: Հայ մարտիկները մինչեւ վերջին...

Page 764 of 806 1 … 763 764 765 … 806

Արխիւներ