Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները

July 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուզիչ էին բանակումի վերջին երկու օրերը, հրաժեշտի պահու անխուսափելի մօտենալը կը տրտմեցնէր մթնոլորտը… Այդուհանդերձ, աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած երիտասարդներն ու ուսանողները առաջին օրուան աշխուժութեամբ ու եռանդով մասնակցեցան յայտագիրներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանի հետ բանակողները զրուցեցին դաշնակցական երիտասարդի ու ազգային արժէքային համակարգի ընկալման մասին:

ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակի եւ միութիւններու ընդհանուր քաղաքականութեան ներկայացում կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցօղիկ Աշըգեան:

Բանակումին ներկայացուեցան ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի աշխատանքները, իրագործուած եւ շարունակաբար իրագործելի երկարաժամկէտ ու կարճաժամկէտ ծրագիրները, եւ անոնց մասին խումբերը կարելիութիւն ունեցան աշխատանոցներ ունենալու եւ ներկայացնելու իրենց բարեփոխման առաջարկները:

Բանակողները մեծապէս օգտուեցան առաջին բոյժ օգնութեան (Հենրիկ Մարգարեան) եւ պաշտպանողական արուեստի վարժութիւններէն (Սագօ Չափրազեան, Նարեկ Նարկիզեան), նաեւ քարտէզագրութեան, քարտէզներու ճշգրիտ ընթերցման եւ ընկալման ներկայացումէն (Մհեր Աւետիսեան):

Բանակողներու համար հաճելի թուաց մարզական խաղերու օրակարգային կէտը, որ ընդգրկեց` զիփ լայն, անօդաչու թռչող սարքերու ծանօթացում եւ այլ դաշտային կամ հետաքրքրական խաղեր ու վարժութիւններ:

Վերջընթեր օրուան խարոյկի շուրջ բանակողներուն միացան մեծաթիւ երիտասարդ ու երէց ընկերներ, նաեւ համակիրներ, որոնք պապակն ունէին ապրելու դաշնակցական խրախճանքներու ազգայնաշունչ ու անկեղծ մթնոլորտը:

Ազգային ու յեղափոխական երգերու փառատօնը եւ եզրափակիչ խարոյկը հրավառեցին երգիչներ Ներսիկ Իսպիրեան, Արաբօ Իսպիրեան, Սամուէլ Երանեան եւ Սուրէն Աճէմեան:

Հրաբորբոք մթնոլորտը կը վերացնէր կասկածները Արցախը եւ բոլոր գրաւեալ հողերու վերադարձը ուշ կամ կանուխ իրականութիւն դառնալու:

Բանակումին ութ օրերը ակնթարթի նման անցան, սակայն այդ ութ օրերուն կուտակուած գիտելիքները, յուշերը, ընկերութիւնները եւ դաշնակցականի հարազատութիւնը դեռ շատ երկար պիտի ապրի իւրաքանչիւրին հոգւոյն մէջ, այնպէս, ինչպէս ցարդ կ՛ապրին 1983-ին կազմակերպուած ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական առաջին համահայկական բանակումին եւ անոր յաջորդող բանակումներուն մասնակցողներու յիշողութեան մէջ:

Նախորդը

Ոչ Ոք Կրնայ Խափանել Մեր Ընթացքը, Երիտասարդութիւնը Պատնէշի Վրայ

Յաջորդը

Միւլըր Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.