Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւոր Աշխատանք Տարած Ուսանողներուն Տպաւորութիւնները

Յուլիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ընկերային, առողջապահական եւ նախազգուշական սպասարկութիւն մատուցելու կողքին, լաւագոյն առիթը կու տայ կամաւոր աշակերտներուն եւ համալսարանական ուսանողներուն առողջապահական գիտելիքներ ամբարելու եւ ընկերային ծառայութեան ծիրին մէջ վարժութիւններ ձեռք բերելու:

Կեդրոնի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին տասնեակ մը երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ եւ համալսարանական ուսանողներ իրենց ամբարած գիտելիքները գործնականի վերածելու  վարժութիւնները, փորձառական շրջանը կատարեցին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ` հսկողութեամբ կեդրոնի մէջ գործող պատասխանատուներուն ու իրենց դասատուներուն կամ դասախօսներուն:

Լիբանանի տարածքին գործող առաջնակարգ համալսարանական ուսանողներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, հայ կամ ոչ հայ, տարբեր միջավայրերէ եւ գաղութներէ եկած, տարբեր կրօններէ, իւրաքանչիւրը իր կարգին կամաւոր աշխատանք տարաւ մէկ նպատակի համար. օգտակար դառնալ ԼՕԽ-ին` հաւատալով անոր առաքելութեան եւ գոյատեւման:  Անոնք ստացան ցուցմունքներ, ուղղութիւններ եւ իրենց մասնագիտութեան ծիրին մէջ սորվեցան նոր գիտելիքներ:

Աշխատեցան կեդրոնի 9 բաժանմունքներուն մէջ, կապ հաստատեցին հանրութեան հետ, տեսան անոնց դժուարութիւնները եւ փորձեցին լուծումներ գտնել: Տուին առողջապահական դասախօսութիւններ, կազմակերպեցին խմբային հաւաքներ, սննդականոնի ցուցմունքներ, օգնեցին արշաւներու աշխատանքներուն, պատուաստեցին մանուկներ, այցելեցին կարիքաւոր հայ ընտանիքներու տուները, խնամեցին հիւանդներ, շաքարախտաւորին սորվեցուցին արեան քննութիւն ընել, ասեղ սրսկել, օգնեցին հայ աշակերտներու դասերուն եւ բոլորին հետ հաստատեցին սերտ գործակցութիւն ու բարեկամութիւն:

Կեդրոնը իր գործունէութեամբ նախնական խնամք կը մատուցէ Լիբանանի ժողովուրդին ու յատկապէս հայ համայնքի զաւակներուն եւ մաս կը կազմէ առողջապահութեան նախարարութեան նախնական խնամք հայթայթող կեդրոններու ցանցին: 2013-ին անիկա պարգեւատրուեցաւ այս վերջինին կողմէ` Լեռնալիբանանի մէջ միակ առողջապահական կեդրոնը ըլլալու եւ ժողովուրդին միջազգային բարձր չափանիշներով ծառայութիւն մատուցելու հանգամանքով, 2011-ին քանատական վարկաւորում ստանալէ ետք:

Գոյատեւելու համար պէտք է տանիլ  հետեւողական, բարձրորակ եւ ծրագրուած աշխատանք, օժտուիլ մասնագէտ մարդուժով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յարկին տակ կամաւոր աշխատանք տարած անձերուն տպաւորութիւնները:

2014-ի ամրան կամաւորաբար աշխատանք տարի ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ: Ծառայեցի բժշկական, ընկերային եւ շտապ օգնութեան բաժանմունքներուն մէջ: Իւրաքանչիւր բաժանմունքէն սորվեցայ նոր բաներ, իսկ հիմա երբ ազատ ժամեր ունենամ, կը հանդիպիմ կեդրոն եւ կ՛ուզեմ օգտակար դառնալ:

Իմ ընկերներուս կ՛առաջարկեմ ինծի նման երթան եւ օժանդակեն տարուող աշխատանքին:

ԱՐՄԻԿ ԹԵՆԵՔԵՃԵԱՆ
(18 տարեկան),
Ազգային Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի
աշակերտ

2012-ի ամառը տարրալուծարանին մէջ կամաւորաբար աշխատեցայ եւ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգեցի? Իբրեւ ուսանող` նախ ծանօթացայ տարրալուծարանի տարբեր աշխատանքներուն եւ մարդոց: ԼՕԽ-ը ազգային հաստատութիւն մըն է.  ուրախ էի, որ օգտակար դարձայ թէ՛ ազգիս եւ թէ՛ մարդկութեան»:

ՄՀԵՐ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
(23 տարեկան),
«Հայկազեան» համալսարանի ուսանող

«ԼՕԽ-ը մեր բոլորին տունն է: Ան մեզի կ՛օգնէ իր տարբեր սպասարկութիւններով: Տարի մը առաջ փափաքեցայ կամաւորաբար աշխատիլ ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ, որովհետեւ մարդկային հարցով զբաղելու կողքին, տեսայ անոր մէջ հայկական ազգային շունչը:

«Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ կամաւոր աշխատանք տարի բժշկական բաժանմունքին մէջ` օգտակար դառնալով յարկի պաշտօնեաներուն, պատրաստեցի բժշկական թղթածրարներ եւ աշխատեցայ ատամնաբուժարանին մէջ` իբրեւ օգնական: Օրական կը տեսնէի մարդոց դժուարութիւնները եւ փառք կու տայի, որ ունինք ԼՕԽ-ի նման կեդրոն մը, ուր յոյս կու տան մեր տարեցներուն եւ անոնց դժուարութիւնները կը փարատեն:

Կը քաջալերեմ, որ ամէն հայ երիտասարդ երթայ եւ ծառայէ այս կեդրոնին մէջ, որովհետեւ ԼՕԽ-ը բոլորին կը հասնի, եւ մենք բոլորս ալ իրեն պէտք է հասնինք:

ՄԵՂԵԴԻ ՊՈՒՏԱԳԵԱՆ
(22 տարեկան),
«Էյ. Օ. Եու.» համալսարանի ուսանող

ԼՕԽ-ը տարիներ շարունակ եղած է հայկական դարմանատուն մը, ուր բուժուած են տարբեր ազգի պատկանող հիւանդներ: Ան առիթ կու տայ նաեւ հայ երիտասարդներուն հոն աշխատելու` որպէս կամաւոր անդամներ: 2014-ի ամրան որպէս կամաւոր աշխատեցայ ԼՕԽ-ի տարրալուծարանին մէջ: Իրապէս ալ օգտակար էր աշխատիլը այս կեդրոնին մէջ, ուր պաշտօնեաները իրենց ամբողջական պատրաստակամութիւնը ցուցաբերեցին օգտակար դառնալու եւ ինծի փոխանցելու իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները: Երկու ամսուան ընթացքին ամբարեցի շատ մը գիտելիքներ, միեւնոյն ժամանակ սորվեցայ օգտակար դառնալ իմ ազգիս պատկանող հաստատութիւններէն մէկուն, ինչպէս նաեւ` աւելի մասնակից ըլլալ ընկերային կեանքին: Կը քաջալերեմ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն իբրեւ կամաւոր աշխատիլ ԼՕԽ-ի մէջ, որպէսզի ներկայանան եւ օգտուին այս հաճելի փորձառութենէն` իրենց կեանքին պատմութեան մէջ աւելցնելով բեղուն էջ մը»:

ՆԱՆՈՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
(20 տարեկան)
Հայկազեան համալսարանի ուսանող

Նկատի ունենալով, որ հանրային առողջապահութեան ընկերաբժշկական ճիւղը կ՛ուսանիմ, պէտք էր, որ երկար ժամեր անցընէի բարեսիրական կազմակերպութեան մը մէջ: Համալսարանի դասախօսս ընտրեց ԼՕԽ-ը` նկատի ունենալով, որ ան տարիներէ ի վեր կը գործակցի եւ լաւ տպաւորութիւն ունի կեդրոնի գործունէութեան մասին: Քանի մը ամիս կեդրոն մնալէ եւ մարդոց հետ շփում ունենալէ ետք, տեսայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ հայերու ընկերային, բժշկական եւ հոգեկան հարցերը եւ հոն աւելի հաստատ, մասնագիտական մօտեցումով որոշեցի շարունակել ընկերային ծառայութիւնը:

Կը  քաջալերեմ ուսանողները, որ «հանրային աշխատանքի» ժամերուն երթան հայկական բարեսիրական կեդրոններ եւ օգտակար դառնան:

ԽԱՉԻԿ ՂԸՍԸՆ
(20 տարեկան),
Լիբանանեան համալսարանի ուսանող

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ԼՕԽ-ին, որ անցեալ ամառ ինծի առիթ տուաւ միանալու իր ընտանիքին, բարելաւելու իմ գիտելիքներս եւ փորձառութիւն ձեռք բերելու համալսարանական մասնագիտութեանս մէջ: Այդ մէկ ամիսը մասնակցեցայ կեդրոնի տարրալուծարանի աշխատանքներուն` աւելի ծանօթանալով իրենց աշխատելաձեւին, գաղափար ունեցայ` ինչպէ՛ս վերաբերիլ հիւանդներուն հետ: Ինչպէս նաեւ ունեցայ շատ սիրելի եւ համբերատար աշխատակիցներ, որոնք ջանք չխնայեցին եւ համբերութեամբ սորվեցուցին եւ ծանօթացուցին այդ աշխատանքը: Այս հաստատութենէն սորվեցայ կամաւոր աշխատանքին կարեւորութիւնը, եւ այդ մէկը հրճուանք պատճառեց ինծի եւ մեծ գոհունակութիւն` իմ ներաշխարհիս, թէ ես օգտակար կը դառնամ իմ ազգիս, միջավայրիս, գաղութիս եւ ընդհանրապէս մարդկութեան»:

ՌԻԹԱ ԱՒԵՍԵԱՆ
(20 տարեկան),
Հայկազեան համալսարանի ուսանող

 

 

Նախորդը

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Աղբահաւաքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?