Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ներքին ճակատի վրայ միացման յաղթանակ տանելու կամք եւ յաջողութիւն եթէ չունենանք, ինչպէ՞ս կրնանք…
100-ամեակը ծանուցողական տարազ դարձած է զանազան բնոյթի նախաձեռնարկներու արտայայտութիւններու համար: Կը ծրագրուին` երգահանդէս, թատրոն, զբօսաշրջութիւն` դէպի Հայաստաններ` Հանրապետութիւն, Արցախ եւ բռնագրաւեալ, հայկական ասեղնագործներու, նահատակ գրողներու գիրքեր, օտարներու վկայութիւններ, նկարչական ցուցահանդէսներ, վաւերագրական եւ այլ բնոյթի ժապաւէններ, ցոյցեր, հանրաժողովներ, մասնագիտական խորհրդաժողովներ: Այս բոլորը կարելի էր ընել տարի մը առաջ կամ տարի մը վերջ: Ինչո՞ւ շահագործել 100-ամեակի պիտակը:
Ներքին սպառման ծառայելու կոչուած նախաձեռնութիւնները չեն վկայեր անգիտացումներու ճահճացումէն դուրս գալու եւ յաղթանակներու ընդառաջ երթալու մասին: Կը ծառայեն ներքին սպառման: Մենք զիրար կը յուզենք եւ քիչ մըն ալ կը փնտռենք ինքնահաստատում, փառասիրութիւն եւ սնափառութիւն` մեր գիտցածը ցուցադրելու: Բանակները, հերթականութեամբ, ռազմափորձեր կ՛ընեն` թշնամութիւններու դէմ ճակատ կարենալ յարդարելու համար, մարզիկները եւ մարզական խումբերը տեւաբար փորձեր կ’ընեն պատրաստ ըլլալու համար, որպէսզի յաղթանակ ապահովեն: Փորձերու ժամանակ յաղթանակներ եւ յաղթողներ չեն ըլլար: Մենք ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստուիլ յաղթանակ տանելու համար: Այդ յաղթանակի նախապատրաստութեան համար մեր բառարանը հարուստ է, բառեր, որոնք զիրար կը հրմշտկեն բեմերու վրայ, հաղորդագրութիւններով, զանգուածային լրատուամիջոցներով:
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, եթէ ռազմափորձի մը կամ մարզական նախապատրաստութեան նմանող ներազգային թիրախ մը կամ թիրախներ ընտրենք եւ վարժուինք մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանելու, որպէսզի վերականգնումները սոսկ շաբաթավերջի ձանձրոյթի դէմ անվաղորդայն դեղատոմսեր չըլլան` անխուսափելի ճաշկերոյթներով եւ ամբոխ հաւաքելու ծառայող երգահադէսներով: Ըսինք` բառարան. եկեղեցի, դէպի երկիր (հայրենադարձութիւն եւ արտագաղթ), օտարախօսութիւն եւ օտարագրութիւն, հայու մկրտութեան աւազանի խայտաբղէտ անուններ եւ այլն:
Մեր հասողութեան սահմաններուն մէջ եղող յաղթանակներ կան, որոնց իրականացումով ներազգային շաղախը կ’ամրապնդուի, այսինքն գովերգուած միացումը կը դադրի ճառ ըլլալէ, այսինքն ցանկութիւններէ անդին անցնելով` կը նուաճենք ազգային խորքով մակարդակ: Ճշմարտութիւնները երբեմն դիպուկ կերպով կը սահմանուին մշակոյթի մարդոց խորիմաստ բառերով, որոնց պէտք է աշակերտել` աղմկարարութիւններու անձնատուր ըլլալէ առաջ:
Խորիմաց եւ ազգի մշակոյթին ծառայած արուեստագէտ մը իր գիրքին մէջ («Չորուկ ճիւղեր», Սօս Սարգսեան) մտածելու մղող խօսք ունի: Բայց գիրէ եւ գիրքէ պէտք չէ խորթացած ըլլալ, աղմուկէ եւ պղպջակէ հեռանալով, հաղորդուելու համար ինքնութիւն կերտող ոգիով: Յետխորհրդային ժամանակաշրջանի առաջին օրերուն Սօս Սարգսեան, ժողովրդական պարզութեամբ եւ ողջախոհութեամբ, կը յայտնէր այն միտքը, որ Մեսրոպ ազգը միացուց գիրով, եւ մենք գիրով բաժնեցինք զայն (մենքը` խորհրդային վարչակարգը):
Ապազգային վարչակարգ մը, սովետամարդ (homo sovieticus) ստեղծելու միտումներու ճամբուն վրայ, 1922-ին, ռեֆորմի պիտակին տակ, հրամանագրով, դեկրետով, մեր հազարհինգհարիւրամեայ կանոնակարգուած ուղղագրութիւնը փոխեց, գիր-գրականութիւն մշակոյթը անջատելով անցեալէն եւ սփիւռքէն, այսինքն` հաստատելով տեսակ մը ոգեկան երկաթեայ վարագոյր: Հակառակ ըսուածներու եւ գրուածներու` այդ ուղղագրական չարակարգում-սխալագրութիւնը մնաց: Երբեմն պէտք լսել, ըսինք, ոգեկանութեան առաջնորդները: Պարոյր Սեւակ, որուն անունը ամէն քայլափոխի կը սիրենք յիշել, չէ՞ր ըսած, որ այդ ուղղագրութեան (չ)բարեկարգումը աւելի վատ էր, քան` Սեւանի փճացումը: Յաճախ արտայայտուած եմ այս մասին` ինքզինքս կրկնելով, որպէսզի լսուիմ կամաւոր եւ կամ ֆրէօյտեան ախտաւոր խուլերէն, ուրիշներ ալ այդ ըրած են (քաջութեամբ կատարել փրոֆ. Լեւոն Խաչերեանի բազմահատոր ուսումնասիրութիւններու ընթերցումը մեր նոր օրերու սխալագրութեան մասին, զոր կը շարունակեն կոչել արդի):
Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդող օրերուն, երբ միացում եւ վերականգնում կարգախօս էին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, օրինակելի հեռանկարային գիտակցութեամբ, իր «Պլատֆորմ»-ին մէջ յստակութեամբ կ’առաջադրէր ուղղագրութեան վերականգնումը: Բայց ան ալ, հաւանօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքի պարտադրած պատշաճեցումներուն տուրք տալով, լուռ կը մնայ այս հարցով, երբ առաջադրանքներով հանդէս կու գայ, օրինակ, զանազան ընտրութիւններու հանգրուաններուն: Չի խօսիր այդ անդրանիկ «Պլատֆորմ»-ի էական այդ կէտին մասին: Չեմ ուզեր ենթադրել, որ ան ալ հրաժարած ըլլայ այդ չարակարգումը սրբագրուած տեսնելու գիտակցութենէ:
Եւ կը տեւէ լեզուով միանալէ ետք լեզուով բաժնուած ըլլալու տխրեցնող կացութիւնը, որ այս անգամ դուրսէն չէ պարտադրուած, ո՛չ թուրքի, ո՛չ ազերիի, ո՛չ ռուսի կամքէն կախում ունի անոր վերահարազատացումը:
Ներազգային միութիւնը վերահաստատելու յանդգնութեամբ, իսկական ռազմափորձ կ’ըլլայ, քաջ եւ պետական որոշումով, ինչպէս 1922-ին` դեկրետով հաստատուած չարակարգումի վերացումը: Գործադրութեամբ եւ հետեւանքներով կը զբաղին ուսուցիչները, լեզուաբանները, գրողները, լրագրողները… առանց պաշտպանուելու սեփական շահերու եւ դիրքերու պատնէշներու ետին:
100-ամեակի այս դեկրետը հրավառութիւններէ տարբեր յաղթանակ մը կ’ըլլայ մեր խոտորումներուն դէմ, մենք մեզի կրնանք փաստել, որ կրնանք միանալ եւ հեռանկարային գործակցութիւն ունենալ: Ապազգային վարչակարգի հետեւանքներէն ձերբազատուած անկախութեան նուաճումով:
Շօու-բիզնեսային տեղայնութիւններէն անդին, վերհամայնքային, վերկուսակցական, վերլուսապսակային յաղթանակ կը տանինք: Այս յանդգնութիւնը միացման հզօր փաստ կ’ըլլայ` մենք մեր աչքին, նախ, որպէսզի կարենանք առաջ երթալ: Կը մեծնանք:
Այս կ’ըլլայ նաեւ կարեւոր քայլ ազգային լեզուի անկախացման, հասարակ յայտարարը` միութեան եւ միասնութեան, առանց որուն` քաղաքական անկախութիւնը կը մնայ թերի, վիրաւոր:
Այս անկարելի թուացող յաղթանակը կարելի է, եթէ կոշկոր կապած զսպաշապիկներէ (camisole de force) դուրս գանք:
Հակա-Պօղոս-Մակինցեան դեկրետը կ’ըլլայ յաղթանակ:
26 դեկտեմբեր 2014, Նուազի-լը-Կրան