Անդրադարձ

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Մեր Անտարբերութիւ՞նը, Անգիտութիւ՞նը, Թէ՞ Մեր Պատմութիւնն Է Մեղաւոր…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Այս օրերին աշխարհի հզօրների ուշադրութիւնը մեր երկրի մի փոքրիկ` 43 քմ հատուածի վրայ է սեւեռուած, որը կրում է «Զանգեզուրի միջանցք» անունը, որի մասին խօսում են ամենայայտնի լրատուամիջոցներից սկսած մինչեւ նորելուկները, մասամբ` առանց հասկանալու, թէ որտե՛ղ է այն գտնւում, ո՛ւմ հողի վրայ եւ ի՛նչ տեսք ունի, առաւել եւս անթաքոյց յայտնում են նաեւ, որ դա լաւագոյն հնարաւորութիւնն է...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Երկիրը Կառավարելու Անկարող Անձը Հիմա Ալ Կը Փորձէ Վերահսկել Եկեղեցին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ, մինչ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական իրավիճակը կը շարունակէ սրիլ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի վրայ զբաղած է` փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ: Ան կարծես չի գիտակցիր, որ եկեղեցւոյ գործերուն իր մնայուն միջամտութեամբ կը խախտէ սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը: Աւելի՛ն. վերջին եօթը տարիներուն Փաշինեան խախտած է հարիւրաւոր օրէնքներ: Ան 2020-ի Արցախի...

Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն

Մտահոգուիլը Ժամանակդ Կը Սպաննէ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Մեր առօրեայ ժամերը խլողը մեր աշխատանքը չէ՛, ո՛չ ալ` այն ծրագիրները, զորս կը մշակենք մեր կեանքը տնօրինելու համար: Գլխաւոր երեւոյթը, որ մարդկային այժմու կեանքը կը զբաղեցնէ եւ ժամեր կը խլէ, մտահոգուիլն է: Մօտաւոր թէ հեռաւոր ապագայով մտահոգ մարդոց թիւը շատ աւելի է, քան` անոնց թիւը, որոնք նոր ծրագիրներով ապագայ կեանքի տնօրինումներ կը կատարեն: Չենք ուզեր անդրադառնալ առօրեային...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Արդար Կանչ Մը Եւս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այս տողերուն մէջ կ՛ուզեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն մտքիս մէջ ամբարած էի ինքնածին, իբրեւ մարմաջ, նաեւ` ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն: Ազատ երկնքի տակ կ՛ապրինք, բայց կարծես ներկայէն բացակայ ենք: Միւս կողմէ` այս դարու պատմութիւնն ալ հայու մեր դէմքին վրայ նոր եւ անօրինակ ակօսներ բացած է, որոնց իբրեւ հետեւանք` մարդկային ամէն տեսակի ցնցումներու ենթակայ դարձած ենք: Կապուած...

Մահուան Բօթին Ի Լուր. Տիպար Ու Հարազատ Ընկերս` Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանը Վերյիշելով

Մահուան Բօթին Ի Լուր. Տիպար Ու Հարազատ Ընկերս` Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանը Վերյիշելով

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Աբօ Սաղտճեան ու Պարոյր Աղպաշեան 2009-ին կ՛այցելեն Հայ աւետ. քոլեճի իրենց վաստակաւոր ուսուցիչին (ապա` տնօրէն), դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին: Երկարամեայ ընկերութիւն մը, որ սկսած էր շատ վաղուց ու շարունակուած` անդադար եւ անընդմէջ, մօտ թէ հեռու ժամանակներէն, երբեք չէր կրնար ըլլալ առժամեայ կամ անցողակի, հարեւանցի թէ մակերեսային, որովհետեւ հոն տիրող յարաբերութիւնները հիմնուած չէին կրնար ըլլալ ըստ պատահականութեան, այլ` գերազանցապէս...

Հանդիպում Մը Կեանքի Ուղիներուն Վրայ

Յիշելով Ճորճ Թիւթիւնճեանը

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ Հալէպի Հըլլոք արուարձանի, ապա Սիւլէյմանիէ թաղամասի մէջ կայք հաստատած, եդեսիացի Գրիգոր Թիւթիւնճեանի եւ տիգրանակերտցի Նազելի Նաճարեանի ընտանիքը լոյս աշխարհ պիտի բերէր երեք մանչեր` Անդրանիկ` 1923-ին, Ճորճ` 1930-ին եւ Յակոբճան` 1934-ին, ծանօթ` Ճանօ անունով: Գրիգոր հայրիկի երաժշտութեան հանդէպ սէրն ու երգի շնորհքը պիտի ծաղկէր իր երեք մանչերուն մէջ, հայր եւ որդիք ընտանեկան հանդիպումներու, ճոխացնող հաւաքոյթներու փնտռուած ներկայութիւն էին: Շուտով...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գետերուն Մէջ Ջուր Չկայ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Գետերուն մէջ ջուր չկայ: Սրտերուն մէջ սէր չկայ: Աստուած իմ, դուն գէթ անպայման, Մեր ցաւերուն եղիր դարման: Աչքերուն մէջ, Տէ՛ր, չկայ լոյս: Մեր քայլերուն ուղեկորոյս, Աստուած իմ, տուր Դուն ուղղութիւն, Որպէսզի մենք չերթանք անդունդ: Երկնքին մէջ չկան աստղեր, Ամպերուն մէջ կորսուած են, Տէր, Բայց մենք Քեզմով ճամբան գտանք Քու երկնքիդ մէջ շարունակ: |Գետերուն մէջ երբ ջուր չկայ, Սրտերուն...

Պէյրութի Մասին, Ցաւին Եւ Կարօտին Համար…  Զիատ Ռահպանիի Յիշատակին

Պէյրութի Մասին, Ցաւին Եւ Կարօտին Համար… Զիատ Ռահպանիի Յիշատակին

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Եղբայրներս` արաբները, աւելի երջանիկ են: Գոնէ ցաւի աղբիւր մը ունին: Գաղափարի, շունչի, գոյներու անուններ ունին: Իրարու քովէն անցած պահուն բարեւել գիտեն, խունկը ճիշդ տեղը վառել գիտեն:  Երազներուն անուն տալ գիտեն, երազել գիտեն ու երազին համար մեռնիլ ալ գիտեն: Հիմա հին տեսարանը նորէն կը կրկնուի, եւ Համրա փողոցի կիրակնօրեայ լռութիւնը առագաստի մը պէս կը բացուի... Այդ լռութիւնը տուփի կը...

Ծառերը Մանկութեան Յուշերու Մէջ

Ծառերը Մանկութեան Յուշերու Մէջ

ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ Խաղողի որթատունկի սարփինայով ծածկուած տան տանիքը Գարնանային առաւօտ մըն էր. հեռուէն կը լսուէր թռչուններու մեղմ ծլվլոցը: Տերեւներու ծայրերէն կախուած ցօղի կաթիլները կամաց-կամաց կը կաթէին վար`  թարմացնելով հողին բոյրը: Պապուկիս հաւնոցին գոռոզ աքլորը բարձրաձայն կը կանչէր: Անոր զիլ կուկուլիկուկուն կ՛արթնցնէր մեզ: Ան յամառօրէն կը կանչէր, մինչեւ որ դուրս գայինք բակ եւ պղտոր աչքերով բարկանայինք անոր. «Գլուխնիս ցաւցուցիր, արթնցանք, կը...

Լրորս.  Համտեսեցէք Մեծ ու Պզտիկ «Ձուկեր»

Լրորս. Համտեսեցէք Մեծ ու Պզտիկ «Ձուկեր»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թրամփը միակ ստողը չէ... Լա՛ւ կ՛ըլլայ, որ ձկնորսական եղէգով ու կարթով ձկնորսութեան փոխարէն` ուռկանով ընես լուրերուդ որսը, այդպիսով, մէկի փոխարէն, բազմաթիւ «ձուկեր» կը բռնես, թելադրեց բարեկամս` զիս հրաւիրելով բարձրանալ իր երեւակայական առագաստանաւը: Ինչո՞ւ ոչ, մտածեցի: Բացինք առագաստները եւ լրորսի համար ճամբայ ելանք տեղակատուական ծովերուն մէջ, ունեցանք առատ որս` մեծ ու պզտիկ, նաւուն սառցատուփերը լեցուցինք լրաձուկերով, մաս մըն ալ...

Կեանքի Նժարին Մէջ

Կեանքի Նժարին Մէջ

 ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ Կիրակի առաւօտ մըն է. աչքերս կը բանամ, արտասովոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ չորս կողմը: Կազդուրուած զգալով` կ՛ելլեմ անկողինէս: Տնեցիները տակաւին քնացած են: Ակնարկով մը կը նկատեմ, որ արեւուն ոսկեզօծ շողերը ամպերու շղարշին ետեւէն` խպնոտութեամբ մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին: Կիրակիի մը հաճոյալի պատկերացումով համակուած` սուրճս կը խմեմ: Գրասեղանիս վրայ զետեղած եմ հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու ընտրանի մը, որ մէկ...

Ստացուած Գիրքեր.  «Պատասխան Հաւատացեալի Հարցումներուն»  (Հեղինակ` Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Պատասխան Հաւատացեալի Հարցումներուն» (Հեղինակ` Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի տպարանէն, 2024-ին լոյս տեսաւ հոգելոյս Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Պատասխան հաւատացեալի հարցումներուն» գիրքը, բաղկացած` 272 էջերէ: Կենսագրական բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ Զարեհ արքեպիսկոպոս հայ եկեղեցւոյ ընտրելագոյն հոգեւորականներէն է` իր բարութեամբ, խոնարհութեամբ, համեստութեամբ, համբերութեամբ, եկեղեցանուէր կեանքով եւ ծառայասիրութեամբ: Ան հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Սուրբ Աթոռին համար եղաւ օրինակելի, անմոռաց եւ պարծանք...

Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում

Կենսունակ Արեւմտահայերէն` Խոչընդոտներէն Դէպի Հնարաւորութիւններ

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Դոկտոր ընկերալեզուաբանութեան Լեզուապահպանումի նիւթը, մանաւանդ` արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը, ինչպէս ներկայացուեցաւ ամփոփ ձեւով` անցեալ երկու յօդուածներուն մէջ, լուրջ, մտահոգիչ եւ պատասխանատու հարց է: Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ, մանաւանդ` փոքր գաղութներու համար, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու վրայ: Կեդրոնանանք մեր գաղութներուն վրայ եւ մեր մայրենիին վրայ: Ի՞նչ են արեւմտահայերէնին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

Գիրքը` Իմ Ընկերս

ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Բնական է, որ ամէն մարդ նախասիրութիւն մը ունենայ. իմ ալ նախասիրութիւնս գիրքն է, հաց ու ջուրի պէս կենսական է ինծի համար: Բարեբախտաբար  վերջին շրջանին հարստացայ նոր գիրքերով: Մարդուն անկեղծ բարեկամը գիրքն է, ուզած ժամուդ կրնաս կարդալ եւ մէկը միւսին տեղը չի գրաւեր. կը խրատէ, կը խնդացնէ, կ՛օգնէ, կը զարգացնէ, բառապաշարդ կը հարստացնէ, երբ ձեռքերուդ մէջն է, կը զգաս...

Սթափելու Ժամանակը

Ցնծացէ՛ք Հայեր, Ապագան Իրականացած Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդի մեկնելէ առաջ աւետեց, որ 2021-ի ընտրարշաւի խոստումը` «Ապագայ կայ, կա՛յ ապագայ», արդէն իրականացած է: Ի տես հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեան Վարդավառի տօնախմբութիւններուն եւ մանաւանդ Սեւանի ափին հաւաքուած յիսուն հազար հայերուն` ակնյայտ է, որ Հայաստանի ժողովուրդը երջանիկ է, կեր, խմէ, զուարճացիր, մոռցիր Արցախ, Ցեղասպանութիւն, գրաւուած տարածքներ, ազրպէյճանական նախապայմաններ, Արարատ ու Հայ դատ: Հայ ժողովուրդը մեծ կորուստներ...

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն  Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով  Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը

Թող Լիզպոնը Բազմապատկէ Հայու Պայքարող Տեսակն Ու Ոգին*

ՇԱՆԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Քառասուներկու տարիներ առաջ լիբանանահայ հայրենաշունչ միջավայրի մէջ ծնած եւ ազգային հայրենասիրական կազմաւորում ստացած Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը, Արա Քըրճըլեանը, Սարգիս Աբրահամեանն ու Վաչէ Տաղլեանը միական ու վճռական քայլ դրին ողջակիզման եւ հերոսացման բարձունքին վրայ: Խոնարհ տղաք էին, բայց իրենց արարքով վերածուեցան ազգի հերոսներու` բանալով նոր էջ մը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին մէջ: Հայ յեղափոխական բանակի մարտիկներուն համար Հայ...

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Աստուծոյ սիրոյն, պարո՛ն վարչապետ, չփորձէք չափուիլ արի արանց կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան հետ... Ամէն անգամ որ հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ շղթայազերծուած բացասական որակումներու ականջալուր կ՛ըլլամ, կամ ալ մամուլով եղած ոմանց ձաբռտուքներուն հանդիպիմ, աչքերուս առջեւ կը պատկերանայ, Ալեքսանտրեթի իրենց որբանոցը այցելող Ճեմալ փաշային առջեւ կանգնած` տասնհինգ տարու հասակին Պեթհովենի «Ջութակի քոնչերթօ»-ն նուագող, ապագային ալ ֆրանսական հոգատարութեան մաս կազմող այդ նոյն քաղաքի...

Անսակարկ Զոհաբերում` Ազգի Յաւերժացման Բագինին Առջեւ

Լիզպոնի Հինգը` Ազգային Արժանապատուութեան, Զոհողութեան Եւ Գիտակից Պայքարի Խորհրդանիշ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ 2025 թուականի յուլիսը կը նշուի իբրեւ Լիզպոնի Հինգի ինքնազոհութեան 42-րդ տարելից: 1983 թուականի յուլիսի 27-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներ` Սեդրակ, Վաչէ, Սիմոն, Արա եւ Սարգիս, իրենց կեանքը նուիրեցին` ի լուր աշխարհի բարձրաձայնելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը եւ բողոքելով դարաւոր անարդարութեան հանդէպ միջազգային լռութեան դէմ: Այս հինգ անունները այսօր արդէն ոչ միայն անհատականութիւններու յիշատակներ են,...

Լիբանանահայ Երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեան Երաժշտական Իր Բարձրորակ Իրագործումով Հարստացուց Հայ Մշակոյթի Գանձարանը

Լիբանանահայ Երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեան Երաժշտական Իր Բարձրորակ Իրագործումով Հարստացուց Հայ Մշակոյթի Գանձարանը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ ցեղին ոգին կը սնուցանէ, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին» ԿՈՄԻՏԱՍ Հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ մեծ է ներդրումը Կոմիտաս վարդապետին: Ան իր հմտութեամբ, բարձր արուեստով եւ գեղարուեստական գործունէութեամբ հիմքը դրաւ հայ ազգային երաժշտութեան: Կոմիտաս վարդապետ չընկրկեցաւ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց եւ հայ ժողովուրդի ահաւոր ճակատագրին ականատես վկան ըլլալով, աշխատեցաւ, հաւաքեց, մշակեց, ստեղծագործեց, խմբավարեց` հայ...

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը

Նախա՞նձ, Թէ՞ Նախանձախնդրութիւն

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Նախանձ եւ նախանձախնդրութիւն... հայերէն այս երկու բառերը նոյն արմատը ունին, սակայն հակոտնեայ իմաստ ունին, եւ ինչպէս ցերեկը գիշերէն կը տարբերի, այնպէս ալ` այս երկուքը: Նախանձը եօթը մահացու մեղքերէն մէկն է, որուն կապանքներէն կալանուած մէկը կը յատկանշուի` իր ատելավառ զգացումներով, քինախնդրութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ: Իսկ նախանձախնդրութիւնը ազնուական առաքինութիւն մըն է, երկնային պարգեւ մը, որ կը ձգտի` աւելի...

Page 71 of 808 1 … 70 71 72 … 808

Արխիւներ