Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

128-Ամեակ Խանասորի Յաղթական Արշաւանքին

Յուլիս 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խանասորի արշաւանքը հայ յեղափոխութեան արդարահատոյց բազուկին խորհրդանիշն է: Անիկա նաեւ հայ ազատագրական շարժման եւ ֆետայական ռազմական արուեստի լաւագոյն եւ ոգեւորիչ դրուագներէն է, որ խանդավառած է հայ ժողովուրդը եւ սարսափ տարածած հայութեան թշնամիներուն մօտ:

Հայ ժողովուրդը համիտեան 1895-1896-ի կոտորածներու եւ քրտական ցեղախումբերու սանձարձակ յարձակումներու ու կեղեքումներու պայմաններուն տակ յուսալքութեան մատնուած էր:

Համիտեան համատարած ջարդերու ժամանակ վանեցիք ինքնապաշտպանութեան դիմեցին: Աւետիսեանի, Մարտիկի եւ Պետոյի գլխաւորութեամբ վանեցի շուրջ 900 երիտասարդներ, 518 հրացաններով 1896 յունիս 3-էն 11 դիմադրեցին օսմանեան 10 հազարանոց զօրքին: Անոնք յաջողութեամբ ետ մղեցին թուրքերու բոլոր յարձակումները, բայց յետոյ, զէնքի եւ զինամթերքի պակասը ստիպեց զանոնք ընդունելու բրիտանական հիւպատոսին երաշխաւորութիւնը եւ անզէն ճամբայ ելան դէպի Պարսկաստան: Սահմանին մօտ անոնք պաշարուեցան ու կոտորուեցան քրտական Մազրիկ ցեղին կողմէ:

Թիֆլիսի մէջ 1897-ի տարեսկիզբին գումարուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Շրջանային ժողովը որոշեց, ժողովուրդին ոգին բարձրացնելու եւ թրքական կառավարութեան ձեռքը լծակ դարձան քիւրտերը զգաստացնելու եւ հարիւրաւոր նահատակ երիտասարդներուն վրէժը լուծելու համար հակահարուած տալ եւ պատժական արշաւանք կազմակերպել:

Արշաւանքին շուրջ քննարկումները շարունակուեցան մինչեւ 1897 յունիս: Տարակարծութիւններ կային արշաւանքի նպատակայարմարութեան եւ յաջողութեան հաւանականութեան նկատմամբ: Վարդան, Վազգէն, Իշխան Յովսէփ Արղութեան եւ այլք համաձայն չէին արշաւանքի գաղափարին. անոնք կը նախընտրէին մարտական ուժերը կեդրոնացնել Շատախի ու այլ լեռնային շրջաններու մէջ եւ նոր թափ տալ զինման աշխատանքներուն:

Ատրպատական հաւաքուած էր ֆետայական շարժման ամբողջ սերունցքը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բիւրոյին կողմէ Թաւրիզ առաքուեցաւ Յարութիւն Շահրիկեան: Նիկոլ Դումանի Մազրիկ ցեղին դէմ պատժական արշաւանք կատարելու գաղափարը հաւանութեան արժանացաւ Բիւրոյի լիազօրին կողմէ:

Արշաւախումբը կազմուեցաւ 253 հոգիէ, որոնց 40-ը` ձիաւոր: Ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ Վարդան, օգնական` իշխան Յովսէփ Արղութեան, հարիւրապետներ` Փոխիկ եւ Ախպէր, յիսնապետ` Նիկոլ Դուման, ձիաւոր խումբի հրամանատար` սեւքարեցի Սաքօ:

Հայ ֆետայիները Սալմաստի Հաֆթուան գիւղէն ճամբայ ելան եւ Դերիկի վանքին մօտէն թուրք-պարսկական սահմանը հատելով հասան Խանասոր, ուր փռուած էին Մազրիկ ցեղին վրանները:

Յուլիս 25-ի արեւածագէն առաջ հայ ֆետայիները շրջապատեցին Խանասորի դաշտը եւ շեշտակի համազարկերէ ետք գրոհի անցան: Մազրիկցի տղամարդիկը անխնայ սուրի քաշուեցան: Բայց ֆետայիները ձեռք չերկարեցին կիներուն եւ մանուկներուն վրայ: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ կանացի հագուստներով յաջողեցաւ խոյս տալ: Հայ ֆետայիները տուին 19 նահատակ:

Խանասորի արշաւանքը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջին ամէնէն ծաւալուն ձեռնարկը եղաւ: Արշաւանքը ուժգնօրէն ցնցեց թէ՛ հայկական, թէ՛ քրտական եւ թէ՛ թրքական շրջանակները: Դարերու ստրկութենէ ետք, անիկա աննախընթաց էր իր տարողութեամբ եւ ազդեցութեամբ: Անոր ձգած տպաւորութիւնը մեծ եղաւ: Հայը հաւատքով եւ հիացումով լեցուեցաւ յեղափոխութեան սուրբ գործին նկատմամբ: Իսկ քիւրտ ցեղախումբերը դարձան աւելի շրջահայեաց եւ սկսան յարգանքով վերաբերիլ ջան ֆետայիներու նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակի Տարբեր Նախաձեռնութիւններով Նշում Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Համայնական Դիմագիծ Ունեցող Արշաւանքը (Խանասոր, 1897)

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?