Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեմալական Եւ Բոլշեւիկեան Գործակցութիւն. Հայաստանի Մայիսեան Ապստամբութիւնը. Արցախի Խորհրդայնացումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Յունուար 22, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կարմիր բանակի հեծելագունդ

Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք, 5 մայիս 1920-ին Խոսրով բէկ Սուլթանով նամակ ուղարկեց հայկական զօրքերու հրամանատարութեան, յայտնելով որ Կարմիր բանակի ջոկատներ մտած են Շուշի եւ հետեւաբար հայկական զօրամասերը եւ տեղացի գործիչները պէտք է հեռանան շրջանէն: Ան կը շարունակէր ըսելով որ շուտով բոլշեւիկ ներկայացուցիչներ պիտի ուղարկուին գաւառ, բանակցելու համար Դրոյի հետ:

Խոսրով բէկ Սուլթանովի նամակը ստանալէն ետք Դրօ Հայաստանի կառավարութենէն եւ սպարապետ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանէն հրահանգ ստացաւ: Կ՛ըսուէր, որ բոլշեւիկները մտած են Պաքու եւ Ազրպէյճան յայտարարուած է սովետական: Կ՛առաջարկուէր, որ եթէ Խորհրդային Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ դիմում ըլլայ, ոչ մէկ բանակցութիւն վարէ եւ ուժգին կերպով պաշտպանէ հայկական Արցախը, իսկ դիմողներուն պատասխանէ, որ բանակցին Հայաստանի կառավարութեան հետ:

Մինչեւ Հայաստանէն ստացուած հրահանգը Դրօ արդէն ընդունած էր Ազրպէյճանի կողմէ ուղարկուած ներկայացուցիչները` Միխայիլ Լեւանդովսկին եւ Սահակ Տէր Գաբրիէլեանը:

Լեւանդովսկի Տասնմէկերորդ Կարմիր բանակին հրամանատարն էր, որ Հիւսիսային Կովկասը սպիտակ ռուսերէն մաքրելէն ետք, քեմալական Թուրքիոյ լուռ համաձայնութեամբ մտած էր Ազրպէյճան: Ազրպէյճանցի զինուորները մէկ գիշերուան մէջ կարմիր բանակայինի գլխարկներ հագած եւ անոր հրամանատարութեան տակ անցած էին:

Սահակ Տէր Գաբրիէլեան շուշեցի էր, համայնավար պատասխանատու գործիչ եւ 12-րդ բանակի ռազմա-յեղափոխական խորհուրդի անդամ:

* * *

Կարմիր բանակին մուտքը Անդրկովկաս եւ Ազրպէյճանի խորհրդայնացումը ազդանշան հանդիսացան Հայաստանի մէջ ապստամբութիւն սկսելու համար:

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը եւ երկրին թուրք-թաթարական խմբաւորումները, բոլշեւիկեան Ռուսաստանի, Ազրպէյճանի եւ քեմալական Թուրքիոյ աջակցութեամբ 1 մայիս 1920-ին ապստամբութիւն բարձրացուցին: Ապստամբութեան կեդրոն դարձաւ Ալեքսանդրապոլը: Ապստամբները ռազմա-յեղափոխական կոմիտէ ստեղծեցին: Ապստամբներուն կողմը անցան բոլշեւիկեան գաղափարներով տարուած զինուորականութեան մէկ մասը եւ «Վարդան զօրավար» զրահապատ շոգեկառքը, որուն հրամանատար գնդապետ Սարգիս Մուսայէլեան ապստամբական ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան համար վտանգաւոր դրութիւն ստեղծուեցաւ: Քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու համար որոշուեցաւ ուժեղ կառավարութիւն ստեղծել: Մայիս 5-ին Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ եւ անոր փոխարէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմինի անդամներէն Բիւրօ-կառավարութիւն կազմուեցաւ: Վարչապետ նշանակուեցաւ Համօ Օհանջանեան:

Բիւրօ-կառավարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր կը նշուէր, որ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու տակ ժողովուրդը պէտք է զուսպ ըլլայ եւ համախմբուի կառավարութեան եւ բանակին շուրջ:

Հայկական բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին Թուրքիոյ եւ բոլշեւիկներու յարաբերութիւններուն մասին տեղեկութիւններ հրապարակեց, ցոյց տալով այն լուրջ սպառնալիքը, որուն առջեւ կանգնած է Հայաստանը: Բանակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուէր.

«Համաձայն հաղորդագրութեան` 15-րդ կորպուսը Քեազիմ Կարաբեքիր փաշայի հրամանատարութեամբ Կարսի սահմանի մօտ ռազմական գործողութիւններ սկսելու պատրաստութիւններ է տեսնում: Նրանց նպատակն է դուրս քշել հայերը Կարսի շրջանից եւ վերականգնել Հարաւ-արեւմտեան հանրապետութիւնը: Միաժամանակ ապստամբութիւններ պիտի սկսեն Զանգիբասարում, Վեդիբասարում, իսկ ադրբեջանական ռազմական կարեւոր կէտերն անվնաս դարձնելով իրենց համար եւ մաքրելով հայկական զօրքերից, պէտք է ուղիղ կապ հաստատեն Էրզրումի հետ` նոր կառուցուող Ալիաթ-Ջուլֆա երկաթուղագծով եւ Արաքսի հովտով»:

Նոյն օրերուն Մուսթաֆա Քեմալ նամակ ուղարկեց Քեազիմ Քարապեքիր փաշայի, ուր կ՛ըսուէր. «…Մեր երկրի ապագան, մեր արեւելեան սահմանները կախուած են ռուսերու հետ համագործակցութենէն:… Մենք չենք ձեռնարկեր որեւէ որոշիչ գործողութիւն առանց բոլշեւիկներու հետ քաղաքական համաձայնութեան»:

Բոլշեւիկեան զօրքի յառաջխաղացք

Ապստամբ բոլշեւիկներ մայիս 10-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը առին, սակայն քանի մը օր ետք, մայիս 14-ին կառավարական ուժերը Սեպուհի հրամանատարութեամբ ստիպեցին ապստամբներուն անձնատուր ըլլալու:

Ապստամբական շարժումներ եղան նաեւ Կարսի, Սարըղամիշի, Նոր Պայազիտի եւ Շամշադինի մէջ, որոնք դիւրութեամբ ճնշուեցան:

Ապստամբութեան ղեկավարները իրենց յոյսը դրած էին Կարմիր բանակի օգնութեան վրայ, որ տեղի չունեցաւ:

Ապստամբութիւնը թէեւ ճնշուեցաւ, սակայն սասանեց կառավարութեան դիրքերը եւ թուլցուց հայկական բանակին մարտունակութիւնը:

* * *

Բոլշեւիկները մտադրած էին ցամաքային կապ հաստատել Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերուն հետ: Տասնմէկերորդ Կարմիր բանակը Գանձակի կողմէն մտաւ Ջիվանշիր, իսկ Եւլախի խճուղիով շարժեցաւ դէպի Շուշի:

Հայաստանի մէջ բոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշումէն եւ ապստամբութեան կազմակերպիչներուն կողմէ գործադրութենէն ետք յարաբերութիւնները աւելի սրեցան Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ:

Նոյն ժամանակ Ուքրանիոյ մէջ Կարմիր բանակը ծանր պարտութիւններ կրած էր լեհ-ուքրանական ուժերէն: Կը թուէր, որ այժմ բոլշեւիկները պիտի պարտուին «ուքրանական մահուան եռանկիւնին» մէջ, եւ անոնց մտադրութիւնները Կովկասի մէջ պիտի ձախողին: Սակայն յետոյ իրավիճակը փոխուեցաւ: Կարմիր բանակը ընդհանուր յարձակողականի անցաւ: Լեհ եւ ուքրանական զօրքերը ջախջախուեցան եւ ցիր ու ցան բռնեցին նահանջի ճամբան: Կարմիր բանակը հարիւրաւոր քիլոմեթրեր յառաջացաւ եւ գրաւեց Քիեւը:

* * *

Խորհրդային Ռուսաստան տակաւին կը գերադասէր ձեռնպահ մնալ Անդրկովկասի մէջ նոր տարածքներ խորհրդայնացնելու հեռանկարէն, եւ ատոր համար բազմաթիւ պատճառներ ունէր:

Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք Ռուսաստան բանակցութիւններ սկսաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն հետ: Հայաստանի մէջ բոլշեւիկներու մայիսեան ապստամբութեան ժամանակ Խորհրդային Ռուսաստան ձեռնպահ մնաց Հայաստանի դէմ ուղղակի քայլերէն, հակառակ այդ առիթով հնչած առաջարկներէն, եւ գերադասեց բաւարարուիլ Հայաստանի կառավարութեան յուշագիրներ յղելով: Իսկ Հայաստանի տարածք մտած ռուսական ուժերը ետ քաշուեցան:

Խորհրդային Ռուսաստան այդ պահուն Կովկասի մէջ լայնածաւալ գործողութիւններու չէր ձգտեր: Աւելի՛ն. ան անցանկալի կը նկատէր այդ գործողութիւններուն Թուրքիոյ ներգրաւումը:

Սակայն Կարմիր բանակին Արցախ մուտքը պատահական երեւոյթ չէր: Խորհրդային Ռուսաստանին անհրաժեշտ էր ուղղակի կապ Մուսթաֆա Քեմալի հետ, եւ ատոր ամէնէն կարճ տարբերակը կ՛անցնէր հայկական տարածքներէն:

Հայաստանի ղեկավարութեան համար գաղտնիք չէր, որ անյետաձգելի հռչակուած քեմալական եւ բոլշեւիկեան «կամուրջը» ամենայն հաւանականութեամբ պէտք է անցնէր հայկական տարածքներէն:

Արդէն Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն ուղարկած էր Երեւան` արտաքին գործոց նախարարութեան, ուր կ՛ըսուէր որ Կարմիր բանակն ու քեմալականները ամենայն հաւանականութեամբ իրարու հետ կապ կը հաստատեն Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան գօտիով:

* * *

Ազգամիջեան բախումներ թոյլ չտալու նպատակով Կարմիր բանակի հրամանատարութիւնը մայիս 11-ին իր ուժերուն հրամայեց հսկողութեան տակ առնել Նախիջեւան-Օրտուպատ-Շուշի գօտին` մինչեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային հարցերու վերջնական ճշդումը:

Տասնմէկերորդ Կարմիր բանակի 32-րդ բաժանմունքի 281-րդ գունդը Շուշի մտաւ մայիս 12-ին: Նոյն օրը Շուշի հասաւ նաեւ Կովկասեան ճակատի ռազմական խորհուրդի նախագահ Գրիգորի (Սերգօ) Օրջոնիկիձէ:

Ղարաբաղի նահանգապետ Խոսրով բէկ Սուլթանով Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք Ղարաբաղի մէջ յեղկոմ, իսկ ինքզինք` յեղկոմի նախագահ հռչակած էր:

Արցախցիներ

Սուլթանովի այդ քայլը բողոքի ալիք բարձրացուցած էր արցախահայութեան մէջ: Այդ առիթով բողոքի նամակ ուղարկուեցաւ Լենինի, ուր կ՛ըսուէր որ Ղարաբաղի 360 հազարնոց հայութիւնը երեք տարի պայքարած է խանական Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ: Եւ կրկնակի եռանդով պիտի շարունակէ պայքարը, մինչեւ Ղարաբաղի սահմաններուն կը մօտենան յեղափոխութեան հաւատարիմ Խորհրդային Ռուսաստանի զաւակները:

Ռուսական զօրքերու մուտքը բաւական հանգիստ ընդունուեցաւ արցախահայութեան կողմէ:

Դրօ մայիս 21-ին Հայաստանի կառավարութեան հեռագիր ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր որ հայ գիւղացիներու միջոցով անհնար է դիմադրել բոլշեւիկներուն:

Արցախահայութեան համար բոլշեւիկներուն մուտքը թուրք-ազրպէյճանական վտանգը, այսինքն` ցեղասպանութիւնը կանխելու հնարաւոր միակ տարբերակն էր:

* * *

Դրօ 25 մայիս 1920-ին իր մօտ գտնուած երեք միլիոն ռուբլին եւ զինամթերքը հայ բոլշեւիկ պատասխանատու Սաքօ Համբարձումեանին յանձնեց, իր զօրքերը հաւաքեց եւ ճամբայ ելաւ դէպի Զանգեզուր: Քիրսի գագաթէն յաջորդ օր ան անցաւ Խծաբերդ եւ մայիս 27-ի առաւօտուն մտաւ Զանգեզուր:

Դրոյի հեռանալուն յաջորդ օրը, մայիս 26-ին Վարանդայի Ներքին Թաղավարդ գիւղին մէջ հրաւիրուեցաւ արցախահայութեան տասներորդ համագումարը: Պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը բոլշեւիկներ էին:

Համագումարը, երկօրեայ նիստերէ ետք, մայիս 28-ին որոշեց. ա) Ղարաբաղը յայտարարել խորհրդային, բ) ստեղծել յեղկոմ, գ) յեղկոմի նախագահ ընտրել Սաքօ Համբարձումեանը եւ դ) կապ հաստատել Շուշիի յեղկոմին հետ:

Այսպիսով, շուրջ երկու տարի ժողովրդական համագումարներու կողմէ կառավարուող Արցախի անկախութեան վերջ կը տրուէր:

Ժողովրդական համագումարներու կողմէ կառավարուող այդ ժամանակաշրջանը եզակի երեւոյթ էր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ:

Նշենք, որ այդ ժամանակաշրջանին Արցախ հասարակական քսաներկու համայնքներու բաժնուած էր: Համայնքներէն հաւասար թիւով պատգամաւորներ կ՛ընտրուին: Քուէաթերթիկներ չկային. հասարակական համայնքի մէջ մտնող գիւղերու ներկայացուցիչները կը հաւաքուէին համայնքին կեդրոնը, ուր բաց քուէարկութեամբ կ՛ընտրուէին պատգամաւորները: Կուսակցութիւնները, անկախ իրենց անդամներու թիւէն, կրնային համագումար ուղարկել երկուքական կամ երեքական պատգամաւոր, ինչպէս որ կը հրահանգուէր: Պատգամաւորները բոլորն ալ հայ էին: Համագումարը կ՛ընտրէր կառավարութեան նախագահ եւ կառավարիչներ: Համագումարը կ՛ընտրէր նաեւ ազգային խորհուրդ:

 

 

Նախորդը

BÉATRICE FAVRE – Պէաթրիս Ֆաւր Օտարալեզու Հայ Գրականութեան Անծնաօթ Գրագիտուհի Մը (24.04.1928 – 8.11.2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ
Պատմական

Հայաստանի Խորհրդայնացումը Եւ Թեւան Ստեփանեանի Գլխաւորած Ապստամբութիւնը Արցախի Մէջ

Օգոստոս 13, 2025
Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ.  Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ
Պատմական

Հայ-Թրքական Հաշտութեան Բանակցութիւններ. Կարմիր Բանակը Իջեւանի Մէջ

Օգոստոս 6, 2025
Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը
Պատմական

Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?