Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

Յուլիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը տեղի ունեցաւ 22 մայիս 2015-ին, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» սրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Քնար Մակարեան բացման խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց «Արագած» մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը եւ մինչեւ օրս կատարուած գործունէութեան մարզերը: Ապա հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ 65-ամեակի առթիւ: Թ. Գըլպաշեան նախ բարձր գնահատեց մասնաճիւղի 65 տարուան աշխատանքը եւ մաղթեց այսպէս շարունակելով միշտ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ աննկուն կամքով հասնիլ ժողովուրդին կարիքներուն, ապա շնորհաւորեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակը:

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Սիլվա Թագւորեանը` ՀՕՄ-ի Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի, Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետը, որ իր կարգին սրտի խօսք արտասանեց. շնորհաւորելէ ետք մասնաճիւղի 65-ամեակը, գեղեցիկ կերպով անդրադարձաւ մայիս ամսուան, որ մայրերու նուիրուածութեան խորհուրդը կը պարփակէ:

Երգիչ Արարատ Ահարոնեան ճոխացուց մթնոլորտը իր խանդավառ երգերով: Ապա կատարուեցաւ 65-ամեակի կարկանդակի հատումը` ներկայութեամբ մասնաճիւղի հին ու նոր անդամներու:

– Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղին, մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 մայիս 2015-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, Տըքուէնի:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք վարչութեան ատենապետ Ժաքլին Ագըլեան բարի գալուստ մաղթեց եւ  անդրադարձաւ հայ մօր առաքելութեան` շեշտը դնելով անոր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն վրայ:

Ապա հրաւիրեց ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ Սեդա Չէօրեքճեանը, որպէսզի ներկաներուն բացատրէ եւ ցուցադրէ հայկական զանազան ասեղնագործերու տեսակները, ինչպէս Մարաշի, Ուրֆայի, Սվազի եւ այլն:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ աւանդական Համբարձման տօնի յատուկ վիճակաձգութիւնը:

– Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի կէսօրէ առաջ, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Գարայեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ողջունելով ներկաները եւ ներկայացնելով օրուան յայտագրին գլխաւոր կէտերը: Ապա խօսքը ուղղելով ներկաներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ մայրեր եւ քոյրեր, այսօր հոս հրաւիրուած ենք մեծարելու հայ մայրը, բոլորդ մեծարուած էք, բաւարար չէ տարին մէկ օր, հարկ է ամբողջ տարին մեծարել ձեզ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն եւ ողջունեց  սրահի բարերար Հուրի Պապիկեանը, որ անձամբ ներկայ էր ձեռնարկին: Ապա բեմ հրաւիրեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը, որ բարձր գնահատեց «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ԼՕԽ-ականներու ժրաջան գործունէութիւնը: «Այս գեղեցիկ տեսարանին առջեւ կը քաջալերեմ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, կարեւոր չէ, թէ անիկա շրջանային է, ԼՕԽ-ականներ, յանձնախումբ թէ մասնաճիւղ, որովհետեւ ԼՕԽ-ը մէկ ընտանիք է եւ հարուստ է անոր առաքելութեան հաւատացող անդամներով, վարչականներով, որոնք իրենց լաւագոյն ներդրումը կը բերեն իրագործելու ԼՕԽ-ի զանազան ծրագիրները` «Մայրերու օր», Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ, թէ այլ ձեռնարկներ: Վարձքերնիդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհիներ»:

Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին գեղանկարիչ Սիրվարդ Ֆազլեան եւ Նանոր Տէր Սարգիսեան, որպէս երէց եւ կրտսեր սերունդներու ներկայացուցիչներ, յաջորդաբար ասմունքեցին հատուածներ մայրերու յատուկ քերթուածներէ: Իսկ քանոնահար Սալբի Քէօշկէրեան նուագեց հայկական յատուկ երաժշտութիւններ: Նմանապէս` հայկական, արաբական եւ եւրոպական յատուկ երգերով ելոյթ ունեցաւ ծանօթ արուեստագիտուհի-երգչուհի Ցոլինէ` մեծապէս խանդավառելով մթնոլորտը: Այս առթիւ նաեւ ձեռնարկի մուտքին թէ ելքին ներկաներուն բաշխուեցան յատուկ ծաղկաթաղարներ ու նուէրներ:

– ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) կազմակերպած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 29 մարտ 2015-ին, կիրակի կէսօրուան ժամը 1:00-էն սկսեալ, Քլէյաաթի «Նասամաթ» ճաշարանին մէջ:

Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Աւօ եւ Տալիտա Ռճըղալեանները, որոնք անձամբ ներկայ էին:

Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց  մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սեդա Սաաթճեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով հայրենակիցներ ընդառաջած են իրենց հրաւէրին` քաջալեր հանդիսանալով «Սեւան» մասնաճիւղի գործունէութեան:

Օրուան մթնոլորտը խանդավառեցին օրկանիստ` Յովիկ Ատուրեան եւ երգիչներ Յովսէփ Լախոյեան եւ Նժդեհ Շահինեան:

Նախորդը

Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ

Յաջորդը

Կամաւոր Աշխատանք Տարած Ուսանողներուն Տպաւորութիւնները

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?