Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մոնթեվիտէօ-Ստեփանակերտ Եւ Հայ Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Յունուար 8, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010815montevideo_ArtsakhՏարեսկիզբը հայութեան համար կը յատկանշուի քաղաքական բաւական ուշագրաւ եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Ձայնը կը հնչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութենէն: Պաշտօնական Մոնթեվիտէոն նման յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գայ` հայութեան ամէնէն հրատապ խնդիրին շուրջ շատ կարեւոր նախանշում կատարելով:

4 յունուար 2015 ստորագրութիւնը կրող Մոնթեվիտէոյի յայտարարութիւնը բառացիօրէն կ՛ըսէ. «Արտաքին գործոց նախարարը այսօր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի միջազգային եւ ուրուկուէյեան ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հարաւային Կովկասը յուզող հարցեր, եւ արտաքին գործոց նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները, որ հետզհետէ կը շարունակուին: Նոյնպէս, նկատի ունենալով Մինսքի խմբակին տարած աշխատանքը, որուն եզրափակման պիտի սպասէ Ուրուկուէյը ճանաչման առնչութեամբ իր որոշումը որդեգրելու համար, շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը` մայիս 1918-էն դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն (նախքան խորհրդայնացումը):

2011-էն ի վեր Արցախի ճանաչումի միտող ուրուկուէյեան յայտարարութիւնները, Ստեփանակերտ-Մոնթեվիտէօ փոխադարձ այցելութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Ուրուկուէյ եւ այս բոլորին զուգահեռ ճանաչում  նախապատրաստող պաշտօնական յայտարարութիւններու հետեւողական վարքագիծին մէջ կարելի է տեսնել 4 յունուարի յայտարարութիւնը:

Նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ արձանագրուող ճանաչումի արշաւին զուգահեռ այսուհանդերձ իրաւական առումով առանձնացուող քայլ մըն է այս մէկը` տուեալ պետութեան պաշտօնական խօսափողին կողմէ ամրագրուած: Այս ամփոփ յայտարարութեան մէջ կ՛արձանագրուին.

Ա.- Մոնթեվիտէոն խստօրէն կը դատապարտէ Պաքուի ռազմատենչ վարքագիծը, զինադադարը խախտելու դէպքերը: Այս մէկը պատասխանատուութիւններու հաւասարեցման այլեւս անհեթեթ դարձած մօտեցումը շրջող կարեւոր նշում է:

Բ.- Ուրուկուէյը կը յարգէ միջազգային պայմանաւորուածութիւնը` բանակցային գործընթացը շարունակելու եւ ատոր մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին միջնորդական առաքելութիւնը ընդունելու եւ հետեւաբար նախքան որեւէ որոշում կայացնելը, սպասելու միջնորդներու կատարելիք եզրակացութեան:

Յայտարարութեան այս բաժինը ակնկալելի է միջազգային ընտանիքին մաս կազմող որեւէ պետութենէն, որ ուղղակի կամ անուղղակի իր համաձայնութիւնը տուած է հակամարտութեան լուծման համար միջնորդական առաքելութեան այս ձեւաչափին: Ասիկա յիշեցում է նաեւ ԵԱՀԿ-ի հարթութենէն այլ հարթութիւն  տեղափոխելու ազրպէյճանական նկրտումները մերժելու:

Սպասել եզրակացութեան, ապա յայտարարել պաշտօնական կեցուածք: Իսկ պաշտօնական կեցուածքի նախաբանը կատարուած է արդէն: Յարգել հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Գ.- Հարցը սակայն միայն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին չի վերաբերիր: Յայտարարութիւնը, երբ կը խօսի ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին մասին, նկատի կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն հիմքերն են, ըստ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան, մայիս 1918-էն դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները:

Ասիկա արդէն հայ-թուրք  եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու փոխկապակցուածութեան ճիշդ տարբերակն է: Բայց ասիկա դեռ միակը չէ:

Տարեվերջին որդեգրուած Պոլիվիոյ Ազգային ժողովի Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող որոշումը ուշագրաւ էր հայրենազրկումի (Արեւմտահայաստանի նշումով ընդգծուած) գաղափարին ներառումով: Հիմա, Հարաւային Ամերիկայի ուրիշ մայրաքաղաք մը, միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու հայ ժողովուրդի ինքնորոշուելու իրաւունքը:

Դիպաշարերը ունին հետեւողական տրամաբանութիւն այստեղ եւս: Հարաւային Ամերիկան նպաստաւոր ենթահող է քաղաքական աշխատանքներ կեդրոնացնելու թէ՛ ցեղասպանութեան եւ թէ՛ ինքնորոշուելու իրաւունքի պետական ճանաչումներ ապահովելու: Յայտնապէս 100-ամեակին իբրեւ թիրախ ընտրուած են այն երկիրները, որոնք մեծ շահերով կապուած չեն Անգարային եւ Պաքուին հետ, եւ որոնք կրնան աւելցնել հայութեան պատմական թէ ինքնորոշման իրաւունքները ճանչցող պետութիւններու շարքը միջազգային ընտանիքին մէջ:

Անգարայի եւ Պաքուի հարցերը փոխկապակցելու խաղի կանոնները շրջուած են այսպիսով: Մոնթեվիտէոն այսպիսով կ՛ազդարարէ, թէ ինք կրնայ դառնալ առաջին պետութիւնը, որ միաժամանակ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախախորհրդային սահմանները:

Նախորդը

Լուիս Ալմակրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Ճանչնալու Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Յաջորդը

Երեւանի Արձագանգը Փարիզի Ահաբեկչութեան

RelatedPosts

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել
Անդրադարձ

Ազգային-Պետական Ծրագիր Կա՞յ, Ի՞նչ Բովանդակութիւն Ունի Ան

Յունիս 3, 2023
Անմիտ Ընկերոջ Ստեղծած Վտանգը
Անդրադարձ

Անմիտ Ընկերոջ Ստեղծած Վտանգը

Յունիս 3, 2023
Ակնարկ.  Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը

Յունիս 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In