Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցասէր Մայրիկիս. (Օսաննա Գրաճեանի Քառասունքին Առիթով)

January 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ՖՍՏԸԳՃԵԱՆ

011015OssanaKradjianԱրեւոտ, փայլուն կիրակի  առաւօտ մըն էր, երբ դուն, մայրի՛կ ճան, աչքերդ փակեցիր` ձեռքերդ ձեռքերուս մէջ:

Յանկարծ անդրադարձայ, որ ալ չէին դողար նիհար ու յոգնած ձեռքերդ: Նուրբ ու բարակ անգոյն մատներ կը մատնէին, թէ որքա՜ն յոգնած ու տառապած էին անոնք: Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերն» էին անոնք, որոնք յարատեւ աշխատանքի լծուած էին ի սպաս զաւակներուդ ու թոռնիկներուդ, մօտիկ կամ հեռաւոր հարազատներուդ. բազմաշնորհ այն էակն էիր, եւ իմ երեւակայութեան մէջ դուն այն հրեշտակն էիր, որ կը փորձէր իր լայն թեւերով թռչիլ ու պահպանել մեծին ու պզտիկին, բայց յաճախ նպատակիդ չէիր հասներ ու քու ցաւերդ լուռ կը տանէիր: Երբեմն քեզ կը տեսնէի կարմրած ու արցունքոտ աչքերով: Բացատրութիւն չէի տար ու երկվայրկեանի լաւատեսութեամբ ժպիտովդ կը փոխարինուէին այդ մութ ամպերը:

Անշուշտ դժուար էին քեզի համար, քու յառաջացած տարիքիդ մէջ, ձգել քու սիրելի երկիրդ` Լիբանանը, ու ճիգ թափել ընտելանալու Քանատայի նոր կեանքին ու միջավայրին: Արմատախիլ ըլլալու այդ զգացումը քեզ կը նեղէր, բայց դուն աղօթքով եւ մանաւանդ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալ երէցներու ընկերակցութեամբ էր, որ կը փորձէիր քաղցրացնել քու կեանքդ, ինչպէս նաեւ` մերը:

Ինչ առանձնաշնորհում է դողդոջուն մայր մը ամէն կիրակի առաւօտ եկեղեցի առաջնորդել:

Ամբողջ շաբաթ մը կ՛երազէիր եկեղեցի երթալ կիրակի առաւօտեան, Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական», որուն բառերը յաճախ կը լսէի քու շրթներէդ` հակառակ քու մտային վերիվայրումներուդ:

Ազգն ու եկեղեցին քու սրտիդ մէջ մեծ տեղ կը գրաւէին: Կ՛ուզէիր երթալ հոն, ուր աղօթք կար: Հազիւ կիրակի օրուան պատարագէն տուն դարձած, կը պատրաստուէիր Հայ աւետարանական եղբայրութեան իրիկուան աղօթաժողովին եւ հոգեւոր քոյրերու հաւաքոյթներուն հասնելու: Եւ հիմա կը յիշեմ, մա՛յր իմ քաղցրիկ, կիրակի օրերը եկեղեցիի մուտքին երբ հեռուէն կը լսուէր շարականներու երկնային մեղեդին, կը փորձէիր դողդոջուն քայլերդ արագացնել` «Վա՜յ ուշացայ» ըսելով:

Ո՛չ, մայրի՛կ ճան, ո՛չ ուշացում կար եւ ո՛չ ալ պարտականութեան թերացում:

Դուն ինծի համար լռիկ շարական մըն էիր ու այդ մեղմ ու անուշ շարականի երազով դուն պիտի մնաս միշտ իմ սրտիս մէջ:

Ննջէ հանգիստ, ննջէ, մա՛յր իմ սրտիկ,
Թող Աստուած օրհնէ քու յիշատակդ:

 

 

 

Նախորդը

2015` Ոչխարի Տարի

Յաջորդը

Ժան Գալուստեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.