Տեսակէտ. Հիմնականն Ու Երկրորդականը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 3 դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանը երեսփոխան Վալերի Պուայէի կողմէ ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը փոխանցեց օրէնքներու յանձնախումբին: Թէեւ ողջունելի է, որ նիստին մասնակից 38 երեսփոխաններն ալ աջակցեցան ժխտողականութեան օրէնքով պատժումի սկզբունքին, սակայն նախագիծի ներկայացման թայմինկը խնդրայարոյց էր, որովհետեւ նախ եւ առաջ կը ստեղծէր այն արդարացի տպաւորութիւնը, որ Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն հազիւ 4 օր առաջ...

















