Վերամուտ
ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Վերադարձէք, երա՜մ երա՜մ, ձեր հարազատ տուն, ուր կ՛ակնկալուի ձեր ետդարձը, կարօտով: Աշնան սեմին ծաղկեցուցէք կրկի՛ն, ձեր ծիծաղներով ու խաղերով, մեր տան պարտէզներն նօսրացած: Թող հնչէ կրկին, երկի՛նքն ի վեր, ձեր եզակի դայլայլն աննման: Թող ոգեւորէ ձեր սլա՛ցքն ի վեր, դուք յուսադրի՛չ երամներ անվարան: Այս տանը մեր, հաւատարիմնե՛ր, ձեր ճախրանքով շնորհեցէք նո՛ր փառքեր:


















