Անդրադարձ. Պատուէրին Հեղինակը Եւ Զայն Գործադրողը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 15 յուլիսին հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ¬ի պատկանող «Տարուլհիլաֆէ» թրքերէն կայքը սպառնալիքներ տարածած է Թուրքիոյ հասցէին: ՏԱՀԵՇ¬ի տարածած յայտարարութեան վերջաւորութեան կ՛ըսուէր, որ ՏԱՀԵՇ¬ի վրայ Թուրքիոյ ճնշումներուն պատճառով իրենք հարկադրուած պիտի ըլլան «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալ», ինչ որ այն սխալ տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ Սուրուճի մէջ 21 յուլիսին տեղի ունեցած յարձակումը նշեալ սպառնալիքին գործադրութիւնն է: Թուրք յօդուածագիրներ անմիջապէս...


















