ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ներսէս Լամբրոնացի
(Հեղինակ` Սմբատ Եպս. Սաատէթեան)
Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան «Արմաշ» մատենաշարի նախաձեռնութեամբ եւ փրոֆ. տոքթ. Յակոբ սրկ. Թէրզեանի մեկենասութեամբ 2014-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ Մեծ եղեռնի նահատակ հոգեւորականներէն, Կարնոյ առաջնորդ Սմբատ եպիսկոպոս Սաատէթեանի հեղինակած «Ներսէս Լամբրոնացի» աշխատութիւնը:
Գիրքը կը բաղկանայ 400 էջերէ եւ կը բացուի Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի «Երկու խօսք»-ով, ուր կ՛ըսուի, որ Արմաշու դպրեվանքի անդրանիկ սերունդէն Սմբատ աբեղայ Սաատէթեանի, հետագայի Կարնոյ առաջնորդ Սմբատ եպիսկոպոսի «Ներսէս Լամբրոնացի» խորագրեալ աւարտաճառը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1981-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, իսկ գիրքը խմբագրուած ու հրատարակութեան պատրաստուած էր աշխատասիրութեամբ Վազգէն սարկաւագ Ղուկասեանի:
Յառաջաբանը, առաջին հրատարակութեան առիթով, գրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսին կողմէ:
Հեղինակին մասին ամփոփ կենսագրականին մէջ կ՛ըսուի, որ ան ծնած է 1871-ին, Ատափազար, 1889-ին մտած է Արմաշի դպրեվանքը եւ 1895-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած: 1898-1907 եղած է Շապին Գարահիսարի առաջնորդ, 1909-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, իսկ 1908-1915 Կարնոյ առաջնորդ եղած է:
«Ներսէս Լամբրոնացի» խորագրեալ աշխատութեան առաջին մասին մէջ Սմբատ եպիսկոպոս նախ կը խօսի Կիլիկիոյ, Ռուբինեան իշխանութեան եւ հայ եկեղեցւոյ կացութեան մասին: Այնուհետեւ կ՛անդրադառնայ խաչակրութեան, յոյն եւ հայ եկեղեցիներու միութեան ներքին նպատակներուն, Ապլղարիպեան ու Հեթումեան տոհմերուն եւ Ներսէս Լամբրոնացիի ազգաբանութեան, անոր կեանքին եւ գործունէութեան, ուր կարեւոր տեղ կը գրաւէ եկեղեցիներու միութեան գաղափարը:
Մատենագրական բաժինին մէջ Սմբատ եպիսկոպոս կը խօսի հայ եկեղեցւոյ անկախութեան ջատագով Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերուն եւ անոնց վարդապետական ուղղութեան մասին, բաղդատական կը կատարէ Արեւելեան ու կիլիկեան վանականներուն միջեւ, եւ վեր կ՛առնէ կիլիկեան միաբաններուն առաւելութիւնը` արտաքին գիտութեանց գծով: Այնուհետեւ ան կ՛անդրադառնայ Ներսէս Լամբրոնացիի գիտական արժանիքներուն եւ աստուածաբանական մեծարժէք աշխատութիւններուն:
Վարդապետական բաժինին մէջ Սմբատ եպիսկոպոս կը խօսի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դաւանութեան, սուրբ հոգիի բխման խնդրին եւ Լամբրոնացիի վկայութեան, բնութեան եւ անապականութեան խնդիրներուն, հանդերձեալ կեանքի վարդապետութեան եւ հաղորդութեան մասին:
Պայծառակերպութիւն Եւ Վարդավառի Տօնը
(Հեղինակ` Վարդան Դեվրիկեան)
Երեւանի մէջ, Մաշտոցի անուան մատենադարանի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ «Մագաղաթ» մատենաշարի նախաձեռնութեամբ 2006-ին լոյս տեսաւ վարդան Դեւրիկեանի հեղինակած եւ 87 էջերէ բաղկացած «Պայծառակերպութիւնը եւ Վարդավառի տօնը» աշխատութիւնը:
Գիրքին առաջին մասը նուիրուած է Քրիստոսի պայծառակերպութեան նկարներու պատկերագրութեան` բացատրելով, թէ անիկա ինչ այլաբանական իմաստներ ունի, եւ թէ գրական ինչ սկզբնաղբիւրներու ու մեկնաբանութիւններու հիման վրայ ձեւաւորուած է պայծառակերպութեան պատկերագրութիւնը:
Յիսուս, Կանայի հարսանիքին ջուրը գինիի փոխելով, ցոյց տուաւ իր աստուածային զօրութիւնը, իսկ Թաբոր լերան վրայ պայծառակերպուելով` իր փառքն ու լոյսը` խորհրդանշելով, որ իրեն հետեւելով` մեղուցեալ մարդկութիւնը արժանի է դառնալու դրախտի բնակիչ. իրաւունք մը, որ կորսնցուցած է ադամական մեղքով:
Յիսուս, իրեն հետ առնելով Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, անոնց հետ բարձր լեռ մը կ՛ելլէ եւ կը պայծառակերպուի աշակերտներուն առջեւ:
Աւետարանական պատմութեան հետեւողութեամբ` պայծառակերպութեան տեսարանին կեդրոնը` լերան գագաթին պատկերուած է Քրիստոս, անոր աջ եւ ձախ կողմերը` Մովսէսն ու Եղիան, իսկ լերան լանջին` Պետրոս, Յովհաննէս եւ Յակոբոս առաքեալները:
Լուսաւոր ամպը կը ներկայացուի ձուածիրի միջոցով, որուն մէջ կը գտնուի Քրիստոս, իսկ հայրական ձայնը` երկնքի կիսաշրջանէն վար պարզուած հայրական Աջի միջոցով:
Գիրքին երկրորդ մասը նուիրուած է Վարդավառի տօնի ժողովրդական ակունքներու քննութեան:
Հայեր հեթանոսական դարերէն կը տօնեն Վարդավառը: Գոյնզգոյն ծաղիկներով, կարմիր վարդերով վարդապսակ կը զարդարուէին եւ կը զարդարէին իրենց բագինները կամ տաճարները: Իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին կամ գետերու եւ ձորերու մէջ կը լողային, աղաւնիներ կը թռցնէին ի յիշատակ Նոյի եւ ջրհեղեղին:
Վարդավառը կը տօնուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին: Այդ օր ուխտի կ՛երթային դէպի սրբավայրեր, մատաղ կը պատրաստէին, յատուկ խաղեր կը կազմակերպէին, կ՛երգէին ու կը զուարճանային, իսկ տղաք եւ աղջիկներ ծաղիկ կը հաւաքէին: Եկեղեցին ծաղիկներով կը զարդարուէր, իսկ պատարագէն ետք հասկերու օրհնութիւն կը կատարուէր: Վարդավառէն առաջ արգիլուած էր խնձոր ուտել: Վարդավառը նաեւ նշանադրութիւններու օր էր:
Սակայն Վարդավառի բուն արարողութիւնը իրարու վրայ ջուր ցողելն է. աւանդութիւն մը, որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը:
Կայծ Եւ Ամպրոպ
(Հեղինակ` հայր Անտոն Ադամեան)
Լոս Անճելըսի մէջ 2013-ին լոյս տեսաւ հայր Անտոն Ադամեանի «Կայծ եւ ամպրոպ» գիրքը, բաղկացած` 254 էջերէ, բարերարութեամբ տիթրոյթաբնակ Հերման Խնդիրեանի:
Գիրքը բաղկացած է հարիւրէ աւելի գրութիւններէ, որոնք, հեղինակին խօսքերով` ժայթքած են էութեան խորերէն` ընթերցողը զգաստացնելու, զայն զինելու Աստուծոյ եւ մարդուն հաւատքով ու սիրով, կերտելու մտատիպար մարդը եւ հայը` շնորհազարդուած աստուածային եւ մարդկային առաքինութիւններով:
Գիրքին առաջին մասը հայրենական է: Կը խրախուսէ հայ անհատը կառչելու իր ազգային արժէքներուն, մշակոյթին եւ լինելութեան:
Երկրորդ մասը հրաւէր է ընթերցողին կերտելու իր մէջ հաւատացեալ մտատիպար մարդը` օժտուած բարձր նկարագրով եւ վեհ հոգիով:
Երրորդ մասը յատկացուած է իրաքեան պատերազմի ցնցիչ աղէտին: Հեղինակը
2001-էն 2007 Իրաքի հայ կաթողիկէ առաջնորդն էր եւ ապրած է երկրին սարսափի օրերը: Իբրեւ ականատես վկայ նկարագրած եւ վերլուծած է մղձաւանջային իրադարձութիւնները, որոնք հարուածեցին իրաքցիները եւ իրաքահայ գաղութի զաւակները:
Հայր Անտոն կ՛ըսէ, որ հայը հին դարերէն ի վեր կայք հաստատած է Միջագետքի մէջ: Ան կը վայելէր երկրին բարիքները, հասած էր բարձր դիրքերու եւ երջանիկ էր: Եռուն էր ազգային կեանքը: Հազարումէկ գիշերներու մայրաքաղաքին մէջ երազային շքեղ երեւոյթ մըն էր հայ գաղութը:
Իրաքը ցնցող արիւնալի դէպքերուն պատճառով, սկսաւ իրաքահայ գաղութին վայրէջքը: Հազարաւոր հայեր հեռացան երկրէն եւ խաթարուեցաւ հայ գաղութին նախանձելի եւ եռուն կեանքը:
Հայր Անտոն կ՛աւելցնէ, որ Իրաքէն ներս ու դուրս ապրող իրաքահայը անուշ անցեալը մտաբերելով եւ ներկայ աղիտալի վիճակը դիտելով կը սգայ իր ապրած հին փառքերը: