Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեղրաձոր (Կիսաւարտ Հեքիաթ)

Յուլիս 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Մեղրաձորի մէջ այդ տարին երաշտ եղաւ: Ի՜նչ լաւ էր կեանքը այդտեղ, սակայն երաշտէն ետք մարդիկ ուտելու հաց չգտան: Աղբիւրները չորցան, պարտէզները բերք չտուին, իսկ եղածները միջատները փճացուցին: Չէր բաւեր կարծես այս բոլորը, երբ Թթմաբերդի թալանճի Օսմանի աւազակները յարձակեցան Մեղրաձորի վրայ, հրոյ ճարակ ըրին ու կողոպտեցին շատ տուներ, փորձեցին այրել տաճարը:

Այդ տարիներուն ձմեռները շատ խիստ անցան, մարդիկ տաքնալու միջոցներ փնտռեցին, նոյնիսկ մագաղաթները այրեցին տաքցնելու համար մսած երեխաները:

Հրեշտակաւան եւ Աշտարակ ապրող մեղրաձորցիներուն ցեղակիցները ալիւր, ձէթ եւ իւղ ղրկեցին որպէս օգնութիւն: Սակայն ի՞նչ կրնար ընել կաթիլ-կաթիլ հոսող այս օգնութիւնը: Քէօր Հասանի աւազակները սկսան գողութիւն ընել, Մեղրաձորի երիտասարդները գիշերները պահակութեան ելան:

Մօտակայ գիւղերու բնակիչները բախումներ ունեցան, ճերմակ բլուրն ու Յակոբաւանը թալանուեցան Օսմանի հրոսակախումբերուն կողմէ: Տաճարները քանդուեցան:

Մեղրաձորի մէջ կանթեղներուն ձէթն անգամ սպառեցաւ, մարդիկ հոգեպէս հիւանդացան:

Նզովք է` մտածեցին անոնք:

Փռապան Սահակը առաւ ընտանիքը եւ մեկնեցաւ Սառաստան, իսկ մեծահարուստ Գասպարը կտրեց ծովը եւ ընտանիքը տարաւ Հարաւի տափաստան:

Ստացուած լուրերը հակասական էին, ոմանք կ՛ըսէին, թէ մեկնողները լաւ են եւ գոհ, իսկ ուրիշներ կը պնդէին, թէ դժգոհ են: Սակայն կասկած չկար, որ Լեռնածով գացողները դժգոհ էին, անոնցմէ շատեր խայտառակուեցան:

Յուսահատութիւնը բոյն դրաւ մեղրաձորցիներու հոգիներուն մէջ: Գիշեր մը մեծ ժողով մը գումարուեցաւ իշխան Աբոյին տան մէջ, ուր հաւաքուեցան բոլոր մեղրաձորցիները: Պէտք էր որոշուէր ելք մը, քիչ էին անոնք, որոնք կ՛ուզէին մնալ եւ դիմանալ Մեղրաձորի մէջ:

Մեծամասնութիւնը կ՛ուզէր մեկնիլ, սակայն ո՞ւր… Երկար վիճաբանութիւններէ ետք որոշուեցաւ մեկնիլ Լեռնավայր, չէ՞ որ մեծ աղէտին, երբ թալանճի Օսմանի մեծ հայրը աւերեց Լեռնավայրը եւ ցիր ու ցան ըրաւ ցեղը իրենք բախտակից եղան մեղրաձորցիներուն,

վերջապէս ցեղակիցներ էին եւ նոյն լեզուն կը խօսէին. շատեր ալ արդէն կ՛ըսէին, թէ Լեռնավայրի մէջ կեանքը հեշտ է, հոն գետերը մեղր կը հոսին եւ մեղրաձորցիներուն լաւ օգնելու տրամադրութիւն կայ այդտեղ:

Որոշումը տրուած էր` մեկնիլ Լեռնավայր: Կարաւանը կազմուեցաւ, բեռցուցին նուաղած բոլոր էշերն ու ուղտերը, ով որ ինչ կրցաւ վերցնել, առաւ իրեն հետ, կարաւանը շարժեցաւ:

Գիշերը բոլորը յոգնած էին, կանգ առին դաշտի մը մէջ, կրակ վառեցին եւ կերակուր պատրաստելու վրայ էին, երբ զգացին, որ դաշտին մէջ մարդկային շարժումներ կան: Սկիզբը վախցան, թէ թալանճի Օսմանին աւազակներն են, սակայն սուր ականջ ունեցողները ըսին, թէ անոնք մեղրաձորցիներու լեզուն կը խօսին: Ձայները հետզհետէ մօտեցան, հարց ու փորձ` եւ պարզուեցաւ, թէ օտարները լեռնավայրցիներ են: Միասին ընթրեցին, մեղրաձորցիները զարմացած հարցուցին, թէ իրենք Լեռնավայր կ՛երթան, սակայն լեռնավայրցիները ինչո՞ւ կը ձգեն իրենց գիւղը եւ կը մեկնին… Լեռնավայրցիները պատմեցին, թէ հոն ալ կեանքը դարձած է անտանելի, իրենց քրմապետն ալ անտարբեր է գիւղացիներուն նկատմամբ, իսկ իշխանը մտահոգուած է միայն իր ընտանիքով, այս բոլոր պատճառներով անոնք որոշած են երթալ Արջաւան կամ Հրեշտակաւան:

Մեղրաձորցիները հիասթափուեցան: Իշխան Աբոն տխուր ոտքի կանգնեցաւ եւ հանգամանօրէն յայտարարեց.

– Սիրելի՛ մեղրաձորցիներ, երաշտը կրնայ երկար տեւել, ես անկարող եմ դիմադրելու տեսակաւոր աւազակներու, չեմ ալ կրնար բոլորին փորը կուշտ պահել, Լեռնավայրի վիճակին մասին ալ լսեցիք, ուստի ազատ էք այլեւս, դո՛ւք ընտրեցէք ուր երթալ` Սառաստան, Լեռնաստան, Ջրաստան, Գիժաստան… կամ մնացէք այս-տեղ… կամ ուր որ կ՛ուզէք, գացէք: Քուրմերուն եւ իշխաններուն վրայ վստահելու փոխարէն` ձեր ուժերուն վստահեցէք եւ զիրար օգնեցէք, աստուածները ձեզի օգնա-կան… Իսկ ինք նստաւ եւ շարունակեց ընթրիքը…

Ու մութին մէջ մարդիկ խումբ-խումբ ցրուեցան զանազան ուղղութիւններով:

Եւ երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ…

 

 

Նախորդը

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ Մէջ

Յաջորդը

Նաժի Նաաման. Գրքի Եւ Բազմազգ Մշակոյթի Մարդը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?