Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Ոք Կրնայ Խափանել Մեր Ընթացքը, Երիտասարդութիւնը Պատնէշի Վրայ

Յուլիս 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

Մինչ Հայաստանը կ՛ապրի իր նորօրեայ պատմութեան ամէնէն զգայուն, ամէնէն վտանգաւոր, ամէնէն դառն եւ բարդ շրջանը, լռակեաց, բայց հզօր ուժ մը վերելք կ՛ապրի:

14 յուլիս 2025-ին հայրենի հողին վրայ մեկնարկը տրուեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ բանակումին, որ քաղաքական անորոշութեան եւ ազգային մարտահրաւէրներու առջեւ դիմադրողականութեան, նպատակասլացութեան եւ միասնութեան խորհրդանիշ է: Միեւնոյն ժամանակ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները մեկնարկեցին տարածաշրջանային-ցամաքամասային բանակումներու հարուստ եղանակ մը: Միացեալ Նահանգներ հաւաքուած են Ամերիկայի, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ սկաուտները, մինչ Լիբանանի մէջ մէկտեղուած են Միջին Արեւելքի սկաուտները. երեք բանակումներ, որոնք աւելին են, քան` լոկ ժամանց ու ընկերային պահեր: Ինքնութեան, ազգային արժէքներու կերտումի, ընկերութեան, եղբայրութեան եւ պատասխանատուութեան դարբնոցներ են անոնք: Ապաստարաններ են, ուր աշխարհի չորս ծայրերէն եկած հայ երիտասարդները կը միաւորուին, կը խօսին պատկանելիութեան մէկ լեզուով եւ առաջ կը մղեն համատեղ առաքելութիւն` ԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻ ու ԱՐԺԷՔ:

Շուտով նաեւ մեկնարկը կը տրուի ՀՄԸՄ-ի 12-րդ համահայկական խաղերու Հայաստանի մէջ` մարմնակրթութեան եւ միասնութեան հզօր տօնակատարութեամբ: Հարիւրաւոր երիտասարդ մարզիկներ ոչ միայն կը մրցին, այլ նաեւ հպարտութեամբ կը քալեն իրենց հայրենիքի փողոցներով` ներկայացնելով կենդանի, շնչող Հայաստանը, որ ներկայ է աշխարհի որեւէ տարածքի մէջ, ուր հայութիւն գոյութիւն ունի:

Ահա լռակեաց, բայց հզօր ուժը` մեր աննման երիտասարդութիւնը:

Այսօր, երբ մեր ազգային արժանապատուութեան հիմքերը աղաւաղումի կ՛ենթարկուին, երբ մեր ինքնութիւնը, մեր կրօնը, մեր սահմանները, մեր հաստատութիւնները, մեր հայրենի՛քը սպառնալիքի տակ են, այս տարբեր նախաձեռնութիւնները ոչ միայն կը բարձրացնեն ազգային ոգին, այլ նաեւ կը զարգացնեն ապագայ ղեկավարութիւնը, կը պահպանեն ժառանգութիւնը պատրաստելով յաջորդ սերունդը` ստանձնելու ղեկը: Այսպիսով, մեր երիտասարդութիւնը չի դառնար զոհը անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան, այլ կը դառնայ կազմակերպուած, կարգապահ եւ գիտակից:

Այս հզօր զօրահաւաքին կեդրոնը կանգնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը.

Ա՛յն կուսակութիւնը, որ ազգային իտէալներու մասին խօսելէ անդին անցած է, կերտած է հանրապետութիւն, կառուցած է հաստատութիւններ, որոնք կ՛ապրին այդ իտէալներով:

Ա՛յն կուսակցութիւնը, որ ոչ միայն խորասուզուած է դարէ մը աւելի ազգային պայքարի, հայրենատիրութեան, հայրենակերտումի, ազգակերտումի եւ ազգատիրութեան մէջ, այլեւ նուիրուած է անոր երիտասարդութեան կազմակերպման մէջ ներդրում կատարելուն:

Ա՛յն կուսակցութիւնը, որ իր այդ ներդրումով ստեղծած է գիտակից, պատրաստուած եւ միասնական հայ երիտասարդներու համաշխարհային ցանց, ուր անոնք կը կերտուին որպէս տիպար քաղաքացիներ եւ հեռատես առաջնորդներ, որոնք կը հասկնան, որ հայրենիք սիրելը կարգախօս չէ, այլ` ողջ կեանքի պարտականութիւն եւ զոհաբերութիւն:

Եւ այս բանակումները, այս երիտասարդները, այս ուսանողները, այս սկաուտները, այս մարզիկները ռազմավարական, ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած ազգակերտումի շօշափելի արդիւնքներն են:

Ի տես այս բոլորին` Հայաստանի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող ապիկարը կը յանդգնի խօսիլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արգիլելու մասին, թէ` այդ իրաւական հարց է, եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, թէ այն պէտք է արգիլուի, ապա պէտք է իրաւական գործընթաց սկսի: Արտաքուստ անվնաս թուացող այս խօսքը քաղաքականապէս լարուած է: Կ՛արտացոլացնէ արդէն իսկ ծանօթ դարձած եւ վտանգաւոր մարտավարութիւն` հեռանալ ուղղակի պատասխանատուութենէն, միաժամանակ աննկատելիօրէն ուրիշները հրաւիրել յարձակելու ազգային հաստատութիւններու վրայ:

Յիշեցնե՛նք անոր եւ անոր երկրպագուներուն ու մանկլաւիկներուն, որ Դաշնակցութիւնը դաժանօրէն հալածուեցաւ խորհրդային վարչակարգի օրով, երբ իր անդամներն ու համակիրները բանտարկուեցան, աքսորուեցան կամ սպաննուեցան պարզապէս ազատ Հայաստանի մասին երազելու համար:

Յիշեցնե՛նք անոր եւ անոր երկրպագուներուն ու մանկլաւիկներուն, որ 1994-ին վերանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը նոյնպէս արգիլեց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը` խանգարելով անոր Ընդհանուր ժողովը, վտարելով վաստակաշատ ընկերները, դադրեցնելով անոր հրատարակութիւնները եւ ձերբակալելով անդամները` անհիմն մեղադրանքներով:

Եւ այնուամենայնիւ, հակառակ խորհրդային ամբողջատիրութենէն մինչեւ վերանկախութենէն ետք կատարուած ճնշումներուն, Դաշնակցութիւնը ոչ միայն գոյատեւեց, այլեւ ծաղկեցաւ: Անոր կառոյցները ամուր կանգնած են ամբողջ աշխարհի մէջ` իւրաքանչիւր հայկական համայնքի մէջ: Ո՛չ մէկ կառավարութեան որոշում, ո՛չ մէկ արգելք, ո՛չ մէկ դատարան կրնայ կտրել այն թեւերը, որուն արմատները խորն են հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ: Դաշնակցութիւնը ամէնուր է, անոր երիտասարդութիւնը ոտքի է կանգնած, անոր առաքելութիւնը կենդանի է, եւ անոր բոցը կարելի չէ մարել:

Կեցցե՛ն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, անոր յարակից եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները եւ իւրաքանչիւր անդամը կամ համակիրը, որ հնարաւոր կը դարձնէ այս ջանքերը: Եւ ամենակարեւորը, եկէք, լուսարձակի տակ առնենք երիտասարդները` արդար, ազատ եւ անկախ Հայաստանի ջահակիրները, որոնց աչքերուն մէջ կը տեսնենք մեր ազգի ապագան ոչ թէ որպէս երազանք, այլ` որպէս խոստում:

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Համայնական Դիմագիծ Ունեցող Արշաւանքը (Խանասոր, 1897)

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?