Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը» (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Յուլիս 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

7-24-15_Fedayees

Ուրեմն այսպէս: 120 տարի առաջ Վանի հայութիւնը կեանքի եւ մահուան  ֆիզիքական պայքարի մէջ էր: Այս պայքարը կը մղէին նորակազմ երեք կուսակցութիւնները իրենց մարտական ուժերով` հնչակեան Մարտիկի, դաշնակցական Պետոյի եւ արմենական Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ:

Օտար հիւպատոսներ կը միջնորդեն եւ համաձայնութիւն կը գոյանայ. դէպի Պարսկաստան ազատ ելք տալ հայկական զինեալ խումբերուն: Նահանջի ճամբու կիսուն աղէտը կը հարուածէ: Հայ մարտիկները մինչեւ վերջին փամփուշտը կրակելէ ետք կը նահատակուին: Օսմանեան իշխանութիւնը դրժած էր իր խոստումը:

Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբին դէմ այս դաւադիր արարքին համար, օսմանեան իշխանութիւններուն իբրեւ կոյր գործիք ծառայած էր քրտական ցեղախումբ մը` մազրիկ:

Հարց կը ծագի: Պէտք է պատժե՛լ մազրիկ ցեղախումբը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել մեր ժողովուրդը: Պէտք է յստակ պատգամ մը, դաս մը փոխանցել բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը թափեն, որ չհամարձակին նման քայլի դիմելու:

Ծրագիրը կը մշակուի, կազմակերպչական ու գործնական աշխատանքները կը տարուին: Պատժիչ արշաւանքը տեղի կ’ունենայ 1897-ի յուլիս ամսու 25-ին: Այս յանդուգն գործողութիւնը «կը պատմուի» նաեւ «Կարկուտ տեղաց» երգով (*):

Դէպքերը չեն մոռցուիր: Ոչ ալ` անոնց ծնունդ տուող գաղափարները կամ մտածողութիւնը: Բայց երբեմն ալ դէպքերն են, որ նոր գաղափարներ կը ստեղծեն եւ կամ կը բիւրեղացնեն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գաղափարները:

Խանասորի արշաւանքէն 8 տարի ետք, 1905-ին, հայ֊թաթարական կռիւները կը սկսին, այս անգամ` Կովկասի մէջ: Արդէն վտանգուած էր Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ ապրող հայութիւնը, հիմա նոյն վտանգը կը սպառնայ նաեւ Հայաստան աշխարհի` ցարական կայսրութեան ենթակայ բաժինին մէջ: Խանասորի տրամաբանութիւնը եւ դասը կը կրկնուին հոս եւս:

ՀՅ դաշնակցութեան առաջին Ծրագրին (1894) մէջ կը խօսուէր միայն օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող հայութեան ճակատագրին, «թիւրքաց Հայաստանի» մասին: Խօսք չկար հայութեան արեւելեան հատուածին կապակցութեամբ:

Խանասորը եւ 1905-ի կռիւները ծնունդ տուին նոր գաղափարի մը, որ Դաշնակցութեան Դ. Ընդհանուր ժողովին (1907) վերամշակուած Ծրագրին մէջ կը բանաձեւուի մէկ տողով: Մէկ տող, բայց` այնքա՛ն բովանդակալից. «Դաշնակցութիւնը կը պաշտպանէ հայ ժողովուրդին բովանդակ շահերը»: Այսինքն` առանց աշխարհագրական, դասակարգային, տարիքային, կամ որեւէ այլ տեսակի խտրութեան:

Խանասորը տեղի ունեցաւ ֆիզիքական զէնք ու զինամթերքով. բայց  ատիկա մարտավարական խնդիր էր: Նոյն տրամաբանութեան տարբեր արտայայտութիւններն են բոլոր այն քայլերը, որոնք կ’առնուին այս անգամ քաղաքական բանակցութիւններու սեղաններուն շուրջ:

Նորագոյն օրինակներով` իւրայատուկ «Խանասոր» էր անցնող յունուարին, երբ հայութեան պետական ու քաղաքական աւագանին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն ամբողջ աշխարհին յայտարարեց մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու կամքը` համապատասխան փաստաթուղթով:

Իւրայատուկ «Խանասոր» էր Վատիկանը, անցնող ապրիլին, երբ Ֆրանչիսկոս պապը եւ զոյգ կաթողիկոսները (հայկական պետական աւագանիին ներկայութեան) ընդգծեցին նոյն փաստը:

Իւրայատուկ «Խանասոր» մը կը մղուի նոյն այս օրերուն` Պելճիքայի խորհրդարանի քուլիսներուն եւ ժողովասրահին մէջ: Նմանօրինակ պայքար կը մղուի միջազգային քաղաքական ուժի բոլոր կեդրոններէն ներս, Եւրոպական միութեան մայրաքաղաքներուն, թէ ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ:

Եւ վերջապէս, Խանասորի տրամաբանութիւնը այս անգամ ֆիզիքակա՛ն կերպով ներկայ է Հայաստան֊Ազրպէյճան սահմանին վրայ, ուր հայկական զինուժը հակառակորդին միշտ կը յիշեցնէ` «մտքերնէդ սխալ բաներ չանցընէք, յիշեցէ՛ք Խանասորը եւ…Աղդամը»:

Այս բոլոր Խանասորներուն զինուորներն ենք բոլորս ալ: Եթէ տատամսողներ կան, թող մէկդի դնեն իրենց տատամսումը: Յստակ է ամէն ինչ: Պայքարի միջոցները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց հայութեան իրաւունքներուն համար մղուող պայքարին բովանդակութիւնը նոյնն է ամէն տեղ:

Հիմա ամառ է: Բազմահազար հայ զբօսաշրջիկներ սփիւռքի զանազան վայրերէն Հայաստան կը մեկնին: Բայց Հայաստանը միայն եկեղեցի, միայն Գառնի֊Գեղարդ չէ: Մեր ջերմ թելադրանքն է բոլորին` Գանձասարի (Արցախ) ճամբուն վրայ այցելել Ծաղկաշատ գիւղը (նախկին Ղշլաղ), մտնել Խանասորի արշաւանքին հրամանատար Վարդանի եւ այդ արշաւանքին ոգին հանդիսացող Նիկոլ Դումանի տուն֊թանգարանները, յիշել այդ սերունդին սխրագործութիւնը` այդ օրուան իրենց ճաշի սեղանին շուրջ խմբովին երգելով «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգը ու վերադառնան իրենց խիղճի լուռ երդումով` զինուորագրուիլ մերօրեայ խանասորներուն, որովհետեւ իրապէ՛ս Խանասոր է ամէն տեղ:

 

(*) Խոստովանիմ, որ ինծի անծանօթ է այս երգին հեղինակը: Թովմաս Պօղոսեանը, կամ  հայաստանաբնակ ընկերներէս Ներսիկ Իսբիրեանը արդեօք կրնա՞ն հրապարակային յիշեցում մը կատարել…Ներսիկը կը նշեմ, որովհետեւ իրմէ իմացած եմ, որ Քեռիի երգին («Չորրորդ գնդի հրամանատար») հեղինակը Աշուղ Միջազն է, իսկ Թովմաս Պօղոսեանէն սորված եմ, որ «Հայ զինուորին սկզբունքը» (աւելի ծանօթ իր առաջին տողով` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք») երգին հեղինակը Աշուղ Ֆարհատն է:

Լոս Անճելըս,
Յուլիս 23, 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Դէպի Փեթրա

Յաջորդը

Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Սարգիսեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?