Սահակ Բ. Կաթողիկոս Քեսապի Մէջ. Սահակեան Եւ Աղջկանց Դպրոցներու Կառուցում
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սահակ Բ. կաթողիկոս Գալատուրանի մէջ, Մանճիկեան թաղի խոշոր տանձենիին տակ. աջին` Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան եւ Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան. ձախին` Գիւտ ծայրագոյն վարդապետ Մխիթարեան: Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան, Կիլիկիոյ աղէտահար ժողովուրդին հովուական այցելութեան ճամբուն վրայ 1909-ի ամրան Քեսապ հասնելով ժողովրդային փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ: Զանգահարութեամբ, խաչով, խաչվառով, Աւետարանով, խունկով ու մոմով, քահանաներու առաջնորդութեամբ եւ հազարաւոր հաւատացեալներով շրջապատուած, կաթողիկոսը առաջնորդուեցաւ...




















