Անդրադարձ

ԼՕԽ-ի  «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի                                          Միամեայ  Գործունէութիւնը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Միամեայ Գործունէութիւնը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը 1987 թուականէն ի վեր լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի համայնքին կը տրամադրէ զանազան ծառայութիւններ, որոնք ուղղուած են հիւանդութիւններու կանխարգիլման, ախտորոշման եւ բուժման: Յուլիս 2024-էն յունիս 2025-ին կեդրոնի բոլոր բաժանմունքները` բժշկական, տարրալուծարանի, դեղարանի, շողանկարումի, մարձումի,  շտապ օգնութեան, ատամնաբուժարանի թէ ընկերային գրասենեակի բարեգութ խնամք մատուցեցին կեդրոն ներկայացող  57.032 անհատներու: Ստորեւ կը ներկայացնենք կեդրոնի բաժանմունքներուն միամեայ  գործունէութիւնը: Ա.- Առողջապահութեան նախարարութիւն...

Սթափելու Ժամանակը

Քննադատելը Հակապետական Արա՞րք Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստան դարձած է շփոթեցնող հակասութիւններու երկիր մը: Լրահոսը լիքն է բուռն երեւոյթներով. խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ, հայհոյալից եւ սպառնալից յայտարարութիւններ պետական պաշտօնատարներու կողմէ, Սիւնիքի մասին վտանգալից բացայայտումներ, Էջմիածինը գրաւելու մասին յայտարարութիւններ եւ նմանատիպ այլ դրսեւորումներ: Մտահոգութիւն եւ տագնապ յառաջացնող եղելութիւններու անդադրում տարափ մը: Միւս կողմէ, Երեւանի փողոցներուն եւ բակերուն մէջ տագնապի ոչ մէկ նշան կը նշմարուի, կեանքը կը շարունակուի իր...

Դէմքեր… Հետքեր.  Շարլ Ազնաւուր

Դէմքեր… Հետքեր. Շարլ Ազնաւուր

Պատրաստեց` ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ 1950-ականներուն Քազապլանքայի մէջ տեղի ունեցած համերգը պարզապէս շրջադարձային եղաւ Ազնաւուրին համար: Հանդիսատեսը երկար ժամանակ չձգեց, որ ան բեմէն հեռանայ: Ան Փարիզ վերադարձաւ արդէն իբրեւ ուրիշ Շարլ Ազնաւուր: 1954 թուականին  ստորագրեց առաջին լուրջ պայմանագիրը: Շարլ Ազնաւուրի անունը հնչեց եւրոպական ամէնէն հանրածանօթ համերգասրահներէն մէկուն` «Օլիմփիա»-ի մէջ: 1959-ին Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահի մուտքի դրան դիմաց դրուած էր Շարլ Ազնաւուրի համերգի ազդագիրը:...

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Մակագրութեան Մը Պատմութիւնը (Չվերջացող Զրոյցէ Հատուած)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քիչ առաջ ըսի, որ ինծի նուիրած գիրքերուդ մէջ ունիս սիրտէդ ու հոգիէդ բխած մակագրութիւններ: Վստահ եմ, որ եզակի չեմ, թէեւ նաեւ վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր մակագրութիւնդ անպայման կապ մը, հաղորդականութեան շերտ մը ունի գիրքերէդ նուէր ստացողներուն հետ: Բոլոր մակագրութիւններդ ալ ունին բանաստեղծական շունչ մը: Կ՛ուզեմ առանձնացնել առաջին հատորէդ ինծի նուիրածիդ մէջի մակագրութիւնդ, որ ո՛չ միայն չափածոյ է եւ...

Դէմքեր… Հետքեր.   Շարլ Ազնաւուր

Դէմքեր… Հետքեր. Շարլ Ազնաւուր

Պատրաստեց` ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ 101 տարի առաջ` 22 մայիսի 1924-ին, Փարիզի մէջ հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ ծնաւ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը: Ախալցխայի մէջ ծնած հայրը` Միշա Ազնաւուրեանը, արմատներով Էրզրումէն էր, իսկ մայրը` Քնար Պաղտասարեան` Զմիւռնիայէն: Օրին դերասանական խումբի հետ Միշա Ազնաւուրեան Պաթումէն կ՛անցնի Կ. Պոլիս, ուր կը հանդիպի եւ ապա կ՛ամուսնանայ Քնար Պաղտասարեանին հետ: Վերջինիս ընտանիքը միլիոնաւոր հայերու...

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Մակագրութեան Մը Պատմութիւնը  (Չվերջացող Զրոյցէ Հատուած)

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Մակագրութեան Մը Պատմութիւնը (Չվերջացող Զրոյցէ Հատուած)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սիրելի՛ ընկերս` Սարգիս Կիրակոսեան, սիրելի՛ Սագօ, Մե՛ր «Ազդակ»-ի խմբագրութենէն երկտող մը հասաւ այսօր, թէ` 21 յուլիսի թիւը պիտի ձօնեն յիշատակիդ: Առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ. «Քանի՞ տարի եղաւ մեկնելուդ»: Գրադարանիս մէջ իրենց յատուկ տեղը ունեցող հատորներդ բերի սեղանիս ու բացի կենսագրականիդ էջը. մեկներ ես... 21 յուլիս 2015-ին: Վա՜յ, տասը տարիները ինչպէ՞ս սահեր են, մինչդեռ քեզմէ շա՜տ բան, ինչպէս` մեկնումիդ սեւ...

Սարգիս Կիրակոսեան

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանի Յուշերով…

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Տեսուչ դպրեվանուց Տրցակ մը ծանր ու թեթեւ գիրքերով եւ օրուան թերթով դասարան կը մտնէր պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը` դպրեվանքի հայ գրականութեան մեր ուսուցիչը: Աշակերտական հոգեբանութեամբ կը մտածէինք, թէ արդեօք պրն. Սարգիսին ո՛ր տկար թելին կրնայինք դպչիլ, որպէսզի հայ գրականութեան շրջագիծէն դուրս ելլէինք եւ դասի ժամանակը վատնելով` յաջորդ օրուան դաս պատրաստելու պարտաւորութենէն ձերբազատուէինք: Նախ կը փորձէինք ֆութպոլի նիւթով...

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Խօսքեր` Մեկնած Բանաստեղծին

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Խօսքեր` Մեկնած Բանաստեղծին

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ամրան տաքին, երբ վտանգուած շոճիները Նաքքաշի կը փորձէին գոյատեւել` ծղրիթներու խմբերգին հետ եւ ճնճղուկներու դայլայլումին տակ դուն անշշուկ հեռացար: Սիրելի՛ Սարգիս, սէրը  լեզուին եւ քերթողութեան ծանօթացուցած էր մեզ եւ վերածած հարազատի: Յիշողութեանս մէջ դեռ թարմ է խանդավառ այցելութիւններդ  Հալէպէն, երբ կու գայիր մեր խմբակին միանալու, կարդալու եւ կարդացուելու տենդով տարուած կամ վարակուած: Այդ օրերուն ռումբերու տակ կը տուայտէր...

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 437).  Բարոյական Իրաւունք

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 437). Բարոյական Իրաւունք

Իրաւունքը ունի երկու երես. իրաւական եւ բարոյական: Այն, որ օրէնքի գիրքերու եւ կանոնագիրներու մէջ յատուկ յօդուածներով բանաձեւուած կանոն է եւ մարդոց բան մը ընելու կամ ըլլալու արտօնութիւն կու տայ, իրաւական իրաւունք է: Մինչդեռ այն, որ բարոյական արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ հիմնուած անգիր օրէնք է, բարոյական իրաւունք է: Անգիր օրէնքները ժամանակի ընթացքին կրնան գրաւոր դառնալ եւ կանոնագիր մուտք գործել, բայց կրնան...

«Աւանդութեանց Լուսամուտը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Նոր Լոյս Տեսած Գիրքս` Սրտէս Բխած Խօսք Յառաջիկայ Սերունդներուն

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու կենսաւորման տարի»: Այս յայտարարութիւնը միայն խորհրդանշական կամ ծիսական արժէք չէր, ան կը փոխանցէր հոգեւոր ու ազգային խոր ահազանգ մը: Վեհափառ հայրը կը յստակացնէր իր մտահոգութիւնը` ապագայ սերունդներու ինքնութեան վերաբերող: Երբ աշխարհը արագ կը փլուզէ հին ու փորձուած արմատները, երբ նորը կը խլէ մեր հայեացքը անցեալէն, վեհափառ...

«Հայի Հետքը» Եղած Պիտի Չըլլայ

«Հայի Հետքը» Եղած Պիտի Չըլլայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան հեռատեսիլը` Հ1-ը, «ՀԱՅԻ ՀԵՏՔԸ» կոչուած իմաստուն հաղորդում մը  ունի: Միշտ ես ինծի հարց տուած եմ, որ «հետք»-ը կը վկայէ կեանքի եւ ներկայի՞ մասին, թէ՞ կորուստի եւ մահուան: Հետքը` մարդոց եւ անոնց արարումներուն, որոնք  բարի կամ վատ դրոշմ կ՛ըլլան: Այսօր համացանցը ահազանգեց: Հայ Բագրատունիներու  պետութեան մայրաքաղաքն էր Անին, ունէր հազար ու մէկ եկեղեցիներ,  մշակութային պատմական մեծ կեդրոն...

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան

Ժողովուրդ Մը, Որ Կը Լռէ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Պետութիւն մը կարելի է կերտել` սահմաններով, բանակով, օրէնքի   գործադրութեամբ: Բայց ժողովուրդ մը գոյ կը մնայ իր ազգային արժանապատուութեամբ: Ո՛չ  իբրեւ ճառ, ո՛չ իբրեւ կարգախօս, այլ`  կենսական ուժ: «Ես կ՛ապրիմ, որովհետեւ  ինքնութիւնս զէնք է», կ՛ըսէ մարդկային արժանապատուութիւնը: «Մոռցէ՛ք, ներեցէ՛ք, ստորագրեցէ՛ք», այս է մեր օրերու նոր հռետորաբանութիւնը: Այլապէս` քաղաքական ենթախորքով անհիմն ամբաստանութիւններ, ձերբակալութիւններ: Բայց ո՞վ կ՛ըսէ, թէ խաղաղութեան հիմնասիւն  պիտի...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Հեղինակաւոր Բժիշկ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հեղինակաւոր Բժիշկ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

Երեքշաբթի, 15 յուլիսին յետ երկարատեւ հիւանդութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ   մահացաւ միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ամրագրած, համաճարակաբան, ազգային կեանքին մէջ վաստակաւոր ներդրում ունեցած փրոֆ.  Յարութիւն Արմէնեանը: Ան 1942 թուականին ծնած է Պէյրութ, աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ եւ բժշկագիտութեան դոկտորի աստիճանին տիրանալէ ետք ուսումը շարունակած է Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին մէջ` ստանալով...

Սուէյտայի Դէպքերը` Թուրք-Իսրայէլեան Պարանաձգութեան Պրիսմակէն Դիտուած

Սուէյտայի Դէպքերը` Թուրք-Իսրայէլեան Պարանաձգութեան Պրիսմակէն Դիտուած

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ վերջին զարգացումները ընթացք առին դէպի Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ գողութեամբ մը, որուն հետեւեցան շրջանի աշիրեթներուն ու տիւրզիներուն միջեւ փոխադարձ առեւանգումներ ու զինեալ բախումներ: Կառավարական ուժերը ապահովութիւնը վերականգնելու նպատակով շուրջ երկու օր ետք միջամտեցին, սակայն այդ միջամտութիւնը շուտով շեղեցաւ իր յայտարարուած նպատակէն եւ ստացաւ տիւրզի համայնքին վրայ յարձակումի բնոյթ: Ինքզինք Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի պաշտպան...

Ցաւակցագիր Կայծակ Ետիկեանի Յիշատակին

Ցաւակցագիր Կայծակ Ետիկեանի Յիշատակին

ՎԱՐԴԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՇՃԵԱՆ Հովիւ Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Քանատայի Մութ ու ցուրտ գիշեր մըն էր Քեպեքի Լաւալ շրջանը, ուր ձիւնը գրեթէ խեղդած էր ամէն թաղ ու ճանապարհ, իսկ տանս շրջապատը` անկենդան ու անապատ, երբ դրան կոչնակը հնչեց: Զարմացած` շտապեցի դէպի դուռս, նախապաշարուած մտածելով, որ միայն արջերը կարող են այս խենթ ու ցուրտ օդին շարժիլ: Բացի դուռը եւ`...

Օր. Յասմիկին Յիշատակին

Յետմահու Նամակ Մը` Կայծակին

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ - ՀԱՃԷԹԵԱՆ Սիրելի՛ տղաս, Ամէն ինչի նկատմամբ քու արդար ու բարի վերաբերմունքդ գաղտնիք չէր ինծի համար: Դուն այդպէս կը գործէիր միշտ եւ այդպէս հոգեկան բաւարարութիւն կը գտնէիր կեանքիդ ընթացքին: Բայց չէի գիտեր, որ դուն քու անունիդ նկատմամբ ալ այդ կեցուածքը պիտի ունենայիր: Պիտի փայլատակէիր, պիտի լուսաւորէիր չորսբոլորդ ու կայծակի մը արագութեամբ պիտի անհետանայիր: Դուն իսկական կայծակ մը եղար`...

Ստալինիզմից-Նիկոլիզմ

Ստալինիզմից-Նիկոլիզմ

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ «Ես խնդրում եմ սովետական կառավարութեանը` կրկնապատկել, եռապատկել պահակախումբը Ստալինի շիրիմին, որ Ստալինը վեր չկենայ եւ նրա հետ՛ ստալինիզմը»                                 ԵՒԳԵՆԻ ԵՒՏՈՒՇԵՆԿՕ  Այս տողերը Խորհրդային Միութեան ռուս նշանաւոր բանաստեղծ, ժամանակի երիտասարդութեան կուռք Եւգենի Եւտուշենկոն գրել էր 1961թ, երբ Խրուշչովի հրամանով Ստալինի դին դամբարանից հանում, գիշերով թաքուն թաղում են Քրեմլինի պարսպի տակ: Երկրում հաստատւում է հակաստալինիզմի  օրէնք, որով...

Հայրենասիրութեան Անվիճելի Հաւաստիքը.  ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Եւ ԼԵՄ-ը` Համահայկական 12-րդ Բանակումին Առաջնագծին

Հայրենասիրութեան Անվիճելի Հաւաստիքը. ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Եւ ԼԵՄ-ը` Համահայկական 12-րդ Բանակումին Առաջնագծին

ԹԱԼԹՈՍ «Դէ՜հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէ՛ք, Արիւն, քրտինք երկունք մտէ՛ք, Տանջանք, զրկանք լեզու առէք, Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք» Աւելի քան 90 ԶՈՄ-ական եւ ԼԵՄ-ականներ` հաւատքով լեցուն, խանդավառութեամբ հմայուած ու ոգիով զօրացած, մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Համահայկական 12-րդ բանակումին: Կուսակցութեան կենսունակ միաւորներ իբրեւ` անոնք չգացին զբօսաշրջութեան, այլ` պայքարի, ինքնութեան պահպանման եւ յուռճացումն հայրենասիրութեան: Այս բանակումը, որ սկիզբ...

Յայտարարութիւններ (5 Յուլիս 2025)

Ստացուած Գիրքեր. «Յուշագրական Պատառիկներ» (Հեղինակ` Կիրակոս Գույումճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քուէյթի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ Կիրակոս Գույումճեանի «Յուշագրական պատառիկներ» գիրքը, բաղկացած` 156 էջերէ: Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս եպիսկոպոս Մանուէլեան կ՛ըսէ, որ Կիրակոս Գույումճեան քուէյթահայ գաղութին մէջ հանրածանօթ է իբրեւ գործարար, հրապարակագիր եւ բարերար: Անոր գրիչին կը պատկանին Քուէյթի արաբատառ մամուլին մէջ լոյս տեսած տասնեակ յօդուածներ, նուիրուած հայութեան եւ Հայ դատին: Նախաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ...

«Հայրենիք» Շաբաթաթերթ.    «Ցտեսութիւն` Թուղթէ Մամուլին…»

«Հայրենիք» Շաբաթաթերթ. «Ցտեսութիւն` Թուղթէ Մամուլին…»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շաբաթ օր էր: Ըստ սովորութեան, օրուան հեւքէն հեռու, սենեակս քաշուած, սանկ անկիւն մը նստած, չեմ գիտեր` որքան ատենէ ի վեր, երբ կը թղթատէի համակարգիչիս կայքէջերուն վրայ «փռուած» եւ տարածուած հայ մամուլին տեղաւորած էջերը, յանկարծ աչքերս կեդրոնացան Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականին վրայ: Ու լռութեամբ, քանի մը անգամ կարդացի անոր սիւնակները: Ու իբրեւ եզրակացութիւն-ամփոփում` թէեւ «Հայրենիք»-ը մէկ կողմէ ցտեսութիւն կ՛ըսէր...

Page 73 of 808 1 … 72 73 74 … 808

Արխիւներ