ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
22 ապրիլ 2015-ին պատահաբար «Պի. Պի. Սի. մակազին»-ին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ յօդուածը` «The Armenian Rugs That Tell Two Stories»` գրուած Լոս Անճելըսէն Լիանա Աղաճանեանի կողմէ: Յօդուածը կը յայտնաբերէ 1925-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ մէջ:
Ղազիրի գորգին պատմութիւնը ծանօթ է մեզմէ շատերուն. սակայն թարմացնելու համար մեր յիշողութիւնը` անդրադառնալու ենք Ղազիրի որբանոցի ստեղծումին եւ հոն գորգագործարանի հաստատման:
1923-ին Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցը (ՄԱՆ) իր հայ որբերու խնամատարական առաքելութեան ծիրին մէջ վարձու կ՛առնէ Լեռնալիբանանի Ղազիր գիւղաքաղաքին մէջ Մսար պալատը եւ կը գործածէ զայն որպէս որբանոց, ուր կը պատսպարուին մօտ 1400 հայ որբուհիներ: Որբանոցը կը գործէ տնօրէնութեամբ տոքթ. Ճէյքըպ Քիւնցլերի, որ շուտով կը հաստատէ որբանոցէն ներս գորգաշինութեան գործարան մը` հսկողութեամբ Ուրֆայէն գաղթած գորգաշինութեան վարպետ պրն. Թաշճեանի: Տոքթ. Քիւնցլեր ՄԱՆ-էն կը պահանջէ 1000 ամերիկեան տոլարի վարկ մը գորգի գործարանին համար. սակայն ան կը ստանայ միայն 400 տոլար:



Ան չի յուսահատիր եւ մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակէ գործը: Հայ որբուհիները վարպետ Թաշճեանի միջոցով կը սորվին գորգաշինութիւնը: Երեք տարի վերջ, 1925-ին, 10 ամսուան մէջ հայ որբուհիներ կը հիւսեն շատ գեղեցիկ եւ հրաշալի գորգ մը` նկարազարդուած զանազան անասուններու պատկերներով, 11.7 ոտք լայնքով, 18.5 ոտք երկայնքով եւ 4.404.260 հանգոյցներով: Գորգը իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնէ Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը: Անոնք կ՛որոշեն գորգը նուիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճին:

Ղազիրի Հայ որբերը յղացած են այս գաղափարը եւ գործի վերածած են իրենց յղացումը` ի մտի ունենալով երեք նպատակ.
1.- Շնորհակալական եւ երախտագիտական զգացումներ յայտնել ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս հայ որբերուն կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին` ի նպաստ հայ որբերուն իրենց կատարած նիւթական մեծ օժանդակութիւններուն համար:
2.- Ցոյց տալու համար համայն աշխարհին, որ իրենք ներկայացուցիչներն հայ որբերու հսկայ բանակին եւ հայ որբաշխարհին, որոնք ստեղծուեցան դահիճ թուրքերու կողմէ գործադրուած հայկական աննախընթաց ցեղասպանութեամբ:
3.- Բարձրաձայն յուշելու բոլոր ազգերուն եւ մասնաւորապէս թուրք ժողովուրդին, թէ հայ նահատակներու անհանգիստ աճիւնները իրենց հանգիստը պիտի չգտնեն, ամէն մէկ հայու հոգին պիտի չխաղաղի եւ Հայ դատը պիտի մնայ մնայուն Դատը ամբողջ հայ ժողովուրդին, մինչեւ որ չյարգուին իր իրաւունքները եւ չգոհացուին իր պահանջները` արդար հատուցմամբ:
Գորգը կը ներկայացուի Նախագահ Քուլիճին 4 դեկտեմբեր 1925-ին: Գորգին ետեւը պիտակի մը վրայ արձանագրուած է ` «In golden rule of gratitude to president Coolidge»: Նախագահ Քուլիճ ստանալէ ետք այս պատմական եւ աննախընթաց նուէրը կը յայտարարէ` «The rug has a place of honor in the White House where it will be a daily symbol of goodwill on earth».

1923-1930 այս ջուլհականոցէն կ՛արտադրուին 3254 գորգեր եւ կը վկայուին մօտ 1000 հայ որբուհիներ գորգաշինութեան վկայագիրով: Այս գորգերուն մեծամասնութիւնը նուէր կը ղրկուին այն ամերիկացիներուն, որոնք մեծ գումարներով օժանդակած էին հայ որբերուն եւ գաղթականներուն` ՄԱՆ-ի միջոցով: Նախագահ Քալվին գորգը կը պահէ «Կապոյտ սենեակ»-ին մէջ, մինչեւ 1928-ը, իսկ նախագահութեան շրջանէն ետք` իր տան մէջ: Իր մահէն ետք գորգը կը մնայ իր ընտանիքին մօտ` մինչեւ 1983, երբ գորգը կը վերադարձուի Ամերիկեան պետութեան եւ ան կը զետեղուի պետական շտեմարանի մը մէջ` հեռու հանրութեան աչքերէն, մինչեւ 2014:
Վերոյիշեալ գորգի պատրաստութեան իրենց բաժինը բերած են`
1.- Բալուցի Նարդուհի Խոսրոֆեան, որ կ՛ըլլայ Լոս Անճելըսէն պրն. Պետրոս Ալահայտոեանին զոքանչը: Նարդուհի ծնած է 1915-ին, թուրք ոճրագործներու կողմէ իր հօրը սպանութենէն ետք: Նարդուհին իր մօրը` Զարդարին եւ մեծ քրոջը` Խաթունին հետ բախտը կ՛ունենան հասնելու Հալէպ:

Ան կը ղրկուի Լիբանանի Ամերիկեան նպաստամատյցի Ղազիրի հայկական որբանոցը, ուր կը մնայ մինչեւ 1925: Հոն Նարդուհին կը սորվի գորգագործութիւն եւ կը մասնակցի նախագահ Քուլիճին նուիրուած մեծ գորգի պատրաստութեան: Վերադառնալով Հալէպ, ան կ՛աշխատի Հալէպի Հրէական հիւանդանոցին մէջ` որպէս օգնական հիւանդապահուհի եւ կ՛ամուսնանայ 1936-ին Պասիլ Ալաճաճիի հետ ու կը բախտաւորուի մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներով: Նարդուհի կը մահանայ Լոս Անճելըս, 1988-ին:
2.- Վարդուհի Կիւլեզեան ծնած է 1912-ին: Ան եղած է Ղազիրի որբուհիներէն եւՂազիրի գորգը հիւսողներէն մէկը: Վարդուհին 14 տարեկանին Ամերիկա կը ղրկուի 1926-ին: Ան կը հաստատուի Մասաչուսեց նահանգի Անտովըր քաղաքը: Նախագահ Քլինթընի իշխանութեան օրերուն, 1995-ին, Վ. Կիւզելեանին աղջիկը` տիկին Մովսէսեան հեռատեսիլի յայտագիրի մը ընթացքին Ուաշինկթընի նախագահական պալատի «Կապոյտ սենեակ»-ին մէջ եւ ի ներկայութեան Առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթընի, գորգ մը կը նշմարէ: Այս գորգը տեսնելէ ետք տիկին Մովսէսեան կը վերյիշէ իր մօրը ամէնօրեայ պատմութիւնը, որ ինք Ղազիրի որբանոցին մէջ 14 տարեկան հասակին մէջ, այլ որբերու հետ, գորգ մը աշխատած են եւ նուիրած են Ամերիկայի Միացալ Նահանգներու նախագահին: Ան կը վերյիշէ նաեւ մօրը տուած այդ գորգին նկարագրականը: Տիկին Մովսէսեան մեծ համոզումով կը պնդէ, որ իր տեսած գորգը մօրը նկարագրած գորգն է: Շուտով կապ կը պահուի Հ. Քլինթընի հետ: Անոր կը տեղեկացուի եղելութիւնը եւ կը խնդրուի տեսնել այդ գորգը: Ամիս մը ետք Մովսէսեան ընտանիքը կը հրաւիրուի Ուաշինկթըն` նախագահական պալատ, տեսնելու համար գորգը: Տիկին Մովսէսեան իր մօրը, ամուսինին եւ այլ բարեկամներու հետ կ՛երթան ու կը տեսնեն գորգը, որուն վրայ եղած արձանագրութիւնները կը փաստեն գորգին մանրամասնութիւնները: Իսկ նախագահական արխիւներուն մէջ կը տեսնուի գորգին պատմականը եւ անոր ի՛նչ պայմաններու տակ նախագահ Քալվինի հասնիլը:

Ղազիրի գորգին նմանօրինակին յայտնաբերումը կ՛ըլլայ այսպէս.
2014-ի վերջերը Լոս Անճելըսի «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհին` Մակի Մանկասարեան-Գոշենը այցելութեան կ՛երթայ Ճէյքըպ-Յակոբ Քիւնցլերի աղջկան` Լիզպեթ Քիւնցլերին տունը: Հոն կը տեսէ շատ գեղեցիկ գորգ մը` զարդարուած հեքիաթային ծաղիկներով, բոյսերով, վազվզող եղնիկներով եւ զանազան տեսակի անասուններով:

Մակի Մանկասարեանը շուտով կը մտաբերէ նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգը եւ նմանութիւն մը կը տեսնէ անոր եւ Լիզպեթ Քիւնցլերի տան մէջ գտնուող գորգին միջեւ: Ի յայտ կու գայ, որ այս գորգը նմանօրինակն է նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին, սակայն` աւելի պզտիկ, միայն 8000 հանգոյցներով եւ հիւսուած` Ղազիրի գորգագործարանի հայ որբերուն կողմէ, 1925-ին: Ուրեմն Ղազիրի գորգագործարանի հայ որբերը 1925-ին նուիրած են աս նորայայտ գորգը Ղազիրի որբանոցի տնօրէն` Ճէյքըպ Քիւնցլերին` առ ի երախտագիտութիւն անոր որբախնամ ծառայութեան:
Օրին գորգի գոյնի ընտրութեան իրաւունքը տրուած է Ուրֆա ծնած Ճէյքըպ Քիւնցլերի կրտսեր աղջկան: Տոքթ. Քիւնցլեր հոգածութեամբ կը պահէ գորգը մինչեւ 1945, Լիբանանի իր տան մէջ: Համաշխարհային Բ. պատերազմի վերջաւորութեան ան գորգը կ՛ուղարկէ Ամերիկա իր աղջկան` Լիզպեթին: 70 տարիներ այս գորգը կը մնայ Լիզպեթին մօտ եւ հայերու ուշադրութենէն հեռու: Մակի Մանկասարեան հիացմունքով կը դիտէ այս գորգը եւ արտօնութիւն կ՛առնէ Լիզպեթի դուստրէն` Փոլի Մարշըլէն, որ կազմակերպուի այս գորգին ցուցահանդէսը «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ: Փոլի պատասխանը կ՛ըլլայ դրական: Արդէն Փոլի Մարշալ ներկայ գտնուած է քանի մը ամիսներ առաջ Սպիտակ տան մէջ նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգի ցուցադրութեան:
Հոն Փոլի հոգեպէս կը ցնցուի եւ կը մտաբերէ իրեն համար անծանօթ մեծ հօր ու մօր դերակատարութիւնը այդ գորգին պատրաստութեան եւ անոր հեղինակներուն` հայ որբուհիներու վերապրումին: Ան գիտնալով, որ Սպիտակ տան մէջ ցուցադրուած գորգը տասնամեակներէ ի վեր պատանդ դարձած էր եւ հեռու պահուած էր հանրութենէն` կը վերահաստատէ Ղազիրի գորգին նորայայտ նմանօրինակի ցուցադրութիւնը «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ, որպէսզի հայ եւ ամերիկացի հանրութիւնը հնարաւորութիւնը ունենայ տեսնել զայն: Գորգին ցուցադրութիւնը կ՛որոշուի կատարել 2015- մայիս ամսուն մէջ:
Այս երկու գորգերը կենդանի վկայութիւններ են Հայոց ցեղասպանութեան հայ որբաշխարհի ստեղծումին, հայ որբերու վերապրումին եւ հայ ժողովուրդի ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ:
10 յուլիս 10, 2015
Օգտագործուած աղբիւրներ`
- Aghajanian Liana, “The Armenian rugs that tell two stories”, BBC Magazine, 22 April, 2015.
- Deranian Dr. Hagop Martin, “President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug”, Sep 2013.
- Der Bedrossian Levon, “The call of the orphans and the rug”, Armenian rugs society news letter, San Francisco, march 2014.
- Kelechian M. Missak, “Near East Relief and the Armenian Genocide” July 28, 2013
- Kelechian M. Missak, 15 years of untold story and unsung American heroes missing from our history pages,
- Vartabedian Tom, “Armenian orphan rug lives up it’s name”, The Armenian weekly, July 21, 2010.
- Հարպոյեան Կարպիս, «Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան որբերը, որբանոցները եւ որբաշխարհը», խաչելութեան Ճանապարհը, 2015, Մոնրէալ
- Հարպոյեան Կարպիս, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի աննախընթաց օգնութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գաղթականներուն եւ որբաշխարհին, խաչելութեան Ճանապարհը, 2015, Մոնրէալ
- Հարպոյեան Կարպիս, «Ղազիրի գորգին հետքերով», խաչելութեան Ճանապարհը, Մոնրէալ, 2015