ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Պատմագիրը բաւական վառ պատմողական երանգներով կը ներկայացնէ այն դրուագը, թէ ինչպէ՛ս սասանեաններու Շապուհ թագաւորը պարսից արքունիք` Տիզպոն հրաւիրեց հայոց Արշակ Բ. թագաւորը, եւ իրեն նկատմամբ վերջինիս հաւատարմութիւնը քննելու համար հրամայեց արքունիքի սրահին մէկ մասին վրայ սփռել հայկական հող, իսկ միւս մասին վրայ` պարսկական հող: Զրոյցի ընթացքին երկու արքաները մերթ կը կանգնէին հայկական հողով ծածկուած բաժինին վրայ, մերթ` պարսկական հողով բաժինին վրայ: Ամէն անգամ որ հայկական հողին վրայ կը կանգնէր հայոց արքան, կը յիշէր իր հայրենիքը, կ՛ըմբոստանար եւ ուժի դիրքերէ կը խօսէր Շապուհին հետ, մինչդեռ երբ կանգնէր պարսկական հողին վրայ, հաւատարմութիւն կը յայտնէր Սասանեան պետութեան նկատմամբ, զգուշաւոր կ՛ըլլար իր կեցուածքներուն մէջ: Շապուհ թագաւորը տեսաւ, ըստ պատմագիրին վկայութեան, որ կարելի չէ վստահիլ հայոց արքայի հաւատարմութեան, եւ որ` եթէ դարձեալ անոր ոտքը կոխէր հայրենի հողին վրայ, նորէն պիտի ապստամբէր պարսից հզօր պետութեան դէմ: Եւ հայոց արքային ճակատագիրը եղաւ այն, որ բանտարկուեցաւ Անյուշ բերդին մէջ եւ հոն ալ հանդիպեցաւ իր եղերական վախճանին:
32 տարի առաջ, օտար հողի վրայ, պարզուեցաւ վերոյիշեալ պատկերին հակասող երեւոյթ մը: Բուռ մը հայ երիտասարդներ էին` ժողովուրդի ամէնէն համեստ խաւերէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի եւ հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան թոհուբոհին մէջ, հայրենիքէն շատ հեռու, անոնք թրծուեցան հայրենիքի նկատմամբ անչափելի սիրոյ ու պաշտամունքի զգացումով, զանոնք համակեց հայրենի հողը ազատագրուած տեսնելու տենչը, անոնք ապրեցան ու գործեցին գաղափարական եւ ազգային անշեղ հանգանակի մը հիման վրայ, այն է` Հայաստանը ազատ, անկախ եւ միացեալ տեսնել, իսկ հայութիւնը` համախմբուած անոր հողերուն վրայ: Եւ այդ բուռ մը հայ երիտասարդները, այսօրուան պէս, 32 տարի առաջ, իրենց որդեգրած գաղափարական հանգանակը նոյն տեսլականով գործի վերածեցին եւ զոհաբերուեցան հայրենիքի ու ազգի ազատութեան բագինին վրայ: Դարձեալ օտար հողի վրայ էին անոնք եւ ոչ` սեփական հայրենիքի հողին վրայ: Բայց ոչ մէկ վայրկեան զանոնք համակեց ընկրկումի զգացումը: Վիզ չծռեցին երբեք: Լիզպոնն էր` հայ երիտասարդութեան ծառացումի եւ ըմբոստացումի իւրայատուկ դրուագը, որով հետագային դաստիարակուեցան յանձնառու հայ երիտասարդութեան իրերայաջորդ սերունդները:
Երէկ Տիզպոնն էր, այսօր` Լիզպոնը: Երէկ հայոց մեծամեծները կ՛երթային Տիզպոն կամ որեւէ հզօր պետութեան մայրաքաղաք` օտարին հաւատարմութեան երաշխիք տալու, գլուխ ծռելու անոր առջեւ, հայութեան ինքնիշխան իրաւունքներէն զիջելու: Լիզպոնը ուրիշ է: Այս գործողութիւնը այն աքթն է, որով համեստ, բայց յանձնառու հայ երիտասարդները վճռեցին թօթափել իրենց վրայէն ընկրկումի եւ ստորացման բարդոյթները:
Երէկ Տիզպոն, այսօր` Լիզպոն: Ազգերու յաւերժացման ճամբան կը հարթեն տեսլապաշտները, որոնց ի յայտ գալը` պատմութեան բաւիղներուն մէջ, պատահականութեան արդիւնք չէ: Տեսլապաշտներ, գաղափարապաշտներ էին այն երիտասարդները` Լիզպոնի հինգը, որոնք նորովի երիտասարդ սերունդներուն մէջ վերանորոգեցին ազգային իտէալը եւ հայ ժողովուրդի բովանդակ իրաւունքներուն ձեռքբերման համար անտեղիտալի պայքարը: Սարգիսը, Սիմոնը, Սեդրակը, Արան ու Վաչէն կոչուած էին մէկական փարոսներ ըլլալու` հայութեան պահանջատիրական պայքարի յեղափոխականացման ճամբուն վրայ: Եւ Լիզպոնի այդ գործողութեամբ միանգամընդմիշտ պահանջատիրական այս պայքարին մէջ ամրագրուեցաւ Թուրքիայէն հողային պահանջ ունենալու դրոյթը:
32 տարի առաջ եւ այսօր Լիզպոնն է: Օտար հողի վրայ հայկական զսպանակուած ըմբոստութեան իւրայատուկ օրինակը: