Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Ապրիլ 9, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եապոն` Արցախը Զանգեզուրի Կապող Ճակատի Հրամանատար

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խորհրդային Ռուսաստան կ՛աշխատէր ամէն գնով խորհրդայնացնել Հայաստանն ու Վրաստանը եւ կապ հաստատել քեմալական Թուրքիոյ հետ:

Բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան Բիւրոն 3 օգոստոս 1920-ին հեռագիր ուղարկեց Լենինի եւ Թրոցկիի: Հեռագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ նախ խորհրդային կարգեր պէտք է հաստատել Վրաստանի մէջ, որովհետեւ այդպէսով ծովային ճանապարհ կ՛ապահովուէր քեմալականներուն հետ: Բացի այդ, կարմիր բանակը Հայաստան մտնելու պարագային սահմանը շատ կ՛երկարէր, եւ կարելի չէր բացառել, որ վրացիները թիկունքէն կը հարուածեն բոլշեւիկները: Վրաստանի խորհրդայնացման պարագային Հայաստան ամբողջութեամբ կը կտրուէր Եւրոպայէն, կը զրկուէր Անգլիոյ ու Ամերիկայի աջակցութենէն եւ հետագային դիւրութեամբ կը դառնար խորհրդային:

* * *

Արշակ Ջամալեան
Սահակ Տէր Գաբրիէլեան
Արտաշէս Բաբալեան

Հայաստան կառավարութիւնը 5 օգոստոս 1920-ին պատուիրակութիւն ուղարկեց Թիֆլիս, բանակցելու համար Պորիս Լեգրանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արշակ Ջամալեան, Արտաշէս Բաբալեան եւ Ռուբէն Իւզպաշեան:

Թիֆլիս հասնելէն ետք պատուիրակները նախ խորհրդակցեցան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան Բեկզադեանի հետ եւ որոշեցին առաջին հերթին Ռուբէն Իւզպաշեանը ուղարկել Լեգրանի առաքելութեան մաս կազմող Սահակ Տէր Գաբրիէլեանի մօտ, բոլշեւիկներուն տրամադրութիւնները հասկնալու համար:

Սահակ Տէր Գաբրիէլեան անդրադարձաւ կարմիր բանակին Հայաստանի մէջ իրականացուցած գործողութիւններուն եւ պարզեց, որ Զանգեզուր մուտք գործելու ժամանակ Հայկական հարցի նկատմամբ իրենք յստակ տեսակէտ չեն ունեցած: Իսկ ինչ կը վերաբերի Նախիջեւանի եւ միւս շրջաններուն, Տէր Գաբրիէլեան ըսաւ, որ այդ գործողութիւնները իրականացուցած են խորհրդային կառավարութեան կողմէ չվերահսկուող եւ անպատասխանատու անձեր:

Սահակ Տէր Գաբրիէլեան Իւզպաշեանին յայտնեց նաեւ, որ Զանգեզուրի վերաբերեալ յստակ դիրքորոշում կայ, որ անիկա պիտի մնայ Հայաստանի կազմին մէջ:

Յաջորդ օր, օգոստոս 6-ին հայկական պատուիրակութիւնը յուշագիր ներկայացուց Լեգրանի:

Հայկական կողմը կը գտնէր, որ Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ քանի մը կարեւոր դրոյթ: Մասնաւորաբար` Խորհրդային Ռուսաստան պէտք է ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը եւ չմիջամտէ անոր ներքին գործերուն: Ռազմական բոլոր գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջնագիրներու լեզուով խօսիլը ու յարձակողական նախաձեռնութիւնները պէտք է դադրեցուին: Խորհրդային զօրքերը պէտք է ետ քաշուին գրաւուած բոլոր շրջաններէն, որոնց շարքին` Ղարաբաղէն եւ Իջեւանէն: Հայերը պէտք չէ զօրք մտցնեն հայկական Ղարաբաղի եւ Ելիզաւետպոլի գաւառի լեռնային մասերը: Նախիջեւանի տարածքին տեղակայուած խորհրդային զօրամասերը կրնային Հայաստանի տարածքով հեռանալ Ազրպէյճան: Ռուսական կողմը պէտք է անյապաղ ազատ արձակէր Իջեւանի մէջ ձերբակալուած հայ պաշտօնեաները:

Լեգրան հայկական պատուիրակութեան յուշագիրը փութով Մոսկուա հաղորդեց:

Հայաստանի եւ Խորհրդային Ռուսաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները սկսան օգոստոս 7-ին: Լեգրան Զանգեզուրի, Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցերով որեւէ զիջում չկատարեց: Ան փորձեց համոզել, որ խորհրդային զօրքերը այդ շրջաններուն մէջ կ՛ապահովեն խաղաղութիւնը եւ կը կանխեն ազգամիջեան բախումները:

* * *

Զանգեզուր մտած եւ Գորիսի մէջ սպանդ գործած բոլշեւիկեան զօրքերը Դրոյի մարտիկներու ճնշումին տակ 3 օգոստոս 1920-ին նահանջած էին: Սակայն շուտով խորհրդային ստորաբաժանումները օգնական ուժեր ստացան Պաքուէն եւ օգոստոս 7-ին յարձակման անցան:

Տեղ գիւղին մօտ տեղի ունեցած կարճատեւ կռիւներէ ետք հայկական զօրքերը նահանջեցին եւ քաշուեցան Գորիսէն:

Նահանջը կազմակերպելու եւ բոլշեւիկներու յառաջխաղացքը կասեցնելու համար Կապանէն օգնութեան հասաւ Գարեգին Նժդեհ, որ այդ կռիւներու ժամանակ վիրաւորուեցաւ:

Դրօ Նժդեհի առաջարկեց դուրս գալ Զանգեզուրէն եւ անցնիլ Երեւան: Նժդեհ մերժեց:

Հետագային Նժդեհ կը գրէր. «Ղափանից օգնութեան հասած իմ զօրամասին այս անգամ էլ վիճակւում է ապահովել Երեւանեան ուժերի նահանջը: Դէպի Դարալագեազ քաշուող ուժերի անկարգ նահանջի շնորհիւ իմ ուժերից մի տասնեակ դժուարանում է ժամանակին դուրս գալ Գորիսի ձորից եւ ընկնում է թշնամու կրակի տակ: Զինուորներին փրկելու ժամանակ` վիրաւորուած` շարժւում եմ դէպի Ուչթափալար, ուր Դրոն ինձ առաջարկում է անցնել Երեւան բժշկուելու համար: Պարզելով Զանգեզուրն անտէր թողնելու անպատեհութիւնները, բաժանւում են նրանից եւ անցնում Ղափան»:

* * *

Զանգեզուրի դէպքերու մասին տեղեկութիւնները հասան Թիֆլիս: Ռազմական անյաջողութիւնները սահմանափակեցին հայկական պատուիրակութեան բանակցային հնարաւորութիւնները:

Օգոստոս 10-ին, այն օրը, երբ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, հայկական պատուիրակութիւնը Թիֆլիսի մէջ Պորիս Լեգրանի հետ հայ-ռուսական համաձայնագիր կնքեց:

Համաձայնագիրին մէջ կ՛ըսուէր.

«1.- Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի զօրքերու միջեւ ռազմական գործողութիւնները կը նկատուին դադրեցուած:

2.- Ռուսական զօրքերու կողմէ կը գրաւուին վիճելի մարզերը` Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը:

3.- Խորհրդային զօրքերու կողմէ վիճելի տարածքներու գրաւումը չի լուծեր այդ տարածքներու հանդէպ Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի իրաւունքի հարցը: Խորհրդային Ռուսաստան այս ժամանակաւոր գրաւումով մտադիր է բարենպաստ պայմաններ ստեղծել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առկայ տարածքային վէճերը խաղաղ կերպով լուծելու համար այն հիմերով, որոնք պիտի սահմանուին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ամենամօտ ապագային ստորագրուելիք խաղաղութեան դաշինքով:

4.- Ռազմական գործողութիւններու դադրեցման հետ միասին կողմերը կը դադրեցնեն ռազմական ուժերու կեդրոնացումը ինչպէս վիճելի, այնպէս ալ սահմանային տարածքներու վրայ»:

* * *

Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ Թիֆլիսի մէջ կնքուած այս համաձայնագիրով կը հաստատուէր, որ կարմիր բանակը, խորհրդայնացնելով Արցախը, զայն չէր միացուցած Ազրպէյճանի, որովհետեւ Ղարաբաղ Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի հետ վիճելի տարածք կը համարուէր:

Դէպքերու հոլովոյթը ցոյց կու տար, որ Խորհրդային Ռուսաստան չէր կրնար չէզոք միջնորդ ըլլալ Խորհրդային Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան մէջ: Ազրպէյճան կը շարունակէր իր հակահայ քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ: Բոլշեւիկ-թաթարական խմբաւորումներ եւ թուրքեր յարձակումներ կը գործէին Արցախի եւ Զանգեզուրի մէջ եւ կը փորձէին առաջ շարժիլ դէպի Հայաստանի խորերը:

Արցախի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումով սկսած էր երկրամասին «խաղաղ» գրաւման Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որ սակայն կը բախէր արցախցիներու վճռական դիմադրութեան: Արցախցիք 1920-ի ամրան գրեթէ պատերազմական վիճակի մէջ էին Ազրպէյճանի դէմ:

* * *

Գորիսի վրայ Դրոյի յարձակումը, ապա նահանջը Գարեգին Նժդեհի խիստ քննադատութեան արժանացած էր:

Նժդեհ Կապանէն հեռագիր ուղարկեց ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի, ուր կ՛ըսէր, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ «Երեւանեան զօրամասերի անմիտ խաղերի շնորհիւ Ղափանը, Գենվազը, Բաղաբերդը եւ Գողթանը մնում են մենակ»:

Նժդեհ Գորիսի վրայ յարձակումը կը նկատէր անիմաստ եւ աւելին, չէր ընդուներ քաղաքէն արագ նահանջը, բան մը, որ յուսալքած էր շրջանի բնակչութիւնը:

Նժդեհ 15 օգոստոս 1920-ին ռազմական նախարարութենէն հեռագիր ստացաւ, որուն մէջ ռազմական նախարարին անունով կը պահանջուէր անյապաղ հաւաքել զօրքն ու սպառազինութիւնը եւ դուրս գալ Զանգեզուրէն: Հեռագիրին մէջ կ՛ըսուէր. «Զինուորական նախարարը հրամայում է ձեզ, կապ պահելով Նժդեհի հետ, տեղեկացնել նրան, որպէսզի նա, համաձայն կնքուած զինադադարի, հաւաքէ իր զօրամասերը եւ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելով անցնի մեր տերիտորիան` բերելով իր հետ ամբողջ զէնքերը»:

* * *

Եապոն իր զինակիցներուն հետ

Եապոն (Յովհաննէս Պարոնեան) բնիկ գորիսեցի էր: Եղած էր ռուսական բանակի աւագ ենթասպայ, բայց յետոյ հրաժարելով զինուորական ծառայութենէն նուիրուած էր ազգային ազատագրական պայքարին: 1903-ին, ցարական կառավարութեան կողմէ եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրերուն զինուած դիմադրութիւն կազմակերպած էր: Հայ – թաթարական 1905-1906-ի կռիւներուն ժամանակ Շուշիի մէջ հատուցման գործողութիւններ կազմակերպած եւ շարք մը ցարական պաշտօնեաներ ահաբեկած էր: 1918-ին մասնակցած էր Բաշ Ապարանի հերոսամարտին:

Արցախի խորհրդայնացումէն ետք, արցախահայերու դիմադրութեան կազմակերպման համար անհրաժեշտ էր Արցախը Զանգեզուրի կապող ուղիներու հսկողութիւնը եւ այդ պատասխանատու գործը յանձնուեցաւ Եապոնի:

Եապոն Տեղ-Կոռնիձոր ճակատի հրամանատար նշանակուեցաւ: Ատիկա միակ գիծն էր, որ Զանգեզուրը կը կապէր Արցախի հետ, եւ անհրաժեշտ էր այդ գիծը մարտական կարող ուժերու ձեռքը պահել, որպէսզի զինամթերքի եւ զօրամասերու տեղափոխութեան գործը անխափան կատարուէր: Այդ գիծը անհրաժեշտ էր պահել նաեւ այն պատճառով որ կրնար պէտք ըլլալ Արցախէն նահանջելու պարագային:

Եապոնի պարտականութիւնը, Տեղ-Կոռնիձոր ճակատի պաշտպանութիւնը եւ դէպի Արցախ տանող ուղիներու հսկողութեան կողքին, կ՛ընդգրկէր նաեւ շրջանի թաթարները եւ բոլշեւիկները զսպելու եւ անոնց յարձակումներուն դէմ հայկական գիւղերը պաշտպանելու գործը:

Թաթար հրոսակները, որոնք իբրեւ բոլշեւիկ «յեղափոխականներ» կը ներկայանային եւ կարմիր բանակին լուռ աջակցութիւնը կը վայելէին, յարձակումներ կը շղթայազերծէին «կայսերապաշտ» հայ գիւղերուն վրայ եւ թալան ու կոտորած կը կազմակերպէին: Միաժամանակ բոլշեւիկեան աշխոյժ քարոզչութիւն կը կատարուէր եւ աշխատանք կը տարուէր որքան կարելի է մեծաթիւ հայեր հաւաքագրել եւ զանոնք բոլշեւիկ դարձնել:

Եապոն, որ յայտնի էր իր խստաբարոյ գործելակերպով, դաժան պայքար ծաւալեց բոլշեւիկ քարոզիչներուն դէմ: Իւրաքանչիւր բոլշեւիկ գործակալի եւ քարոզիչի խստագոյն պատիժ կը սպասէր, եթէ ան գերի իյնար Եապոնի ձեռքը:

Եապոն յաջողեցաւ արդիւնաւէտ պայքար ծաւալել բոլշեւիկ գործակալներուն ու քարոզիչներուն դէմ եւ անխափան պահել Արցախը Զանգեզուրի կապող ուղին:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (8 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025
Նախիջեւանի Խորհրդայնացումը.  Արցախի Խորհրդայնացման Ճակատագրական Հետեւանքները  Բոլշեւիկներու Բռնութիւնները Զանգեզուրի Մէջ
Պատմական

Նախիջեւանի Խորհրդայնացումը. Արցախի Խորհրդայնացման Ճակատագրական Հետեւանքները Բոլշեւիկներու Բռնութիւնները Զանգեզուրի Մէջ

Փետրուար 26, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?