«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Հայ Երիտասարդները Համախմբող Համահայկական Բանակումներ Եւ Հաւաքներ
Հայաստանի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական 30-րդ համախմբումը եւ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի միջցամաքամասային բանակումը հայ երիտասարդներու մերձեցման, իրազեկման եւ ինքնութեան ամրագրման կարեւորագոյն առիթներէն կը համարուին: Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական եւ անոր ուղեկից միութիւններուն մէջ հասակ առած երիտասարդները, աշխարհի տարբեր կողմերէն համախմբուելով, առաջին հերթին իրարու կը ծանօթանան, կը ճանչնան հայրենիքը, կը շօշափեն անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները,...




















