Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Կ՛երթայ Աշխարհը (Ու Անոր Հետ` Մենք)

January 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Քիչ մը դժուար է աշխարհիս բաները մէկ-երկու սիւնակի սահմաններուն մէջ վերլուծել (քի՞չ մը…): Համաշխարհային թատերաբեմին վրայ անցած տարուան ընթացքին արձանագրուած գլխաւոր իրադարձութիւնները գլխապտոյտ կը պատճառեն:

Քաղաքական բեմի վրայ պաղեստինցիներուն դէմ անարդարութիւնը կը շարունակուի բացէ ի բաց: Պաղ պատերազմի երկրորդ հանգրուանը սկսած է (ըստ շատերու` առաջինը չէ աւարտած իսկ): Արեւմուտքի մէջ քաղաքական ուժի կեդրոնները անցած են անդրազգային ընկերութիւններու եւ ելեւմտական հաստատութիւններու գրեթէ ամբողջական հակակշիռին տակ` պետութիւններու ղեկավարները վերածելով թելադրուածը գործադրելու կոչուած «ամսականաւոր պաշտօնեաներու»: Այս նոր տեսակի Արեւմուտքը կը ջանայ պահել ուժի միակ բեւեռը ըլլալու իր ձգտումը: Անոր դիմաց, Ռուսիա եւ Չինաստան կը դիմադրեն` պնդելով, որ իրենք եւս ունին շահեր, որոնք պէտք է յարգուին: Այս մեծ պատկերին մէջ այլեւս մանրամասնութիւններ են` Լիպիան, Աֆղանիստանը, Սուրիան, Իրաքը, ամբողջ Մ. Արեւելքը, Իպոլան: Մէկ խօսքով` միլիոնաւոր մարդիկ, որոնց կեանքերը կը խորտակուին, պարզապէս որպէսզի մէկ տոկոսին դրամատնային հաշիւները ուռճանան («Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան համաձայն, անցնող տարուան ընթացքին աշխարհի 400 մեծահարուստներու ինչքերը աւելցած են 92 միլիառ տոլարով): Դժուար չէ տեսնելը, թէ ընկերային-տնտեսական անհաւասարութիւնը սրընթաց կ՛արշաւէ` ի վնաս մնացեալ 99 տոկոսին:

Այս «նոր տեսակի» Արեւմուտքը սրընթաց ու խելայեղօրէն յառաջ կը մղէ իր վարքագիծը` անհեռատես կերպով, անտեսելով այն փաստը, որ աշխարհը կ՛ընթանայ դէպի նոր բաժանարար գիծեր, դէպի նոր բախումնային վիճակներ` անկանխատեսելի հետեւանքներով:

Հապա՞ մենք: Հապա՞ մեր դէմ գործուած անարդարութիւնը, որ կը շարունակուի: Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ընդունիլ իր պատասխանատուութիւնը մեր դէմ իր գործադրած ոճիրին մէջ: Ոճիր մը, որ միջազգային օրէնսդրական հնչեղութիւն ունի` իբրեւ ցեղասպանութիւն, անթոյլատրելի եւ պատժելի` նոյնինքն միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններով:

Ներկայ աշխարհի այս ընդհանուր լարուած կացութիւնը, պարզ տրամաբանութեամբ եւ առաջին հայեացքով, նպաստաւոր պայմաններ ու մթնոլորտ չի ստեղծեր ի նպաստ մեզի: Սակայն կացութիւնը այդքան ալ սեւ ու ճերմակ չէ: Մ. Արեւելքի կացութիւնը հաշիւները վերանայելու կացութիւն ստեղծած է ամբողջ տարածաշրջանին հետ` նաեւ մեզի համար: Քարտերը խառնուելու ընթացքի մէջ են, որովհետեւ հարիւր տարի առաջուան ուժերու հաւասարակշռութեան արդիւնքով ստեղծուած «սթաթուս քո»-ն գործնական փոփոխութիւններու հանգրուանի մէջ մտած է:

Հայաստան Մ. Արեւելք չէ, սակայն անոր անմիջական «սահմանակից» է, որովհետեւ այն պետութիւնը, որուն հետ մենք լուրջ խնդիրներ ունինք լուծելիք (Թուրքիան), ի՛նք ձեռքով-ոտքով առնչուած ու մասնակից է այդ տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող դէպքերուն: Վերջին տարիներուն մամուլին մէջ յաճախ կ՛երեւին Մ. Արեւելքի զանազան տեսակի քարտէսներ, ուր ներկայ սահմանները աչքառու փոփոխութիւններով կը ներկայանան մեզի: Բնականաբար այս անպայման չի նշանակեր, որ տեղ մը «որոշում» կայ տարածաշրջանը այս պատկերով վերաձեւելու: Սակայն փաստը կը մնայ այն, որ Մ. Արեւելքի մէջ, գետնի վրայ, փաստացի փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Օրինակի համար, 20 տարի առաջ նոյնինքն քիւրտերը չէին կրնար պատկերացնել, որ իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամը ըլլալով, փաստացիօրէն անկախ կարգավիճակ կրնան ունենալ` պետականութեան մը համար անհրաժեշտ կառոյցներով: Այսօր այդ մէկը իրականութիւն է: Թէ այս իրականութիւնը որքա՞ն կրնայ տեւել, ի՞նչ զարգացումներու կրնայ առաջնորդել, յայտնի չէ: Սակայն փաստը կը մնայ փաստ, եւ մենք պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ այս իրականութեան հետ:

Մանաւանդ այն պատճառով, որ քիւրտերու խնդիրը նաեւ… Թուրքիոյ խնդիրն է: Իսկ ինչ որ կ՛առնչուի Թուրքիոյ, բնականաբար պէտք է մեր հետաքրքրութեան եւ շահագրգռութեան առարկան դառնայ:

Իսկ Հայաստան, որ արդէն իսկ ներքին քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական խնդիրներ կը դիմագրաւէ, այս մեծ պատկերին մէջ պէտք ունի լուրջ յենարանի:

Սխալ չենք ուզեր հասկցուիլ: Յենարան ըսելով` դասականացած «Արեւմո՞ւտք, թէ՞ Ռուսիա» տարազին չէ որ կ՛ակնարկենք: Յենարան ըսելով` կը հասկնանք ներքին, այսինքն թէ՛ ներհայկական եւ թէ՛ ներհայաստանեան ճակատը, որ ամրապնդուելու լուրջ կարիք ունի: Արեւմտեան տիպի տնտեսական շահատակութիւններու եւ շահագործումի ներկայ վարքագիծը, որուն ականատեսն ենք այսօր, վնասաբեր է Հայաստանի ու հայութեան համար:

Իսկ համաշխարհային ներկայ խելայեղ զարգացումները լուրջ ստիպողութեան տակ պէտք է դնեն Հայաստանի պետականութիւնը, որպէսզի ներքին ճակատը դառնայ առաւելագոյն չափով տոկուն:

Անլուծելի ու անելանելի չեն մեր դիմագրաւած հարցերը, եթէ հայկական պետականութիւնը կարենայ դրսեւորել ներքին հարցերը լուծելու լրջութիւն եւ կամք:

Հետեւաբար, համակրանք-հակակրանքի հարթութենէն դուրս գալով, մեր թեւերը սոթտելու պարտադրանքին տակ ենք բոլորս ալ` Երեւանէն Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրեսէն Պէյրութ ու Փարիզ:

Դեկտեմբեր 30, 2014
vproodian@gmail.com

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Ազգային Կեդրոնական Դպրոցի Մը Կառուցման Առթիւ. Եւս Մէկ Ձեռնոց…

Յաջորդը

Ֆեթիշ 100-Ամեակի Նախօրեակ. Ռազմափորձ` Գիտնալու Համար, Որ Ատակ Ենք Յաղթանակի

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.