Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Մէջ Ազգային Կեդրոնական Դպրոցի Մը Կառուցման Առթիւ. Եւս Մէկ Ձեռնոց…

Յունուար 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

1718_tbrots«Եթէ մէկ տարուան համար կը ծրագրես, բրինձ ցանէ.
եթէ տասը տարուան` ծառ ցանէ.
եթէ հարիւր տարուան` երեխաները դաստիարակէ»:
Քանֆուշըս

 

Ժամանակակից հայկական սփիւռքի ուժասպառ հաւաքական կեանքին մէջ խորքային բարեկարգումներու ձեռնարկումը յոյժ դժուարին առաքելութիւն մըն է, պարզապէս որովհետեւ անոնց թոյլատու առարկայական ու ենթակայական գործօնները այսօր դարձած են իսկապէս ժլատ` գաղութահայութիւնը մատնելով ժամանակի արհամարհանքին արժանացած, հնամաշ համակարգերու ագոյցին: Աննախանձելի իրականութիւն մը, որ յանձնառու ազգային ղեկավարութեան կը պարտադրէ գուրգուրանքով վերաբերիլ սփիւռքահայ շիջող կեանքի բարօրութիւնը հետապնդող առկայ նախաձեռնութիւններուն հետ:

Պուրճ Համուտի մէջ ազգային կեդրոնական վարժարանի մը կառուցման ընթացիկ աշխատանքը այդ նախաձեռնութիւններէն մէկն է, որ կարողականութիւն կրնայ ունենալ լիարժէք լուծում ընձեռելու  լիբանանահայ հանրային կեանքը շատոնց հիւծող մարդուժի հիմնախնդիրին, անով անհրաժեշտ թթուածին ներմուծելու առաջնորդող տարրերէ ամայացող այս գաղութի տարբեր ոլորտներուն:

Պայմանականօրէն կ՛ըսենք` «կարողականութիւն կրնայ ունենալ», որովհետեւ շատ բան կախեալ է առանցքային այն սկզբունքներէն, որոնց վրայ պիտի խարսխուի յիշեալ դպրոցը: Ահա հո՛ս է առաքելութիւնը ազգային աւագանիին` ապագայակերտ մտասեւեռումով հունաւորելու այդ սկզբունքները եւ անսակարկ վճռակամութեամբ երաշխաւորելու անոնց կիրարկումը: Երկու հրամայականներ, որոնք կանուխէն կրնան նախաճաշակ մը տալ սոյն նախաձեռնութեան ճակատագիրին մասին…

Վերջիններուս գծով, յօդուածը չունենալով լիարժէք չափանիշեր բանաձեւելու յաւակնութիւն, որուն համար, ի դէպ, գոյութիւն ունին աւելի պատշաճ հարթակներ,  կ’ուզենք միայն ընդգծել քսանմէկերորդ դարու յարիր կրթօճախի մը ընդհանրական պահանջները` լիբանանահայ կրթական համակարգի այսօրեայ պաստառին վրայ: Այսպէս, ակնկալուածը հաստատութենական տրամաբանութեամբ տոգորուած հիմնարկ մըն է, ուր գոյութեան ի խնդիր նիւթական եկամուտ ապահովելու մտմտուքը դամոկլեան սուրի բնոյթ չունի, ուր կը պաշտօնավարեն գիտականօրէն ատակ ուսուցիչն ու տնօրէնը, ուր կրթական ծրագիրները յարատեւ վերագնահատման ու պատշաճեցման կ՛ենթարկուին: Միաժամանակ` հիմնարկ մը, որ կը բնորոշուի կրթական այնպիսի մշակոյթով, ուր ուսուցիչները սորվեցնելէ աւելի` կը ներշնչեն աշակերտը, քարոզելու փոխարէն` կը կը գրգռեն անոր մտաշխարհը, կաղապարուած լուծումներ ցոյց տալու փոխարէն` կը մղեն զայն նոր լուծումներ պեղելու:

Բնականաբար խիտ տողերու մէջ արտայայտուած այս ակնկալութիւններէն իւրաքանչիւրը ինքնին կնճռոտ մարտահրաւէրի մը դուռ կը բանայ, այդուհանդերձ, առանց անոնց դիմագրաւման, այլապէս պարագայական նուիրատուութիւններու, պատահական ուսուցիչներու, հնադարեան կրթական ծրագիրներու ու մեքենացած ուսուցողական «մշակոյթ»-ի առկայութեան,  նոր երդիքներու տակ հին վիճակները դատապարտուած կը մնան յամենալու` թէ՛ իմաստազրկելով ինքնին նախաձեռնութիւնը եւ թէ՛ վատնելով գաղութին մնացեալ նիւթական ու մարդկային դրամագլուխները:

Սփիւռքեան իրականութեան մէջ ազգային համապարփակ ռազմավարութեան մը բացակայութեան հիմնական պատճառով հաւաքական գործունէութիւնները յաճախ կ՛ընթանան անհեռանկար ու պղտոր վախճանական նպատակներու առաջնորդութեամբ: Կեդրոնական վարժարան մը հիմնելու վերոնշեալ ձեռնարկը, գոյութենական հարցի մը խորքային լուծում բերելու իր յաւակնութեամբ, խոտոր կը համեմատի այդ կարկտան ճիգերուն: Առ այդ, այսօր գոյութիւն ունի առաւելագոյն լրջութեամբ սոյն առաջադրանքը զսպանակելու հրամայական, որուն նետուած ձեռնոցը առաջին հերթին վերցնելու կոչուած է ազգային ղեկավարութիւնը:

Եւս մէկ ձեռնոց, որուն համար իսկապէս արժէ ցասկոտ կռիւ տալ…

 

 

Նախորդը

Իւրայատուկ Համերգ` Ամանորի Եւ Սուրբ Ծննդեան Առիթով

Յաջորդը

Ո՞ւր Կ՛երթայ Աշխարհը (Ու Անոր Հետ` Մենք)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?