ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Լիզպոնի գործողութիւնը դաշնակցական իւրաքանչիւր երիտասարդի կազմաւորման անփոխարինելի մասնիկն է: Լիզպոնով գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը զոհեց իր լաւագոյն տարրերը եւ անոնց նահատակութեամբ վերանորոգեց իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայ ժողովուրդի սրբազան Դատին: Եւ ուրեմն Լիզպոնը պէտք չէ դիտել միայն թուրքը պատժելու կամ օտարին մեր բողոքը լսելի դարձնելու տեսանկիւնէն: Լիզպոնը նաեւ պատգամ ունէր մեզի` հայ ժողովուրդին: Այդ պատգամը յեղափոխականութիւնն էր: Յեղափոխականութիւն` ոչ թէ յեղափոխութիւն: Լիզպոնի տղաքը իրենց անձնուէր նահատակութեամբ հնչեցուցին հայ ազգի յեղափոխականանալու պատգամը` դիմանալու համար իր երկարաշունչ պայքարին:
Բայց պէտք չէ շփոթել յեղափոխականութիւնը մարտականութեան հետ: Եթէ Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է, ուրեմն դաշնակցականը իր կարգին պէտք է յեղափոխական անհատ ըլլայ: Յեղախոխական ըլլալ` չի նշանակեր ազգային-յեղափոխական երգերը բոլորը անգիր գիտնալ կամ կուսակցութեան տարիներու պատմութիւնը լաւապէս սերտած ըլլալ: Չի բաւեր նոյնիսկ լաւ զէնք գործածող ըլլալ: Յեղափոխութիւնը զէնք չէ, զէնքը պարզապէս միջոց մըն է: Յաճախ` կարեւոր եւ կենսական միջոց մը, բայց միջոց, ոչ` էութիւն ու նպատակ: Արդէն իսկ մարտականութիւնը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ, այլ կրնայ ծառայել աւելի մեծ գաղափարի ու վսեմ նպատակի: Յեղափոխութիւնը միմիայն ապստամբութիւն, կռիւ, պատերազմ եւ կամ յաղթանակ չէ: Այս բոլորէն շատ աւելին է: Առանց ժողովուրդի յեղափոխականացման` չկայ յեղափոխութիւն, չկայ պայքար, չկայ իրաւունք…
Դաշնակցական երիտասարդը պարտաւոր է յեղափոխական ըլլալ` իր առօրեայ կեանքով, իր մտածումով, գործով, աշխատանքով, հարցերով եւ առաջարկներով: Յեղափոխական ըլլալ` կը նշանակէ ըմբոստ ըլլալ, սխալը մերժել, համարձակիլ ըսել «ո՛չ»: Յեղափոխական ըլլալ` կը նշանակէ յանդուգն ըլլալ, նետուող ըլլալ, եւ անդրադառնալ նիւթերու, որոնց մասին ուրիշներ յաճախ կը տատամսին խօսելու: Յեղափոխական ըլլալ` կը նշանակէ տարբեր մտածող ըլլալ, նոր գաղափարներով մէջտեղ գալ, գործելադաշտը որպէս լայն հորիզոն տեսնել: Յեղափոխական ըլլալ` կը նշանակէ նաեւ առաջին գիծի վրայ ըլլալ եւ ոչ թէ սեղանին ետին, կը նշանակէ` որոշումներ գործադրել, ոչ թէ հրահանգներ արձակել միայն: Յեղափոխական ըլլալ` կը նշանակէ առիւծ ըլլալ, ոչ թէ գայլ:
Լիզպոնի տղաքը եկան մեզի յիշեցնելու դաշնակցականի այդ տիպարը: Լիզպոնի հերոսները եկան մեզի սորվեցնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ առաքինի ըլլալ: Այս տղաքը զոհեցին իրենց ամէնէն թանկագինը` վասն հաւաքականութեան մը, որ զիրենք չէր ճանչնար իսկ Լիզպոնի գործողութենէն առաջ: Անոնք եղան դաստիարակող օրինակ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ ղեկավարը: Անոնց նպատակը դիրքը չէր, ոչ ալ գանձը: Իրենց համար ժողովուրդը միջոց մը չէր հասնելու փառքի ու պատուի, այլ պատրաստ էին ամէն ինչ զոհել իրենց պաշտած ազգին համար:
Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Լիզպոնի նման գործողութիւններ յաճախ պայմանաւորուած են տուեալ ժամանակաշրջանի պայմաններուն եւ առաջադրանքներուն: Լիզպոնի տղաքը եղան այն բախտաւորներէն, որոնց դիմաց բացուեցաւ նման սրբազան պարտականութիւն մը գործադրելու հորիզոնը` իրենց ամբարած յեղափոխականացման դաստիարակութիւնը գործով ցոյց տալու: Նոյնպէս, Արցախի ազատամարտիկները առիթ ունեցան իրենց կեանքի գնով պաշտպանելու հայրենի հողը եւ անդուլ պայքար մղելու իւրաքանչիւր ափ մը տարածքի համար: Եւ ուրիշներ կը շարունակեն սպասել այդ առիթին, որ իրենք ալ իրենց կարգին, իրենց անձնուէր զոհողութիւնը ընեն հայ ազգին ու Դատին սիրոյն: Բայց պէտք չէ ամբողջովին կլանուած սպասել այդ առիթին: Պայմանները կրնան չարտօնել նմանօրինակ գործողութիւններու իրագործման: Անոր փոխարէն` մտքի եւ աշխատանքի յեղափոխականացում է պէտք: Այդպէս գոնէ շարունակած կ՛ըլլանք Լիզպոնի տղոց ուղին, կառչած պատգամին` մեր ապրած ժամանակաշրջանի պարագաներէն մեկնած: Ոչ թէ իրենց հետ նոյնացումով, այլ` իրենց աշխատանքի շարունակութեամբ:
Մեր ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը անբանակցելի է: Աւելի՛ն. չկայ յեղափոխականութիւն, չկայ նոյնիսկ ազգ` առանց ապահովական բոլոր ձեռքբերումներուն: Այս մէկը անշուշտ կը պահանջէ կարգապահութիւն եւ զանազան տեսակի զոհողութիւններ, որոնք այսօր շատ քիչեր պատրաստ են ընելու: Այդ զոհողութիւնը հաւատարմօրէն կատարեցին Լիզպոնի տղաքը, Արցախի մէջ մեր հերոսները, եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն ընել մեր տարեկից ընկերները` զոհելով շատ անգամ իրենց հանգիստը, ընտանիքը, դասը եւ գործը: Յարգա՛նք իրենց: Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք գիշեր-ցերեկ կը ծառայեն մեր ֆիզիքական, գաղափարական եւ ինքնութեան ապահովութեան եւ անվտանգութեան համար:
Վաչէի, Սիմոնի, Սեդրակի, Սարգիսի եւ Արայի գաղափարապաշտութիւնը անշարժ է: Սորվինք իրենցմէ: Անոնց զոհողութեան ուղին դժուար է: Ներշնչուինք իրենցմով: Անոնց պատգամը շատ յստակ է: Դասեր քաղենք իրենցմէ: Լիզպոնի տղաքը այսօր մեզմէ կ՛անկալեն հաւատք` Դատի, կարգապահութիւն` գործի, ռազմավարութիւն` պայքարի, քաղաքականացում` ժողովուրդի, եւ մանաւանդ յեղափոխականացում` երիտասարդութեան: Շարունակենք իրենց ուղին` ընդարձակենք պայքարը մեր…