Անդրադարձ

Ո՛վ Կը Յիշէ Կամ Կը Կարդայ Զարեհ Որբունին…

«Անի» Անունով Ամսագիր Մը Կար…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Անցեալները 1954 թուականը կրող «Անի» ամսագրի հին ու գունաթափ թիւ մը ինկաւ ձեռքս: Հաճոյքով թղթատեցի զայն, ընթերցումներ կատարեցի հոսկէ-հոնկէ, մասնաւորաբար հետաքրքրուելով, թէ որո՛նք աշխատակցեր էին գրական որակաւոր այս պարբերականին: «Անի»-ն լոյս տեսած է լիբանանահայ գրագէտ-բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի (1908-1998) խմբագրութեամբ, Պէյրութ, 1946-1955: Ժամանակաշրջան մըն էր ասիկա, երբ սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութ ունէր իր գրական պարբերաթերթը, երբեմն` մէկէ աւելի: Պոսթընը ունէր «Հայրենիք» ամսագիրը, Նիւ Եորքը` Բենիամին...

Անդրադարձ.  Ահազանգ Հայաստանի Ջրելեկտրակայաններու Եւ Վերանորոգելի Ուժանիւթի Մասին

Անդրադարձ. Ահազանգ Հայաստանի Ջրելեկտրակայաններու Եւ Վերանորոգելի Ուժանիւթի Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախաբան Ուժանիւթը բոլոր ժամանակներու քաղաքակրթութիւններու զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է: Հոսող ջուրի օգտագործումը, որպէս մղիչ ուժ, բնութեան շնորհած կարեւորագոյն բնական ուժանիւթերէն է` արեւային ջերմուժի, հովի, ստորերկրեայ ջերմուժի եւ կենսաբանական ուժանիւթի կողքին: Սկսելով հին դարերու ոռոգումի համար օգտագործուող ջրանիւներէն, ցորեն աղալու ջրաղացներէն մինչեւ աւելի արդի ժամանակներու ջրելեկտրակայանները: Պատերազմները անպակաս են ուժանիւթի տիրանալու ուժանիւթի բաշխումին տիրանալու, եւ...

Հիւսիսային Պողոտան

Հիւսիսային Պողոտան

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երեւանի oփերայէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ երկարող Հիւսիսային պողոտան մայրաքաղաքի սիրտն է: Ամրան երեկոներուն պողոտան լրիւ տարբեր կշռոյթով կը բաբախէ, տարբեր գունաւորում կը ստանայ, տարբեր համ ու հոտ: Գտնուած եմ զանազան մայրաքաղաքներու հրապարակները, շատ բաներու ականատես եղած եմ, սակայն Երեւանի նման բան չեմ տեսած. թերեւս հայկական է, իմ հարազատս է ըսելո՞վ... չեմ կարծեր, որովհետեւ օտար այցելուներ ալ միեւնոյն տպաւորութիւնը...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. Հայաստանը Պէտք Է Սիրել Իր Բոլոր Երեսներով

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ շրջանները դարձեալ անհանգիստ են: Հրադադարի խախտումները արդէն մաս կը կազմեն սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու առօրեային: Բերքահաւաքի թէ գիշերուան քունի ընթացքին, յետմիջօրէին կամ դպրոցական ժամերուն ազրպէյճանական դիրքերէն անակնկալ գնդակոծումները չեն խնայեր նոյնիսկ խաղաղ բնակչութիւնը: «Շփման գիծին» կամ ռազմաճակատներուն մօտիկ ապրող հայ գիւղացին, որ հանապազօրեայ հաց ճարելու խնդիր ունի, ստիպուած է նաեւ դիմանալ ու դիմադրել ազրպէյճանական զօրքերու...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Մտորումներ Հայաստանի Անկախութեան 24-րդ Տարեդարձին Առիթով

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Հայաստանի անկախութեան 24-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ Կլենտէյլի` Հայաստանի հիւպատոսութեան կազմակերպած տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսը ըլլալու պատիւը վիճակուած էր ինծի: Ահա հատուածներ` իմ ելոյթէն, որոնք կ՛արտացոլեն մեր երկրի ձեռքբերումներէն քանի մը հատը` անկախացումէն ի վեր, եւ մարտահրաւէրները, որոնք մինչեւ օրս ծառացած են անոր առջեւ: Առաջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել նշանակալի ձեռքբերումը Ղարաբաղի ազատագրումն էր եւ...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Մի Քանի Օր Թեհրանի Հայ Համայնքում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Սեպտեմբերի 21-25 անցկացրի Իրանում, եթէ աւելի ճիշտ ասեմ` Երեւան-Թեհրան-Երեւան օթոպիւսում, իսկ երկու գիշեր ու երեք օր` հարեւան իսլամական հանրապետութեան մայրաքաղաքում` 15 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թեհրանում: Աւելի քան քսան անգամ եղել եմ հարաւային հարեւան երկրում, լուսաբանել նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, Հայաստանի նախագահի եւ արտաքին գործերի նախարարի այցեր: Ես լրագրողական ճամբորդութիւնների սիրահար եմ, քանի որ առաջին հերթին անմիջական շփումների, շարքային...

Գիտաժողով	.  Արդի Հայերէնի Հիմնախնդիրներ

Գիտաժողով . Արդի Հայերէնի Հիմնախնդիրներ

18-19 նոյեմբեր 2015-ին Համազգային հայ կրթական մշակութային միութիւնը եւ Երեւանի պետական համալսարանը կը կազմակերպեն գիտաժողով` նուիրուած արդի հայերէնի հիմնախնդիրներուն: Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն եւ արդիական չափանիշներով արժեւորել հայոց լեզուի վիճակը, անդրադառնալ պետական լեզուաքաղաքականութեան, հայոց լեզուի տարածման եւ կանոնարկման, որոնց կարգին` լեզուի գործածութեան, պահպանման եւ զարգացման խնդիրներուն: Գիտաժողովին կը հրաւիրէ գիտնականներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Զեկուցումներու դիմումներն ու թեզերը կ՛ընդունուին մինչեւ 10...

Վերամուտ

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Օ՛ն, աղջիկնե՛ր, թօթափեցէ՛ք օգոստոսեան հրակէզ տօթը ձեր վրայէն, վերամուտ է: Ծրագրել, դասաւորել, պատրաստուիլ պէտք է, կամաւորը կը նետուի, դանդաղ շարժելու իրաւունք չունի, կամաւորը պիտի տայ, բաժնէ` գործ, գաղափար, հոգեկան հասկացողութիւն: Ֆրանսայի մէջ չորսէն մէկը կամաւոր է. երեք միլիոն ֆրանսացի մնայուն ձեւով կամաւոր աշխատանք կը տանի` շաբաթական երկու ժամ տրամադրելով: Քանատայի մէջ տասնհինգ տարեկանէն վեր արդէն կամաւոր աշխատանքի կը...

Այծեմնիկ

Այծեմնիկ

Այս արիասիրտ հայ կնոջ`  Այծեմնիկի անունը կապուած է 1126 թուականին Անի քաղաքի պաշտպանութեան համար մղուած հերոսական կռիւներուն: Այս շրջանին Փատլուն  ամիրան մեծ զօրքով եկաւ եւ պաշարման ենթարկեց Անին, որուն հայ բնակչութիւնը ոտքի ելաւ իր սիրելի քաղաքը պաշտպանելու համար: Ըստ Սամուէլ Անեցի  պատմիչին, կռիւը տեւած է ամբողջ տարի մը եւ մահ ու աւեր սփռած` ամբողջ Շիրակ գաւառին մէջ: Մայրաքաղաքի բնակչութիւնը եւս...

ԼՕԽ. Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ Այնճարի Մէջ

ԼՕԽ. Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ Այնճարի Մէջ

Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծառայութիւն, ընկերային արդարութիւն բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական «Ֆինն չըրչ էյտ» կազմակերպութեան ֆինանսաւորութեամբ եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ճաշի եւ ձեռարուեստի սեմինարներ»-ուն չորրորդ եւ վերջին հանգրուանը, տեղի ունեցաւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, 11-13 օգոստոս 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն ներկայութեամբ: «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները անգամ մը եւս ստանձնեցին դասատուի պարտականութիւնը, իւրաքանչիւր օր, կատարեալ ձեւով...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Կազդուրման Կայան» Ծրագիր

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Կազդուրման Կայան» Ծրագիր

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ 1939-ին ստեղծուած «Կազդուրման կայան» ծրագիրը երկար տարիներէ ի վեր իրագործուող ծրագիր մըն է, որուն նպատակը եղած է կազդուրել այն երեխաները, որոնք վատառողջ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ առիթը չի ներկայացուիր իրենց կազդուրուելու: Մինչեւ 1975-ի Լիբանանի պատերազմը «Կազդուրման կայան»-ը որպէս վայր կը գործածէր Շթորայի «Աղբալեան» վարժարանը: Հոն էր , որ երեք ամիսներու տեւողութեամբ, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր,...

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

ԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի  իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու վայելելու բնութեան բարիքները: 2015-ի յունիս ամսուան մէջ գումարուած մասնաճիւղերու...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Ատհայի տօնին առիթով, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան շնորհաւորական ուղերձներ ղրկեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտըլ Լաթիֆ Տըրիանի, շիիներու ընդհանուր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտըլ էմիր Քապալանի, իսլամ քարոզիչ Սէյիտ Մուհամատ Հըսէյն Ֆատլալայի, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալէմի, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ապաաս Իպրահիմի եւ Լիբանանի կառավարութեան սիւննի, շիի եւ...

«Արմէնչիկացրել Ենք Կայքերը` Չանդրադառնալով Ձեռնափայտով Նախագահական Պալատ Հասած Հերոսին». Գիւմրու Թատրոնի Արտադրիչ

«Արմէնչիկացրել Ենք Կայքերը` Չանդրադառնալով Ձեռնափայտով Նախագահական Պալատ Հասած Հերոսին». Գիւմրու Թատրոնի Արտադրիչ

ՆՈՒՆԷ ԱՐԵՒՇԱՏԵԱՆ «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցում Գիւմրու Տրամաթիքական թատրոնի արտադրիչ Տիգրան Վիրաբեանն, անդրադառնալով ամերիկահայ ռաբիզ երգիչ Արմէնչիկին վաստակաւոր արտիստի կոչում շնորհելու շուրջ բարձրացուած աղմուկին, ասաց. «Եկէք` չմոռանանք, որ նա այսօր Հայաստանի ամենապահանջուած արուեստագէտն է: Ուզենք, թէ չուզենք, նա ամենապահանջուածն է, թէ ինչո՞ւ ենք պահանջում իրեն, դա խնդրի միւս կողմն է: Ու ոչ միայն Հայաստանում է պահանջուած, այլ` դրսում, նա կարող է...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Եկէ՛ք, այս պատմական օրուան առիթով հաւաքաբար խոնարհինք Հայաստանը չտեսած, հայրենիքի կարօտով սնանած ու կազմաւորուած, հայկական թաղամասերը ոգեղէն հայրենիքի վերածած ու անոնց պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած անձնուրացներու յիշատակին դիմաց: Եկէ՛ք, միասնաբար խոնարհինք մեր ակումբներու ու ժողովրդային տուներու մէջ իրենց գաղափարական սնունդը ստացած, ջան «ֆետայի»-ին նուիրուած երգերը աղօթքի վերածած եւ այդ երգերը մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը եւ արեան վերջին կաթիլը խրոխտ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար Ս. Օհանեանի Ուղերձը` Ուղղուած Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Մասնակիցներուն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ողջունում եմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած միջոցառման նախաձեռնողներին եւ մասնակիցներին: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը յանուն ազատութեան մղուող պայքարի պատմութիւն է, որը լի է եղել զրկանքներով, տառապանքներով, պայքարով, արարչութեամբ եւ յաղթանակներով: Ճակատամարտել ենք Աւարայրի դաշտավայրում, Կիլիկիայի բերդերի վրայ, Սարդարապատում, Շուշիում: Այդ պայքարը` յանուն գոյատեւման եւ հայապահպանութեան, արժանապատուութեան եւ ազատութեան փոփոխական յաջողութիւններով շարունակուել է դարեր ու հազարամեակներ, հզօրացել է կամ...

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Լիբանանի հայութեան մեր սիրելի զաւակները: Արդարեւ, հոգեկան գոհունակութեամբ կը նշմարենք, որ վերջին շրջանին Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ գործող մեր բոլոր կառոյցները լծուած են տենդագին աշխատանքի, վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի ենթարկելով իրենց գործունէութիւնը` Լիբանանի հայութեան հաւաքական կեանքը առաւել ծաղկեցնելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Լիբանանի հայ գաղութը անցնող տասնամեակներուն...

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Տիգրան Պէօճէքեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Տիգրան Պէօճէքեանի Արտասանած Խօսքը

Այսօր հոս հաւաքուած ենք յիշելու, ոգեկոչելու յիշատակը բոլոր այն նահատակներուն, որոնք ինկան քառասուն տարի առաջ ծայր առած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Չենք կրնար այդ օրերը յիշել առանց անդրադառնալու մեր համակիրներու յանդուգն եւ անձնազոհ աշխատանքի մասին: Չենք կրնար այդ օրերու մասին պատմել` առանց յիշելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (Թրատի պարագային «Շուշանիկ» մասնաճիւղը) եւ տակաւին նոր հիմնուած ԼԵՄ-ը` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը («Նիկոլ...

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Ժաք Յակոբեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Ժաք Յակոբեանի Արտասանած Խօսքը

13 ապրիլին  40 տարի անցաւ այն թուականէն, երբ լիբանանեան հողերուն վրայ ուրիշներու հրահրած պատերազմին պատճառով երբեմնի բարեկեցիկ երկիրը վերածուեցաւ կռուախնձորի` իր հարազատ զաւակներուն միջեւ: Արեւելքի մարգրիտը` Պէյրութը թաղուեցաւ փլատակներու տակ, երկփեղկումը լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն միջեւ հասաւ իր գագաթնակէտին: 15 տարի տեւած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկիրը արդէն այն չէր, ինչ որ էր ամենակուլ պատերազմէն առաջ: Բոլորը անխտիր տուժեցին...

ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէի Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Յովհաննէս Խօշեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէի Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Յովհաննէս Խօշեանի Արտասանած Խօսքը

Եօթանասունական թուականներու սկիզբը Լիբանան կ՛ապրէր իր փառքի օրերը: Բոլոր մարզերը աշխուժ վիճակի մէջ էին: Պէյրութի գիշերներն ու ցերեկները միախառնուած էին: Բայց յանկարծ փառքի այդ վիճակը փուլ եկաւ, երբ ծագեցան քաղաքացիական կռիւները: Լիբանան, յատկապէս Պէյրութը բաժնուեցաւ երկուքի` արեւելեան Պէյրութ եւ արեւմտեան Պէյրութ: Կողմերը երբեմն մեղմ, բայց յաճախ շատ բուռն բախումներ կ՛ունենային: Հայոց վիճակը դարձաւ անտանելի ու շատ դժուար, որովհետեւ հայեր կ՛ապրէին...

Page 748 of 806 1 … 747 748 749 … 806

Արխիւներ