Արցախ` Ժամանակաւոր Կերպով
Ազրպէյճանի Սահմաններուն Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանի եւ Անգլիոյ վարած քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախ կանգնած էր կործանման եզրին:
Արցախը փրկելու համար շրջանի քաղաքական եւ հասարակական ուժերը բոլոր հնարաւորութիւնները կ՛օգտագործէին եւ Պաքուի մէջ բանակցութիւններ կը վարէին Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ` համաձայնութեան եզրեր գտնելու համար:
Անգլիական զօրքերը 12 յունիս 1919-ին հեռացան Արցախէն` գործողութիւններու ազատութիւն տալով ազրպէյճանական զօրքերուն:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստութիւններ կը տեսնէին առաջին հերթին Գանձակի, Շամախիի եւ Շաքիի շրջաններու հայերը կոտորելու եւ բռնագաղթի մղելու համար: Գիւղէ գիւղ ճամբաները անապահով դարձած էին:
Չարդախլու (Խաչիսար) հայաբնակ մեծ գիւղը, Շամքոր քաղաքէն դէպի արեւմուտք, Խաչասար լերան արեւելեան եւ արեւմտեան լանջերուն, ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ, ազրպէյճանցիներուն համար դարձած էր աչքի փուշ: Քաջ պատերազմիկի համբաւ վայելող չարդախլուցիները նուաճել դիւրին չէր, եւ ազրպէյճանցիք դիմեցին խաբէութեան: Առաջին հերթին գիւղին տղամարդիկը ոչնչացնելու նպատակով անոնք չարդախլուցիներուն ըսին, որ զօրակոչ յայտարարուած է եւ բոլոր երիտասարդները պէտք է երթան եւ զինուոր արձանագրուին:
Ազրպէյճանցիք փորձեցին զօրակոչի անուան տակ հաւաքել նաեւ շրջակայ հայաբնակ Բադա, Բարսում, Գառնակեր, Նուկզար եւ Ջագիր գիւղերու երիտասարդները:
Հայ մարտական պատասխանատուները կը տեսնէին թէ ինչպէս ազրպէյճանցիք գիւղէ գիւղ հակահայ քարոզչութիւն կը կատարեն, որոնք հայերու դէմ կազմակերպուող կոտորածներու նախերգանքը կրնան ըլլալ, եւ վճռեցին պատրաստ ու շրջահայեաց ըլլալ:
* * *
Արցախի Ազգային խորհուրդը, ստեղծուած անելանելի դրութիւնը յաղթահարելու առաջադրանքով, որոշեց արցախահայութեան նոր համագումար կազմակերպել: Համագումարին հիմնական խնդիրը մինչեւ Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովի կազմակերպումը Արցախի եւ Ազրպէյճանի փոխյարաբերութիւններու հարցի քննարկումն էր:
Համագումարին մասնակցելու համար Արցախի բոլոր շրջաններէն շուրջ հինգ հարիւր հոգիի հրաւէր ուղարկուեցաւ: Հրաւէր ուղարկուեցաւ նաեւ Պաքուի մէջ անգլիական առաքելութեան եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան:
Արցախահայութեան վեցերորդ համագումարը բացուեցաւ 28 յունիս 1919-ին, Վարանդայի գիւղին մէջ: Ներկայ էին հինգ հարիւր հոգի:
Համագումարը շարունակուեցաւ մինչեւ յունիս 30, մնաց անաւարտ եւ յանձնախումբ կազմելէ ետք, առանց որեւէ որոշում առնելու փակուեցաւ:
Անգլիական առաքելութեան եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչները Շոշ հասան համագումարի աւարտէն ետք: Անոնց հետ բանակցութիւններ չկայացան:
Համագումարին ստեղծած յանձնախումբը այն եզրակացութեան եկաւ, որ պատերազմի պարագային Արցախ չի կրնար պաշտպանել իր անկախութիւնը եւ Ազրպէյճանի զինուած յարձակման սպառնալիքին տակ ստիպուած պէտք է բանակցութիւններու սկսիլ:
* * *
Ազրպէյճանի հետ լեզու գտնելու եւ համաձայնութեան գալու վճռորոշ հարցին պատասխան կրնար տալ միայն արցախահայութեան բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները ընդգրկող համագումարը: Եւ որովհետեւ վեցերորդ համագումարը մնացած էր անաւարտ, Ազգային խորհուրդը որոշեց նոր համագումար կազմակերպել:
Խոսրով բէկ Սուլթանով պահանջեց համագումարը Շուշի քաղաքին մէջ հրաւիրել եւ իր ներկայութեամբ լուծել Ղարաբաղը Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ դնելու հարցը:
Արցախի Ազգային խորհուրդը մերժեց Սուլթանովի պահանջը եւ անոր ճնշումէն հեռու մնալու համար համագումարը հրաւիրեց Շոշ գիւղին մէջ:
Արցախահայութեան եօթներորդ համագումարը բացուեցաւ 13 օգոստոս 1919-ին, Շոշի մէջ: Շրջաններէն հաւաքուած էին 98 պատգամաւորներ: Ազգային խորհուրդի եօթը անդամներուն վճռական ձայնի իրաւունք տրուեցաւ: Այսպիսով համագումարը իր աշխատանքները սկսաւ 105 պատգամաւորի մասնակցութեամբ: Համագումարի ընթացքին մասնակիցներուն թիւը հետզհետէ աւելցաւ:
Համագումարին քարտուղար ընտրուեցաւ Աբրամ Կիսիբէկեան: Ան համագումարը բնորոշեց իբրեւ զուտ անկուսակցական համաժողովրդական, որուն աշխատանքներու ընթացքին ոչ մէկ տարաձայնութիւն կամ կուսակցական վէճ չէր կրնար գոյութիւն ունենալ:
Համագումարը, քննարկելով Արցախի քաղաքական դրութեան հարցը, եւ նկատի ունենալով գոյութիւն ունեցող ծանր վիճակը, համաձայն գտնուեցաւ ժամանակաւոր կերպով, մինչեւ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովի որոշումը, ինքզինք նկատել Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ եւ Սուլթանովի հետ ժամանակաւոր համաձայնագիր ստորագրել:
Համագումարը օգոստոս 20-ին Ազգային խորհուրդին կցեց պատուիրակութիւն մը եւ քսանվեց հոգիէ բաղկացած յանձնաժողով ստեղծեց` լայն լիազօրութիւններով:
Համագումարը յանձնաժողովին վրայ շատ ծանր պարտաւորութիւն դրաւ` Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ բանակցութիւնները շարունակել:
* * *
Օգոստոս 21-ի առաւօտուն յանձնաժողովի քսանվեց անդամները ձիերը հեծնելով Շոշէն Շուշի մեկնեցան: Աբրամ Կիսիբէկեան կը գրէ. «Թուով 26 ձիաւոր, կարծես դատապարտեալներ` գլուխները կախած, հայեացքները գետնին յառած, խորասուզուած դառն մտքերի մէջ, այգիներով ցածրացան դէպի անդունդով հոսող գետը»:
Օգոստոս 22-ին, Շուշիի մէջ, Արցախի հայութեան եօթներորդ համագումարին անունով յանձնաժողովը Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն հետ քսանվեց կէտերէ բաղկացած ժամանակաւոր համաձայնագիր ստորագրեց:
Համաձայնագիրին մէջ կ՛ըսուէր.
– Ղարաբաղի հայկական գաւառները մինչեւ Փարիզի վեհաժողովի որոշումը ժամանակաւոր կերպով իրենք զիրենք կը նկատեն Ազրպէյճանի հանրապետութեան սահմաններուն մէջ:
– Լեռնային հայկական շրջանին մէջ վարչութիւնը կը նշանակուի հայերէ:
– Նահանգապետութեան կից կը կազմուի խորհուրդ` վեց հոգիէ բաղկացած` երեք հայ եւ երեք իսլամ:
– Խորհուրդի հայ անդամները կ՛ընտրուին Ղարաբաղի հայութեան համագումարին կողմէ:
– Ազգամիջեան բնոյթի բոլոր սկզբունքային հարցերը չեն կրնար կիրառուիլ կեանքի մէջ, առանց նախապէս խորհուրդի քննութեան ենթարկուելու:
– Խորհուրդը իրաւունք ունի հսկելու նահանգապետութեան վարչական գործունէութիւնը:
– Նահանգապետի օգնականի պաշտօն կը հիմնուի քաղաքացիական մասի վերաբերեալ, եւ այդ պաշտօնին վրայ հայ մը կը նշանակուի:
– Ղարաբաղի հայերը մշակութային ինքնորոշման իրաւունք կը ստանան, որ կ՛իրագործուի Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդին միջոցով:
– Խաղաղ պայմաններու մէջ ռազմական զօրամասերը Խանքենդիի եւ Շուշիի մէջ կը տեղաւորուին:
– Քաղաքական համոզումներու համար ոչ ոք չի կրնար հալածանքի ենթարկուիլ ոչ դատական եւ ոչ ալ վարչական կարգով:
– Ղարաբաղի մէջ հայ եւ թուրք բնակչութեան զինաթափումը կը դադրեցուի մինչեւ Ղարաբաղի հարցին լուծումը խաղաղութեան համաժողովին:
– Երկրամասի բնակչութեան եւ միութիւններու խօսքի եւ մամուլի լիակատար ազատութիւն կը տրուի:
– Մասնաւոր եւ պաշտօնական անձերու իւրաքանչիւր յանցանք պէտք է հետապնդուի դատական կարգով:
* * *
Արցախահայութեան եօթներորդ համագումարին եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրին կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Խատիսեան Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին բողոքագիր ուղարկեց:
Արցախահայութեան վերջին մէկ տարուան ընթացքին մղած ազատագրական պայքարին համառօտ պատմութիւնը շարադրելէ ետք, Խատիսեան բուռն կերպով կը բողոքէր Արցախի բնակչութենէն կորզուած համաձայնութեան դէմ եւ կը յիշեցնէր, որ Արցախ ժամանակին կազմած է Հայաստանի անբաժանելի մասը:
Խատիսեան կը գրէր. «Արցախը աշխարհագրական կապերով կապուած ըլլալով հայկական սարահարթին, Հայաստանի բնական ամրոցը կը կազմէ, առանց որուն անոր հիւսիսային սահմանը անպաշտպան կը մնայ»:
Խատիսեան կը հետեւցնէր. «Արցախի անջատումը Հայաստանէն եւ անոր բռնակցումը այլ պետութեան մը ամբողջովին կը հակասէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին»:
Հայաստանի վարչապետը յոյս կը յայտնէր, որ վեհաժողովը իր մասնաւոր եւ բարեհաճ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Հայաստանի համար այնքան կենսական հանդիսացող Արցախի հարցին վրայ:
Մանկավարժ Եւ Հասարակական Գործիչ
Աբրամ ԿիսիբէկեանՄանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Աբրամ Կիսիբէկեան ծնած է 2 յունուար 1892-ին, Վարանդա գաւառի Սխտորաշէն գիւղին մէջ:
Կիսիբէկեանները բազմանդամ գերդաստան էին եւ նահապետական սրբագործուած աւանդութիւններով ու բարքերով կ՛ապրէին: Քահանայ էր Աբրամի մեծ հայրը, եւ ապա ժառանգաբար` աւագ հօրեղբայրը: Կիսիբէկեաններու նահապետներէն Գիսուն կառուցած էր Հին Սխտորաշէնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին. գերեզմանին վրայ արձանագրուած է. «Վարանդու քլիդ Գիսիբեկ»:
Աբրամ Կիսիբէկեան կրթութիւնը քահանայ հօրեղբօր մօտ ստացաւ: 1903-ին Շուշիի թեմական դպրոցը ընդունուեցաւ, զոր աւարտեց 1913-ին: Այնուհետեւ Գիւնէ Ճարտար գիւղին ծխական դպրոցին մէջ ուսուցիչ եղաւ:
Աշխարհ տեսնելու ցանկութեամբ 1916-ին գնաց Կրասնովոդսկ (ներկայիս` Թուրքմէնպաշի, Թուրքմենիստանի մէջ) եւ քաղաքի հայոց ծխական դպրոցին մէջ ուսուցիչ եղաւ: 1917-ին վերադարձաւ Շուշի եւ իբրեւ աւագ ուսուցիչ դասաւանդեց Մեղրեցոց թաղի ծխական դպրոցին մէջ:
Կիսիբէկեան 1918-1920 տարիներուն հասարակական շարք մը յանձնարարութիւններ կատարեց` կապուած տեղահանուածներուն ու սովեալներուն օգնելու գործին: 1919 օգոստոսին մասնակցեցաւ արցախահայութեան եօթներորդ համագումարին` իբրեւ քարտուղար եւ Արցախի հայոց Ազգային խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ: Այնուհետեւ ան մասնակից դարձաւ շրջանին մէջ ծաւալող ռազմական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն:
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, 4 յուլիս 1920-ին ձերբակալուեցաւ եւ Շուշիի, ապա Գանձակի ու Պաքուի բանտերուն մէջ դաժան խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ: 1921 յունուարին ազատ արձակուեցաւ:
Ազատ արձակուելէն ետք հայրենի Սխտորաշէնի մէջ ուսուցիչ եղաւ, ապա 1923-ին Ստեփանակերտ տեղափոխուեցաւ, ուր գիւղատնտեսական եւ այլ հաստատութիւններու մէջ դասաւանդեց: 1927-ին զաւկին հիւանդութեան պատճառով Պաքու փոխադրուեցաւ, ուր իր մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակեց հայկական դպրոցներուն մէջ: 1939-1942 տարիներուն դասաւանդեց Գանձակի շրջանի Միրզիկ (Վարդաշէն) եւ Ղարադալու գիւղերու հայկական դպրոցներուն մէջ: 1945-ին աւարտեց Պաքուի մանկավարժական հիմնարկը:
Աբրամ Կիսիբէկեան 1949-ին ընտանիքով Ալթայի երկրամաս աքսորուեցաւ: Ուսուցչութիւն ըրաւ նաեւ աքսորավայրին մէջ: 1956 օգոստոսին աքսորավայրէն վերադարձաւ եւ Երեւանի մէջ բնակութիւն հաստատեց:
Կիսիբէկեան, անուանի գիտնական Ստեփան Լիսիցեանի յորդորին անսալով գրած է իր յուշերը: Ինը գլուխներէ բաղկացած «Յուշեր»-ը սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն Ի. դարու սկիզբի Արցախի պատմութեան ուսումնասիրութեան իմաստով:
Աբրամ Կիսիբէկեան մահացած է 1972-ին, Երեւանի մէջ: Աճիւնը, կտակին համաձայն հայրենի Սխտորաշէն տեղափոխուած եւ հողին յանձնուած է: