ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լիզպոնի տղաքն ալ Լիբանանէն սլացին դէպի երկինք եւ նախքան ճախրիլը` կազմաւորուեցան լիբանանահայ գաղափարապաշտ մթնոլորտի մէջ, ուր ձեւաւորուած են այսօրուան ծնողները ու նորահաս երիտասարդները: Այլ խօսքով, Լիզպոն խմորած թթխմորը թխած է նաեւ ներկայի չափահասները, եւ հետեւաբար երկու սերունդներուն դաստիարակութեան մէջ գոյութիւն ունին հասարակ յայտարարներ:
Իսկ եթէ Լիզպոնի հինգը ապրած ըլլային այսօր, արագ հաղորդակցութեան ու ընկերային ցանցերու դարուն եւ հաղորդուած չըլլային յուլիս 27-ի մը հերոսապատումով, ապա ինչպէ՞ս պիտի կերտուէր անոնց անձնազոհութեան քարտէսը եւ արդեօք ինչպիսի՞ տրամադրութիւններ պիտի ցուցաբերուէին Լիզպոն երթալիք տղոց կողմէ` թշնամին ահաբեկելու քայլերուն նկատմամբ:
Քա՛ւ լիցի, չեմ ուզեր «անցեալի գովք» հիւսել եւ ողբալ նոր սերունդին «այլասերումը», ինչպէս կ՛ընեն յոռետեսները, բայց կ՛ուզեմ բարձրաձայն մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նոր Լիզպոնի հինգեր ծնիլ` քայլ պահելով ներկայ իրականութեան հետ եւ չմոռնալով, որ ահաբեկչական գործողութիւնները բնաւ իբրեւ յեղափոխութիւն չեն ներկայացուցած, այլ պարզապէս պահանջատիրութեան միջոցներ, ուստի ահաբեկչութիւններ տեղի կ՛ունենան գաղափարախօսութեան մը պահանջներուն իրականացման համար: Թէկուզ մարդասպանութիւններ տեղի կ՛ունենան ահաբեկչութիւններու ընթացքին, սակայն` ոչ ոճրագործութիւն: Թէեւ ծիծաղելի է Միջին Արեւելքի մէջ նստելով` խօսիլ ահաբեկչութեան ոճրագործութիւն չըլլալուն մասին, բայց հարկ է կատարել ահաբեկչութիւն բառին հայկական սահմանումը:
Լիզպոնի Ահաբեկչութիւնը Եւ Ներկայ
«Տեռորիզմ»-ը
Լիզպոնի հինգ տղոց ահաբեկչական գործողութիւնը ներկայ դարուս տեղի ունեցող ահաբեկչութիւններու սահմանումին չի պատկանիր, իսկ անոնց անձնասպանական գործողութիւնը էապէս սուրբ է, շատ հեռու` կրօնական ծայրայեղականներու անձնասպանական գործողութիւններէն: Բնաւ պէտք չէ շփոթել մեր ահաբեկչական գործողութիւնը անոնց հետ, որոնք ահ ու սարսափի կը մատնեն անմեղներ: Այս ըսելով` հարկ է ընդգծել, թէ Լիզպոնի հինգին արարքը պէտք է դուրս գայ պատմութեան մէջ դատապարտուած «տեռորիստ» արարք մը ըլլալէ: Այս մէկը կարելի է ընել նախ մեր լեզուամտածողութիւնը մարզելով եւ ապա արշաւներ տանելով` փոխելու միջազգային ընտանիքին տեսանկիւնը այս հարցին, որպէսզի անոնք հայոց պատմութեան «սեւ էջերուն» պատկանելու փոխարէն` դասուին ազգային հերոսներու կարգին:
Լիզպոնի Հինգ Տղոց Սերնդափոխութիւնը
Անշուշտ նախանձելի է Լիզպոնի հինգ տղաքը ճանչցող սերունդը եւ շատ աւելի անձնական է այս սերունդին համար անոնց յիշատակումը, քան` մեր սերունդին, որ որպէս առասպելներ կը մօտենայ Լիզպոնի տղոց: Մեզի համար Լիզպոնի տղաքը Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան մուտքին աջ կողմ ամփոփուած շիրիմին մէջ ամփոփուած աճիւններն են, ուր մոմ կը վարենք, ամէն անգամ որ գերեզմանատուն այցելենք: Լիզպոնի հինգին սերնդակիցներուն համար անոնք այն երիտասարդներն են, որոնք օրին մէկը փակ շրթներով վճռեցին երթալ Լիզպոն ու իրենց ետին ձգելով ձեռագիր նամակներ ու կիսատ տեղեկութիւններ` հերոսացած վերադարձան Լիբանան:
Ժամանակատարածքը (Spatiotemporal)
Քսանմէկերորդ Դարուն
Եթէ ութսունական թուականներուն լիբանանահայութեան մեծ հատուածը բախտը ունեցաւ վերամկրտուելու Լիզպոնի հինգին զոհաբերութեան բագինին վրայ կաթած միւռոնով, իննսունականներու կիսուն եւ աւելի ուշ ծնածները նոյն առիթը չունեցան: Ներկայիս տասնութամեայ կամ քիչ մը աւելի մեծ երիտասարդը աճած է համացանցին պարգեւած արագ հաղորդամիջոցներու օրօրոցին մէջ ու շրջապատուած է դրամատիրական ազատ շուկային պարտադրած նիւթապաշտութեամբ: Այս երիտասարդը, որ այսօր կը զբաղեցնէ ԼԵՄ-ի շարքերը, ստիպուած է միջին հաշուով առնուազն երկու գործ աշխատիլ, որպէսզի կարենայ կա՛մ համալսարանի ծախսերը հոգալ, կա՛մ ալ կեանքի ասպարէզ նետուիլ: Այս պատճառով ալ ան շատ աւելի քիչ ներկայութիւն կ՛ըլլայ ակումբներուն մէջ, ուր երեք տասնամեակ առաջ գործելադաշտ ստեղծուեցաւ Լիզպոնի հինգին: Ակումբներու մէջ անոր ներկայութեան նուազ յաճախականութիւնը կը նուազեցնէ անոր ներկայութիւնը նաեւ Հայ դատի ընթացիկ աշխատանքներուն մէջ: Առ այդ, դաշնակցական-ակումբ կապը մերթ ընդ մերթ կը դադրի առօրեայ անկաշկանդ կապ մը ըլլալէ ու կը վերածուի նպատակի մը: Ակումբ երթալը կը դառնայ նպատակ եւ ոչ թէ` միջոց: Իր կամքէն անկախ, բազմազբաղութեամբ բանտարկուած երիտասարդը պէտք կ՛ունենայ յաւելեալ ճիգ թափելու` ակումբ յաճախելու եւ հաւաքներու մասնակցութիւն բերելու համար. օրինակ, եթէ ան մեծ վաճառատան մը մէջ կամ ճաշարանի մը մէջ կ՛աշխատի, որուն աշխատանքին ժամերը շատ աւելի երկար են պարզ շուկայի ժամերէն, յաճախ կը ստիպուի վիճաբանիլ պատասխանատուին հետ` արձակուրդի ժամերը ակումբի հաւաքներուն յարմարցնելու համար: Լիբանանի միջին երիտասարդի կեանքին մէջ ժամանակը դարձած է աշխուժ գործօն` իր կեանքի զբաղումները դասաւորելու մէջ: Հաւանաբար այս երիտասարդը իր կեանքի հեւքին մէջ նոյնիսկ կրնայ առիթ չունենալ մտածելու յուլիս 27 մը ստեղծելու մասին:
Կարենալ յաղթահարելու համար դարուն պարտադրած կաշկանդումները` հարկ է խաղը խաղալ անոր օրէնքներով: Արհեստագիտութեան դարը երիտասարդներու տրամադրութեան տակ դրած է տարածքներ, որոնք շրջանցած են ժամանակատարածքին (spatiotemporal) ընծայած կաշկանդումները: Համաշխարհային ցանցին ընդմէջէն կարելի է հասնիլ հոծ բազմութեան մը, ու եթէ ճիշդ ձեւերը կիրարկուած ըլլան, կարելի է քանի մը ժամուան մէջ կտրել սահմաններ: Մարգարէն լերան քով երթալու տրամաբանութեամբ, ակումբները փոխադրելով համացանցային այս տարածքին մէջ, հնարաւոր կ’ըլլայ երիտասարդներուն միտքերը սեւեռել Հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ ու զանոնք շարունակել զինել այն ամբողջով, որուն պէտք ունի պայքարելու Հայ դատին համար: Այս մէկը ո՛չ նիւթական կը պահանջէ, ո՛չ ալ կազմակերպիչ յատուկ մարմին, այլ`յանձնառու քանի մը հոգի, որոնք տարբեր ոլորտներով կրնան համացանցին վրայ շինիչ գրառումներ կատարել, անոր շուրջ հետաքրքրութիւն մը ստեղծել ու տրամագիծը լայնցելով` հասանելի դառնալ երիտասարդութեան: Ի դէպ, ընկերային ցանցերուն վրայ արդէն գոյութիւն ունին անուղղակիօրէն նմանօրինակ աշխատանք տանող կայքեր, հարկ է գիտնալ զանոնք լաւ ձեւով օգտագործել:
Աւելի Քան Մէկ Թշնամի Եւ Աւելի Բարդ,
Քան` Մէկ Միաւորում
Երեք տասնամեակ առաջ շատ աւելի յստակ էր թշնամի սահմանումը: Յետարդիական աշխարհի մը մէջ թշնամի սահմանումը ունի իր տարբեր երփնազանութիւնը: Լիզպոնի տղոց միտքին մէջ չկար Թուրքիոյ եւ թուրքին միջեւ տարբերութիւն, ինչպիսին էր պարագան այդ ժամանակահատուածի հայութեան: Ներկայիս Թուրքիան չի ներկայացներ ամբողջութիւն մը, ու թէեւ իր պետական կեցուածքը կը շարունակէ հակահայ մօտեցում, բայց այսօր իր խորհրդարանին մէջ ունի հայ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` կուսակցութիւն մը, որ հրապարակաւ կ՛ընդունի Ցեղասպանութեան եղելութիւնը, բան մը, որ անցեալին ցնորական կը թուէր: Անշուշտ այս մէկը շատ աւելի բարդ է, քան` իր երեւցած պատկերը, որովհետեւ հայկական պահանջատիրութիւնը լոկ Ցեղասպանութեան ճանաչում չէ, այլ նաեւ` հատուցում եւ հողային պահանջ: Հոս կայ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքը կրած, բայց Թուրքիոյ տարածքին մէջ մնացած հայերուն հարցը, ինչպէս` համշէնահայերուն, Տէրսիմի հայերուն, իսլամ հայերուն, թրքացուած հայերուն (ըսել կ՛ուզեմ` թուրքերու հետ պարտադիր պսակ կնքած կիներուն հարցը): Կայ նաեւ տարիներու խզումէ ետք այսօր սփիւռքին հետ վերամիացած Պոլսոյ հայերուն հարցը, որ իր իրողութեամբ կը ստիպէ հայ երիտասարդը երկու անգամ մտածելու Թուրքիոյ հանդէպ իր ունեցած կարծրատիպերուն մասին:
Նորօրեայ պայքարին մէջ երիտասարդը հրաւիրուած է «ահաբեկելու» միտքեր, որոնք կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը եւ իրենց ձայնը հասցնելու նաեւ անոնց, որոնք կը զօրակցին Հայ դատին: Երիտասարդութիւնը հրաւիրուած է նոր ազդու միջոցներ ստեղծելու եւ օգտագործելու իր ներուժը: Այս պայքարին լաւագոյն օրինակն է Քանատայի երիտասարդական միութեան տղոց արարքը` 27 փետրուար 2015-ին, Թորոնթոյի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Ա. Աշխարհամարտին հարիւրամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին, երբ երիտասարդները անձայն ոտքի ելլելով, իրենց կռնակները դարձնելով Ցեղասպանութիւնը ժխտող դասախօսին` ելոյթին խափանեցին խորհրդաժողովին ընթացքը եւ «ահաբեկեցին» դասախօսը (https://youtu.be/SyXCCygVM2I): Այս արարքէն ետք անոնք բողոքի նամակներու արշաւ մը կազմակերպելով` համալսարանէն բացատրութիւն եւ զգաստութիւն պահանջեցին: Հետեւաբար ներկայիս «Լիզպոն գացող մարտիկները» կը գտնուին թշնամին լաւ ճանչնալու եւ դուրս ելլելու դասական «թշնամի» սահմանումէն:
Ճի՛շդ Տղաքը Ճի՛շդ Ժամանակին
Յիշատակի տարեդարձները առիթներ են վերանորոգուելու, այսինքն նաեւ եղափոխուելու` յանուն յեղափոխութեան: Յուլիս 27-ն աւելի յարմար թուական մը չէր կրնար ունենալ` բացի 1983 թուականէն, իսկ Լիզպոն գացող տղաքը ուրիշներ չէին կրնար ըլլալ` բացի Վաչէէն, Արայէն, Սիմոնէն, Սարգիսէն եւ Սեդրակէն, եթէ այս հինգին չնախորդէին գաղափարապաշտ դաստիարակութեամբ թրծուածները անոնք պիտի չկարենային սաւառնիլ «Դէպի Երկիր» ու անոնց հերոսացումին բացակայութեան, մենք դեռատի պիտի ըլլայինք նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց: Լիզպոնի հինգը ոչ միայն կը սորվեցնէ, թէ մեզմէ կրնան խենթեր մէջտեղ գալ, այլ նաեւ, որ այդ խենթերը հմուտ են միջոցներու օգտագործման մէջ: Անձնազոհութիւնը անպայման մահ չի նշանակեր, այլ ապրիլ ու շնչել Հայ դատին մէջ ներդրում ունենալու համար` զոհելով անձնական հանգստութիւն, երբեմն նոյնիսկ ի հաշիւ անմիջական ընտանիքի` յանուն աւելի մեծ ընտանիքի, ազգի: Ի վերջոյ, «Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի, բայց երանի, որ իւր ազգին ազատութեան կը զոհուի»: