Անդրադարձ

Մասնաճիւղերու Աշխատանքներ

ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը (Ռապիէ), նախաձեռնած էր աշնանային հանդիպումի ձեռնարկ մը ներկայութեամբ ներկայացուցիչին, հիւրերու, խաչուհիներու եւ ԼՕԽ-ի նեցուկ կանգնող 180 համակիրներու, որոնք մուտքին ստացան գունաւոր հովանոցներ` վարչութեան կողմէ: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղի տարեկան յատկացումները, որոնք կը կատարուին ծերերուն, աշակերտներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան...

Կամաւորներու Օր.  Հայութեան Կեանքին Մէջ Կամաւոր Սկզբունքով  Գործող ԼՕԽ-ը Հզօրութեան Եւ Հպարտութեան Աղբիւր Է

Կամաւորներու Օր

Ամէն տարի, 4 դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ը կը տօնէ «Կամաւորներու օր»: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այս տօնին, որ կը խօսի իր սրտին: ԼՕԽ-ի բոլոր անդամուհիները բոլոր ժամանակներուն կամաւոր աշխատողներ եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ: Ահա՛ թէ ինչու ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հանդիսաւոր շուքով եւ արժանաւորապէս կը տօնէ այս օրը: 28 նոյեմբեր 2015-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց «Կամաւորներու օր»-ը...

Հալէպը Կրկին Աղէտ Ապրեցաւ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Դեկտեմբեր Բ./2015. Սփիւռքը Նոր Պատկերով

Հայութեան երկու երրորդը այսօր կ՛ապրի սփիւռքի մէջ: Վերջին տարիներուն, Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակին պատճառով երկրէ երկիր տեղափոխութիւններուն, տեղւոյն հայ գաղութներու թիւին նօսրացումին, անոր փոխարէն` արեւմտեան շարք մը երկիրներու մէջ գաղութներու թուային աճին, որոնց կողքին հայրենիքէն արտագաղթին պատճառով հայկական սփիւռքը յայտնուած է նոր իրավիճակի մէջ: Ցաւօք պէտք է արձանագրել, որ հայ զանգուածներու հեռացումը Միջին Արեւելքէն պիտի զրկէ անոնց պատմական հայրենիքին մերձաւորութեան,...

Գ. Չեմպերճեանն Ու Լ. Սարգսեանը Պարգեւատրուած Են «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Գ. Չեմպերճեանն Ու Լ. Սարգսեանը Պարգեւատրուած Են «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան  ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարած կարեւոր բարեսիրութեան համար «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած են «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուաւոր նախագահ, բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանն ու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Լեւոն Սարգսեան: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Գ. Մաս

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Պատերազմներ Եւ Յեղափոխութիւններ Հայոց աշխարհը իր հիմերէն սարսող 1914-1924 տասնամեակի հրդեհները` Ա. Աշխարհամարտ, Ցեղասպանութիւն, ռուսական զոյգ յեղափոխութիւններ (փետրուար եւ հոկտեմբեր 1917), Սեւրի դաշնագիր, հայ-թրքական պատերազմ, Հայաստանի խորհրդայնացում (1920), ֆրանսական նահանջ Կիլիկիայէն (1922) եւ հայ գաղթականութեան ցրւում` Կ. Սասունին ուսանողական կեանքէն ուղղակի կը նետեն բոլոր ճակատներուն վրայ: 1914-ի աւարտին, մինչ կը յայտարարուի պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ,...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Երբ Սուրիոյ մէջ ծագած կռիւները քանի մը տարի առաջ Հալէպ հասան, բազմահազար սուրիահայեր տուն, խանութ եւ գործարան իրենց ետին ձգելով` ապաստան գտան հայրենի խաղաղ երկնքին տակ: Անոնցմէ շատեր յոյս ունէին, որ պատերազմը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ բոլորն ալ պիտի վերադառնան իրենց քաղաքը: Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ անցան եւ ոչինչ փոխուեցաւ Սուրիոյ ներքին ռազմաճակատներուն վրայ, ընդհակառա՛կը, կացութիւնը աւելի վատթարացաւ,...

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը

  Ֆեթհիյէ Չեթինը իրաւաբան, մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ Թուրքիոյ ականաւոր գրողներէն մէկն է: 14 նոյեմբեր 2015-ին ան հրաւիրուած էր Նիւ Ճըրզիի Ռամափօ քոլեճի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան հետազօտութեանց Կրոս կեդրոնի բաժինին մէջ հետեւեալ բանախօսութիւնը ներկայացնելու: Չեթին իր բանախօսութիւնը կարդաց թրքերէն լեզուով, որը նախապէս թարգմանուած էր անգլերէնի Նուրհան Պեչիտեանի կողմէ: Չեթինի ընթերցման հետեւելով, պարբերութիւն առ պարբերութիւն, անգլերէն թարգմանութիւնը կարդացուեցաւ հանրութեան: Բանախօսութեան հայերէնի...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.  Ուխտապահներու Ճանապարհով (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ուխտապահներու Ճանապարհով (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ չկայ ազգային գաղափարի մը շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւն մը, ինչպիսին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Մէկ դար ու քառորդ ազգային առաքելութիւն մը` լի բազում զոհողութիւններով: 125-ամեայ ճանապարհ մը` աննկարագրելի խոյանքներով ու մահագուպարներով: Ո՞վ է դաշնակցականը: «Ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնովն իսկ ծառայելու հայրենիքին»... պարզ` այս մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփուած ու կերտուած է Դաշնակցականի կերպարն ու ինքնութիւնը: Այսօր չունինք...

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ - Եւգինէ Եփրեմեան (Տը Կրեֆ) - Ալեքս Պերեճիկեան (Պէրլեան) Արձանագործուհի Եւգինէ Եփրեմեան -Տը Կրեֆ Պատերազմի ժամանակ յաղթանակ տարած մեր անձնուէր հերոսներուն կը նմանին մեր արուեստագէտները, խաղաղութեան մէջ քանդակ մը, համանուագ մը կամ քերթուած մը նոյնքան ազդու են, որքան հայ զինուորին արձակած ռումբերը... դէպի թշնամին: Երկու արուեստագէտներ, երկու ցեղասպանութենէ փրկուած ծնողներու ժառանգներ` Եւգինէ Եփրեմեան` Տը Կրեֆ արձանագործուհի եւ Ալեքսան...

Ակնարկ.  Ժողովրդավարացումով  Տագնապողները

Ակնարկ. Ժողովրդավարացումով Տագնապողները

Սահմանադրական հանրաքուէին առիթով արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը տեղի տուած է թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու լայն արձագանգի: Ընտրութիւններու եղանակին մասին դէտերու թէ ընդհանրապէս տարբեր պետութիւններու գնահատականները  բնականաբար միայն իրաւական սահմաններու մէջ չեն ըլլար` օրէնքը կիրարկած ըլլալու, քաղաքացիին ազատ կամքին վրայ չազդելու, ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները յարգած ըլլալու եւ ընդհանրապէս տեսականօրէն ընտրակարգի բիւրեղացումը առաջադրող սկզբունքները գործադրելու առումներով: Քաղաքական ուղղուածութիւնը...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Բ. Մաս

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Բնանկար՝ լեռնային գիւղի բնակարանով եւ բնակիչներով Անուններ Եւ Բանասիրութիւն «Լեռներու խորհուրդը» ժողովածուի շապիկին վրայ հեղինակի Վիգէն Գլակ անունին խորհրդապահական ձեւով կ՛ընկերանայ երկրորդ` «Կարօ Սասունի» անունը, աւելի փոքր տառերով ու փակագիծի մէջ: Այս կրկնութիւնը կը թելադրէ մտածուած ընտրութիւն մը, ինքնութեան դաւանում մը: Միասնաբար անոնք կը յուշեն կարեւորութիւնը անուանակոչական արարքին, անձնանուանումի իմաստային պաշտօնին: Կարօ Սասունի ծնած է 1888-ի (կամ...

«Մայր» Ու «Որդի» Արարատի Գագաթին  (Վարդան Մելքոնեանին Եւ Մարիա Ճէյքըպսընին)

«Մայր» Ու «Որդի» Արարատի Գագաթին (Վարդան Մելքոնեանին Եւ Մարիա Ճէյքըպսընին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       «... Բայց մենք բոլորս հոս ենք, սիրելի՛ Վարդան, փաղանգ մը ամբողջ մայրերու, քեզ հիւրընկալելու եւ փայփայելու»: ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆ (Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ) Ճիշդ է, որ կեանքի իրականութիւնները ո՛չ ոք կրնայ չակերտել, ո՛չ ոք կը համարձակի զանոնք լուսանցքայնացնել, իմաստազրկել եւ կամ իրենց  էութենէն պարպել, պարզապէս շրջանցելու համար դառնութեամբ թէ տառապանքով յագեցած անհատական կեանք մը, մոռացութեան մատնելու...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Ժընեւեան Հայաբոյր Երեկոյ Մը ` Սուրիահայ Աշխարհահռչակ Երգչուհի Լենա Շամամեան Խրոխտ Կանգնեցաւ «Վիքթորիա Հոլ»-ի Բեմին Վրայ

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Վիրաւոր Սուրիոյ գաղթական զաւակները եւ ժընեւաբնակ երաժշտասէր ընտրանի մը, շուրջ հազար հանդիսատես, աւելի քան երկու ժամ անընդհատ, յոտնկայս ծափողջոյններու ընդմիջումներով, ունկնդրեցին սուրիահայ աշխարհահռչակ երգչուհի Լենա Շամամեանի իւրայատուկ կատարումները: Ժընեւի «Վիքթորիա հոլ»-ը, իր դասական յարդարումով, եւրոպական բարձրորակ երաժշտական փարոս մըն է, ուր կը սլանան աշխարհահռչակ արուեստագէտներու կատարումները: Շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին, Լենա Շամամեան իր արտակարգ ելոյթով այդ հորիզոնին բարձրացուց...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անշէջ Հուրը

Եթէ կը սպասես դուն տենդագին` Բախտաւոր ես, առանձնաշնորհեալ. Անշէջ հուրը կողքիդ է արդէն Ան հպումով գողտրիկ Կը պարուրէ քեզ սիրակէզ: *** Աչքերուդ մէջ կը գծուին Սիրալիր հորիզոններ գորովի` Կարծես գինովցած ըլլային Իրենց հայեացքէն ընդմիշտ: Ձեռքերը կը միանան մեղմօրէն Զօրակցելու սիրակէզ հպումին շրթներուն Դանդաղօրէն կը միանան առյաւէտ Ըլլալու մէկ միութիւն, մէկ զօրութեան: Աչքերը գոց կ՛երազեն աշխարհներ սիրալիր Ուր սէրը կ՛իշխէ ամէնուրեք...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով.  Գիր Օրհնութեան Ու Գնահատանքի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով. Գիր Օրհնութեան Ու Գնահատանքի

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն: Ներկայ տարին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակն է: Արդարեւ, անցնող 125 տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ դարձաւ մնայուն ներկայութիւն` մեր գերագոյն արժէքներուն կենսագործման ու ձգտումներուն իրագործման բերած իր ամբողջական ու յանձնառու մասնակցութեամբ: Սովորական քաղաքական կուսակցութիւն չեղաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, բառին...

Թիւրիմացութի՞ւն, Թէ՞ Զրպարտութիւն

Թիւրիմացութի՞ւն, Թէ՞ Զրպարտութիւն

Յարգարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ » օրաթերթի, Ընթերցելով «Ազդակ» օրաթերթի 15 դեկտեմբերի համարին մէջ մեր դէմ ուղղուած նամակ մը, ստորագրուած` հայրենի յայտնի հինգ գեղանկարիչներու կողմէ եւ տրուած ըլլալով, որ անոնք «թիւրիմացաբար» բոլորովին անհիմն «զրպարտանքներ» արձանագրած են «Նոազ Արք»-ի հասցէին, պարտք կը զգանք լուսաբանելու զանոնք հերթականօրէն: ա.- ... մենք երբեք որեւէ իրաւունք կամ լիազօրութիւն չենք տուել յիշեալ ցուցասրահին`  ներկայացնելու կամ վաճառելու մեր աշխատանքները:...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան)

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Ներկայ «Վերջաբան»-ը ուսումնասիրական ծաւալուն ակնարկ մըն է` նուիրուած Կարօ Սասունիի կեանքին եւ քաղաքական-հասարակական ու գրական վաստակին: Լոյս տեսած է ֆրանսական-ֆրանսահայ «Էտիսիոն Փարանթէզ» հրատարակչատան թարգմանովի հրատարակած մէկ հատորին մէջ: Այս հրատարակչատան մասին սփիւռքահայ մամուլը մօտ անցեալին անդրադարձած է քանիցս: 80-ական թուականներէն արդէն կազմաւորուած ու թափ առած, 90-ականներուն եւ 2000-էն ասդին` առաւելաբար ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան մարզի երկու հարիւրը անցնող...

Գեղեցիկ Տողերու Պարտէզին Մէջ (23).  Չարենցն Ալ Ունի Գեղեցիկ Տողեր

Նոր Հրատարակութիւն Մը Պոլսէն` «Հալէպի Պարոնները»

Ռ. Հ. «ԱՐԱՍ» հրատարակչատունէն այս շաբաթ մեր սեղանին վրայ դրուած գիրքերէն մէկն ալ նուիրուած է Հալէպի նշանաւոր «Պարոն» պանդոկի պատմութեան: Մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան ու անցուդարձերուն քիչ թէ շատ ծանօթ ամէն հայ անպայման լսած ըլլալու է Հալէպի այս նշանաւոր պանդոկին անունը, որ թէեւ հիմա անշքացած է ու կորսնցուցած է իր փառքի հին օրերը, բայց ատենօք, մանաւանդ 1915-ի ծանր օրերուն, ունեցած...

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար  Հրանուշ Յակոբեանի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Ուղերձը` ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին Մեծայա՛րգ պարոն Մարգարեան, ՀՅԴ կուսակցութեան պատուարժան անդամներ, Ուղեկից կառոյցների յարգարժան ղեկավարներ, Լրացաւ ՀՅԴ կուսակցութեան հիմնադրման 125-ամեայ յոբելեանը, որը իւրաքանչիւրիս հնարաւորութիւն է ընձեռում մէկ անգամ եւս անդրադառնալու կուսակցութեան անցած ուղուն, հայրենանուէր գործունէութեանը եւ Հայ դատի արդարացի լուծմանն ուղղուած նրա ջանքերին: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ իմ անունից շնորհաւորում եմ ՀՅԴ բոլոր անդամներին այս փառաւոր յոբելեանի...

Գիտաժողով ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

Գիտաժողով ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան յոբելեանական 125-ամեակը կուսակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցն ամէնուր տօնեց արժանի շուքով եւ տարողութեամբ: Աւանդական այս տօնակատարութիւնը սովորաբար փորձ է արւում չվերածել սոսկ փառաբանութեան, այլ օգտագործել առիթը քննական ու հաշուետուողական հայեացքով անդրադառնալու համար անցած ճանապարհին եւ կուսակցութեան առջեւ ծառացած օրախնդիր մարտահրաւէրներին: Յատկապէս այս յոբելեանական տարում Դաշնակցութեան տարբեր շրջանային կառոյցները տօնակատարութիւնները զուգորդեցին Հայ դատի, պատմական եւ քաղաքական խնդիրների նուիրուած սեմինարների,...

Page 732 of 806 1 … 731 732 733 … 806

Արխիւներ