Քուէյթի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը
ՀՅ դաշնակցութեան աւանդութեան վերածուած տօնակատարութիւնները ամէնուրեք տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի առաջին հերթին Դաշնակցութիւնը առիթը ունենայ կատարուած աշխատանքին հաշուետուութիւնը ներկայացնելու հայ ժողովուրդին, միասնաբար քննելու ազգային ընկերա-տնտեսական համահայկական եւ պետականաշինութեան անցած ուղին, ու ապա միասնաբար վերլուծելու արժեւորելու եւ համապատասխան ներուժով եւ մարտավարութեամբ դիմագրաւելու հայ ժողովուրդին նոր խնդիրները եւ մարտահրաւէրները: Փաստօրէն հաւաքուած ենք այսօր ազգովին, կուսակցական թէ համակիրներու լայն զանգուածը,...



















