Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թէ Չըլլա՛մ Ես… Դո՛ւն Ալ Չկաս»

Յուլիս 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Յոխորտա՞նք էր… ազդարարա՞նք,
Գիտակցութեան մարտահրաւէ՞ր…
Զգաստութեան լուռ ահազա՞նգ
Անկեղծօրէն չեմ գիտեր ես…
Բայց արթնցայ մութ թմբիրէն խորհրդաւոր…

«Եկո՛ւր, սուրճ մը խմենք» ըսի
«Թէ կը խօսինք, կը զրուցենք»
Խնդաց:

«Իսկ անկէ՞ ետք» ըսաւ խոհուն,
«Իսկ անկէ ետք ի՞նչ պիտ՛ ընես…»

«Կը ղրկեմ ես պահն այս անուշ,
Յիշողութեանս խորհուրդներու
Մեծ կածանին»:

«Ինծի՞ կու տաս…
Եւ կը մոռնաս դուն այս պահը,
Անոր նման այն բոլորը` սուրբ պահերը,
Վառ սէրերը,
Դառնութիւններն անտանելի
Գոյդ կազմող բարդ սիւները…
Ինծի՞ կու տաս…

Եւ կը սպասես, որ ես` ՅՈ՜ՒՇԴ,
Պահեմ զանոնք տեղ մը թաքուն էութեանդ մէջ
Պարզ, հարազատ, առանց զարդի, զարդարանքի
Եւ մերթ ընդ մերթ գամ քեզ այցի
Որ դուն տեսնես էութիւնդ պատկերի մէջ
Առանց գոյնի եւ շպարի…
Կը գիտակցիս, չէ՞, վստա՛հ եմ`
Կեանք կոչուածը… այս թնճուկը
Խորհուրդներու անծայրածիր աշխարհ մըն է
Որ կը պահեմ մասունքի պէս:
Գոյութեանդ սիւնն եմ անխախտ…
Աշխարհներուդ դամբարանը:
Տարօրինակ երեւոյթով ես կը զարթնիմ:
Երբ որոշես կեանքին դառնալ,
Զիս կը կանչես…
Քու հարազատ կեանքի վկան…
Հիմա գիտե՛ս`
Յուշը կեանքի յուշարարն է…
Թէ չըլլա՞մ ես`… դուն ալ չկա՛ս…»:

8 յուլիս 2025

Նախորդը

Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին Կողմէ Եղբայրական Գործակցութեան Նամակ՝ Ուղղուած ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Նշմար. Փաշինեան Սիւնիքը Աճուրդի Հանած Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?