ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պիտի ուզէինք հաւանաբար ըսել ազգակերտի, հայրենապաշտի եւ նուիրաբերումի ապառաժեայ ու անկրկնելի տրոփներ:
Զուլալ մտածումի եւ անկաշառ ապրումի հարազատ կայմեր: Մեր` հայոց ճակատագրուած կեանքի թարգման հսկաներ: Սեփական կամքի ու վճռակամ կեցուածքի անխորտակելի պատուանդաններ, բիւրեղացած շունչի եւ համոզումի լուսաւոր ճանապարհներ, այո՛, ներշնչումի եւ վերապրումի ցոլքեր, աւելի՛ն. հրաշք ու ճառագայթող հինգ տղաներ:
Լիզպոնի հերոսներ:
32 տարիներու թաւալքին զուգընթաց, կարծես հայոց դարաւոր պատմութեան օղակաւորումն է, որ մեր դիմաց կը պատկերանայ ամէն անգամ որ լոյսին բերենք լիզպոնեան խոյանքին անպարագծելի իմաստն ու խորհուրդը:
Յայտնապէս, օրին չէինք կրցած հասկնալ, թէ մեր այս տղոց սրտերուն խորերը կայք էր հաստատած հայոց Արամազդ հայր աստուածը` իր սրբազան տեսիլքով եւ ոգեկան մեծութեամբ:
Չէինք կրցած ըմբռնել, թէ Լիզպոնի տղաքը, իրենց կարգին` հաւատարմութեամբ յագեցած եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած ներշնչումի խայծեր էին շնորհած նոյնինքն հայոց բարեպաշտ հայր աստծոյն, իբրեւ ցուցանիշ երախտիքի եւ ժողովրդասիրութեան:
Այս տղաքը, ժամանակակից հայոց սրբազան խենթերը, ոչ թէ հերոսացան միայն իրենց արարքի մեծութեամբ, այլեւ` անոնց ցոյց տուած մտքի ու հաւատամքի, խանդավառութեան ու մտածողութեան, այլ խօսքով` դարերէն եկող ու դէպի ապագայ սաւառնող յեղափոխական դաւանանքին ականջալուր եւ հաւատարիմ մնալուն համար:
Լիզպոնի հինգ տղաքը գերազանց հաւատարմութեամբ կառչած էին իրենց ազգային դատին եւ պատկանելիութեան:
Փատօրէն, օրին, վեհափառ սլացքով այս տղաները նետուեցան լինել չլինելու գուպարին մէջ, զարկին ու զարնուեցան, բայց մանաւանդ ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտը դարձան պահ մը, երեւան բերելով հայու նոր կերպարի ու մտածողութեան տիպականութիւն, եւ յանուն իրենց բազմաչարչար ժողովուրդին ու հայրենիքի անկախութեան երազանքին, կերտեցին նորօրեայ յաղթանակի վսեմագոյն օրինակը, ինքզինք զոհելու ազգային արժանապատուութեան բագինին եւ տէր դառնալու նուիրական ամէն արժէքի:
Ճիշդ է, լիզպոնեան սխրանքի օրերուն մեր հայրենիքը տակաւին կը տուայտէր համայնավար վարչակարգի ներքեւ: Ապազգային ու խենեշ վարդապետութիւնը աւերներ էր գործած հայոց մտքի ու հոգիի ամլութեամբ: Սակայն, անոնց խոյանքին ու ազնուական հոգիին ցոլքերը հասան նաեւ հայրենիք, ուր եւ անարձագանգ չմնացին անոնք, շնորհիւ հայրենապաշտի ու ազգասէրի սերունդին, որուն մարմանաւորումը հանդիսացաւ Յովհաննէս Շիրազի բոցաշունչ բանաստեղծութիւնը նուիրուած Լիզպոնի տղոց:
Այդուհանդերձ, Լիզպոնի տղոց ստացած դաստիարակութիւնն ու ապրումներու աշխարհը կը պարփակէր այնպիսի ուժական տրոփներ, որոնք ազգ մը ամբողջ պիտի կարենային հոգեզինել, շնչաւորել, զգաստութեան հրաւիրել, բայց մանաւանդ յեղափոխականութեամբ համակել:
Եւ ահա, այս էր եղած սրբազան տղոց արարքին ու մտածումին հրաշափառ իմաստը, սերունդներ կախարդելու հրայրքն ու ուժը:
Մատնանշումի լաւագոյն փաստին մենք ականատես եղանք Արցախի ազատագրական պայքարի տարիներուն, երբ հինգ տղոց ոգեկան աշխարհին եւ սխրանքին մեծութեան դիմաց խոնարհեցան շատ շատեր, հայդուկներ եւ հրամանատարներ:
Ճիշդ է նաեւ այն իրականութիւնը, թէ հայրենքի ազատութեան եւ անկախութեան, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի վերատիրացման եւ հայութեան բարօրութեան համար նահատակուած մեր տղաները դեռ կը սպասեն համահայկական մէկ կամքի, մտքի ու խղճի դրսեւորումի, այլապէս Լիզպոնի պանթէոնի կառուցման նոյնինքն հայրենի հողին վրայ, սրբազան Արարատի հայեացքին ներքեւ եւ Եռաբլուրի օրհնաբեր հսկողութեամբ:
Յայտնենք, թէ զուր տեղ կը փորձուի ամէն քայլափոխի նսեմացնել սրբազան տղոց արարքին մեծութիւնն ու աստուածահաճոյ խորհուրդը, երբ տարբեր առիթներու ապիկար ու աժան մունետիկներ պէս-պէս խօսքերու յանձնուած` զոհ կը դառնան իրենց ապազգային մոլուցքին, պարզապէս յագուրդ տալով սին ու ապաշնորհ մտմտուքներու:
Սակայն, արդար է ըսել, թէ ե՛րբ է որ տիղմն ու գոլորշին կրցեր է շղարշել կամ այլակերպել ադամանդի խտութիւնն ու ոսկիի կուռ բաղադրութիւնը, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին ազդեցութիւններու եւ թշուառ ըսելաձեւերու յորձանուտէն տարուած մոռացութեան տանք հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն իրենց դրոշմն ու մեծութիւնը արձանագրած Լիզպոնի տղոց անկրկնելի արարքը:
Երբե՛ք, այո՛, երբեք եւ առյաւէտ, այնքան ատեն որ հայութեամբ տոգորուն եւ ազգայնապաշտ սերունդներ դեռ կը շնչեն Արարատի ու Մռաւի լանջերուն եւ կ՛աղօթեն Շուշուայ բերդի բարձունքին:
Այսօր, սփիւռքեան դաժան ու հոգելլկիչ պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս չյարգել եւ գորովագութի զգացումով ինքզինք չհամակել ի տես այն իրերայաջորդ սերունդներու, որոնք կ՛ապրին հայրենի հողէն ու ջուրէն հեռու, եւ սակայն շնորհիւ իրենց գաղափարական դաստիարակութեան եւ ազգային ըմբռնումներուն, ամէն յուլիսի 27-ին, սէգ ճակատներով կը խոնարհին Լիզպոնի տղոց յիշատակին դիմաց, եւ անոնց սրբազան կտակին եւ շիրիմին ընդառաջ կը վերանորոգեն հայրենապաշտի ուխտը եւ կ՛ամրապնդուին տղոց կամքին ու տեսլականին մեծութեամբ:
Եւ եթէ երբեք հայութիւնը պիտի ուզէ իր գոյութենական երթին եւ ստեղծարար մտքին ապահովել ամրակուռ կռուաններ, եւ դասուիլ հպարտ, քաղաքակիրթ ու արժանահաւատ ազգերու շարքին, ապա հարկադրուած է անսալ հայոց դարաւոր իմաստութեան կանչին, եւ ոգեզինուիլ հրաշք տղոց մեծագործութեամբ, ժառանգել անոնց թողած յեղափոխականի դաւանանքը եւ բոլոր միջոցներով առճակատիլ հայոց յայտնի թէ թաքուն թշնամի ուժերու դէմ, պահպանելու համար հայ ազգի ու հայրենքի շարունակականութիւնը:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը յիշենք ու պիտի շարունակենք յիշել մեր տղոց, ազնուասիրտ ու քաջարի տղոց, Լիզպոնի տղոց աստուածահաճոյ արարքը, այո՛, հրաշք գործողութիւնը: