Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատգամներ` 32 Տարիներու Հեռաւորութենէն

Յուլիս 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

100-ամեակէն, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակէն ետք յուլիսը կու գայ նոյն ուժգնութեամբ. պարզ, հանդարտ, բայց միեւնոյն ատեն 32 երկար տարիներու խրոխտ եւ բազմատեսակ պատգամներով:

32 երկա՜ր տարիներ… Անշուշտ ոչ երկար այնքան, որքան կը կշռէ սոված, ուժաթափ, բոպիկ եւ հայրենազուրկ ժողովուրդի մը համար մէկ դարը, երբ ան իր քրտինքով ու աշխատանքով դարձաւ տանտէր, դարձաւ գործատէր, հարուստ, վերականգնեց պատիւ, ազգային կեանք: 32 տարիներու երկարութիւնը պէտք է դիտել այն տեսանկիւնէն, թէ որքա՜ն ազդեցութիւն կը ձգէ տակաւին անկրկնելի Լիզպոնի գործողութեան հզօրութիւնը, եւ որքանով նոր սերունդը պատրաստ ու գիտակից է Լիզպոնի տղոց պայքարի յաւերժականութեան ուխտը վերանորոգելու ամէն ծնունդով եւ կնքելու յառաջիկայ սերունդները Լիզպոնի հերոսներուն անուններով եւ ոգիով:

Ինչպէս որ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելն ու այդ դատին սիրոյն պայքարիլը միայն ապրիլին չէ՛, այդպէս` Լիզպոնի տղոց յիշատակը միայն յուլիսին չէ՛, որ կ’ոգեկոչուի: Այդպէս է, որովհետեւ Լիզպոնի ու անոնց նախորդող սերունդները հաւատացած են վեհ սկզբունքներու, եւ մենք այսօր կը հաւատանք նո՛յն գաղափարին, սակայն ո՛չ մէկ բան կ՛ընենք այսօր իբրեւ ժողովուրդ կամ իբրեւ ազգ, որովհետեւ Լիզպոնի անձնազոհութեան դափնին անմրցելի է, եւ մենք կը հասնինք այդ փառքին, այդ բարձրութեան միա՛յն այն ժամանակ, երբ կատարենք այդ տղոց պատգամները, իրականացնենք անոնց երազը, որով սերունդներ ապրեցան եւ գոյատեւեցին, որովհետեւ հաւատացին, թէ Լիզպոնով հայոց պատմութեան էջերը իրենց անցեալի փառքը կրնան վերագտնել եւ դառնալ հաստատ ու կանաչ ապագայի հիմնական երաշխիքը:

Լիզպոնը իր տեսակով եկաւ սրբագրելու Պանք Օթոմանի գրաւումէն ետք, օտար միջնորդութեամբ, բռնակալին հետ համաձայնելով դրամատունը յանձնելու «սխալը»: Լիզպոնը եկաւ աշխարհին ապացուցելու, թէ հայ երիտասարդութիւնը պատրաստ է զոհուելու յանուն Հայաստանի ամբողջականութեան, 68 տարուան ցեղասպանութեան վրէժի ու 61 տարուան Նեմեսիսեան բազուկներու լռութեան խորքէն, իբրեւ ռումբ մը, ձայն մը, պոռթկում մը, ճիչ մը պայթելու աշխարհին դիմաց ու զարթնում ըլլալու հայ ժողովուրդին մէջ:

Ցեղասպանութեան, սուգի, արեան, ջարդի յիշատակի 100 երկար տարիներուն ընթացքին իւրաքանչիւր քանի՞ անգամ սխալած ենք իւրաքանչիւրս ազգին ու մեր դատին հանդէպ` անտեսելով մէկուկէս միլիոնը, որոնք ամիսներ առաջ սրբադասուեցան, եւ մեր աղօթքը այսօր, պէտք է երկինք հասնի անպատճառ, անոնց ճամբով եւս:

Անձնազոհութեան, նահատակութեան, հպարտութեան յիշատակի 32 երկար տարիներուն ընթացքին իւրաքանչիւրս քանի՞ անգամ դաւաճանեցինք Լիզպոնի տղոց յիշատակին, պատգամին, խօսքին, գաղափարին, նուիրուածութեան, դաւաճանեցինք անոնց, որոնք սրբացան իրենց իսկ նուիրումով, նոյն երկվայրկեանին երբ պայթեցան անոնք, նոյն օրը, երբ անոնք ածխացած վերադարձան իրենց ծննդավայրը` Լիբանան ու մտան հող:  Անոնք չգիտցան, որ ազատ ու անկախ Հայաստանը չտեսած նահատակուելով, նոր սերունդներուն Հայաստան մը պարգեւելու ուխտով Լիզպոն երթալով ու անշնչացած վերադառնալով հանդերձ, 32 երկար տարիներ շարունակ անոնք պիտի մնա՛ն այդ հողին մէջ, որ իրենց համար, անիմաստ հողաշերտ մըն էր կամ հող մը, որովհետեւ իրենց երազած ամբողջական հայրենիքէն դուրս կը գտնուէր:

Այս երկրին մէջ հայը գոյութիւն ունէր Ցեղասպանութեան  հետեւանքով եւ որոշ ժամանակի մը համար, ուր հայրենիքի կարօտով տոգորուած պիտի հաւաքէր իր ուժերը եւ հարուածէր թշնամին մինչեւ ծունկի գալը. «հայրենիք» մը, որուն մէջ հայը տեղ չունէր, ապագայ չունէր, ուր «ընտանիք կազմելը անիմաստ էր», որովհետեւ «օտարին խամաճիկներն էինք», «հայրենիքը կը յիշէինք միայն այն ժամանակ, երբ վտանգի մէջ էր մեր ժողովուրդը»:

32 տարիներու ընթացքին որքանո՞վ կրցանք անբիծ պահել այս տղոց երդումն ու յիշատակը:

Որքանո՞վ կրցանք ցանել լիզպոններու արժէքը նոր սերունդին մէջ, ոչ թէ գործողութեան «նահատակութեան» կամ «անձնազոհութեան» օրինակը, այլ միայն իմաստը, կարեւորութիւնը:

«Գիտենք, որ թուրքը մեր պահանջները պիտի չտայ, այդ ժամանակ մենք պիտի պայթինք»: Այսօր, մենք կրցա՞նք ոչ թէ ուրիշ լիզպոններ, այլ այս պատրաստակամութեամբ լեցուած տղոց յիշատակը գէթ «պայթեցնել» իւրաքանչիւր հայու մէջ:

Այս տղոց գերեզմանը Լիբանան կը պահենք սերունդներուն ներշնչարան դառնալու համար, սակայն եթէ օրէ-օր աւելի կը համոզուինք, թէ սփիւռքի մէջ մեր ապագան կը կրճատուի կամայ թէ ակամայ, այն ատեն երբեք իրաւունք չունինք հեռանալու այս հողէն` այս տղոց գերեզմանը այստեղ ձգած:

Լիզպոնի տղոց հոգիները Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն հոն էին` ազատամարտիկ տղոց հետ. Լիզպոնի տղոց անձնուիրութեան պատմութիւնը, հայոց պատմութեան ապագայի գիրքերու կողքերն են, վերնագիրն են:

32 երկա՜ր տարիներու ընթացքին Լիզպոնը ինքզինք պարտադրեց բոլոր փոթորիկներուն, թումբ կանգնեցաւ բոլոր մշուշներուն ու կեղծիքներուն, հակաքարոզչութիւններուն դիմաց:

32 երկա՜ր տարիներ Լիզպոնը ինքզինք պահեց կատարեալ յեղափոխականութեան նոյն թափով, յեղափոխականանալով ամէն սերունդի հետ. ամէն պարագաներու հետ դառնալով ա՛յդ օրուան կոչը, ա՛յդ օրուան ելքը, ճարն ու հնարքը:

Լիզպոնը վկայեց, թէ ժամանակը կը փոխուի, բայց պայքարը միշտ նոյն պայքարն է. Լիզպոնը եկաւ նոր սերունդին հետ կապելու հարիւրամեայ հայրենազուրկ ժողովուրդի տառապանքն ու օտարին կառչած մնալով, օտարին վստահելով ազատութիւն ձեռք չձգելու խնդիրը:

Լիզպոնը հաստատեց, որ որքան գունաւոր եւ զարդարուած ըլլայ կեանքը, որքան ուրախութեամբ եւ հաճոյքով լեցուած ըլլայ կեանքը, այդ բոլորը ժամանակաւոր են, պարզ կեանքն է, որ ամէն մարդ կրնայ ապրիլ, ամէն մարդ կրնայ ունենալ եւ վերջաւորութեան ամէն բան աշխարհին ձգած, հեռանալ եւ ցաւ պատճառել:

Իրենց համար ուրիշ էր կեանքի հասկացողութիւնը, տարբեր էին ապրելու եւ պայքարի չափանիշները. նպատակը` ի գին ամէն զոհողութեան, մարդու ունեցած կեանքը, ամէն տեսակ հարստութիւններ անտեսել ու զոհելն էր:

«Մեռիր այնպէս, որ մահդ անգամ ծառայէ հայրենիքիդ»:

Լիզպոնի տղաքը հաւատացին այս խօսքին, եւ մեռան այնպէս, որ իրենց մահը` նահատակութիւնը, հպարտութիւն դարձաւ յաջորդող սերունդներուն

Այսօր Լիզպոնը 32 երկար տարիներու հեռաւորութենէն կու գայ նոյն համոզումներով, նոյն բոցավառութեամբ, նոյն բարի «խենթութեամբ» եւ «կը պայթի» մեր մէջ, մեզի հետ, ազգին հետ, հայրենիքին հետ: Որքան ալ ազատ եւ անկախ Հայաստան երազի իրականութենէն հեռու ըլլայ, անիկա Լիզպոնով առաւել եւս կը մօտենայ ու կ՛ամրապնդուի:

 

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Կ՛ըլլար Լիզպոնի Հինգին Գործողութիւնը, Եթէ Անոնք Ապրէին Ու Գործէին 2015-ին

Յաջորդը

«… Ու Միշտ Կը Յիշենք»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?