Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. «Թաց» ՏԱՀԵՇ-ը «Չոր» ՔԱԿ-ի Հետ Անխտիր

July 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7-25-15_vaho

23 յուլիսին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցին օտարերկրացի զինեալներու Սուրիա ներթափանցումը արգելակելու շուրջ եւ քննարկեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանի անվտանգութիւնը ապահովելու կարելիութիւնները: Նոյն օրն իսկ Քիլիսի շրջանին մօտ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ծայր առին թրքական բանակ-ՏԱՀԵՇ բախումներ, իսկ երէկ թրքական ոստիկանութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ շղթայազերծեց մեծ արշաւ մը: Վարչապետարանէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէր, թէ իրենք վճռակամ են «անխտիր պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտ զինեալներուն դէմ»: Հաղորդագրութիւնը նաեւ Սուրուճի ոճիրէն ետք հակա-ՏԱՀԵՇ բողոքի ցոյցերը նկատեց այդ դէպքը շահագործող «ՔԱԿ-ի, առնչակից տարրերու, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան լուսանցքային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու» ցուցմունքով տեղի ունեցած «ապօրինի ցոյցեր»:

Ըստ երեւոյթին, Օպամա-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդագրութեան ընթացքին գոյացած է քրտական տեսանկիւնէ չարածին համաձայնութիւն մը: Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Անգարա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի, իսկ վերջինս` ՔԱԿ-ի: Իր դաշնակիցին` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլ դժկամող Անգարային կանաչ լոյս տրուած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ պայքարելու նաեւ ՔԱԿ-ի դէմ, սակայն Անգարան ճիշդ հակառակն է, որ կը կատարէ: ՔԱԿ-ը իսկական թիրախն է, իսկ ՏԱՀԵՇ-ը` կողմնակի զոհը: Անգարան իր նպատակին հասնելու համար համամիտ գտնուած է թրքական տեսանկիւնէն «թաց» նկատուող ՏԱՀԵՇ-ը այրելու «չոր» ՔԱԿ-ին հետ:

Աւելի՛ն, ըստ թրքական աղբիւրներու, Անգարա եւ Ուաշինկթըն համաձայնած են ստեղծել Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վերեւ թռիչքներու մասնակի արգիլեալ գօտի մը, որ պիտի երկարի  Սուրիոյ Մաարայէն Ճարապլուս քաղաքներ (90 քիլոմեթր) եւ պիտի ունենայ 40-50 քիլոմեթր խորութիւն: Թրքական օդուժին 24 յուլիսին կատարած օդային հարուածները կը յուշեն, թէ այդ շրջանը կը նկատուի թրքական ազդեցութեան գօտի: Այդ գօտիին ստեղծումով ի վերջոյ կ՛իրագործուի Թուրքիոյ մէկ երազը: Աւելի՛ն, կը սանձուի հիւսիսային Սուրիոյ քրտաբնակ Ազազ շրջանը Արաբ Բունարէն մինչեւ Իրաքի սահման երկարող եւ քրտական վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին կցելու ծրագիրը: Ի վերջոյ նախ եւ առաջ քիւրտերուն հասցէագրուած է Տաւութօղլուի տողատակի սպառնալիք պարունակող հետեւեալ պատգամը. «(Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը հարուածելու) գործողութեան  մասնակից բոլոր թուրք օդաչուներէն պահանջեցինք միայն ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը հարուածել, հակառակ անոր որ մեր կարողութիւնները մեծ են, սակայն մեր օդաչուները հարուածեցին պահանջուած թիրախները»:

Օպամա-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը բացասական է քիւրտերուն համար, որոնք մէկ օրուան մէջ Ուաշինկթընի տեսանկիւնէն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ազդու յառաջամարտիկներ ըլլալնէն, հակառակ իրենց բազում զոհողութեանց եւ ծառայութեանց, վերածուեցան յանուն այդ պայքարի յաջողութեան փոխզիջումի առարկայի եւ ընդունելի զոհի մը:

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ, Երէկ Տիզպոն, Այսօր` Լիզպոն…

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.