Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Համայնական Դիմագիծ Ունեցող Արշաւանքը (Խանասոր, 1897)

Յուլիս 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

– Ընկերնե՛ր, եթէ ես ընկնեմ, յիշեցէք գոնէ, որ մի թուրք զինուոր ձեզ հետ միացած կռւում էր բռնակալութեան դէմ:

Իր պարզութեամբ եւ բարոյական վեհութեամբ յատկանշուող այս մէջբերումը, որ սերունդներուն փոխանցած է դաշնակցական եզակի մտաւորական, պատմաբան եւ ազգային գործիչ Միքայէլ Վարանդեան, անշուշտ որ կ՛ընդգրկէ բազում իմաստ եւ թելադրականութիւն:

Պէտք չէ զարմանալ, որ դաշնակցական պատմագրութիւնը արձանագրած է նաեւ սխրանքը թուրքի առընթեր, քիւրտի, ասորիի, եզիտիի ու այլազգի պատկանող հերոսներու, որոնք, շնորհիւ իրենց համամարդկային կազմաւորումին, քաջութեան եւ արդարադատի կեցուածքին, մասնակից են դարձեր հայ ազատագրական պայքարին, արիւն են թափեր, նահատակուեր եւ արժանացեր են հայ ժողովուրդին յարգանքին:

Փաստօրէն, վերեւի թուրք ազատամարտիկը, որ օրին վերամկրտուած է Սամուէլ անունով, մասնակցած է Խանասորի արշաւանքին: Ան այս արարքով ցոյց է տուեր հայոց ազգային դատին ու ազատագրական պայքարին իրաւացիութիւնը:

Ի դէպ, արդար է յիշել, որ արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին եղած են այլազգի նուիրեալներ, որոնք իրենց արեամբ ոռոգած են Արցախի սուրբ հողը եւ թաղուած Եռաբլուրի մէջ:

Երախտապարտ հայութիւնը ոչ միայն սիրած ու յարգած է զիրենք, այլ հերոսի կոչումին արժանացուցած է եւ կանգնեցուցած ոգեղէն արժէք ունեցող կիսանդրիներ թէ քարակերտ յուշակոթողներ:

Սա արդէն վաւերական ապացոյց է, որ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը, եթէ երբեք խարսխուած է մարդկային եւ ազգային իտէալներու վրայ, անկեղծ ու կենդանի հունտեր կը պարփակէ, չի սահմանափակուիր աշխարհագրական տարածքով, կրնայ յարացոյց ըլլալ գալիք սերունդներուն, եւ արձանագրուիլ ժողովուրդներու մատեանին մէջ եւ դառնալ ներշնչող պատմական դիպաշարեր:

Սա կը նշանակէ նաեւ, որ բարբարոսութեան, ցեղապաշտի նկրտումներու դէմ պայքարելու ոգին ունի համայնական հասկացութիւն եւ արդար ընկալում:

Արդ,

Այնքան ատեն որ հայ գրողը, պատմագիրը, հրապարակագիրը կը շարունակեն   անդրադառնալ համայնական արժէք ունեցող պատմական դիպաշարերու, աւելի՛ն. այնքան ատեն որ ազգային պարունակը երկիւղածութեամբ կ՛արժեւորէ հերոսական ամէն արարք, իսկ նորահաս սերունդի շրթներուն կը գեղգեղեն հայդուկներու նուիրուած երգերը, կը նշանակէ, որ ազգի մը սիրտն ու հոգեմտաւոր շտեմարանը դեռ կը շարունակէ բաբախել ազգային շունչով եւ գիտակցական բարձր արժանիքով:

Աւելի՛ն. ազգերու յուզաշխարհին թէ մտքի անդաստանին մէջ, եթէ երբեք հերոսի կերպարը կը բացակայի, հերոսապաշտի ունակութիւնը կը նուաղի եւ ժառանգուած քաջասրտութեան օրինակը կ՛ընդարմանայ, տուեալ ազգի պարունակը տակաւ պիտի կորսնցնէ նախ ինքնութիւնը, ազգային դիմագիծն ու տեսակը, ապա` ուժականութիւնն ու իրաւունքը` իր ուրոյն տեղն ու դերը ունենալու քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

Իսկ քաղաքակիրթ աշխարհի քարտէսին վրայ ըլլալ, կը նշանակէ ունենալ սեփական հող, հայրենիք, դարաւոր պատմութիւն, մշակոյթ, յառաջդիմական միտք, զարգացման ունակ ժողովուրդ, պայքարի հաւատամք եւ պետականութիւն:

Այսօր փորձ կը կատարուի, լուրջ աշխատանք կը տարուի` համայնակուլ ուժերու թէ կառոյցներու կողմէ, աշխարհով մէկ վերացնելու հերոսապաշտութիւնը ու զայն փոխարինելու, այսպէս կոչուած, աշխարհաքաղաքացիի «շնորհ»-ներով` նիւթի պաշտամունք, սանձարձակ ապրելակերպ, միասեռականութիւն, թուլամորթի թէ թմրամոլի վիճակի յամեցում, ազգային հոգեմտաւոր արժէքներու արժեզրկում եւ մասամբ նորին: Ահաւասիկ, արդի օրերու «նոր» մարդը:

Խանասոր, յուլիսի 25:

128 տարիներու հեռաւորութիւն: Մէկ կողմէ շարունակուող սքանչացում եւ հպարտութիւն, միւս կողմէ` հեգնանք ու անարգանք, այս կամ այն շրջապատի, անձի թէ լրատուական միջոցի «ձեռնհասութեամբ»:

Այդուհանդերձ, մեզի համար Խանասորի վրիժառական արշաւանքը է՛ ու պիտի մնայ այն եզակի մարտական գործողութիւնը, որ իր թելադրականութեամբ, իմաստով եւ պատգամով ոչ միայն ներշնչման եւ հպարտութեան աղբիւր է, այլ դաշնակցական մտքի, հաւատամքի, գաղափարայնութեան, կամքի եւ կենդանի պայքարի յարացոյց, որ կը շարունակէ դաստիարակել սերունդներ եւ աշտարակել հայու դիմագիծն ու ոգեղէն աշխարհը:

Փաստօրէն, եզակի արշաւանք մըն էր, որ տեղի ունեցաւ հայութեան կեանքին ամէնէն բախտորոշ մէկ փուլին, երբ 1895-96 համիտեան ջարդերը ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծած էին, երբ Վանի ինքնապաշտպանութեան մարտերէն ետք աւելի քան 800 հայդուկներ հեռացած էին Վանէն, եւ պաշարուելով մազրիկ ցեղախումբի հորդաներու կողմէ, Վասպուրական աշխարհի սուրբ Բարթողիմէոս վանքին մօտ անհաւասար կռիւ մղելէ ետք բնաջինջ եղած էին, երբ հայութիւնը բարոյալքուածի պատմուճան հանդերձած` մատնուած էր սուգի եւ յուսալքութեան, երբ ազգային ազատագրական պայքարը ստացած էր ուժգին հարուած, ահա, նման կացութեան եւ մթնոլորտի մէջ կը կազմակերպուէր վրիժառական արշաւանք մը, որ ուժգին հարուած եւ դաս պիտի տար բոլորին` պատգամելով, որ հայութեան կամքն ու ուժը կրնան նաեւ յարձակողականի անցնիլ, փրկելու ազգային արժանապատուութիւնը, ուշքի բերելու հայութիւնը եւ զգետնելու թշնամին իր որջին մէջ:

Անկրկնելի հայդուկապետի` Նիկոլ Դումանի մտայղացումին եւ աշխատանքին արգասիքն էր արշաւանքը, որ, թէեւ ունեցած է «հակառակորդ»-ներ, սակայն շնորհիւ դաշնակցական տիտաններու` Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ռոստոմ Զօրեանի անմնացորդ թիկունքին եւ աջակցութեան եւ դաշնակցական հայդուկներու լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին, 250 ֆետայիներէ կազմուած արշաւանքը վերոյիշեալ թուականին տեղի կ՛ունենայ եւ յաջողութեամբ կը պսակուի:

Խանասորայ դաշտին վրայ կայք հաստատած մազրիկ ցեղախումբը այդ օր կը դառնար թիրախը հայոց բազուկին, որ կազմակերպուած ուժով եւ վեհանձնութեամբ կը յարձակի անակնկալի բերելով հորդաները, որոնք, տեղատարափ փամփուշտի ենթարկուելով` փախուստ կու տան վրաններէն:

Այո՛, ցեղապետ Շարաֆ կնկայ հագուստով փախուստ կու տայ փրկելու իր ստորնացած կեանքը:

Արաուլ լեռէն իջած աննման տղաները քաջաբար մարտնչած էին եւ անմոռանալի դաս տուած թշնամիին, որ յոխորտացած էր իր սպանդով:

Ամբողջ օրը ուժգին մարտեր մղելէ ետք, նահանջի ազդանշանը կը տրուէր: Վրանաքաղաքը հրոյ ճարակ դարձած էր, հայդուկները իր լրումին հասցուցած էին սրբազան արշաւանքը: Կային 19 նահատակներ, որոնց շարքին աննման Կարոն, Ռոստոմի եղբայրը, որ դիմադրած էր մինչեւ վերջ եւ արժանացած նահատակութեան փառապսակին:

Դաշնակցական պատմագրութիւնը արձանագրած է դիպաշարին ամբողջ տարողութիւնը` լոյսին բերելով նամակներու, յուշագրութեան, նոյնիսկ օտար թերթի թէ դիւանագէտներու անդրադարձներ, որոնք հիւսած էին արշաւանքի փառքը:

Հիասթափուած հայութիւնը վերագտած էր իր բարոյական կորովն ու ուժը, իսկ թշնամին` պահ մը շշմած պատահածի ուժգնութենէն, ընդունած էր իր պարտութիւնը:

Հիւսուած երգերը արտայայտութիւնն են հայդուկներու սխրանքին:

 

 

Նախորդը

128-Ամեակ Խանասորի Յաղթական Արշաւանքին

Յաջորդը

Ոչ Ոք Կրնայ Խափանել Մեր Ընթացքը, Երիտասարդութիւնը Պատնէշի Վրայ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?