Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
149 տարի առաջ, դեկտեմբեր 30-ին, այդ ատեն բրիտանական տիրապետութեան տակ գտնուող Մոմպէյի (նախկին Պոմպէյ, Հնդկաստան) մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ համաշխարհային գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն Ճոզեֆ Ռուտիըրտ Քիփլինկ:
Հայոց յուշատետրին մէջ իր արժանի տեղը ունի տարուան նախավերջին օրը ծնած անգլիացի յայտնի գրողը, բանաստեղծը եւ արձակագիրը:
Այդպէ՛ս է ոչ միայն 1907-ին Նոպէլեան մրցանակին արժանացած առաջին անգլիացի հեղինակը ըլլալու իր արժանաւորութեան, այլեւ ողջ մարդկութեան իր պարգեւած բանաստեղծական անկորնչելի գոհարին` «Եթէ» քերթուածին համար:
Կը բաւէ ստորեւ կարդալ եւ ըմբոշխնել Մուշեղ Իշխանի կողմէ հայացուած «Եթէ»-ն` համոզուելու համար, որ իր հնչեղութեամբ ու հոգեհարազատութեամբ անիկա կը պատկանի նաեւ հայ ընթերցողի գրական ժառանգութեան:
«Եթէ»-ն խորհրդածութեան եւ յոյզերու ամբողջ աշխարհ մը կը բանայ յատկապէս ամանորեան բարեմաղթութիւններու այս օրերուն, որովհետեւ գլխագիր ՄԱՐԴ-ը սահմանող ամէնէն իմաստալից եւ հնչեղ քերթուածներէն մէկը կը հանդիսանայ միջազգային գրականութեան մէջ:
ԵԹԷ
(Թրգմ.` Մուշեղ Իշխանի)
Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Եթէ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել` շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու մէջ ըլլալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժով.
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու,
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրնաս արքաներու հետ` պարզուկ,
Ամբոխին մէջ` առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.
Քո՛ւկդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին` այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:
1910-ին գրուած «Եթէ»-ն կը խտացնէ Քիփլինկի գրական տաղանդին գլխաւոր զոյգ առանձնայատկութիւնները` մտածումի խորութիւնն ու կենսայորդ զգացականութիւնը: Իր այդ զոյգ արժանիքներուն համար Քիփլինկ արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակի ակադեմական դատակազմի յատուկ գնահատանքին` թէ՛ իբրեւ արձակագիր եւ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ:
Քիփլինկ սերած էր ազնուական ծնողքէ: Հայրը զինուորական ծառայութեան ղրկուած էր Հնդկաստան, ուր ամուսնացած էր 1863 թուին: Երկու տարի ետք Քիփլինկ ծնաւ: Ան հինգ տարեկան էր, երբ այդ ժամանակուան արտասահման գործուղուած անգլիացիներու սովորութեան համաձայն, իրմէ երկու տարեկան փոքր քրոջ հետ Քիփլինկ ղրկուեցաւ Լոնտոն` հոգատար ընտանիքի մը մօտ ապրելու եւ տարրական ուսում ստանալու համար:
Նախակրթական ուսման աւարտին Քիփլինկ ղրկուեցաւ Մ. Նահանգներ` ուսումը շարունակելու համար: Աշակերտական այդ տարիներուն սկսաւ գրել եւ որոշ պատմուածքներ ու քերթուածներ ատենին լոյս ընծայեց: Բայց ուսումնական իր նիշերը անբաւարար նկատուեցան եւ ան չկարողացաւ իրականացնել Օքսֆորտի համալսարան անվճար ընդունուելու իր մտադրութիւնը:
Ճարահատ, 1880-ականներուն սկիզբը Քիփլինկ վերադարձաւ Հնդկաստան, ուր նետուեցաւ հրապարակագրական ասպարէզ:
Գաղթատիրական բուռն մրցապայքարի ժամանակներն էին, եւ Քիփլինկ փարեցաւ աջակողմեան գաղափարախօսութեան` անոր ամէնէն համարձակախօս ջատագովներէն մէկը դառնալով: Իր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն համար ան շարունակ քննադատուեցաւ իր ժամանակի անգլիացի, եւրոպացի թէ ամերիկացի մեծարժէք գրողներու կողմէ, որոնք սակայն ոչ մէկ պարագայի հարցականի տակ առին Քիփլինկի բացառիկ տաղանդն ու արժէքը:
Հնդկաստանը նեղ կու գար Քիփլինկի գրական հեռանկարներուն համար եւ 1889-ին ան որոշեց Լոնտոն տեղափոխուիլ:
Երկու տարի ետք, 1892-ի յունուարին, Լոնտոնի մէջ Քիփլինկ ամուսնացաւ Քարոյլայն (Քերրի) Պալեսթիէրի հետ, որ ունեւոր ընտանիքէ սերած էր: Նորապսակ ամոլը որոշեց մեղրալուսինի համար երկար ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի Մ. Նահանգներ, հոնկէ ալ` Եոքոհամա (Ճափոն), ուր Պալեսթիէրները ունէին ընտանեկան դրամատուն մը: Բայց դրամատունը անյաջողութեան մատնուած էր, եւ Քիփլինկ որոշեց վերադառնալ Մ. Նահանգներ, ուրկէ շարունակեց իր աշխատակցութիւնը ամերիկեան եւ անգլիական մամուլին:
1896-ին Քիփլինկները, արդէն երկու զաւակներու ծնող, վերջնականապէս վերադարձան Լոնտոն: Գրական հռչակը արագօրէն կ՛աճէր Քիփլինկի ստեղծագործութեանց շուրջ եւ 1907-ի Նոպէլեան մրցանակը եկաւ փառքով պսակադրելու այդ հռչակը: Այնուհետեւ, մինչեւ 1936 թուականի յետկարճատեւ հիւանդութեան իր մահը, Ռուտիըրտ Քիփլինկ անխոնջ ստեղծագործեց եւ ստեղծագործական իր ժառանգութիւնը հարստացուց թէ՛ արձակ, թէ՛ բանաստեղծական արժէքաւոր գործերով:
Քիփլինկ մեծ նուաճումներ արձանագրեց նաեւ իբրեւ մանկական գրականութեան մեծատաղանդ հեղինակ, որուն «Տը ճանկըլ պուք» անունով պատմուածքներու հաւաքածոն կը հանդիսանայ գրական այդ սեռի դասական հարստութիւններէն մէկը:
Քիփլինկ մինչեւ վերջին շունչ շարունակեց նաեւ պայքարը իր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն պաշտպանութեան համար: Թունդ ընդդիմախօս մը եղաւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք թափ առած համաշխարհային համայնավարութեան, ինչպէս եւ` այս վերջինին իբրեւ հակազդեցութիւն թափ առած նացիական եւ ֆաշական շարժումներու. Հիթլեր եւ Մուսոլինի նշաւակ դարձան Քիփլինկի քաղաքական խարանող քննադատութեանց:
Քիփլինկի անունը հայ ժողովուրդին կապուեցաւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ «Եթէ»-ի հանճարեղ բանաստեղծը անձամբ պայքար մղեց, որպէսզի Մ. Նահանգները պետականօրէն ստանձնեց հովանաւորութիւնը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փիւնիկի պէս յառնող նորանկախ Հայաստանին: