ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախահայութեան տասներորդ համագումարը` 28 մայիս 1920-ին, Ազրպէյճանի խորհրդայնացումէն մէկ ամիս ետք, Արցախը հռչակեց Խորհրդային:
Արցախի ըստ էութեան կամաւոր խորհրդայնացումը ստեղծուած իրավիճակին մէջ լաւագոյն ելքը կամ գոնէ չարեաց փոքրագոյնը կը նկատուէր:
Արցախի խորհրդայնացման արագացումը պայմանաւորուած էր Ռուսաստանի կողմէ Անդրկովկասի վերատիրանալու ձգտումով եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի կողմէ երկրամասը բռնագրաւելու մղումով:

Դրօ Արցախէն հեռանալէն առաջ արդէն իշխանութիւնը, կապի միջոցները եւ զինամթերքի զգալի պաշարներ բոլշեւիկ պատասխանատու Սաքօ Համբարձումեանին յանձնած էր:
Արցախի խաղաղ խորհրդայնացումը նպաստաւոր էր Ռուսաստանի համար, որովհետեւ առիթ չէր ստեղծուեր Անդրկովկասի մէջ Թուրքիոյ աշխոյժ ներգրաւման:
Սաքօ Համբարձումեան, որ բնիկ շուշեցի էր, Ղարաբաղի յեղկոմի նախագահ ընտրուեցաւ:
* * *
Խորհրդային Ռուսաստան 1920-ի գարնան քայլեր ձեռնարկեց Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ բանակցութիւններու մէջ մտնելու եւ հաշտութեան դաշնագիր կնքելու ուղղութեամբ: Սերգօ Օրջոնիկիձէ 8 ապրիլ 1920-ին Վլատիկաւկասի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ներկայացնելով Հայաստանի հանդէպ խորհրդային կառավարութեան բարեկամական դիրքորոշումը, հաղորդեց իր կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` Հայաստանի հետ բանակցութիւններ վարելու եւ հաշտութիւն կնքելու մասին` առաջարկելով անյապաղ սկսիլ բանակցութիւններուն:

Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու սկսման անհրաժեշտութիւնը պարզ դարձած էր նաեւ ռազմաքաղաքական նոր զարգացումներով` մասնաւորաբար Ազրպէյճանի խորհրդայնացումով, երբ Կարմիր բանակը մօտեցած էր Հայաստանի սահմաններուն: Խորհրդային Ազրպէյճան ապրիլ 30-ին վերջնագիր ներկայացուցած էր Հայաստանի` պահանջելով հայկական զօրքերը դուրս բերել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի տարածքներէն, իսկ Կովկասեան ռազմաճակատի եւ տասնմէկերորդ Կարմիր բանակի ռազմայեղափոխական խորհուրդը մայիս 1-ին յուշագիր ուղարկած է Հայաստանի կառավարութեան` պահանջելով հայկական զօրքերը հանել Ազրպէյճանի տարածքէն եւ վիճելի բոլոր հարցերը լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:
* * *
Հայաստանի կառավարութիւնը 1920 ապրիլի վերջաւորութեան կազմեց պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուեցան Լեւոն Շանթ, Համբարձում Տէրտէրեան եւ Լեւոն Զարաֆեան: Լեւոն Շանթ նշանակուեցաւ պատուիրակութեան նախագահ:
Կառավարութիւնը պատուիրակութեան տուաւ քանի մը հրահանգ. Խորհրդային Ռուսաստան պէտք է ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը` ընդունելով անոր սահմաններուն մէջ Ղարաբաղն ու Գիւլիստանը, գոնէ սկզբունքով ընդունի թրքահայ հողերուն կցումը Հայաստանի, չմիջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, բոլշեւիկեան գործունէութիւն չծաւալէ եւ թոյլ տայ, որ հիւսիսային Կովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ գտնուող հայ գաղթականները տուն վերադառնան:
Պատուիրակութիւնը ապրիլ 30-ին մեկնեցաւ Թիֆլիս` հոնկէ Մոսկուա ուղեւորուելու համար: Թիֆլիսի մէջ անոնց միացան երկու ներկայացուցիչներ` Արամայիս Երզնկեան եւ Սիմոնիկ Փիրումեան` Ղարաբաղը Հայաստանի միացնելու հարցով պատուիրակութեան օժանդակելու նպատակով:
Թիֆլիսէն ճամբայ ելլելով, պատուիրակութիւնը հասաւ Վլատիկաւկաս, ուր մնաց քանի մը օր, քանի մը օր ալ կանգ առաւ Նոր Նախիջեւանի մէջ եւ քսանվեց օրէն հասաւ Մոսկուա:
* * *

Հայ-ռուսական բանակցութիւնները սկսան մայիսի վերջաւորութեան: Կողմերուն միջեւ առաջին հանդիպման ժամանակ, մայիս 28-ին, արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Զիչերին նշեց, որ Ռուսաստան կը ձգտի բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ հետ, եւ թուրքերուն կ՛աջակցի եւրոպական կայսերապաշտ գաղութարարներու դէմ պայքարին մէջ: Չիչերին տեղեկացուց, որ Ռուսաստան կը ցանկայ նուազեցնել հայ-թրքական տարաձայնութիւնները:
Չիչերին Ռուսաստանի միջնորդութիւնը առաջարկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Շանթ պատասխանեց, որ լիազօրութիւն չունի քննարկելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
Չիչերին ըսաւ. «Դուք հայերդ մեծ թիւրիմացութեան մէջ էք, երբ ձեր բոլոր յոյսերը եւրոպական դրամատիրական պետութիւններուն վրայ դրած էք: Յիշեցէք ձեր դատին անցեալը: Քանի՜ քանի անգամներ խաբած են ձեզ այսպէս կոչուած մեծ պետութիւնները: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս ձեր դատը պիտի զոհեն իրենց ազգային նեղ շահերուն համար: Խորհրդային իշխանութիւնը, իբրեւ բանուորագիւղացիական իշխանութիւն, միակ անկեղծ ուժն է, որ անշահախնդիր կերպով կրնայ լուծել ձեր դատը»:
Լեւոն Շանթ յունիս 1-ին հեռագիր ուղարկեց Երեւան, ուր կ՛ըսէր որ առաջին տեսակցութենէն ետք պարզ դարձաւ, որ միակ դժուարութիւնը Ազրպէյճանի սահմանն է, որովհետեւ Պաքու ամէն ձեւով կ՛աշխատի խանգարել դաշնագիրի կնքումը:
Շանթի տեղեկութիւններուն համաձայն ռուսական կառավարութիւնը կ՛ընդունի հայկական պահանջներուն արդարացիութիւնը, սակայն Ազրպէյճանի յամառ պնդումներուն հետեւանքով դաշնագիրի կնքումը կը դանդաղի:
Ազրպէյճան կը ջանար օգտուիլ ռուսական
յեղափոխութենէն եւ ռուս զօրքերու ներկայութենէն` իրագործելու մուսաւաթական ծրագիրը` գրաւել Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը:
* * *
Այդ նոյն օրերուն, Մոսկուան հասած էր Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ ուղարկուած թրքական պատուիրակութիւնը` Պեքեր Սամիի գլխաւորութեամբ:
Պեքիր Սամի բոլշեւիկներու հետ բանակցութեան սկսելով յամառօրէն պնդեց Պրեսթ-Լիթովսկիի դաշինքով գծուած սահմաններու եւ Հայաստանի դէմ ռազմական արշաւանքի անհրաժեշտութեան վրայ:
Թուրքերուն հետ բանակցութեան սկսելէ ետք խորհրդային ղեկավարները դանդաղեցուցին հայկական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւնները:
Նոյն ժամանակ Ազրպէյճան Մոսկուայէն պահանջեց իրեն կցել ոչ միայն Ղարաբաղը, այլեւ Զանգեզուրը, Նախիջեւանը եւ Շարուր- Դարալագեազը:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հեռագիր ուղարկեց Չիչերինի, ուր կ՛ըսէր որ «Դաշնակցական կառավարութեան հետ ամէն տեսակ բանակցութիւնը կը նկատենք աւելորդ, իսկ Թրքահայաստանի հարցը, ձեր մտադրութեան ձեւով` անժամանակ»:
Չիչերին յունիսի վերջաւորութեան զգուշացուց Շանթը, որ եթէ Հայաստանի մէջ բոլշեւիկներու հետապնդումները շարունակուին, ապա Ռուսաստան կը դադրեցնէ բանակցութիւնները: Ան պահանջեց Ղարաբաղը զիջիլ Ազրպէյճանի եւ Զանգեզուրը նկատել վիճելի:
Չիչերին հայ բանագնացներուն տեղեկացուց, որ բանակցութիւնները կ՛ընդհատուին եւ կը շարունակուին Երեւանի մէջ, որ ռուսական կողմէն պիտի վարէ Պորիս Լեգրան:

Համբարձում Տէրտէրեան եւ Լեւոն Զարաֆեան համաձայն էին ընդունելու ռուսական նոր առաջարկները` զայն հիմնաւորելով այն իրողութեամբ, որ Խորհրդային Ռուսաստան պիտի ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը: Լեւոն Շանթ դէմ էր, քանի որ պատուիրակութիւնը նպատակ ունէր ապահովել Ղարաբաղի միացումը Հայաստանի:
Երբ խորհրդային պատուիրակութիւնը կը պատրաստուէր Մոսկուայէն ճամբայ ելլելու, Լեգրան եւ անոր խորհրդական Սահակ Տէր Գաբրիէլեան հանդիպում ունեցան Շանթի պատուիրակութեան հետ: Լեգրան ընդգծեց, որ Նախիջեւան պիտի անցնի Հայաստանի, իսկ Զանգեզուր, թէեւ ժամանակաւորապէս, կը համարուի վիճելի տարածք, բայց պիտի ճանչցուի իբրեւ Հայաստանի անվիճելի մասը:
* * *
Բոլշեւիկները նպատակ ունէին ներքին խռովութիւններով վրդովել Հայաստանի պետական կեանքը: Անոնք սկսան տենդագին արագութեամբ զինուորական ուժեր կուտակել Հայաստանի դէմ Ղազախի եւ Ղարաբաղի ուղղութիւններով:
Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսաստան, հայ բոլշեւիկներուն վրայ յենելով, նպատակադրած էին խորտակել անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Ռուս բոլշեւիկներ, թաթարներ եւ թուրքեր, առանց որեւէ նախազգուշացման, Զանգեզուրի ճակատէն յարձակման անցան:
Զանգեզուրի ճակատին վրայ սկսած յարձակումները, Ղազախի շրջանին մէջ արագօրէն պատրաստուող ռազմական գործողութիւնները եւ Նուրի փաշայի պատրաստութիւնները Շարուրի մէջ կու գային ապացուցելու, որ Ազրպէյճան արդէն գործնապէս պատերազմի մէջ է Հայաստանի հետ:
Բոլշեւիկներ, թաթարներ եւ անոնց հետ համագործակցող հայ սպաներ ու զինուորներ յունիս 20-ին մտան Իջեւան եւ յունիս 23-ին Շամշադին, սակայն Սեպուհ դուրս քշեց զանոնք Հայաստանի սահմաններէն:
Սեպուհի հրամանատարութեամբ մղուած կռիւներուն զուգահեռ հայկական բանակը պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի հրամանով իրականացուց Վեդիբասարի, Շարուր-Դարալագեազի, Կողբի աղահանքերու ու Օլթիի ածխահանքերու գրաւման գործողութիւնները:
* * *
Հայաստանի բիւրօ – կառավարութիւնը, նկատի առնելով բոլշեւիկ-քեմալական մերձեցումը, աւելի կարեւոր նկատեց Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Նոյն ժամանակ հայ եւ ազրպէյճանցի համայնավարներ, որոնց շարքին` Անաստաս Միկոյեան եւ Աւիս Նուրիջանեան բողոքներ ուղարկեցին խորհրդային ղեկավարութեան, որոնց համաձայն Հայաստանի կառավարութիւնը անողոքաբար կ՛ոչնչացնէ համայնավարները:
Անդրկովկասէն բոլշեւիկներու բողոքները, ինչպէս նաեւ թրքական պատուիրակութեան հետ ընթացող բանակցութիւնները պատճառ դարձան, որ խորհրդային ղեկավարութիւնը որոշէ դադրեցնել Շանթի պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններու ընթացքը:
Չիչերինի տեղակալ Լեւոն Կարախան Համբարձում Տէրտէրեանի հետ մասնաւոր զրոյցի ընթացքին հասկցնել տուաւ հրաժարիլ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ փոխարէնը ընդարձակ տարածքներ ակնկալել Անդրկովկասի մէջ:
Շանթ Չիչերինը կ՛որակէ ստախօս եւ ստորին: Ան կը գրէ, որ դաշինքը չստորագրուեցաւ, որովհետեւ հայ, վրացի եւ թաթար համայնավարները բոլոր միջոցներով սկսան ճնշում բանեցնել Մոսկուայի վրայ, պահանջելով որ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը թրքական հողեր են, անվիճելիօրէն թրքական եւ Հայաստանի միացնելու խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ:
Այսպիսով ապարդիւն աւարտեցաւ Շանթի պատուիրակութեան առաքելութիւնը Մոսկուա: Պատուիրակութիւնը 10 օգոստոս 1920-ին Մոսկուայէն ճամբայ ելաւ եւ սեպտեմբերին հասաւ Երեւան: