Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Սարգիսեանի Յիշատակին

Յուլիս 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-25-15_yegpayrՔառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց վաստակաւոր անդամ Սարգիս  Սարգիսեանը: Ծնած էր Մուսա Լեռ: Փոքր տարիքէն եկած էր Այնճար, ապա ընտանիքով փոխադրուած Հալէպ: Հալէպի մէջ մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն: ՀՄԸՄ-ը եղաւ եղբայր Սարգիսին տունը, ուր անցուց իր կեանքը: Իր նախասիրած մարզաձեւն էր հեծիկը: Ան կը մասնակցէր հեծելարշաւներու եւ Սուրիոյ մէջ հեծելարշաւի ախոյեանութեան տիրացած էր: 1955-ին Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ականներու հետ ան հեծելարշաւ կատարած էր Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ:

Տարիներ ետք Սարգիս Սարգիսեան հաստատուեցաւ Այնճար, ուր կազմեց իր ընտանեկան բոյնը` ունենալով հինգ զաւակներ: Ան սիրեց հողը ու զբաղեցաւ հողագործութեամբ: Այնճարի մէջ եւս գործնապէս ապրեցաւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ: Ան եղաւ ՀՄԸՄ Այնճարի առաջին խմբապետներէն: Ստանձնեց ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին խմբապետութիւնը երկար տարիներ: Եղաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Սկաուտ խորհուրդի եւ վարչութեան անդամ, մասնակցեցաւ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներու: ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտական եւ մարզական հսկայ փաղանգ մը դաստիարակուեցաւ եղբ. Սարգիսի կողմէ: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը զայն պատուեց «Ծառայութեան շքանշան»-ով, իսկ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղը անոր տուաւ գնահատագիր: Մէկ տարի առաջ ան վառեց Մայիսեան փառատօնի ջահը` նախկին խմբապետներու հետ:

Սարգիս Սարգիսեան փոքր տարիքէս տպաւորած է զիս: Ան միշտ ներկայ էր ակումբին մէջ: Տարիներու ընթացքին աճեցաւ իմ համակրանքն ու սէրը անոր հանդէպ:

Սուրիոյ մէջ արդէն ան մտած էր ՀՅԴ-ի շարքերը, ապա նոյն ուղին շարունակած Այնճարի մէջ: Պոլոնիայի ռելի բանակումին խորապէս տպաւորուեցայ անոր արժանիքներով որպէս տիպար խմբապետ: Ան` լքելով իր անձնականը, նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ին: Մեզ կ՛առաջնորդէր զանազան արշաւներու, բանակումներու եւ մարզախաղերու: Բոլոր առիթներուն Սարգիս Սարգիսեան կ՛ուզէր մեր մէջ դնել տեսիլք ու մեր հոգիները թրծել հայկական շունչով եւ մարզական ոգիով: Խոր ծերութեան իսկ ան կը հետաքրքրուէր ՀՄԸՄ-ով ու կ՛ապրէր ՀՄԸՄ-ով: Յաճախ կ՛այցելէի իրեն եւ կը տանէի «Մարզիկ» ամսաթերթը, կը պատմէի ՀՄԸՄ-ի ներկայ կեանքին մասին: Ան կարծես կրկին կ՛երիտասարդանար: Կը կրկնէր, թէ ՀՄԸՄ-ը իրեն համար անմոռանալի միութիւն է: Մահուան պահուն, իր ընտանիքը Սարգիսը գտած է ՀՄԸՄ-ի 90-ամեակին նուիրուած գիրքը կուրծքին վրայ` բաց: Ան մահացած է ՀՄԸՄ-ի գիրքը կարդալու ատեն…: Թաղման ընթացքին ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց տիպար միութենականին:

Սիրելի՛ եղբ. Սարգիս, ընդունէ այս տողերը որպէս յարգանք քու յիշատակիդ եւ բուռ մը խունկ շիրիմիդ: Մեկնիր խաղաղօրէն միանալու մեր նախկին ՀՄԸՄ-ականներու փաղանգին: Իւրաքանչիւր այնճարցի ՀՄԸՄ-ականի հոգիին մէջ զանազան դաստիարակիչ պատմութիւններով վառ է քու յիշատակդ: Դուն եղար բազմաթիւ ՀՄԸՄ-ական սերունդներու դաստիարակը: Մենք կը խոստանանք միշտ բարձր ու կանգուն պահել քու պաշտած ՀՄԸՄ-դ: Պիտի քալենք քու գծած ուղիէդ, յարգելի՛ տիպար խմբապետ:

Վարձքդ կատար, հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ եղբայր:

ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Նախորդը

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը» (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Յաջորդը

Ընկերուհի Երանուհին

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?