Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ցեղասպանութենէն 68 Տարի Ետք, Եւ 100-Ամեակէն 32 Տարի Առաջ

Յուլիս 25, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-23-15_lisbon

Լիզպոնի արարքը ներազգային առումով հսկայական ուղերձ եւ խորհուրդ կը պարփակէ. բայց անիկա արարք է, գործողութիւն` ուղղուած ուղղակիօրէն Թուրքիոյ: Լիզպոնի արդարահատոյցներուն ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի Թուրքիայէն տարածքային պահանջի խնդիրը, հայութեան պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: «Հող» բառը Լիզպոնի տղոց նկարահանուած ուղերձներուն մէջ կը կրկնուի իբրեւ ազատագրելի տարածք, իբրեւ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման առաջադրանք:

Ուրեմն, եթէ Լիզպոնը ընկալենք իբրեւ զինուորաքաղաքական գործողութիւն, նպատակը հայոց պատմական հողերու ազատագրումին կը վերաբերի շեշտակիօրէն: Փաստօրէն, Հայ դատի ընկալումի վախճանական նպատակը այդ առաստաղն է, որուն հասնելու համար միջոցներ, հանգրուաններ, ռազմավարական մօտեցումներ, քարոզչական, քաղաքական, իրաւական եւ դիւանագիտական պայքարներ ի գործ կը դրուին` լրացնելու պայքարելաձեւերու ամբողջականութիւնը:

Լիզպոնը եթէ ներազգային առումով հայութեան ներուժի նոր զսպանակում կ՛ապահովէ, ապա Անգարային կը փոխանցէ յստակ երկու պատգամ. հայութիւնը կը շարունակէ պահանջել իր կորուսեալ հայրենիքը եւ այդ պահանջի իրագործման համար պատրաստ է նուիրաբերելու իր առաւելագոյնը:

Լիզպոնի ուժանակներու պայթումին յաջորդ օրը անշուշտ տարածքներու վերադարձի խնդիր պիտի չսկսէր: Բայց Լիզպոնը ելակէտ էր պայքարին անտեղիտալիութեան, պահանջներու անզիջողականութեան: Մնացեալը ժամանակի խնդիր էր:

Ճիշդ է, որ ժամանակը իր ընդհանուրին մէջ անպայման յօգուտ Դատ հետապնդող ժողովուրդներուն չ՛աշխատիր: Լիզպոնը կը պայթէր Ցեղասպանութենէն 68 տարի ետք: Շուրջ եօթանասունամեակ մը եւ արդէն Ցեղասպանութենէն վերապրածներու քանիերորդ սերունդը փորձ կը կատարէր փոխելու Թուրքիոյ պարտադրած խաղի կանոնները: Ցեղասպանութիւնը կարելի չէր ուրանալ, կարելի չէր ժխտել: Կար իր ժողովուրդի իրաւունքներուն իրազեկ ու գիտակից նոր սերունդ, որ պատրաստ էր անմնացորդ պայքարելու հայութեան ազատագրութեան դատին համար:

Լիզպոնը ազատագրական պայքարի նոր ելակէտ էր: Հետեւաբար արդար պիտի չըլլար, որ մեր պատմութեան ամենաժամանակակից դէպքերու ուսումնասիրութեամբ զբաղողները խուսափէին առարկայական գնահատական տալու զինուորաքաղաքական այս եզակի գործողութեան դրդապատճառներուն, անձնազոհերու պատրաստակամութեան, գերագոյն զոհաբերութեան երթալու որոշումին, անոնց ստացած դաստիարակութեան, կազմաւորուած միջավայրերուն եւ ամբարած գաղափարականութեան:

Լիզպոնը համաժողովրդայնացնելու գիտական, քարոզչական եւ քաղաքական արշաւի ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի: Եթէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը յատկանշուի ճանաչումէն հատուցում անցումով, ուրեմն Լիզպոնը ճանաչումին դիմաց պահուած միջազգային լռութեան վերջ տալու եւ հատուցումներ պահանջելու, եւ ամէնէն շեշտուած ձեւով` տարածքային հատուցումներ, ելակէտ նուաճած աքթ էր:

Պատժական ահաբեկումներ, յեղափոխական աւանդներու վերադարձ եւ այդ բոլորին մէջ իբրեւ պայքարելաձեւի գագաթ` Լիզպոնը պէտք է դուրս գայ հատուածական նշումներու սահմաններէն եւ հայրենանայ, համահայկականանայ, պետականանայ նոյնիսկ:

Անգարայի պաշտօնակատարները սկսած են խօսիլ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան սասանուած ըլլալու թրքական միասնականութեան խախտած ըլլալուն, երկրի մասնատման հաւանականութեան եւ նման մեծ վտանգներու մասին:

Աշխարհաքաղաքական  վերլուծական կեդրոններու մէջ սկսած է հոլովուիլ Թուրքիոյ մասնատումի հաւանականութիւնը: Իրաւունքներ կորսնցուցած ժողովուրդներու պատրաստ ու զգօն ըլլալու պահն է: Պատրաստութիւնը քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ իրաւական է:

Գերխնդիրը այդ իրաւունքներուն պահանջատէր մնալն է եւ թշնամիին իմացնելը, որ այդ իրաւունքներու վերականգնման համար պայքարող ժողովուրդը պատրաստ է առաւելագոյն զոհաբերութեան: 32 տարի առաջ այս յստակ ուղերձները փոխանցելու համար իրենց կեանքերուն վերջ տուին Լիզպոնի հերոսները:

Նախորդը

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը 500 Հազար Ամերիկեան Տոլար Նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Սուրիահայութեան

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց 5-0 Արդիւնքով Յաղթեց Արցախի Հաւաքականին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?