Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ

July 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-27-15_MECC-3

Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, ընկերային արդարութիւն բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական «Ֆինն չըրչ էյտ» կազմակերպութեան ֆինանսաւորումով եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ընկերային պայմաններու բարելաւման եւ հայկական ձեռագործներու ու աւանդական ճաշերու պահպանման ի նպաստ կազմակերպուեցան  ձեռարուեստի ու ճաշի դասընթացքներու սեմինարներ` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ:

Պէտք է յիշել, որ նախանցեալ տարի սոյն դասընթացքները կազմակերպուած էին յատկապէս սուրիահայ կիներու համար` անոնց կարողականութիւնը զօրացնելու եւ Լիբանանի մէջ կեցութիւնը բարելաւելու` գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ:

Այս տարի այս ծրագիրը որոշուեցաւ կազմակերպել եւ իրագործել լիբանանահայ կիներուն համար, որոնք փափաք եւ ցանկութիւն ունին սորվելու ու աշխատելու` տնտեսապէս օգտակար հանդիսանալու իրենց ընտանիքներուն, ստեղծելով բարեկեցիկ պայմաններ:

7-27-15_MECC-2

Առ այդ, ուրբաթ, 15 մայիս 2015-ին տեղի ունեցան ձեռարուեստի եւ ճաշի սեմինարի առաջին դասընթացքները: Շնորհիւ խմբակի մը հետեւողական աշխատանքին` կարելի եղաւ յաջողութեամբ սկսիլ այս ծրագիրը:

Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Սեդա Խտըշեանին,այցելեցին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ ներկայ եղան ձեռարուեստի եւ «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի ճաշի դասընթացքներուն եւ հիացմունքով դրուատեցին շատ բծախնդիր պատրաստութիւնն ու լուրջ  մօտեցումը:

Խանդավառ թափով մը սկսած ձեռագործի եւ Ճաշի դասընթացքները շաբաթական մէկ դասի դրութեամբ  պիտի շարունակուին ծրագրուած նոյն նախագիծով եւ ընթացքով` մինչեւ հոկտեմբեր 2015:

Ծրագիրէն բաժին մը պիտի իրագործուի նաեւ Այնճարի հայաւանին մէջ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին գործակցութեամբ:

Սեմինարի աւարտին մասնակիցները պիտի ստանան համապատասխան վկայագրեր:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Գործունէութիւն

Յաջորդը

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.