ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սիրելի՛ Սագօ, օրթա՛խ,
Քիչ առաջ Վաչէն հեռաձայնեց եւ ըստ իր սովորութեան` լակոնական` «Տխուր լուր մը ունիմ», ըսաւ: «Խէ՞ր…», հարցուցի նմանապէս լակոնական: «Սարգիս Կիրակոսեանը… Երկու ժամ առաջ… Սիմոնը հաղորդեց…»:
Գրեթէ միաբերան «Ափսո՜ս» ըսինք: Պահ մը զրուցեցինք, կորուստիդ տարողութիւնը փորձեցինք կշռել` առանց լակոնականութեան, ճիգ ըրինք մենք զմեզ համոզելու, որ շուրջ 6-7 ամիս առաջ թեւակոխած ճամբադ քեզի բաւական տառապանք կը պատճառէր, ա՛լ փրկուած ես տառապալի վիճակէդ: Չեմ կարծեր, որ յաջողեցանք համոզուիլ, բայց դաժան իրականութիւնը բռնատէրի պէս պարտադրեց ինքզինք:
Ընկալուչը վար դրի, գլուխս վստահեցայ բազկաթոռիս յենակին եւ… յիշատակներու հեղեղը քանդեց թումբը, ուղեղիս պաստառը ողողուեցաւ իրերայաջորդ դրուագներով: Մի՛ հաւատար Ռուբէն Որբերեանին. «Կեանքի նաւակը» չի կրնար հետք չձգել. ու ես հիմա, «տխուր լուրը» իմանալէս քանի մը ժամ ետք, այդ հետքերուն կը հետեւիմ` մտապաստառիս վրայ ստեղծուած ողողումին մակընթացութիւնը հանդարտեցնելու ճիգով, կը փորձեմ բռնել բազում հետքերէն մէկ քանին եւ հոս արձանագրելով` թոյլ չտալ, որ աննիւթական նոր թումբ մը կազմուի անոնց հոսանքին դիմաց:
Յիշատակներս անխուսափելիօրէն զիս կը տանին խորհրդածութիւններու: Ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ պէտք է քու մասիդ ալ այս դալուկ տողերը այսքան շուտ արձանագրուին այն սիւնակներուն մէջ, ուր գրիչդ եւ արիւնդ հոսած են աւելի քան քառասուն տարի: Բայց ո՛չ: Թուղթ ու մատիտ հնարողը վստահաբար չի թելադրեր, որ անոնք տխուր եւ տժգոյն արձանագրութիւններու համար ստեղծուած են, այլ զանոնք պէտք է վերապահել գիրի այն տեսակին, որ քու կեանքդ լիացուց պատանութեանդ օրերէն ի վեր, Հալէպի Ճեմարանին աշակերտութեանդ օրերէն սկսեալ, անցնելով «Բագին»-էն, «Ազդակ»-էն եւ գրաւոր վաւերագրումի այլ անդաստաններէ, հասնելով մինչեւ ստորագրած հատորներդ:
Հեղեղանման յիշատակներէն ո՞ր մէկը բռնեմ սակայն: Եթէ յաջողիմ անոնց տասանորդն անգամ արձանագրել հոս, պէտք է քանի մը մեծադիր էջ վերապահեն ինծի: Ըսէ՛, ո՞ր մէկը արձանագրեմ.
Մեր ընկերութեան մեկնակէ՞տը, որուն համար պէտք է երթամ մինչեւ 1969, երբ քանի մը հասակակիցներու հետ զիրար գտանք «Զաւարեան» ուսանողական միութեան հովանոցին տակ, շուտով եղանք միութեան «Ազդակ»-ի էջի խմբակին անդամ: Քիչ ետք, առանց իրարմէ լուր ունենալու, եղանք ուսուցիչ, եւ ուղեկիցներու հետ միասին սկսանք տագնապիլ մայրենիին ու մեր պատմութեան հին ու նոր հարցերով: Այդ տագնապը մեր կեանքին մէկ ընկերը դարձաւ բազմաթիւ հանգրուաններու, մինչեւ այսօր, երբ հեռակայ կարգով վերստին գործակից դարձանք Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովին ճամբով…
«Ազդակ»-ի խմբագրութեան մեր անդամակցութեան օրե՞րը, 1976-1978 տարիներուն, երբ վաստկեցանք օրթախ կոչումը եւ զայն ժառանգ պահեցինք օր աւուր աշխատակցութեան աւարտէն ետք ալ: Բայց… ի՜նչ օրեր էին այդ քանի մը տարիները: Լիբանանի պատերազմական վիճակն էր, որ մեզ գործակից դարձուց խմբագրական կազմին մէջ: Դուն արդէն մեր գրականութեան աշխարհին մէջ արեան մկրտութիւնդ առած էիր 1973-ին, «Այս է արիւն իմ»-ովդ: Մեր օրթախութիւնը ունեցաւ քանի մը հիմ. նախ, կապուած էինք լրատուութեան-սրբագրութեան միեւնոյն լուծին, յետոյ, 1976-ի հոկտեմբերին ձեռք-ձեռքի տուած, սրդողումի մատնեցինք մեր պաշտօնակիցները, երբ Համրայի մէջ ինկած հրթիռէ մը քանի մը բեկոր ապահովեցինք, եւ անկէ ետք միշտ ալ կատակով յիշեցինք, թէ այդ օրէն ետք «օվըրթայմ» կ՛ապրինք, ունեցանք վերածննդեան նոյն օրը եւ ամէն տարի զիրար շնորհաւորեցինք «բարի տարեդարձ» բառերով… Բայց Լիբանանի այդ տարիներէն վերապրողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնն ալ ճակատագրակից չէ՞ր մեզի: Քանի՞ հոգի կրնայ պարծենալ, որ «օվըրթայմ» չ՛ապրիր, եւ քանի՜ քանի՛ անգամ…
Ինչպէ՞ս կրնամ չյիշել նոյն այդ օրերու զուարճալի եւ տագնապի մանրավէպերը: Կը յիշե՞ս, թէ ինչպէ՛ս տպարանի գրաշարներուն ու էջադրողներուն կողմէ վաւերական մկրտութիւն մը վերստացար` կոչուելով բանաստեղծ: Յանցա՞նքդ էր, որ բանաստեղծ էիր եւ լուրերու խմբագրումն իսկ կը կատարէիր բանաստեղծական ոճով, բարձրաթռիչ արտայայտութիւններով, մինչդեռ չոր լրատուութիւնը, այդ օրերուն մեր ապրած պայմաններուն պէս, մեզի կը հարկադրէր գործածել անհրապոյր լեզու մը: Բանաստեղծ հռչակուելուդ մէջ կարեւոր բաժին ունէր գեղեցիկ ձեռագիրդ եւ համաչափ տողերդ, որոնք, Զարեհին ձեռագիրին հետ, գրաշարներուն նախընտրածներն էին:
Բանաստեղծ էիր նա՛եւ հոգիով ու սիրտով, դիւրազգած եւ օրուան ներգործութեանց անմիջականօրէն հակազդող: Հաւանաբար դուն մոռցած ես, թէ Պուրճ Համուտի ծանր ռմբակոծումի մէկ հանգրուանին, ամբողջ յետմիջօրէի մը եւ մինչեւ ուշ գիշեր, միայն 20 տողնոց լուր մը կրցար խմբագրել: Պուրճ Համուտի ողբերգութիւնը կլանած էր բոլորս, բայց դուն զայն կ՛ապրէիր տարբեր հոգեվիճակով, կ՛երթեւեկէիր տպարանին մէջ, մատներդ բռունցքի վերածուած էին, կը դժուարանային այդ օրը գրիչիդ հետ գործակցիլ:
Հակառակ դաժան վիճակին, գտեր էինք մեր օրերը զուարթախոհութեամբ «զարդարելու» ձեւերը, որոնցմէ մէկն ալ… թութակիդ խմբագրատան «նկուղը» ապաստանիլն էր: Չես մոռցած հարկաւ, որ «Քուքու»-ն, ռմբակոծումներէ փրկելու մտածումով, վտանգաւոր «սահմանագիծ»-ը անցեր էր քեզի հետ ու հասեր էր տպարան, կը շարունակէր վայելել խնամքդ, երբեմն ծիծաղելի ածականներով քեզ կանչելով: Եւ օր մը, տպարանին մէկ աշխատաւորը զայրացուցած էր «Քուքու»-ն, նաեւ վանդակին մէջ ձգած էր մատիտի բեկոր մը, որ կրնար հեղձամահ ընել թութակդ, որ կը յամառէր զայն կտցահարել: Աճապարեցիր բանալ վանդակին դուռը, վտանգ մը խնայելու համար զայրացած «Քուքու»-ին, որ գրգռուած` վեր-վար կը շարժէր վանդակին մէջ: Մեր զգուշացումներուն պատասխանեցիր արհամարհական ժպիտով մը` «Զիս կը ճանչնայ» ըսելով: Հազիւ մատդ մօտեցուցած էիր բեկորին, երբ «թըք», կտուցի հարուածը իջաւ մատիդ եւ արիւնի «լճակ» մը գոյացուց: «Դաւաճա՛ն Քուքու», եղաւ վճիռդ…
Բոլորս ալ գիտէինք, որ մանուկի հոգի մը ունէիր, ոչ կամակոր, այլ` դիւրահաւան: Սրամիտ աշխատակիցներ յաճախ կը չարաշահէին այդ յատկանիշդ եւ անմեղ կատակներով խաղեր կը խաղային գլխուդ (միակ զոհը չէիր անոնց կատակներուն): Բաց դուն լաւ գիտէիր, թէ այդ կատակները միշտ բարի էին, անոնց կը պատասխանէիր բարի ժպիտով մը կամ սագոյական սրամտութեամբ մը, որ զերծ չէր բանաստեղծական հնարքներէ:
Հապա պնակ զարդարելու ո՞ճդ, եւ զայն չարաշահելու մեր մրցո՞ւմը: Տպարանին ապահով նկուղը երկար ատեն մեր հաւաքական ճաշարանն էր, երբեմն նաեւ` ննջարան: Հաճելի էր սեղանակից ըլլալ քեզի, որովհետեւ յատուկ ոճ մը ունէիր պնակդ զարդարելու. «Մարդուն ստամոքսէն առաջ պէտք է աչքը հաճոյք առնէ եւ կշտանայ», կը բացատրէիր` համեստ բանջարեղէնները համաչափ կտրատելով-շերտելով ու արուեստագէտի բծախնդրութեամբ շարելով պնակիդ մէջ: Ու մենք` սեղանակիցներդ, հաճոյք կ՛առնէինք պնակէդ լոլիկի, վարունգի կամ պղպեղի շերտ մը գողնալով, երբեմն այնքան արագ ու փութկոտ, որ կը ստիպուէիր մեզ թաւ ձայնովդ զգուշացնել աղուոր ժպիտով մը. «Ձգեցէ՛ք, լաւ մը շարեմ, վե՛րջը կերէք…»:
Հակառակ պատերազմական վիճակին, սովորութիւն ունէիր վայելուչ հագուելու: Այդ ալ աննկատ չէր անցած տպարանի պաշտօնակիցներուդ կողմէ, որոնք քեզ կը նկատէին… փեսացու: Անդրադարձեր էինք, որ այդ արտաքինով կը պեղէիր լիբանանեան մամուլի եւ գրականութիւն կերտողներու շրջանակները:
Յաջորդ տարիներուն, երբ հարկադրաբար նոյն աշխատավայրը չէինք կիսեր այլեւս, չզլացար բաժնեկցիլ ուրախութեան պահերդ: Հրճուանքով իմացուցիր, որ գտած ես կեանքի ընկերդ, կազմեցիր աղուոր ընտանիք: Ժպիտդ աւելի լայնցաւ, երբ հասան գահաժառանգներդ ու անոնց հասակը բարձրացաւ շուքիդ տակ…
***
Պէյրութ նախավերջին այցելութեանս օրերուն բանաստեղծաշունչ մաղթանքով մը մակագրեցիր եւ օրթախաբար նուիրեցիր երկրորդ հատորդ, որ «արիւնէդ» ետք 18 տարի սպասած էր` իբրեւ «մարմինդ» բաշխուելու ընթերցողիդ: «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմէն բաժնուելէդ ետք լիարժէքօրէն միացած էիր «Բագին»-ին: «Ազդակ»-ին հետ պորտակապդ չէր կրնար կտրուիլ, որովհետեւ մնացիր գրական էջի աշխատակից, յաճախ նաեւ` ներկայութիւն ըլլալով գրական արտայայտութիւններովդ:
… Մեր վերջին խօսակցութիւնը քանի մը շաբաթ առաջ էր. տարեսկիզբէն ի վեր, առաւելաբար ընկերներու եւ գրչակիցներու միջոցով հաղորդակից կ՛ըլլայի վիճակիդ վերիվայրումներուն: Հաւանաբար գիտէիր, որ հարազատներդ, ընկերներդ ու գործակիցներդ որքա՛ն մտահոգ էին եւ ունէին մէկ գլխաւոր յոյս. ապաքինումդ:
Թէ՛ նախորդ եւ թէ՛ մեր վերջին զրոյցին, յուսատու էիր եւ յոյսով լեցուն: «Մի՛ մտահոգուիր, օրթա՛խ. պիտի յաղթեմ այս հիւանդութեան», ըսիր քանի մը անգամ: Անկէ ետք իմացած էի, որ նոր անկում ունեցեր էիր, սակայն երբ «Ազդակ»-ի էջերէն տեսայ ժպիտդ` շքանշանի արժանանալուդ, յետոյ նաեւ հանդիսութեան մը առիթով, վարակուեցայ յոյսովդ: «Վիճակիս մէջ բարելաւում կայ, օրթա՛խ», հաւաստեցիր վերջին անգամ. բացատրեցիր, թէ ինչպիսի՛ դարմանումներու ենթակայ ես, «50 առ հարիւրով» դրական արդիւնքներ կան: Ձայնդ ալ հնչեղ էր ու ինքնավստահ: Թէեւ բանաստեղծութիւններու նորագոյն հատորէդ` «Անկեալ ձայներ»-էն օրինակ մը ղրկած էիր, սակայն խոստացար մակագրեալ օրինակ մը ղրկել, որովհետեւ միւսը «աճապարանօք եւ քիչ մը անհանգիստ վիճակով» ղրկած էիր ամիսներ առաջ: Պահ մը մոռցար քեզ տառապեցնող վիճակդ եւ անգամ մը եւս հպարտութեամբ խօսեցար «գահաժառանգներուդ» մասին. ուրախ էիր ու հպարտ, վկայուած են, գործի վրայ, կրտսերդ արդէն ընտանիք կազմած է ու բազմապատկած` երջանկութիւնդ: Պատմեցիր նաեւ, թէ կ՛աշխատիս նոր հատորներու վրայ, մաղթեցի, որ յաջորդը նախորդներուն չափ երկար սպասում չունենայ:
«Լաւատես եմ, պիտի յաղթեմ», լսեցի` հեռաձայնը փակելէ առաջ:
Եւ ահա… Վաչէին տխուր լուրը:
Չկարծես, որ այս տողերը կը գրեմ մահախօսականի տրամաբանութեամբ: Ո՛չ, ընկե՛ր, ասոնք կեանքէ՛դ քաղուած մանրապատումներ են, կեա՛նքդ յուշող: Գիտեմ, պէ՛տք է համոզուիմ, որ մեկնած ես, բայց վստահ եմ, դուն ալ հաւատա՛, որ հեռացած չես: Մեր ծնելէն շա՜տ առաջ, բանաստեղծ վարպետներէդ մէկը օր մը խորհրդածած է. «Մահը մերն է, մենք մահինը», յետոյ շեշտած է. «Մարդու գործն է մի՛շտ անմահ»: Այս գիտակցութեամբ է, որ քեզի կ՛ըսեմ. չկարծես, որ պարտուեցար: Այո՛, հիւանդութիւնը յաղթեց, բայց դուն չպարտուեցա՛ր, օրթախ: Գործդ ու վաստակդ կ՛ըսեն, որ դո՛ւն ես վերջին յաղթականը:
Բայց ես հոս չխօսեցայ գործիդ ու վաստակիդ մասին. վստահ եմ գրչակիցներ, ընկերներ պիտի գրեն նաեւ դաշնակցականի վաստակիդ, գրական ժառանգութեանդ եւ կենսագրութեանդ միւս էջերուն մասին: Ես ուզեցի պահ մը առանձնանալ մտերմիկ պահերու հետ. կասկած չունիմ, որ «Զաւարեան»-էն մինչեւ «Նիկոլ Դուման» եւ «Աղբալեան», նաեւ «Բագին»-ի յարկին տակ եւ այլուր, շատեր վայելած են մտերմութիւնդ, լուրջ վէճեր ունեցած են հետդ, կատակած են եւ ծանօթացած` մեղմ զուարթախոհութեանդ: Հոս արձանագրուածն ալ, ինչպէս ըսի, միայն մանր ու յուշերու յորձանքէն բռնուած քանի մը պատառիկներ են:
Ցտեսութիւն ըսելէ առաջ, եկո՛ւր, օրթախ, բացատրութիւն մը տուր. սովորաբար կ՛ըսենք. «Անփոխարինելի մարդ չկայ»: Բայց ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ քեզի պէս ընկերներու մեկնումը շեշտուած պարապութիւն մը կը ստեղծէ…
21 յուլիս 2015
Յ. Գ.- Քիչ առաջ, Պէյրութէն նոր վերադարձած մեր ընկերը` Գէորգը, սեղանիս դրաւ «Ձաներ»-ուդ օրինակը, մակագրուած` զուարթախոհութիւնդ եւ ընկերական մտերմութիւնդ սեղմող խոհովդ: Հրաժեշտի գի՞րդ արդեօք… Այս օրինակը, մաղթանքիդ հետ միասին, բացառիկ տեղ պիտի ունենայ, գրադարանէս առաջ, սրտիս մէջ:
Նոյն
23 յուլիս