Պորիս Լեգրան Թիֆլիսի Մէջ. Խորհրդային Ռուսաստանէն
Օժանդակութիւն` Քեմալական Թուրքիոյ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսական կարմիր բանակը Զանգեզուր մուտք գործելէն ետք սկսած էր բռնութիւններու: Անոնք ձերբակալած եւ 2 օգոստոս 1920-ին Գորիսի բանտին մէջ գնդակահարած էին Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ Վահան Խորէնին եւ Արշակ Շիրինեանը:
Բոլշեւիկներ նաեւ իրենց ձերբակալած անձերէն տասնութ հոգի Արցախ տարին եւ ճամբան, Ղարաղշլաղ գիւղին մօտ գնդակահարեցին:
Օգոստոս 3-ին Դրոյի մարտական ուժերը մտան Գորիս: Բոլշեւիկները, որոնց շարքին` յեղկոմի եւ արտակարգ կոմիտէի անդամները փութով փախուստ տուին դէպի Արցախ:
* * *
Վարչապետ Համօ Օհանջանեան
Վարչապետ Համօ Օհանջանեան
Հայաստանի վարչապետ Համօ Օհանջանեան 3 օգոստոս 1920-ին հեռագիր ուղարկեց Թիֆլիս, Հայաստանի մէջ Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Պորիս Լեգրանի:
Լեգրան հասած էր Թիֆլիս, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը կը յապաղէր զայն ընդունելու:
Օհանջանեան կը յայտնէր, որ հայերուն օգնելու Խորհրդային Ռուսաստանի խոստումները Զանգեզուրի մէջ բոլորովին հակառակ ընթացք ստացած են:
Վարչապետը կը շարունակէր ըսելով որ իրականութեան մէջ Հայաստանի տարածքը սովետական զօրքերու զանազան գործողութիւններու հետեւանքով անընդհատ կը պակսի, եւ Հայաստանէն կ՛անջատուին նորանոր հողամասեր, նորանոր վայրեր. սկիզբը` Ղարաբաղը, ապա Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը:
Սովետական զօրքերը զէնքի ուժով կը ստիպեն Հայաստանի ընդունիլ իրենց որոշումը` յօգուտ իրենց դաշնակից Ազրպէյճեանի, կ՛եզրափակէր Օհանջանեան:
* * *
Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան Բեկզադեան օգոստոս 5-ին հաղորդեց Լեգրանի հետ իր հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Բեկզադեան կը նշէր, որ ըստ Լեգրանի` Նախիջեւան պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ ըլլայ: Լեգրան նաեւ Նախիջեւան մտած կարմիր բանակի ստորաբաժանման հրամանատար Տարխովի գործողութիւնները նկատած է անպատասխանատու եւ ինքնագլուխ:
Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ տրուած աջակցութեան անդրադառնալով Լեգրան վստահեցուցած է, որ իրենց օգնութիւնը միայն դաշնակից պետութիւններուն դէմ կռուելու համար է, այլ ոչ թէ Հայաստանի դէմ:
«Մի՞թէ Հայաստանի այնքան վատ կարծիք ունի սովետական Ռուսաստանի մասին, որ կը կարծէ թէ ան կրնայ դաշնակցիլ թուրքերուն հետ` ընդդէմ Հայաստանի. ատիկա անկարելի է», ըսած էր Լեգրան:
Լեգրան նաեւ նշած էր, որ Խորհրդային Ռուսաստան չի կրնար դաշինք կնքել Հայաստանի հետ, քանի տակաւին չեն լուծուած Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքային հակասութիւնները:
Լեգրան կը կարծէր, որ հայերու ու ազրպէյճանցիներու միջեւ նոր բախումներ կրնան սկսիլ, եւ իրենք, իբրեւ Ազրպէյճանի դաշնակից, իսկ հայերուն անկեղծ բարեկամ, ստիպուած պիտի ըլլան կրկին խառնուելու:
* * *
Մուսթաֆա Քեմալ խորհրդային զինուորական մասնագէտներու հետ
Բոլշեւիկները Թուրքիոյ հարցով մեծ մտահոգութիւններ ունէին: Մուսթաֆա Քեմալի խոստացուած օգնութիւնը կ՛ուշանար, իսկ թրքական բանակը զինամթերքի սուր կարիքը ունէր: Յունական բանակը, Իզմիրը գրաւելէն ետք, յարձակման անցած էր դէպի Անատոլուի խորերը:
Խորհրդային Ռուսաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Չիչերին բոլշեւիկեան կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական բիւրոյին զեկուցեց, որ Հայաստանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն իրենք կրնային Հայաստանի տարածքով զէնք ու ոսկի փոխադրել Թուրքիա: Սակայն սահմանային հարցերու մէջ Ազրպէյճանի յամառութեան պատճառով գործընթացը դադրած է:
«Ընկեր Սերգոյի (Օրջոնիկիձէ) խօսքերով, այժմ անհնար է Հայաստանի կառավարութենէն բեռները առանց ստուգելու տեղափոխման թոյլտուութիւն ստանալ: Ընկեր Սերգոն կը պնդէ, որ Հայաստանի խորհրդայնացման համար շատ զօրք պէտք չէ:… Այդ պարագային Հայաստանի խորհրդայնացումը անհրաժեշտ է: Առանց ատոր մենք Թուրքիոյ հետ չենք կրնար շփում ունենալ: Քեմալականներու կործանումը շատ մեծ հարուած կ՛ըլլայ մեզի համար Արեւելքի մէջ», կ՛եզրափակէր Չիչերին:
* * *
Մուսթաֆա Քեմալ խորհրդային զինուորական մասնագէտներու հետ
Խորհրդային Ռուսաստանի համար ձեռնտու էր Թուրքիոյ հետ համատեղ այսպէս կոչուած կայսերապաշտութեան դէմ պայքար մղելու գաղափարը, որուն զոհ պիտի երթար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը:
Սակայն բոլշեւիկները լրիւ չէին վստահեր թուրքերուն եւ գիտէին, որ անոնք կրնան զէնք ստանալ իրենցմէ եւ, կայսերապաշտական երկիրներուն միանալով` այդ զէնքը ուղղել Ռուսաստանի դէմ:
Խորհրդային Ռուսաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Չիչերին ռուս պատուիրակներուն թելադրեց զգոյշ ըլլալ թուրքերու հետ բանակցութիւններու ընթացքին:
Բոլշեւիկեան կուսակցութեան քաղաքական բիւրոն որոշում կայացուց օգնութիւն ցուցաբերել Մուսթաֆա Քեմալի կառավարութեան` զէնքով եւ ոսկիով:
Չիչերին 30 յուլիս 1920-ին զեկուցագիր ուղարկած էր բոլշեւիկներու քաղաքական բիւրոյին, ուր կ՛ըսուէր. «Անհրաժեշտ է օգտուիլ ընկեր Սերգոյի (Օրջոնիկիձէ) ներկայութենէն, որպէսզի լուծում ստանայ Հայաստանի հարցը` կապուած քեմալականներու դրութեան հետ: Քեմալականներուն սպառազինութիւն ուղարկել հնարաւոր է միայն տարանցիկ ճանապարհով` Հայաստանի վրայով: … Ընկեր Սերգոն կը պնդէ, որ Հայաստանի խորհրդայնացման համար կը պահանջուին ոչ այնքան շատ զինուորական միաւորումներ: … Հայաստանի խորհրդայնացումը յոյժ անհրաժեշտ է»:
Յաջորդ օր, յուլիս 31-ին քաղաքական բիւրոն քննարկած էր Հայաստանի վերաբերեալ Չիչերինի առաջարկը եւ որոշեց ընդունիլ զայն:
Ոսկիի առաջին քանակը` 620 քիլոկրամ, Ռուսական կայսրութեան ոսկիի պաշարէն, ուղարկուեցաւ Էրզրում: Այդ ոսկիին 200 քիլոկրամը դրուեցաւ թրքական Արեւելեան բանակի տրամադրութեան տակ: Ոսկիի մնացեալ քանակը ուղարկուեցաւ Անգարա:
Ռուսեր Տրապիզոնի նաւահանգիստ, թրքական բանակին ուղարկեցին 3387 հրացան, 3623 սնտուկ զինամթերք եւ 3 հազար սուին: Զէնքի առաքումները հետագային շարունակուեցան:
Ռուսեր թրքական բանակին համար ուղարկեցին նաեւ հետախուզական հրահանգիչներ, որոնք սկսան հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքելու մասնագէտներ պատրաստել:
Արդէն կարմիր բանակի հետախուզութիւնը սկսած էր յոյժ գաղտնի տուեալներ հաւաքել հայկական բանակի թուաքանակի ու սպառազինութեան եւ այլ կարեւոր մարտավարական ու ռազմավարական հարցերու մասին, որոնք հետագային փոխանցուեցան թրքական կողմին:
* * *
Հայ բոլշեւիկները անվերապահօրէն Ազրպէյճանի կամակատարները դարձած էին: Անոնք կեդրոնացած էին ու կը գործէին Պաքուի մէջ եւ կամայ թէ ակամայ Նարիմանովի եւ անոր խմբակի ազդեցութեան տակ էին: Անոնք բացասական եւ տխուր դերակատարութիւն ունեցած էին Արցախը խորհրդայնացնելու եւ Ազրպէյճանի կցելու գործին մէջ: Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումը անոնք կը նկատէին իրենց կեանքին նպատակը, գերխնդիրը:
Հայ բոլշեւիկ գործիչներուն համար անհասկնալի էին հայ մարդու մտածելակերպը, ձգտումները եւ ազգային խնդիրները: Անոնք արհամարհանք եւ անպատասխանատու վերաբերմունք ունէին ազգային արժէքներու, հայրենիքի ազատութեան եւ հողային հարցերու նկատմամբ:
Հայ բոլշեւիկներու պատասխանատուներ էին բնիկ շուշեցիներ Սաքօ Համբարձումեան, Սահակ Տէր Գաբրիէլեան եւ Սարգիս Կասեան:
* * *
Շուշիի հայկական թաղամասերը աւերուած էին 1920 մարտին, եւ քաղաքին հայերը սուրի քաշուած եւ ցիր ու ցան եղած էին: Անոնցմէ շատեր շրջակայ հայկական գիւղերուն մէջ ապաստան գտած էին:
Խումբ մը հայ մտաւորականներ 1920-ի ամրան Երեւանի եւ Եւրոպայի մէջ սկսան դրամահաւաք կազմակերպել, Շուշին վերաշինելու եւ ջարդէն փրկուածները իրենց տուները վերադարձնելու համար:
Դաւիթ Անանուն
Դաւիթ Անանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի օրկան «Յառաջ» թերթին մէջ յօդուածներ հրապարակեց եւ ձայն բարձրացուց Արցախը «Մայր երկրին» վերամիաւորելու առաջադրանքով: Շուտով ան Երեւանի մէջ ապրող ղարաբաղցիներու հայրենակցական միութեան նախագահ ընտրուցեաւ:
Դաւիթ Անանուն դիմեց վարչապետ Համօ Օհանջանեանի` Հայաստանի մէջ աշխատող խումբ մը արցախցի գործիչներ` քսանվեց հոգի, որոնց շարքին նաեւ ինք, յատուկ յանձնարարութեամբ ուղարկել Արցախ: Երկրորդ անգամ ան իր դիմումը ներկայացուց ըսելով. «Ես յոյսով եմ, որ Ղարաբաղի հարցում զիջողութիւն չի կարող լինել»:
Վերլուծելով Հայաստանի եւ Արցախի միութեան հիմքերը, Դաւիթ Անանուն փաստագրական տուեալներով շարադրած էր Ղարաբաղի տնտեսական վիճակը, նշելով, որ Ազրպէյճանի հետ կապը զուտ ենթակայական բնոյթ ունի, քանի որ պատճառը Հայաստանի հետ հաղորդակցութեան ճանապարհներու բացակայութիւնն է: Ան կը գրէր, որ բաւական է «Հայաստանը իր տիրապետութիւնը տարածի Թարթառի աւազանի վրայ (հայկական Ծար գաւառ), խճուղի անցկացնի Բասար-Գեչարից, Գանձասար-Խաչեն մի կողմից, Բասար-Գեչար-Հաթերք-Մարտակերտ միւս կողմից եւ այն ժամանակ կը տեսնենք, որ կարճ ժամանակում Ղարաբաղը հազար կապերով կը ձուլուի մայր երկրի հետ, եւ միանգամայն երես կը դարձնի Եւլախից ու հաղորդակցութեան միւս հանգոյցներից:… Ղարաբաղը ամբողջական Հայաստանից դուրս` դա խոց է, որ նախ եւ առաջ գերեզման պիտի իջեցնի անկախ Ազերբայջանի գաղափարը: Բայց միաժամանակ նա պիտի թունաւորէ եւ Հայաստանի անդորրութիւնը: Եթէ Ազերբայջանում խելքը գլխին քաղաքագէտներ լինէին` նրանք ամէնից առաջ պիտի հրաժարուէին Ղարաբաղից: Եթէ Հայաստանում հայրենիքի հաւաքման համոզուած գործիչներ կան` նրանք օրնիբուն պիտի խորհեն Ղարաբաղի մասին: Ղարաբաղը Հայաստանին»:
Մեծշէն Մարտակերտի շրջանին մէջ, Թարթառ գետին աջ կողմը
Դաւիթ Անանուն (Տէր Դանիէլեան, 1879-1943) Մարտակերտի շրջանի Մեծշէն գիւղէն էր: Գրագէտ, հրապարակախօս, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, ան իրադարձութիւններն ու երեւոյթները վերլուծելու ինքնուրոյն մտածողութիւն ունէր: Սկիզբը եղած է դաշնակցական, յետոյ յարած է հնչակեան կուսակցութեան եւ 1905-ին մտած է սոցիալ-դեմոկրատական բանուորական հայ կազմակերպութեան մէջ եւ դարձած անոր ամէնէն կարկառուն գաղափարախօսներէն մէկը: Ան ինքզինք նուիրած էր հայ մամուլին ծառայելու գործին ու մխրճուած գրական-հրապարակախօսական ասպարէզ` ծաւալելով բեղուն գործուէնութիւն: Ան գիտական, քաղաքական ու գրական հարուստ ժառանգութիւն ձգած է: