Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւն` «Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներ (Փաստաթուղթերու Հաւաքածոյ)», Դոկտ. Փրոֆ. Արշակ Փոլատեան

Յունուար 9, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

010915book-Poladian12014 տարուան վերջաւորութեան Դամասկոսի «Շարք» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ (փաստաթուղթերու հաւաքածոյ)» վերնագիրով արաբերէնով գիրքը, զոր հեղինակը ձօնած էր «վայրագօրէն զոհուած անմեղ նահատակներու հոգւոյն»:

«Շարք» հրատարակչատան տէր դոկտ. Նապիլ Թոմէ իր յառաջաբանին մէջ գիրքը կը նկատէ պատմական փաստաթուղթ, որ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին յաւիտենական ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ կ’անդրադառնայ գիրքի կարեւորութեան` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու շրջագիծին մէջ:

Հեղինակ դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեան իր նախաբանին մէջ կը հաստատէ, որ սոյն աշխատութիւնը կու գայ արաբ ընթերցողին հրամցնելու խիստ կարեւոր փաստագրութիւններ երեք ականատեսներու`  սուրիացի փաստաբան Ֆայեզ Ղուսէյն, թուրք Նայիմ պէյ եւ ասորի մտաւորական, գիտնական Հայր Իսհաք Արմալէ Սուրիանի: Անոնք կը բացայայտեն հայ ժողովուրդին դէմ երիտթուրք ղեկավարներուն իրականացուցած վայրագութիւնները:

Ան նկատել կու տայ, որ հայերուն դէմ կատարուած բարբարոսութիւններուն վերաբերող անոնց յուշերը կը նկատուին հնագոյն եւ կարեւորագոյն վկայութիւնները, որոնք արձանագրուած են արաբերէնով:

Գիրքի առաջին գլուխը կը կրէ «Հայերը թրքական գործօնի լուծին տակ» վերնագիրը, ուր հեղինակը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ զանազան ոլորտներու մէջ հայերու գործունէութիւնը կը ներկայացնէ:

Երկրորդ գլուխի տակ` «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական հարցի միջազգայնացումը», ան կ՛անդրադառնայ համաթուրանական քաղաքականութեան դէմ հայերու ընդդիմութեան եւ հայկական հարցի միջազգայնացման հոլովոյթին:

«Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան ծրագիրն ու հանգրուաները» վերնագրի տակ Փոլատեան կը բացայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան նախապէս ծրագրուած ըլլալուն, եւ կը թուէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արաբերէնով հրատարակուած ուսումնասիրութիւնները:

Դոկտ. Արշակ Փոլատեան հանգամանօրէն անդրադարձած է ականատես Ֆայեզ Ղուսէյնի յուշերուն` հատուածներ մէջբերելով անոր «Ջարդերը Հայաստանի մէջ» գիրքէն:

Իսկ «Նայիմ պէյի յուշեր»-ը վերնագիրի տակ հեղինակը կը ներկայացնէ երկրորդ ականատես թուրք պաշտօնեայ Նայիմ պէյի մեկնաբանութիւնները, որոնք լոյս կը սփռեն հայերու դէմ օսմանեան կառավարութեան կատարած անմարդկային վերաբերմունքին վրայ, հատուածներ մէջբերելով «Հայերու ջարդերը` վկայութիւններ եւ փաստաթուղթեր» գիրքէն:

Փոլատեան իր գիրքին մէջ կը ներառէ նաեւ խիստ կարեւոր ականատես, ասորի մտաւորական, գիտնական հայր Իսհաք Արմալէ Սուրիանիի յուշերը, որոնք կարեւոր աղբիւր կը նկատուին` որպէս օրագրութիւն քրիստոնեաներու հանդէպ կատարուած ջարդերուն, հատուածներ մէջբերելով անոր «Քրիստոնեաներու աղէտին ծայրագոյնը» գիրքէն:

215 էջերէ բաղկացած գիրքը օժտուած է ջարդի լուսանկարներով եւ յաւելուածներով, որոնք կը ներկայացնեն «Հայ ժողովուրդի կորուստները» եւ «1984 թ.ժողովուրդներու մշտական դատական ատեանի որոշում»-էն հատուածներ:

Հեղինակը համոզուած է, որ` «պատմական սոյն փաստաթուղթերու հաւաքածոյի հրատարակումը կը նպաստէ Հայ դատի լուսաբանման եւ միջազգային խիղճին ձայն կը բարձրացնէ` երեւան հանելով պատմական իրողութիւնը»:

Յիշենք, որ դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեան պատմութեան գիտութիւններու դոկտոր է, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը կը վարէ 2007-էն ի վեր, հեղինակ է տասնեակ աշխատութիւններու, ինչպէս` «Քիւրտերը արաբական աղբիւրներուն մէջ», «Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր» եւ «Հայ-արաբական յարաբերութիւնները» եւ այլն:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Ղեկավարը Կ՛ամփոփէ Անցնող Տարին

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Խենթերն Են Գտնում Հնար…
Անդրադարձ

Խենթերն Են Գտնում Հնար…

Մայիս 27, 2023
Պիտի Վերականգնենք Մայիս 28-ի Հանրապետութենէն Հասած Բոլո՛ր Աւանդները
Անդրադարձ

Պիտի Վերականգնենք Մայիս 28-ի Հանրապետութենէն Հասած Բոլո՛ր Աւանդները

Մայիս 27, 2023
Մտածմունքի Թափառումներ  (Մայիսի 28-ի Տարեդարձին Առիթով)
Անդրադարձ

Մտածմունքի Թափառումներ (Մայիսի 28-ի Տարեդարձին Առիթով)

Մայիս 27, 2023

Comments 1

  1. Bedros Anserian says:
    8 years ago

    Congratulations to His Excellency, Dr. Poladian, with all our Best Wishes, for his precious work.

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In